Դոկտ. Հայտոսթեանի Դասախօսութիւնը
«Հայերուն Բերած Նպաստը Լիբանանին.
Մարտահրաւէրներ Եւ Դասեր» Նիւթով
Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց լիբանանցի-բրիտանացի առեւտրականներու մէկ համախմբումը` Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ ներկայացնելով «Հայերուն բերած նպաստը Լիբանանին. մարտահրաւէրներ եւ դասեր» խորագրեալ նիւթով դասախօսութիւն մը, ուր հանդէս եկաւ համալսարանին նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:
Համախմբումին նախագահ Կրահամ Պոլ նախ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունելով մեծաթիւ լիբանանցի եւ բրիտանացի ակադեմական մասնագէտներու եւ գործարարներու ներկայութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի ազնիւ կեցուածքին համար, որ կը հիւրընկալէր 2016-ի իրենց տարեկան անդրանիկ հանդիպում-հանդիսութիւնը:
Իր ոգեշնչող ուղերձին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան բացատրեց բոլոր լիբանանահայերու զօրաւոր կապուածութիւնն ու կառչածութիւնը Լիբանանին, վեր առաւ լիբանանահայ համայնքին եզակի ու իւրօրինակ յատկանիշերը:
Խօսելով լիբանանահայերուն բերած նպաստին մասին` դոկտ. Հայտոսթեան յաւելեալ տեղեկութիւններով լոյս սփռեց լիբանանահայերու պատմական յարաբերութիւններուն եւ գոյառման վրայ տարածաշրջանէն ներս, սկսեալ Մեծն Տիգրան թագաւորի օրերէն` Ք. Ա. 1 թուականէն, մինչեւ դէպի Սուրբ Վայրեր առաջին հայերու ուխտագնացութեան տարիները` քրիստոնէական կրօնի տարածման վաղ ժամանակներուն, մինչեւ հայ կաթողիկէներու հաստատուիլն ու ներկայութիւնը Քեսրուանի շրջան եւ հիմնադրութիւնը Զմմառու վանքին` 1771-ին, եւ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին հայերու զանգուածային բռնի տեղահանութեան ու տարագրութեան տարիները…:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան նաեւ ներկայացուց Հայկազեան համալսարանին յաջողութիւն արձանագրած պատմութիւնը` սփիւռքի տարածքին իբրեւ միակ հայկական սեփականութիւն վայելող կրթական բարձրագոյն կառոյց կամ համալսարան, վեր առնելով անոր 60 տարիներու խաղաղանպատակ դերակատարութիւնը, յատկապէս պատրաստելով ու դաստիարակելով Լիբանանի երիտասարդութեան ապագան համերաշխական մթնոլորտի մէջ: Այս առումով, դոկտ. Հայտոսթեան բերաւ օրինակ «Rocket Society»-ի («Հրթիռի ընկերակցութիւն») հիմնումին` Հայկազեան յատենի ուսողութեան դասախօս Մանուկ Մանուկեանի կողմէ, վաղ 1960-ականներուն, որ հետագային աւելի զարգացաւ ու դարձաւ ազգային ծրագիր մը` կոչուելով «Լիբանանի հրթիռի ընկերակցութիւն»:
Դոկտ. Հայտոսթեան ներկայացուց օրինակը անուանի հոգեբուժ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեանի, որ նշանակուեցաւ առաջին լիբանանցի տնօրէն` մտային ու հոգեկան խանգարում ունեցողներու բուժման ապաստարանի («Ասֆուրիյէ»): Ան նաեւ յիշեցուց անունները երկու նշանաւոր ճարտարապետներու` Յարութիւն Գալայեանի, որ փորձագէտ-մասնագէտ ծանօթ անուն մըն է Պաալպեքի եւ Այնճարի հին աւերակներու վերականգնման աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Մարտիրոս Ալթունեանի, որ ճարտարապետն է Լիբանանի խորհրդարանի շէնքին շինութեան` 1931-ին:
Այնուհետեւ, հարցադրում-պատասխան նիստերէ ետք, եւ մինչ կը պատրաստուէր ընդունելութիւն-քոքթէյլը, հիւրերը շարունակեցին իրենց զրոյց-քննարկումները` ունկնդրելով Հայկազեանի ուսանողներուն կողմ ներկայացուած գեղեցիկ երաժշտութիւն: