Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Ծառերու Յիշողութիւն» Ցուցադրութիւնը`
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Երկար Եւ
Մանրակրկիտ Պրպտումներու Արդիւնք Է
Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ 30 յունուարին բացումը կատարուեցաւ ամերիկացի լուսանկարիչ Քեթրին Քուքի «Ծառերու յիշողութիւն» լուսանկարչական ցուցադրութեան: Ան 2006 թուականէն ի վեր իր ծրագիրները կեդրոնացուցած է ցեղասպանութիւն կատարած պետութիւններու վրայ` Թուրքիա, Մերձաւոր Արեւելք, Ռուանտա: «Ծառերու յիշողութիւն» նախագիծը Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկար եւ մանրակրկիտ պրպտումներու արդիւնք է:
Ցուցահանդէսի համադրող Նայիրի Խաչատուրեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ լուսանկարչուհին 2006 թուականին տեղափոխուած է Պոլիս, ուր սկսած է աշխատիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկարատեւ ծրագրի մը վրայ. «Այս տարիներուն ընթացքին գտնուած է տարբեր երկիրներու մէջ` Թուրքիա, Սուրիա, Լիբանան, Հայաստան, Իսրայէլ, Ֆրանսա, լուսանկարած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսները` անշունչ եւ շնչաւոր, խօսեցուցած է անխօս վկայ դարձած տեղանքն ու վերապրածները, որպէսզի ամբողջութեամբ ըմբռնէ այսօրուան քար լռութեան եւ անհաղորդ անտարբերութեան չափը»:
«Քեթրին Քուքը իր նախագիծին հիմնաքարը գտած է Թուրքիոյ Աղաչլը գիւղին մէջ: Աղաչլը թրքերէն բառ է, կը նշանակէ` «ծառերու վայր», որմէ ծագած է ցուցահանդէսին անուանումը: Մինչեւ 1915 թուականը այնտեղ հայեր բնակած են: Այժմ այդտեղի քիւրտ բնակիչները վերականգնած են հայերու մետաքսագործական աւանդոյթը` նոյնութեամբ մշակելով եւ օգտագործելով տեղի թթենիներուն շերամը: Քեթրին Քուքի ցուցադրած մետաքսի բոժոժներու լուսանկարները ներկայացած են իբրեւ բանաստեղծական պատկերներ` խորհրդանշելով ժառանգականութիւնն ու վերածնունդը», նշած է համադրողը:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած է 30 աշխատանք:
«Լուսանկարները աւելին են, քան` վաւերագրական պատկերները, որոնք հոգեւոր ճամբորդութիւններ են, ինչպէս նաեւ` ներհայեցական որոնումներ: Կատարուած աշխատանքը ակնառու կերպով ցոյց կու տայ լուսանկարչական արուեստի կարեւորութիւնը եւ անփոխարինելիութիւնը` մարդկութեան յիշողութիւնը պահպանելու եւ զայն ուսումնասիրելու գործին մէջ», բնորոշած է Նայիրի Խաչատուրեանը:
Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի մինչեւ ապրիլ 29-ը:
«Համահայկական Մրցանակաբաշխութիւն 2016-ը»
Իրականացաւ «Համազգային Միասնութիւնը`
Հաւաքական Ուժի Եւ Հզօրութեան Գրաւական» Խորագրով
Յունուար 30-ին տեղի ունեցաւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան 2016 թուականի գիտական եւ ստեղծագործական աշխատանքներու համահայկական հերթական միացեալ մրցանակաբաշխութեան իրականացման նուիրուած խորհրդակցութիւն:
Խորհրդակցութեան մասնակցած էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, ստեղծագործական միութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:
Խորհրդակցութեան մասնակիցները քննարկեցին մրցանակաբաշխութեան բովանդակութեան, պայմաններուն, ուղղութիւններուն, անուանակարգերուն վերաբերող կազմակերպչական հարցերը: Ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ «Համահայկական մրցանակաբաշխութիւն 2016-ը» իրականացնել «Համազգային միասնութիւնը` հաւաքական ուժի եւ հզօրութեան գրաւական» խորագրով` նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակին:
Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան համագործակցութեան շրջանակներու ծիրին մէջ իրականացուող այլ ծրագիրներու ընթացքին վերաբերող հարցեր:
«Փտածութեան Ընկալման Ցանկ»-ին Մէջ
Հայաստան 95-րդ Դիրքը Գրաւած Է
Յունուար 27-ին «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը հրապարակած է իր կազմած «Փտածութեան ընկալման ցանկ»-ը (Corruption Perceptions Index), որուն մէջ 168 երկիրներու կարգին Հայաստան 95-րդ դիրքը գրաւած է:
«Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարող կեդրոնի ղեկավար Վարուժան Հոկտանեանի համաձայն, 2013-էն սկսեալ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ յառաջընթաց, եւ ոչ ալ նահանջ արձանագրուած է: Նախկին խորհրդային երկիրներու պարագային աւելի լաւ տուեալներ ունին` Էսթոնիան, Լաթվիան, Լիթվիան եւ Վրաստանը: Եթէ բաղդատութիւն կատարենք մեր դրացիներուն հետ, կրնանք ըսել, որ Թուրքիան աւելի լաւ վիճակի մէջ է, իսկ Ազրպէյճանն ու Իրանը` աւելի վատ:
Ան նշած է, որ 2015-ին Հայաստան 100 միաւորէն ստացած է 35 միաւոր, եւ 95-րդ հորիզոնականը կը բաժնէ Մալիի, Մեքսիքայի եւ Ֆիլիփփինի հետ:
Ցանկը կը գլխաւորէ Դանիան: «Մաքուր» երկիրներու շարքին են նաեւ` Նորվեկիան, Նոր Զելանտան եւ Հոլանտան:
Ցանկին վերջին դիրքերը կը գրաւեն` Սոմալին, Հարաւային Սուտանը եւ Անկոլան:
Հայաստան Դարձած Է
Eurimages Հիմնադրամի Անդամ
Վերջերս Հայաստան դարձաւ Եւրոպայի խորհուրդի ժապաւէնի արտադրութեան աջակցող Eurimages հիմնադրամի անդամ: Այս մասին «Մետիամաքս»-ին հաղորդած են Եւրոպայի խորհուրդի լրատուական ծառայութենէն:
1988-ին ստեղծուած Eurimages հիմնադրամի նպատակն է աջակցիլ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու միջեւ միացեալ ժապաւէնի արտադրութեան եւ ցուցադրութեան:
Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը այս հիմնադրամին պիտի նպաստէ շարժանկարի արտադրութեան ոլորտին մէջ հայ եւ եւրոպացի շարժանկարի գործիչներու եւ արտադրողներու փորձի փոխանակման, ինչպէս նաեւ` միացեալ ժապաւէնի արտադրութեան իրականացման:
Հրապարակուած Է Հայաստանի Համալսարաններու
Վարկանիշային Աղիւսակը
Հայաստանի բարձրագոյն մասնագիտական կրթութեան համակարգի թափանցիկութեան ապահովման նպատակով 2013 թուականէն սկսած է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանիշաւորման գործընթացը, որուն հերթական արդիւնքները այսօր հրապարակելով` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան յայտարարած է, որ միասնական վարկանիշով առաջին տեղը կը գրաւէ Երեւանի պետական համալսարանը, 2-րդը` Հայ-ռուսական սլաւոնական համալսարանը, 3-րդը` Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը:
«4-րդը Ամերիկեան համալսարանն է, 5-րդը` Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանը, 6-րդը` Հայաստանի ֆրանսական համալսարանը, 7-րդը` Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը, 8-րդը` Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանը, 9-րդը` Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարանը, 10-րդը` Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանը», յայտարարած է Արմէն Աշոտեան:
Վերջինիս խօսքով, Երեւանի պետական համալսարանը նախորդ տարի եւս առաջատարը եղած է, բազմաթիւ ցուցանիշներով ունի դրական միտումներ:
Նշենք, որ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանիշաւորման համար ուսումնական հաստատութիւնները խմբաւորուած են ըստ համալսարաններուն մէջ առկայ կրթական ծրագիրներու եւ մասնագիտական ոլորտներու, ինչպէս նաեւ առանձնացուած են արուեստի համալսարանները:
Հայաստանցի 107 Գիտնական Դրամաշնորհ
Պիտի Ստանայ Հայ Օգնութեան Ֆոնտէն
27 յունուարին 32 խումբերու մաս կազմող հայաստանցի 107 գիտնականներ դրամաշնորհներ ստացան Հայ օգնութեան ֆոնտէն` կենսաբանութեան, բնագիտութեան, քիմագիտութեան, կենսագիտութեան, աստղագիտութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ գիտական հետազօտութիւններ իրականացնելու համար:
Ըստ Հայ օգնութեան ֆոնտէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն, մրցումը կը կազմակերպուի 2001 թուականէն. այս տարի ներկայացուած 244 գիտական դիմումներէն ԳԿՀԱՀ հետազօտական խորհուրդը յաղթող նկատած է 32-ը: Գիտական խումբերու ղեկավարներէն 18-էն մինչեւ 35 տարեկան երիտասարդներ են, 13-ը` կիներ: Անոնք կ՛ընտրուին Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող փորձագիտական յանձնախումբին կողմէ: Դրամաշնորհին գումարը կը կազմէ 5000 տոլարի համարժէք դրամ:
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի նախագահին հովանիին տակ իրականացուող երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագրի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի համագործակցութեան շնորհիւ այս տարի 5 դրամաշնորհ տրամադրուած է երիտասարդ գիտնականներու ղեկավարութեամբ գործող հետազօտական խումբերուն: Այսպիսով, 2013-ին ընթացք առած համագործակցութեան շնորհիւ տրամադրուող դրամաշնորհներուն թիւը դարձած է 12:
Այս տարի դրամաշնորհներէն 15-ը տրամադրուած է կեանքի մասին գիտութիւններուն, 7-ը` բնագիտութեան, 3-ը` աստղաբանութեան, 1-ը` քիմագիտութեան, 1-ը` կենսամեքանիկայի, 1-ը` երկրի մասին գիտութեան, 1-ը` գրականութեան, 1-ը` պատմութեան, 1-ը` հնագիտութեան, 1-ը` տնտեսագիտութեան ոլորտներուն մէջ հետազօտութիւններ իրականացնելու համար:
Նախորդ 16 տարիներուն ԳԿՀԱՀ հետազօտական խորհուրդին ներկայացուած են մօտաւորապէս 2000 դիմում-առաջարկներ: Դրամաշնորհներ ստացած են 404 գիտական խումբեր, որոնց մաս կազմած են 1545 գիտնականեր: Ծրագիրի դրամաշնորհային ընդհանուր գումարը կազմած է 2 միլիոն 20 հազար տոլար:
«Արի Տուն» Ծրագրով Հայաստան Պիտի Այցելեն
1100 Սփիւռքահայ Երիտասարդներ
Հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման աջակցման նպատակով այս տարի տեղի պիտի ունենայ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: Ձեռնարկներուն ծրագիրը հաստատուեցաւ յունուար 29-ի կառավարութեան նիստի ընթացքին: Նախորդ փառատօնը իրականացուած էր 2012 թուականին:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորուի Հայաստանի 2016 թուականի պետական պիւտճէի «Մշակութային միջոցառումներու իրականացում» ծրագրի ծիրին մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ չարգիլուած այլ միջոցներու հաշուոյն:
Մէկ այլ նախագիծով ալ հաստատուեցաւ սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2016 թուականի ծրագիրն ու ձեռնարկներուն ցանկը: «2015 թուականին «Արի տուն» ծրագրին 8 հանգրուանով մասնակցած են մօտաւորապէս 1103 սփիւռքահայ երիտասարդներ` աշխարհի 40 երկիրներէ», ըսած է Հրանուշ Յակոբեան:
2016 թուականին կ՛ակնկալուի մինչեւ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդի այցելութիւն Հայաստան: Անոնք նախ պիտի հիւրընկալուին հայաստանեան ընտանիքներու մէջ, ապա իրենց հասակակիցներուն հետ պիտի մասնակցին «Արի տուն» ճամբարին: Ծրագրի իրականացման աշխատանքները համակարգելու եւ պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու նպատակով պիտի ստեղծուի ծրագրի իրականացման միջգերատեսչական համակարգող յանձնախումբ եւ աշխատանքային խումբ: Ծրագրի իրականացման կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ կ՛ակնկալուի գործընկեր հասարակական երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ երիտասարդ կամաւորներու ներգրաւում:
5 Փետրուարին Մասիս Առաքելեան
Պիտի Ներկայացնէ Հայկական Դասական Երգեր
Պերլինաբնակ երգիչ, երգահան Մասիս Առաքելեան «Կռունկ» խորագիրը կրող երկու ելոյթով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի մէջ` փետրուար 5-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ, փետրուար 9-ին` Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ:
Թենոր Մասիս Առաքելեան իր ուրոյն մշակմամբ ունկնդիրին պիտի ներկայացնէ հայկական դասական երգեր` անցեալ երեք հարիւր տարիներէն: Անոր հետ ելոյթ պիտի ունենայ դաշնակահար Արմէն Աղաջանեանը:
Նշենք, որ նախկին իրանահայ Մասիս Առաքելեանը իր առաջին մրցանակին արժանացած է 13 տարեկանին: Օփերային երգեցողութիւն եւ երաժշտութիւն ուսանած է Պերլինի մէջ, ուր հիմնադրած եւ ղեկավարած է հայկական համայնքի երգչախումբը:
2013 թուականին երիտասարդ երգահանը հրապարակած է «Կռունկ» ձայնապնակը, որուն մէջ զետեղուած են Կոմիտասի, յայտնի այլ երգահաններու, ինչպէս նաեւ իր սեփական ստեղծագործութիւններն ու փոխադրումները: