Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Դաշնակցական Երիտասարդը Մարտնչող Է

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

0126youthconference1

2016-ի յունուար 21-23 երկարող շրջանին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համագումարը, ուր ներկայացուած էին կազմակերպական բոլոր միաւորները` Հայաստանէն Արցախ, մինչեւ Լիբանան, Ֆրանսա, Շուէտ եւ Հոլանտա, Ամերիկա ու Քանատա, Սուրիա, Հարաւային Ամերիկա եւ այլուր: Իր օրակարգերուն ընդմէջէն համագումարը քննարկեց հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած ազգային մարտահրաւէրները եւ այդ պարունակին մէջ` ՀՅԴ երիտասարդական միաւորներու դերակատարութիւնը:

Կարելի չէ կարճ գրութեամբ մը համապարփակ քննարկումներ կատարել մեր երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրներուն մասին, ո՛չ ալ` յաւակնութիւնը ունենալ իւրացուցած ըլլալու հիմնական հարցերու համայնապատկերը: Կը հաւատանք սակայն, որ անկեղծօրէն մտորումներ բաժնեկցիլը այսպիսի առիթով մը` կրնայ միայն նպաստել հարցերու «տիալեքթիք» քննարկման, բան մը, որ ցաւօք սրտի կը պակսի մեր իրականութեան մէջ այսօր:

Դաշնակցական երիտասարդը կը գտնուի իւրայատուկ  իրավիճակի մը մէջ: Մէկ կողմէ ան անզանազանելի է համաշխարհային երիտասարդութենէն` հետաքրքրութիւններով, հաղորդակցութեան եւ հաղորդականութեան իր ոճով եւ ինքնըստինքեան իր կապուածութեամբ միջազգային երիտասարդութեան ներաշխարհին մէջ հնչեղութիւն (resonance) գտած հարցերու: Միւս կողմէ, սակայն, դաշնակցական երիտասարդութիւնը եզակի է իր տեսակին մէջ: Վայրկեան մը մոռնալով տեսական, գաղափարախօսական, արեւելման կեդրոնացումը` դաշնակցական երիտասարդին մէջ կայ ենթակայական իւրայատկութիւն մը, որ զայն կը շաղկապէ իր տեսակին` գերազանցելով ներմշակութային բոլոր տարբերութիւնները:

Կարելի է այս իրականութեան մասին քննարկումներ կատարել հոգեվերլուծական մակարդակներու վրայ, սակայն, ի վերջոյ, պարզապէս այդպէս է, որովհետեւ դաշնակցական երիտասարդը ժառանգորդն է աւանդի մը` դաշնակցական արժէքներու աւանդին, որ զինք կը միաւորէ մարտնչող ակունքներու փառահեղ փորձառութեան հետ: Անոր յաջողութեան գրաւականը, հինաւուրց օրերէն մինչեւ այսօր, եղած է այն, որ նոյն տեսակը` դաշնակցականի տեսակը ըլլալու ըմբռնումին մէջ չկան տարակարծութիւններ: Այս տեսակի նոյնութիւնն է, որ դաշնակցական երիտասարդին կը ներշնչէ ինքնավստահութիւն` ամբողջական ճկունութեամբ գործելու տարբեր երկիրներու մէջ, պայմաններու ստեղծած հրամայականներուն հիման վրայ, ապակեդրոնացման ստեղծած կարելիութիւններուն հիման վրայ, որպէսզի աշխատանքները եւ ծրագիրները յաջողութեամբ պսակուին, եւ որպէսզի երիտասարդականի քաղաքական ներգործօն մասնակցութիւնը` անոր «աքթիվիզմ»-ը, խարսխուի տուեալ երկրի քաղաքական դաշտին ընձեռած կարելութիւններուն վրայ:

Դաշնակցական երիտասարդին տեսակը իւրայատուկ է, սակայն անոր շարժումը առանձին չէ, ո՛չ ալ կրնայ գոյատեւել առանձնութեան մէջ: Հայ դատի լուծումը ազգային կամքի անհրաժեշտութիւն կը պահանջէ, սակայն անոր լուծման ընթացքն ու արդիւնքը միջազգային պարունակի մէջ միայն կրնան իմաստաւորուիլ: Հետեւաբար դաշնակցական երիտասարդին գործունէութիւնը չի կրնար կղզիացած ըլլալ: Ան պարտի առնչուիլ երիտասարդական այլ շարժումներու հետ, որոնք նաեւ կը սնանին քաղաքական գիտակցութեան ընձեռած աւիւնէն: Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքէն ներս կան այս մօտեցման խօսուն օրինակները` Պուէնոս Այրեսէն Լոս Անճելըս, սակայն կարեւոր է զայն դարձնել մեր հայեցակարգային պատկերացումներու անբաժան մէկ մասնիկը:

Երկրորդ` պէտք է մտածել յեղափոխական միտքի եւ յեղափոխականութեան մասին: Դաշնակցականի, եւ հետեւաբար` դաշնակցական երիտասարդի տեսակը մարտնչող է, կռուող: Այդ տեսակը չ՛ընդունիր իրավիճակ, ուր կը պակսի մարդկային եւ ազգային ազատատենչութեան եւ ազատօրէն ինքնորոշուելու բնածին իրաւունքը: Ահա ա՛յս պատճառով է, որ դաշնակցական երիտասարդը երբեք չի կրնար դադրիլ յեղափոխական ըլլալէ: Յեղափոխական ըլլալը  կանոնագրուած գործողութիւն չէ: Յեղափոխական ըլլալը մտասեւեռում է, աշխարհահայեացք է, աշխարհը եւ կեանքը յատուկ ձեւով գնահատելու յանձնառութիւն: Կռուիլը, մարտնչիլը, ֆիզիքապէս պայքարիլը յեղափոխական «աքթեր» են: Սակայն անոնք յեղափոխականութեան սահմանումը չե՛ն: Ցուցական գործողութիւնները յեղափոխական մտածողութեան արտայայտիչ բեկորները կրնան ըլլալ, սակայն զանոնք պէտք չէ շփոթել յեղափոխական նկարագիր ունենալու, յեղափոխական աշխարհահայեացքը կեանքի արեւելում դարձուցած ըլլալու հետ: Հրայր Դժոխքը, Սեբաստացի Մուրատը, Գէորգ Չաւուշը յեղափոխականներ էին` ֆետայիի տարազով: Յեղափոխական էին նաեւ` Արամ Մանուկեանը, Քաջազնունին, Վրացեանն ու Վարանդեանը:

Յեղափոխականութիւնը յառաջդիմական միտքն ու աշխարհահայեացքն է, որ կ՛արտացոլուի տարբեր-տարբեր տարազներով` երբեմն սուրով, երբեմն գրիչով, բայց մի՛շտ` մարտնչող ոգիով: Այսօր, ազատ երկրի, անկախ պետականութեան դրուածքով, պարտինք Արամ Մանուկեաններու թելադրած յեղափոխականութեամբ նաեւ դաստիարակել մեր երիտասարդութիւնը եւ այդպէս զարգացնել անոնց միտքն ու քաղաքական գործունէութեան ոլորտը: Դաշնակցութեան ապակեդրոնացած գործունէութեան սկզբունքն է` իրավիճակներու ստեղծած պայմաններու գնահատումով, որ կ՛երաշխաւորէ յեղափոխական միտքի առկայութեան գոյատեւումը իր կազմակերպական կեանքէն ներս:

Երրորդ` ժամանակը հասած է, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը գիտակցաբար եւ լիարժէք օգտագործէ իր ունեցած ներուժը: Կասկածէ վեր է, որ մեր պետութիւնը` անկախ Հայաստանն ու Արցախը, մեր բոլոր տենչերուն, հետաքրքրութեանց եւ պայքարին կիզակէտը կը կազմեն: Մեր ազգութիւնը, սակայն, սահման չունի, եւ իր ուժը կը կայանայ այդ անսահմանութեան մէջ: Մեր օրհասական պատմութիւնը ստեղծած է կարողականութիւն, որ քիչ թիւով ժողովուրդներ ունին: Այսօր մենք հզօր ենք մեր համայնքներով` հաստատուած ու կայացած ամէնուրեք` Քարաքասէն Սիտնի, Փարիզէն Լիզպոն, Պէյրութէն Լոս Անճելըս: Չկայ ուրիշ ժողովուրդ, որ մեզի նման համաշխարհային մակարդակով կազմակերպուածութիւն կը պարզէ, կամ` որ ունի այդքան խարսխուած քաղաքական գիտակցութիւն: Ժամանակը եկած է, որ այդ համայնքներէն դէպի հայրենիք նետուած կամուրջները վերածուին համադրուած մէկ ժողովուրդի` իր ամբողջական ներուժով եւ կարողականութեամբ: Այդ համադրումը կը պահանջէ` կազմակերպուածութիւն, քաղաքական գործունէութիւն, հաւատք եւ աննկուն կամք: Արեւմտեան Ամերիկայի «Եութ Քոր»-ի նման ծրագիրներ խօսուն օրինակներ են նման համադրում մը իրականացնելու ճամբուն վրայ: Հարկ է աշխատանքները բազմապատկել, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայութիւնը իսկապէ՛ս դառնայ մէկ ժողովուրդ: Դաշնակցական երիտասարդութիւնը այս ընթացքին մէջ կրնայ ըլլալ եւ պէ՛տք է ըլլայ շարժիչ ուժը եւ պայծառ ռահվիրան:

Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, իր ամբողջական կարելիութիւններով եւ կարողականութեամբ, յանձնառու է մնալու պահակը այն ըմբռնումին, որ լիարժէք եւ ամբողջական հայակերտման ճանապարհին վրայ քաղաքականօրէն գիտակից երիտասարդութի՛ւնն է միայն, որ կրնայ առաջնորդողի մղիչ ուժը հանդիսանալ, իսկ Դաշնակցական երիտասարդը` այդ առաջնորդութեան մէջ առաջնահերթ դերակատարութիւն ունի:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>