Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Այսօր Մեր Տնտեսական Նիւթական Օժանդակութիւններուն Սեւեռակէտը Պէտք Է Դարձնենք Սուրիահայութիւնը, Որովհետեւ Անպայման Հոն Կան Գոյատեւողներ. Այս Գաղութը Չի Կրնար Անհետանալ, Այլ Պիտի Մնայ» Կը Հաստատէ Կարօ Եուզպաշեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Garo-Yuzbashian_020116

Յունուար 29-ին «Վանայ Ձայն»-ը  յատուկ հարցազրոյց մը կատարեց սուրիահայ համայնքի պատասխանատուներէն, Սուրիոյ Կեդրոնական շտապի  տնտեսական պատասխանատու Կարօ Եուզպաշեանի հետ, որ անդրադարձաւ Սուրիոյ  ապահովական, տնտեսական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ եւ յատկապէս` սուրիահայութեան պարզած կացութեան:

Ստորեւ` հարցազրոյցը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Անդրադառնանք Սուրիոյ ապահովական իրավիճակին. այսօր ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ: 

ԿԱՐՕ ԵՈՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Սուրիոյ ապահովական իրավիճակը այսօր դէպի դրական յառաջխաղացքի մէջ է. մամուլին հետեւողները շատ յստակ կրնան տեսնել, թէ սուրիական բանակը եւ անոր օժանդակ բոլոր զինուորական ստորաբաժանումները, ինչպէս նաեւ ռուսական եւ այլ խմբաւորումներ օգտակար կը դառնան այդ յառաջխաղացքին: Ծովեզերեայ շրջանին մէջ` Լաթաքիա, Քեսապ եւ այլն, արդէն մեծ յառաջխաղացք արձանագրուած է, նաեւ նոյնանման նուաճումներ կ՛արձանագրուին Հալէպի հարաւը, երբեմն հարաւ-արեւելեան բաժինը, եւ կը ծրագրուի հասնիլ մինչեւ հիւսիս եւ հիւսիս-արեւմտեան բաժինները: Այս բոլորը աչքառու են, թերեւս յատկապէս Հալէպի կացութեամբ հետաքրքրուածները կրնան ըսել, որ քաղաքին մէջ աչքառու փոփոխութիւններ չկան, սակայն մէկ բան շատ յստակ է, որ նախկին տարողութեամբ հրթիռներ կամ կազով լեցուած տակառներ չկան, նոյնքան մեծ թիւով չեն: Ասիկա կը նշանակէ, որ քաղաքին մէջ ապահովական առումով յառաջխաղացք կայ: Ասիկա պէտք է խորքին մէջ ներշնչում ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք Սուրիայէն դուրս կը գտնուին, յատկապէս Լիբանան եւ Հայաստան գտնուողներուն կը վերաբերի այս խօսքս: Ասիկա  նշոյլ մըն է, որպէսզի այս դրական յառաջխաղացքին լոյսին տակ քիչ-քիչ մտածեն վերադարձի մասին, թէկուզ` ոչ այս վայրկեանին, սակայն իրենց կրած դժուարութիւններուն տոկան ու չյուսալքուին` մտածելով, որ այլեւս Հալէպ գոյութիւն չունի: Նման տարաձայնութիւններ խորքին մէջ անհատական բնոյթի են, օտար ափերու վրայ ապրիլը քաջալերելու նպատակ կը հետապնդեն:

Հ.- Շատ դժուար է երկրի մը մէջ քու ունեցուածքդ, տունդ եւ ինչքերդ, շրջապատդ եւ հարազատներդ լքես եւ գաղթես այլ երկիր մը, որքան ալ մօտ ըլլայ քուկինիդ: Վստահաբար սուրիահայութիւնը այսօր իր երկիրը վերադառնալու փափաքը ունի, կ՛ուզէ իր բնակարանը վերագտնել, հարազատ միջավայրին վերադառնալ: Արդեօք ներկայիս կա՞ն յոյսեր սուրիահայութեան վերադարձին:

Կ. Ե.- Յառաջիկայ քանի մը ամիսները լի են հետաքրքրական նորութիւններով` ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն: Դրական յառաջխաղացք կայ: Մեր տղաքը ստանձնելով մեր թաղամասերու եւ կեդրոններու հսկողութիւնը` կը պահպանեն նաեւ այն տուները, որոնց տէրերը հեռացած են Հալէպէն: Պատերազմական այս վիճակին մէջ բնականաբար կան որոշ, չնչին տոկոսով բնակարաններ, յատկապէս Նոր Գիւղի մէջ, որոնք քանդուած են, ուրիշներ գողցուած են, սակայն ասոնք վրիպումներ են,  հայկական բոլոր բնակարանները, որոնց տէրերը հոն չեն, մեծամասնութեամբ եղածին պէս կը մնան, մեր տղաքը շուրջօրեայ պահակութիւն կ՛ընեն: Հետեւաբար թող ամէն մարդ վստահ ըլլայ, որ իր բնակարանը կանգուն է եւ կրնայ վերադառնալ:

Հ.- Խօսինք գաղութի իրավիճակին մասին: Այսօր տարբեր լրատուամիջոցներով, համացանցային էջերու ճամբով շատ բան կը տեսնենք սուրիահայութեան վերաբերող, յատկապէս` ապահովական զգայուն վիճակին առումով: Այդ բոլորը արդեօք որքանո՞վ իրական են, տարածուած լուրերը կրնա՞ն ուռճացուած ըլլալ:

Կ. Ե.- Լուր մը կամ կացութիւն մը այլ կերպ ներկայացնելու, ուռճացնելու երեւոյթը սկիզբ կ՛առնէ այն սուրիահայերէն, որոնք Հալէպէն դուրս կը գտնուին: Երբ մարդիկ յանկարծ կ՛որոշեն վերադառնալ` տուեալ երկրին տնտեսական անցուկ պայմաններուն չդիմանալով, դուրսը մնացողները չեն քաջալերեր, կը վախցնեն եւ այլն: Ասիկա ճիշդ չէ, յաճախ կ՛ըսուի, որ Հալէպի մէջ պայթումներ եղած են, ուստի վտանգաւոր է, սակայն ո՞վ ըսաւ, որ այդ պայթումները անպայման հայկական թաղամասերուն մէջ տեղի կ՛ունենան: Այսօր իսլամական կամ արաբական թաղամասերուն մէջ, ուր ոչ հայեր կը բնակին, շատ աւելի ծանր դէպքեր կ՛արձանագրուին, իսկ մեր մօտ, յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանին մէջ նուազած են այդ հրթիռարձակումը կամ պայթումները, շաբաթը անգամ մը բան մը կրնաս լսել կամ չլսել: Հետեւաբար դուրսը մնալու եւ Հալէպ չվերադառնալու  այս մտանութիւնը եւ դէպքերը ներկայացնելու չափազանցութիւնը մենք է, որ կը ստեղծենք, ասիկա քիչ մը արհեստական բնոյթ կը կրէ եւ իրականութեան չի համապատասխաներ: Պատերազմական իրավիճակին մէջ բնական է, որ երբեմն ելեկտրականութիւնն ալ պիտի ընդհատուի, ջուր ալ պիտի չըլլայ: Պէյրութի մէջ տարիներով ոչ իսկ վայրկեան մը ելեկտրականութիւն եւ ջուր կար: Այդ բոլորը պիտի ապրինք ու շրջանցենք, յոյսով ենք, որ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն տեղի ունենալիք զարգացումները կրնան լաւատեսական ըլլալ, ուստի թող չաճապարեն, քիչ մը եւս  թող սպասեն, սակայն Հալէպ վերադառնալը անկարելի թող չնկատեն: Անիմաստ են այն լուրերը, թէ Հալէպի թաղերը ամայացած են, մարդ չէ մնացած: Այսօր Սուրիոյ մէջ 4 հազար հայ աշակերտ կայ, մեծամասնութիւնը` Հալէպի մէջ, կը նշանակէ, որ ասոնց ծնողներն ալ հոն են: Այսօր դպրոցական կեանքը կը շարունակուի, Ճեմարանը եւ մեր բոլոր դպրոցները կը գործեն, կարգ մը կառոյցներ միաւորուած են, սակայն կան, կը գործեն, ուղեկից միութիւնները` ՍՕԽ-ը, Համազգայինը եւ ՀՄԸՄ-ը կը գործեն իրենց Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններով, Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութիւնը կը գործէ իր խորհուրդներով: Ամէն ինչ բնականոն է: Խնդրանքս է, որ չչափազանցենք եւ չափազանցութիւններու երթալով` մենք մեզ չյուսալքենք, որովհետեւ դիւրին չէ օտար ափերու վրայ կեանքը վերսկսիլը:

Հ.- Խօսինք թիւի մասին. այսօր սուրիահայութեան թիւը ի՞նչ պատկեր կը պարզէ:

Կ. Ե.- Նախքան պատերազմը Սուրիոյ մէջ հայութեան թիւը 80 հազար էր, այսօր 50 հազարի մօտ է: Հոս եւս չափազանցութիւն կայ, յուսալքման իմաստով արտայայտութիւններ են ասոնք, որոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան: Կը կարծեմ, թէ սուրիահայ գաղութը կամաց-կամաց պիտի շրջանցէ ամէն տեսակ դժուարութիւն, նուաճումներ պիտի արձանագրէ, ուղղուի դէպի բնականոնացում:

Հ.- Սուրիահայ գաղութի հիմնական դժուարութիւնները ի՞նչ են այսօր:

Կ. Ե.- Սուրիահայութեան բնական դժուարութիւնները անոնք են, ինչ որ են պատերազմական որեւէ երկրի պարագային. առաջին անգամ հարուած կը ստանայ տնտեսութիւնը, աշխատանքները կը սկսին կաղալ, իբրեւ հետեւանք կը յառաջանայ տնտեսական տագնապալի վիճակ: Ամբողջ Սուրիոյ մէջ այս կացութիւնը առկայ է, սակայն շրջափակուած քաղաքներուն մէջ, բնականաբար, վիճակը աւելի ծանր է: Նման շրջաններու մէջ տնտեսականին կողքին կը ծագի նաեւ ապահովական դժուար վիճակ. պատերազմ է եւ բնականաբար պիտի ըլլան այս բոլորը: Այս վիճակը բարելաւելու միտումով կը գործէ Սուրիոյ շտապ մարմինը, որ իր գործադիր մարմինները ունի ամէնուրեք եւ անոնց միջոցով կը ծառայէ ու իր օժանդակութիւնը կը մատուցէ:

Հ.- Ինչպիսի՞ օժանդակութիւններու մասին կը խօսինք:

Կ. Ե.- Սկզբնական շրջանին բարեսիրական կազմակերպութիւններուն միջոցով նիւթական գումար տրամադրելու դրութիւն չկար, այլ ծրարներ կը պատրաստուէին եւ կը յանձնուէին. աւելի ուշ նկատեցինք, որ միշտ չէ, որ մարդիկ այդ ծրարին կարիքը ունին, այլ կան ուրիշ պահանջներ ու անհրաժեշտութիւններ, մանաւանդ այն ընտանիքներուն պարագային, ուր երիտասարդներ կան: Այս իրականութեան լոյսին տակ, վերջին երեք-չորս ամիսներուն Սուրիոյ շտապի մարմինը յարմար նկատեց, որ օժանդակութիւնը ծրարային հասկացողութենէն դուրս գայ եւ դառնայ նիւթական օժանդակութիւն: Այս աշխատանքին մէջ ներառուած են նաեւ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններ, Բերիոյ թեմը նոյնպէս ունի իր Նպաստից խորհուրդը, կան ՍՕԽ-ը, ՀԲԸՄ-ը եւ այլն. բոլորս ալ կը գործենք առանց խտրականութիւն, ունինք անջատ պիւտճէներ, եւ օժանդակութիւն կը տրամադրուի բոլորին: Պէտք է յիշել, որ ՍՕԽ-ի ճամբով ՀՕՄ-ը մեզի տրամադրեց հիւանդատար ինքնաշարժ մը, որ կարեւոր էր մեզի համար:

Հ.- Խօսինք գիշեր-ցերեկ հսկող պահակ տղոց մասին, անոնք արդեօք որքանո՞վ կը ներկայացնեն հայ երիտասարդին կամքն ու դաստիարակութիւնը:

Կ. Ե.- Այս տղաքը, որոնք լծուած են մեր կեդրոններուն եւ թաղամասերուն պահակութեան գործին, իսկական նուիրեալներ են: Նախ ըսեմ, որ այս գործը կամաւոր բնոյթ ունի, վարձատրութիւն չի տրուիր ասոր համար, այլ ասիկա համոզում է, նուիրում ու սուրբ առաքելութիւն: Ես իսկապէս կ՛ապշիմ այս տղոց տարած գործին. հակառակ ցուրտին, դժուար ու վտանգաւոր պայմաններուն, պատահական փամփուշտներուն, անոնք միշտ ներկայ են, կը հասնին բոլորին: Այս տղաքը սուրիահայութեան հպարտութիւնը կը հանդիսանան: Վարձքերնին կատար:

Հ.- Անդրադառնանք Լիբանան հասած մեր սուրիահայ քոյր-եղբայրներուն, որոնց նկատմամբ լիբանանահայութիւնը իր օժանդակութիւնը չզլացաւ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս աշխատանքը:

Կ. Ե.- Վարձքը կատար այս շրջանին. մենք իմացանք այն ծառայութիւններուն մասին, զորս լիբանանահայ գաղութը եւ յատկապէս կազմակերպութիւնը մատուցած էին Պէյրութ հաստատուած բոլոր սուրիահայերուն:  Ըսեմ, որ քարոզչական հարց կար հոս, որովհետեւ մենք ընդհանրապէս մեր տարած աշխատանքներուն քարոզչութիւնը չենք սիրեր ընել, քանի որ ծառայութիւնը կը նկատենք պարտաւորութիւն, իսկ այդ մասին նշումը` ինքնագովութիւն: Սակայն խորքին մէջ ասիկա պատճառ դարձած է, որ իրական տեղեկութիւնները ժողովուրդին չհասնին: Ըսեմ, որ մարդիկ բողոքեցին կամ իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին, սակայն երբ հետապնդեցինք տեղի ունեցածը, նկատեցինք, որ մեծամասնութեան կարիքներուն տեղ տրուած է, իսկ ոմանք տարբեր պատճառներով, երբեմն իրենց դժուար պարագաներուն բերումով իրենց ակնկալած օգնութիւնը չեն ստացած: Այս վերջիններուն արձագանգը շատ աւելի բարձր եղած է, աւելի տարածուած եղած է, քան այն միւս մեծամասնութեան, որուն օգնած եւ ծառայութիւն մատուցած են լիբանանահայ կառոյցներ եւ կազմակերպութիւններ: Ստացողը քարոզչութիւն չի կատարեր, սակայն դժգոհ եղողը կը բողոքէ եւ ձայն կը բարձրացնէ, հետեւաբար, ժխտականը կը տարածուի, դրականը կը մնայ մութին մէջ, կը մոռցուի: Փաստերն ու թիւերը ցոյց կու տան, որ մեծաքանակ ծախսերու տակ մտած է այս շրջանը, վարձքերնին կատար, եւ մենք պէտք է բոլորին ըսենք, որ կեանքին մէջ պէտք է վարժուին շնորհակալութիւն յայտնելու, երբ բան մը կը ստանան: Միայն չդժգոհինք ու ժխտական քարոզչութիւն չկատարենք:

Հ.- Այսօր մենք ի՞նչ ունինք ընելիք` իբրեւ հայ ժողովուրդ, որպէսզի կարենանք աւելի օգտակար դառնալ գոյատեւող սուրիահայութեան, եւ դուրս գտնուողները իրենց տուները վերադարձնել:

Կ. Ե.- Կը կարծեմ, թէ այսօր սուրիահայ գաղութը մեր` համայն հայութեան սեւեռակէտն է. այն անձերը, որոնք` խանդավառուած օտար անցագիրներ ունենալու հրապոյրէն, կը լքեն գաղութը, պէտք է մէկ բան մտածեն, որ պատերազմները կ’աւարտին, սակայն սերունդներուն ապագան կը շարունակէ մտահոգիչ ըլլալ: Օտար երկիրներ գացողները կը հեռանան հայրենամերձ երկիրներէն` Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Իրանէն, իսկ այսպիսի անձերը մեծապէս կը սխալին, եթէ կը կարծեն, թէ իրենց այս քայլով սերունդներուն ապագան կը փրկեն: Օտարութեան մէջ ապրող սերունդին ճակատագիրը շատ մտահոգիչ է, դժբախտաբար այսօր այդ մասին չեն մտածեր գաղթողները, սակայն մօտիկ ապագային ատիկա ի յայտ պիտի գայ: Այսօր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը, պատերազմական իրավիճակը ջարդ կը կոչեն, սակայն օտար ափերուն մեր հայորդիներուն կորուստը իրականութեան մէջ ճերմակ ջարդ է:  Հետեւաբար պէտք չէ աճապարել, պէտք չէ յուսահատիլ:

Մենք այսօր մեր տնտեսական-նիւթական օժանդակութիւններու սեւեռակէտը պէտք է դարձնենք սուրիահայութիւնը, որովհետեւ անպայման հոն կան գոյատեւողներ, ապրողներ, այս գաղութը չի կրնար անհետանալ, այլ` պիտի մնայ: Մենք մեր աշխատանքները որքան շատցնենք, անոնց ծաւալը մեծցնենք, օժանդակենք ու բարոյական նեցուկ կանգնինք, այս գաղութը կը տոկայ ու կը դիմանայ:

Հ.- Այսօր, եթէ թուային պատկեր մը պիտի տանք Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա գաղթած հայութեան վերաբերեալ, արդեօք վիճակը վտանգաւո՞ր է, իսկ ի՞նչ պիտի ըսենք անոնց, որոնք կ’ուզեն գաղթել:

Կ. Ե.- Կան երկիրներ, որոնց աստղը փայլուն է. երբ մէկու մը կ’ըսես, որ ես Քանատա կամ Միացեալ Նահանգներ կ’երթամ, շատ աւելի մեծ ընդունելութիւն պիտի գտնէ, քան ըսես` Լիբանան կամ Հայաստան:  Այսօր, մեր տուեալներով, Քանատա հաստատուած հայերուն թիւը 3400 հոգի է, 10 հազարէն աւելի սուրիահայ կայ Հայաստանի մէջ, սակայն այդ մասին չի խօսուիր, այլ շեշտը կը դրուի այդ 3300-3400 հոգիին վրայ եւ կ’ըսուի, թէ գաղութը դատարկուած է: Ասիկա անճիշդ է, գաղութը չէ պարպուած, եւ նպատակ ալ չունինք գաղութը պարպելու, իսկ Քանատայի մէջ մեր տղաքը պարզապէս հասնողներուն կ’օժանդակեն, ոչ մէկ կազմակերպական աշխատանք կայ սուրիահայը Քանատա փոխադրելու: Բայց եւ այնպէս, երբ հոն հասնողները դիմեն մեր կառոյցներուն, վերջիններս պարտաւոր են օգտակար դառնալու: Այս է իրականութիւնը, նախաձեռնութիւն մը չէ:

Ասոր մէջ կ’ուզեմ տեսնել նաեւ մեր ժողովուրդին նկարագրային բաժինը: Մենք շատ յաճախ վնասներ ունեցած ենք, հայրենի հողեր կորսնցուցած ենք մեր նկարագրային եւ մտածելակերպի տուեալներուն պատճառով: Մենք պէտք է տոկանք. երբ գիտենք տոկալ, այն ատեն մեր հողը դիւրաւ պէտք չէ լքենք, երբ թշնամին յարձակի` ջարդ ալ պիտի ըլլայ, պատերազմ ալ, տեղահանութիւն ալ եւ այլն: Ճիշդ է, որ վերապրող ու տոկացող ազգ ենք, սակայն տեղափոխուելու ձեւին դիմած ենք յաճախ, փոխանակ մեր հողին վրայ տոկալու, որոշած ենք թափառական ըլլալ եւ երթալ այլ տեղ մը, հոն ապրիլ: Հայ ժողովուրդին այս նկարագիրը պատճառ դարձած է, որ ծովից ծով Հայաստանը դառնայ լեռնից լեռ Հայաստան: Այս է իրականութիւնը: Հայրենիք կ’երթանք, սակայն հոն ալ տոկալու խնդիր ունինք:

Հ.- Ի՞նչ պատկեր կը պարզէ գաղութին հոգեկան-բարոյական վիճակը:

Կ. Ե.- Սուրիայէն դուրս ելլողները եթէ չխանդավառեն, չքաջալերեն, չգովեն իրենց գտնուած վայրերը (որոնք այդքան ալ լաւ չեն), չըսեն, որ կարելի չէ առանց ջուրի եւ ելեկտրականութեան տոկալ, վիճակը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Այսօր ունինք սուրիահայ գաղութ, որմէ պէտք չէ հրաժարինք եւ մղենք սուրիահայերը թափառաշրջութեան, այլ պէտք է օժանդակենք, որպէսզի գաղութը գոյատեւէ: Բարոյալքման հարց չկայ, հոն կ’ապրինք, սակայն զգուշաւոր կերպով, ինչ որ բնական է պատերազմական վիճակներու մէջ. պէտք է աւելցնենք նիւթական աջակցութիւնը, որպէսզի օգնենք տոկալու, իսկ եթէ մէկը կ’ուզէ հեռանալ, իր որոշումն է, որուն գինն ալ ինք պիտի վճարէ աւելի ուշ, երբ իր զաւակները ձուլուին եւ օտարանան:

Հ.- Ձեր խօսքը` լիբանանահայութեան եւ հոս հաստատուած սուրիահայութեան:

Կ. Ե.- Մենք ունինք Հայաստան, ուր պէտք է ապրինք, իսկ եթէ տրամադիր չենք այսօրուան պայմաններուն մէջ հոն ապրելու, պէտք է մնանք հայրենամերձ գաղութներուն մէջ, որոնց հզօրացման համար պէտք է գործենք: Սփիւռքը այս գաղութներով զօրաւոր է, եւ իրականութեան մէջ ասոնք հանդիսացած են արմատը, կեդրոնը բոլոր այն սփիւռքահայերուն, որոնք հոսկէ սկսած են իրենց ուղին, իսկ այսօր այլ գաղութներու մէջ կը գործեն: Նախընտրելի է ապրիլ Հայաստան, որ հայ մարդուն վերջին կռուանն է, այլապէս, եթէ այս գաղութներուն մէջ մենք գոհ ենք, պէտք է շարունակենք մեր կեանքը այստեղ` հայրենամերձ գաղութներուն մէջ: Մենք այլ ելք չունինք:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>