Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Գաղութէ –Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Յոբելենական Հանդիսութիւն` Նուիրուած
Կոմիտասի Մահուան 80-Ամեակին

syria_011716

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինին, նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին, 17 յունուարին, Հալէպի «Աղաճանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ հայ ժողովրդային երաժշտութիւնը կործանումէ փրկած Կոմիտաս վարդապետի մահուան ութսունամեակը: Օրուան բեմավարներ Սիւզի եւ Մեղեդի Տատաղլեաններ ներկայացուցին Կոմիտաս վարդապետին կենսագրականը, որոնց զուգահեռ ցուցադրուեցան Կոմիտասի կեանքէն քաղուած կենդանի պատկերներ:

Ձեռնարկին հիմնական նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Կոմիտասի ցուցաբերած սէրը հայ երաժշտութեան եւ երգին նկատմամբ, ապա նաեւ` անոր եզակի տաղանդն ու դերը հայ երգի ու երաժշտութեան պանծացման մէջ:

Գեղարուեստական յայտագիրով մշակութային յանձնախումբի անդամներէն` Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան, Սարգիս Փոլատեան, Մարտօ Տատաղլեան եւ Անի Մորան հանդէս եկան թատերական ներկայացումով մը, ուր մարմնաւորեցին Կոմիտասը` որպէս հայ երգի դեսպան Պերլինի, Փարիզի եւ Թիֆլիսի մէջ, միջազգային ամպիոններու վրայ իր տուած դասախօսութիւններով: Վեհան Պարսումեան եւ Մելինէ Պեզճեան ելոյթ ունեցան ասմունքով, իսկ «Գառնի» պարախումբի անդամ Արին Սեֆերեան ներկայացուց պար մը:

Աւարտին խօսք առաւ Պետրոս արք. Միրիաթեան, որ շեշտեց, թէ Կոմիտասի մահուամբ կարելի չէր ընդհատել կոմիտասեան երթը, ու անիկա շարունակուեցաւ սերունդէ սերունդ: Ան գնահատեց հալէպահայութիւնը, որ հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն` աննկուն կամքով կը կառչի իր արժէքներուն:

 

Ատրպատական

Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդը
Հանդիպեցաւ Թաւրիզի Քաղաքապետին Հետ

0000TAVRIZ1

Երկուշաբթի, 25 յունուարի առաւօտուն, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան հանդիպում ունեցաւ Թաւրիզի քաղաքապետ դոկտ. Նաճաֆիի հետ, Իրանի առաջին քաղաքապետարանի պատմական շէնքին հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ:

Պաշտօնական սոյն հանդիպման առաջնորդ սրբազանին հետ ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամները` Ռուբիկ Ջանանեան, Վարդան Աբրահամեան, Գագիկ Ճորճեան, Ալեն Սայադեան եւ տոքթ. Էտուին Խաչատուրեան: Իսկ քաղաքապետի կողքին սոյն հանդիպման մասնակցեցան քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ` Իզզեթի, Խալիլի եւ քաղաքապետարանի թանգարանին տնօրէնը, ինչպէս նաեւ` փոքրամասնութիւններու գրասենեակին պատասխանատուն:

Առաջնորդ սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնելով սոյն հանդիպման համար` յիշեց, թէ քաղաքապետը բացակայութեան պատճառով իր ներկայացուցիչը ուղարկած էր Ս. Ծննդեան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին` յարգելով պատմական քաղաքի հայ բնակչութեան եկեղեցական ու ազգային տօնը: Ապա, այս օրերուն աշխարհի քաղաքական եւ տնտեսական ուշադրութեան կեդրոնը գտնուող Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վարած իմաստուն դիւանագիտութեան շարունակութեան վրայ տեսաւ ան Իրան-Հայաստան յարաբերութեան սերտացումը, որուն բարեկամական զարգացման համար կարեւոր համարեց սահմանային գիծին վրայ, Թաւրիզի մէջ ապրող եւ գործող հայ համայնքին ներկայութիւնը` Ատրպատականի հայոց թեմի կեդրոնատեղի Ազգային առաջնորդարանով: «Այնքան ատեն որ Իրանի եւ Հայաստանի սահմանակէտին վրայ` Թաւրիզի մէջ ապրող հայեր կան, իրենց կազմակերպ Ազգային առաջնորդարանով, երկու երկիրներուն եւ երկու ժողովուրդներուն յարաբերութիւնը կ՛ըլլայ աւելի անմիջական եւ ջերմ», ըսաւ սրբազանը:

Հանդիպման պաշտօնական բաժինին երկրորդ մասով քննարկումի նիւթ դարձան Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնած շարք մը շինարարական ծրագիրներուն աշխատանքային փուլերը: Սրբազանը քաղաքապետ Նաճաֆիի ուշադրութիւնը հրաւիրեց սոյն ծրագիրներուն իրականացման կարեւորութեան վրայ` շեշտելով թեմին եւ համայնքին կայունութեան առնչուածութիւնը այս մեծածաւալ շինարարութիւններուն:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան հանգամանօրէն ներկայացուց յամեցող այն խնդիրները, որոնք կը խոչընդոտէին ծրագիրներուն մեկնարկը: Արդէն իսկ ազգապատկան 125 խանութներուն առնչուած խնդիրները եւ նոր կառուցուելիք 171 խանութներով առեւտրական համալիրին հսկայական ծրագիրը իր բոլոր մանրամասնութիւններով քննարկուեցաւ սոյն հանդիպման ընթացքին:

Քաղաքապետ դոկտ. Նաճաֆի իր գործընկերներուն անունով ողջունելով Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան այցելութիւնը քաղաքապետարան, անգամ մը եւս շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնը` անձամբ ներկայացնելով իր բարեմաղթութիւնները թաւրիզաբնակ հայերուն: Ապա, գործնական շարք մը աշխատանքներու կազմակերպումով, ուղեցոյց հանդիսացաւ Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնած շինարարական ծրագիրներուն գործնականացման փուլին:

Մէկ ժամ տեւած սիրալիր հանդիպման աւարտին, դոկտ. Նաճաֆի յուշանուէր մը յանձնեց առաջնորդ սրբազանին, որ Թաւրիզի հայ արծաթագործներուն ձեռարուեստով իրագործուած, քաղաքապետարանի պատմական շէնքին փորագրութիւնն էր` հայկական արծաթագործութեան կերպերով յագեցած: Իսկ Թաւրիզի հնավայրերը ներկայացնող պատկերազարդ մեծադիր հրատարակութենէն օրինակներ, քաղաքապետը նուիրեց Ազգային վարչութեան անդամներուն:

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Ազգային Ժողովի Անդամ
Արմէն Ռուստամեան Առաջնորդարան Այցելեց

Prelacy_Rusdamian_012016

Յունուար 20-ին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Ազգային ժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանի, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութեան առիթով` իբրեւ գլխաւոր բանախօս: Ռուստամեանի կ՛ընկերանար ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայկական աշխարհը յուզող այժմու հարցերու մասին` Հայաստան-Արցախէն մինչեւ Սուրիոյ հայկական գաղութն ու Արեւմտեան թեմին դիմաց կանգնած մարտահրաւէրները: Առաջնորդը այս առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորեց ՀՅԴ ներկայացուցիչները` կուսակցութեան 125-ամեակին առիթով, եւ տեղեկութիւններ տուաւ առաջնորդարանի գործունէութեան մասին` միաժամանակ վերահաստատելով առաջնորդարանին ու շրջանի հայութեան սրտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը` հայրենիքին ու հայկական օճախներուն:

Հանդիպումի աւարտին սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց Արմէն Ռուստամեանին:

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու
85-
Ամեակի Տօնակատարութիւն

giragnoria_121315

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու Վարիչ մարմինին, 13 դեկտեմբերին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու 85-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Օրուան հանդիսավար, Կիրակնօրեայ վարժարաններու Վարիչ մարմինի համաատենապետ Րաֆֆի Թորոսեան  բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հերթաբար հրաւիրեց իւրաքանչիւր կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, որպէսզի ներկայացնեն իրենց պատրաստած շարականները, երգերը եւ ասմունքները: Յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ, Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց, Փասատինայի Ս. Սարգիս, Նորթ Հոլիվուտի եւ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցիներու կիրակնօրեաներուն աշակերտները:

Կիրակնօրեայ վարժարաններու Վարիչ մարմինի համաատենապետ Յակոբ Ջաղացպանեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց վարժարաններու գործունէութիւնը:

Օրուան գլխաւոր բանախօս` վարիչ մարմինի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց կիրակնօրեայ վարժարաններու պատմականը, նաեւ լուսարձակի տակ առաւ կարգ մը մտածումներ, թէ կիրակնօրեայ դպրոցն ու ծնողներ ինչպէս կրնան գործակցիլ եւ հոգալ մեր մանուկներուն հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան աւելի լաւ դիմագրաւել կեանքի մարտահրաւէրները:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչուհի` Էլենա Աւանէսեան, որ մեներգեց Կոմիտասի «Յորժամ» շարականը:

Տօնակատարութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ  շնորհաւորեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու 85-ամեակը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց կազմակերպուած ձեռնարկին համար` գնահատելով դաստիարակներն ու աշակերտները եւ հաստատելով, որ ձեռնարկի ընթացքին հնչեց  քաղցր հայ լեզուն, կենդանի եւ վառ շունչով:

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Արաբերէն Առաջին Ժապաւէնի Ներկայացում
Նիւ Եորքի Շարժապատկերի Փառատօնին Մէջ

Film-Festival_020416

«Ո՞վ սպաննեց հայերը» Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած արաբերէն առաջին վաւերագրական ժապաւէնը պիտի ներկայացուի Նիւ Եորքի «Սոշըլլի Ռելեւընթ ժապաւէն» շարժապատկերի փառատօնին մէջ: Ժապաւէնը նկարահանած են բեմադրիչ Մոհամետ Հանաֆի եւ լրագրող, հաղորդավար Մարիամ Զաքի: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է 100 տարի առաջ թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հոն ականատես կ՛ըլլանք բազմաթիւ արխիւային նիւթերու եւ լուսանկարներու, որոնցմէ շատերը հրապարակուած են առաջին անգամ ըլլալով եւ կը հաստատեն 1915-ի Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Իսկ վերապրողներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ թուրքերու կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը նախապէս ծրագրուած էր: Նկարահանումները իրականացուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:

Հարկ է նշել, որ ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 8 նոյեմբեր 2015-ին, Գահիրէի մէջ:

Լոյս Տեսաւ «Հրանդ Տինք. Թուրքիոյ Մէջ
Անձայններու Հայ Ձայնը» Անգլերէն Հատորը

Hrant-Dink_020416

Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսաւ 2007-ին սպաննուած պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մասին պատմող առաջին անգլերէն ծաւալուն կենսագրական գործը:

Մորին Ֆրիլիի կողմէ թրքերէնէ անգլերէնի թարգմանուած գիրքին հեղինակն է Թուպա Չանտար: Անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է` «Hrant Dink: An Armenian Voice of the Voiceless in Turkey» («Հրանդ Տինք. Թուրքիոյ Մէջ Անձայններու Հայ Ձայնը» վերնագիրով:

Չանտար երեք տարի աշխատած է Տինքի կենսագրական տուեալները հաւաքելու` անոր մասին մտերիմներու, հարազատներու եւ ծանօթներու յուշերը արձանագրելով եւ անոր յօդուածները ուսումնասիրելով: Այդ նպատակով հեղինակը հանդիպած է 125 անձնաւորութիւննԵրու հետ:

Գիրքը թրքերէնով լոյս տեսած էր 15 սեպտեմբեր 2010-ին, Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը, եւ յայտնուած է Թուրքիոյ մէջ ամենաշատ կարդացուող գիրքերու ցանկի առաջին հորիզոնականներուն վրայ:

Հատորը արդէն կը վաճառուի «Amazon.com» կայքին վրայ:

«Սաթամեան» Թատերախումբի «Դրամը
Ինչե՜ր Կ՛ընէ» Կատակերգութիւնը

tadron_010916

Յունուար 9-ին, ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ «Սաթամեան» թատերախումբը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ անգլիացի թատերագիր, զաւեշտախառն կատակերգութիւններու հեղինակ Ռէյ Քունիի «Դրամը ինչե՜ր կ՛ընէ» կատակերգութեամբ:

Նիւթը հետեւեալն է. գլխաւոր հերոս Յակոբը, իր ծննդեան տարեդարձին օրը, տունդարձի ճամբուն, հանրակառքին մէջ սխալմամբ գող-ոճրագործի մը պայուսակը վերցուցած էր` իրը կարծելով, եւ անոր մէջ գտած էր միլիոնաւոր տոլարներ, ապա սարսափահար տուն հասնելով` կը փորձէր կինը համոզել երկրէն խոյս տալու, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ այդ ոճրագործը անպայման գտնելով իր հետքը` զինք կրնար սպաննել: Այսպիսով կը սկսէր ներքին տագնապը. կնոջ երկրէն փախչելու ծրագիրը, տարեդարձի հրաւիրուած հիւրերուն հիւրասիրութիւնը չեղեալ նկատելը, ոստիկանի մը եւ ապա գաղտնի ոստիկանի մը ներկայութիւնը եւ մանաւանդ զիրենք օդակայան փոխադրող վարորդին անհամբեր վիճակը եւ այլն:

Մարդկային տկարութիւններով, սուտերով ու այլ նորութիւններով յագեցած թատերախաղին մէջ դերասանները իրենց խաղարկութեամբ բեմը դարձուցին հարազատ, որովհետեւ կրցան հրամցնել մարդկային կեանքի մը հանգոյցներէն մէկուն արտասովոր առօրեայէն բաժիններ` միաժամանակ լուսարձակի տակ բերելով դէպքէն ծնունդ առած մարդոց ահն ու վախը, մանաւանդ` կաշառակերութեան սովորութիւնն ու ախտը:

 

Ուքրանիա

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Խաչքար

khatchkar_ukraine

Վերջերս Ուքրանիոյ Չեռնիքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած խաչքարի բացման արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ եւ ուղղափառ հոգեւորականներ, նաեւ` տեղի հայկական համայնքի եւ քաղաքի ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը 2014-2015 թուականներուն Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործունէութեան գերակայ ուղղութիւններէն եղած է: Միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանի առաջարկով Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու համակարգման համար յատուկ յանձնաժողով մը կազմուեցաւ:

Նախաձեռնուած են եկեղեցիներու բակերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններու տեղադրման աշխատանքներ:

 

Փարիզ

Մարկ Նշանեան «Լը Սիւժէ Տը Լ՛Իսթուար»
Գիրքի Ներկայացումը

mark_020416

Վերջերս Փարիզի Ուսանողական ոստանին մէջ, «Լէ քոնֆերանս տիւ սալոն»-ի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթ մտաւորական, փիլիսոփայ Մարկ Նշանեանի նոր լոյս տեսած «Լը սիւժէ տը Լիսթուար» գիրքին ներկայացումը: Օրուան հաղորդավարն էր Ժերար Մալխասեան:

Մարկ Նշանեան, ոճրային պատմութեան նման, ցեղասպանին ու անոր զոհին միջեւ հոգեկան ու գաղափարական բազմաբնոյթ ծածուկ յարաբերութիւնները դանդաղօրէն կը քակէ` մեկնելով ֆրանսական յեղափոխութենէն եւ գերմանական վիպապաշտ դպրոցի իմաստասէրներու տեսութիւններէն` հասնելով մինչեւ 20-րդ դարու ակնառու իմաստասէրները` Ֆուքօ, Տերիտա: Արտաքնապէս պարզ երեւոյթի մը ներքին տրամաբանութեան բացատրութիւնը այնպիսի անսպասելի ծալքեր կը բացայայտէ, որ կը տպաւորէ, կը հմայէ եւ խորապէս մտածելու կ՛առաջնորդէ:

Խորհրդածութեան կեդրոնական տեղը կը գրաւէ վերապրողը: Մարդասպանին, ցեղասպանին գլխաւոր նպատակը ոչ միայն վկային անհետացումը եւ իրողութեան վերացումն է, այլ` դէպքի մը իրողութիւն ըլլալու հանգամանքին վերացումը: Անկարելի է վկայել դէպքի մը մասին, երբ դէպքը դէպք ըլլալու կարելիութենէն զրկուած է: Այսպիսով, կը բացատրուի Թուրքիոյ պետական ժխտողականութիւնը, այստեղէն կը ծագի պայքարը պատմագրութեան դէմ: Պատմագրութիւնը անկարող է արձանագրելու իրողութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles