Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ազգային Ու Պետական Անմոռանալի Դէմք Մը` Տոքթ. Սերվիչէն (Ծննդեան 200-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Servichen-1_020116Servichen-2_020116Տոքթ. Սերվիչէնի մուտքը հայ ազգային կեանքին մէջ սկսաւ գիրքի մը հրատարակութեամբ:

Արդարեւ, իր Պոլիս դարձէն երկու տարի ետք, 1844-ին, երբ տակաւին 29 տարեկան էր ան, Սերվիչէն լոյս ընծայեց հայերէնով գրուած իր «Մանկատածութիւն»-ը, նշանաւոր գրաձուլիչ Յովհաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանէն: Մօտ 450 էջէ բաղկացեալ այս ծաւալուն գիրքին ամբողջական խորագիրը սա՛պէս էր. «Մանկատածութիւն, որ է բնական, բարոյական եւ իմացական հրահանգ խնամատարութեան մանկանց»: Ինչպէս կը հասկցուի արդէն այս խորագրէն, գիրքը գիտական եւ փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւն մըն էր, ուր հեղինակը երկարօրէն կը խօսէր մանուկներու սննդառութեան, անոնց մտաւոր եւ ֆիզիքական աճման ընթացքին մասին: Ցոյց կու տար այն հարկաւոր խնամքները, որոնք անհրաժեշտ էին մօր արգանդին մէջ բեղմնաւորուող էակին` սաղմէն մինչեւ անոր ծնունդը, ու ծնունդէն ետք` մինչեւ պատանեկութեան առաջին տարիները:

Տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան (1858-1942), որ մօտէն ճանչցեր էր Սերվիչէնը, գովեստով կ՛արտայայտուի վերոնշեալ գիրքին մասին ու մինչեւ իսկ զայն կը նկատէ իր դարուն «հայ բժշկական հրատարակութեանց գլուխ-գործոցը»: Ըստ Թորգոմեանի, այս գիրքին «ընտիր քարոզութեանց եւ ազդու պատուէրներուն ամբողջ սերունդներ երախտապարտ են եւ պարտաւոր»:

Սերվիչէնի երկրորդ գիրքը նախորդին կը յաջորդէր երկու տարի անց: 1846-ին, դարձեալ Միւհէնտիսեանի տպարանէն է, որ լոյսին կու գար հայ բժիշկին «Բարոյական սկզբունք»-ը: Բայց ուշագրաւ է, որ այս անգամուան աշխատասիրութիւնը մարդ անհատին առողջապահութեան կամ բժշկութեան հետ կապ չունէր, այլ կ՛առնչուէր ազգին ու ազգային հաստատութիւններու առողջութեան հետ… Այստեղ Սերվիչէն կը բացատրէր մարդկային իրաւունքներու անհատական եւ ընկերային երեսները, կը խօսէր նաեւ ազգային ու համայնքային կարիքներու մասին` հիմնական նպատակ ունենալով ազգին մէջ ծաւալել պարտքի եւ իրաւունքի վսեմ գաղափարները, որոնք յայտնապէս մտասեւեռումներ էին իրեն համար: Այս գործը այնքան շահագրգռութիւն կը ստեղծէր, որ քանի մը տարուան ընթացքին կ՛արժանանար երկու յաւելեալ վերատպութեանց:

Սերվիչէնի երկու գիրքերն ալ նոր-նոր ծլող աշխարհաբարի առաջին նմուշներն էին:

Բայց Սերվիչէնի անունը մեր ազգային պատմութեան տարեգրութիւններուն մէջ պիտի քանդակուէր գլխաւորաբար արեւմտահայոց  Ազգ. սահմանադրութեան մշակման ու կիրարկումին իր բերած աշխատանքով ու առաջնորդող դերակատարութեամբ:

Թէեւ ճշգրտօրէն լուսաբանուած չէ այն դերը, որ Սերվիչէնինը եղաւ 1860-ին հռչակուած այդ սահմանադրութեան նախագծումին ու անոր վերջնական խմբագրումին մէջ, այնուհանդերձ, այդ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն իրազեկները (Հրանտ Ասատուր, Կարապետ Իւթիւճեան, Բիւզանդ Քէչեան եւ այլք) աներկբայօրէն կը հաւաստիացնեն, որ Սերվիչէն գլխաւոր կերտիչներէն ու դայեակներէն մին էր Ազգ. սահմանադրութեան թէ՛ գաղափարին եւ թէ՛ օրինագրքին: Անոր ճիգերը շատ մեծ եղան` ճամբայ հարթելու համար Ազգ. սահմանադրութեան: Արդէն, այլեւս նուիրականացած է այն երրորդութիւնը, որուն կը վերագրուի սահմանադրութեան ծննդոցը. Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ Սերվիչէն:

Պատմագիր Յ. Ճ. Սիրունի իր «Պոլիս եւ իր դերը» կոթողային քառահատոր երկին մէջ վերոնշեալ երեք դէմքերը կը կոչէ «ռահվիրաներ»: Ան նկատել կու տայ, որ Սերվիչէն, երբ Եւրոպայէն Պոլիս վերադարձաւ, շուտով գործօն դերեր ստանձնեց սահմանադրութեան համար մղուող պայքարներուն մէջ ու առաջին մէկ օրէն հանդիսացաւ ռահվիրաներէն մէկը Զարթօնքի սերունդին: «Ինչ որ տարակոյսէ վեր է, այն պարագան է,- կը գրէ Սիրունի,- որ հայ ժողովուրդը սահմանադրութեամբ մը օժտելու գաղափարով ան խանդավառուած էր Ռուսինեանէն ու Օտեանէն իսկ առաջ, որոնցմէ մեծ էր տարիքով, եւ որոնցմէ աւելի կանուխ մտած էր հանրային կեանքի մէջ»:

Սերվիչէն, ճարտար բժիշկ մը ըլլալով մէկտեղ, էր նաեւ փորձառու օրէնսգէտ մը, լայնահորիզոն միտք մը, խոհական անձնաւորութիւն մը:

Թրքալեզու աղբիւր մը կը նշէ, որ օսմանեան սահմանադրութեան գլխաւոր դարբիններէն Միտհաթ փաշան (վարչապետ) 1870-ական թուականներուն գէթ շաբաթը անգամ մը կ՛այցելէր իր մտերիմ բարեկամին` Գրիգոր Օտեանի բնակարանը, ճաշի հիւրը կ՛ըլլար անոր, ու այնտեղ կը հանդիպէր նաեւ Սերվիչէնին` մտքի փոխանակումներ ունենալով սահմանադրական բարեփոխումներու ծրագիրներուն շուրջ:

Ծանօթ է, որ Պոլսոյ Ազգ. պատրիարքարանին գործերը բարեկարգելու, զանոնք կարգ ու կանոնի ենթարկելու ու ազգային-եկեղեցական կեանքը ժողովրդավար հիմերով առաջնորդելու գաղափարը ծլիլ սկսեր էր Պոլսոյ մէջ, 1840-ական թուականներու վերջերը, երբ պատրիարքարանի երդիքին տակ կազմուեր էին հոգեւոր եւ գերագոյն ժողովներ, մին` զուտ կրօնական, իսկ միւսն ալ` զուտ ազգային գործերով զբաղելու համար, նմանողութեամբը մեր օրերու Ազգ. Քաղաքական ու Կրօնական ժողովներուն:

Ծանօթ է նմանապէս, որ Ազգ. սահմանադրութիւնը բազմաթիւ փուլերէ, պայքարներէ ու ժողովրդային բուռն ցոյցերու բովէն անցաւ (1855-էն սկսեալ),  մինչեւ որ ստանար իր վերջնական ձեւաւորումը, ու մինչեւ որ խմբագրուած վերջին տարբերակը պաշտօնապէս ընդունուէր ու վաւերացուէր սուլթան Մեճիտի հրովարտակով, 17 մարտ 1863-ին, իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող հայ հաւաքականութեան Նիզամնամէն (կանոնագրութիւնը), 99 յօդուածներէ բաղկացեալ:

Սերվիչէն խիստ առանցքային դերեր ունեցաւ ահաւասիկ այդ տարիներու բոլո՜ր բռնկումներուն ու նուաճումներուն մէջ: Անդամ ընտրուեցաւ Գերագոյն ժողովին, ատենապետութիւնը վարեց Ընդհ. ժողովի նիստերուն:

Այդ օրերուն էր (1853), օրինակ, որ կը կազմուէր Գերագոյն ժողովէն բխած առաջին ենթայանձնախումբը` Ուսումնական խորհուրդը, եւ որուն ատենապետութեան կը կոչուէր Սերվիչէն` իրեն գաղափարակից երկվեցեակ մը անդամներով շրջապատուած: Այս խորհուրդին պարտականութիւնն էր զբաղիլ կրթական ու վարժարանային հարցերով: Օրմանեան  սրբազան իր «Ազգապատում»-ին մէջ նկատել  կու տայ, որ Ուսումնական խորհուրդի անդրանիկ այս վարչութիւնը երեւելի դէմքերէ բաղկացած տիպար մարմին մըն էր, որուն «չկրցաւ հաւասարիլ յաջորդներէն եւ ո՛չ մէկը»:

Սերվիչէն նո՛ր մտայղացումներու, նորարար գաղափարներու մարդն էր: Եւ այս ծիրին մէջ պէտք է դնել իր այն արտասովոր առաջարկը, զոր ան ազգային մարմիններուն փոխանցեց 1854-ին, Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցին մէջ բանալու համար երկրագործական վարժարան մը:

Այդ տարիներուն երկրագործութիւնը յարգի մասնագիտութիւն մըն էր: Սերվիչէն կը մտածէր, որ հայ «աղքատ, որբ եւ անտերունչ» տղաք, իրենց թաղային դպրոցներէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք` գէթ հմտանային երկրագործական գիտութեանց մէջ, որպէսզի հետագային կարողանային իրենց կեանքը վաստկիլ: Այդ տղոց համար պիտի դասաւանդուէին տեսական ու գործնական պարտիզամշակութիւն, այգեգործութիւն, անասնաբուծութիւն, շերամաբուծութիւն, մետաքսագործութիւն եւ այլն, ձրիաբար, ու մի՛շտ Ուսումնական խորհուրդին կողմէ հայթայթուած միջոցներով:

Այս սքանչելի նախաձեռնութիւնը, սակայն, երկար պիտի չտեւէր: Երկրագործական վարժարանը (որ ունեցաւ 40 սաներ) պիտի ապրէր լոկ երկու տարի, ու փակուէր` նիւթական կամ այլ դժուարութեանց հանդիպելով: Ու հետաքրքրական է մտաբերել, որ երկրագործութեան կարեւորութիւնը օրակարգի վրայ պիտի մնար դեռ երկա՜ր տարիներ, մինչեւ իսկ արեւելահայոց մէջ: Միքայէլ Նալբանդեան` մոսկուաբնակ ազատատենչ բանաստեղծը, պիտի շարադրէր իր նշանաւոր գործը` «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ» ու զայն տպէր Փարիզի մէջ, 1862-ին:

Երկրագործական վարժարանին փակումէն ետք Սերվիչէն Ս. Փրկիչ հիւանդանոցը չհեռացուց իր ուշադրութենէն: Մինչեւ 1868, այս կամ այն ձեւով, ան կապեր ունեցաւ հիւանդանոցին հետ, մանաւանդ որ կը վարէր Ազգ. վարչութեան ատենապետի պաշտօնը:

Սերվիչէն երբեմն ունեցաւ նաեւ իր հակառակորդները, որոնք բացասական տրամադրութիւններ ուզեցին ստեղծել իրեն դէմ: Պատմութեան ծանօթ է իր վէճն ու խորունկ տարակարծութիւնները հայատառ «Մանզումէի Էֆքեար» թերթի խմբագրապետ Կարապետ Փանոսեանին հետ, ու այս վերջնոյն լրագրական անզուսպ յարձակումները հայ բժշկապետին դէմ` «Մանզումէի»-ի էջերէն…

Բայց Արփիար Արփիարեան կը պատմէ դէպք մը, որ թէ՛ ուսուցողական է, թէ՛ մտածել կու տայ.

Կը պատահի, որ օր մը պետութիւնը կը խափանէ «Մանզումէի»-ի հրատարակութիւնը` այնտեղ տպագրուած տեղեկատուութեան մը պատճառով: Սերվիչէն կամովին կը միջամտէ իր բարեկամ սպարապետ Ռետիֆ փաշայի մօտ` ապահովելով փակեալ լրագրին վերահրատարակութեան արտօնագիրը: Օրեր անց, երբ Փանոսեան ճամբան կը հանդիպի Սերվիչէնին ու մօտենալով անոր` կ՛ուզէ շնորհակալութիւն յայտնել կատարուած բարեխօսութեան համար, հայ բժշկապետը կը պոռայ անոր երեսն ի վեր.

– Կորսուէ՛ այստեղէն: Ես քեզի համար չէ, որ միջամտեցի. ես մամուլի ազատութի՛ւնն է, որ պաշտպանեցի…

Ու Արփիարեան կը շարունակէ. «Ցեղային առաքինութիւններու կենդանի արձանացումն էր Սերվիչէն: Իշխանական մարդ մը, որ ամուր դաստակով կը կառավարէր պատրիարքարանն ու Ազգ. ժողովը, ամէն ատեն որ պաշտօնի հրաւիրուէր»:

Սերվիչէն ապրեցաւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայկական հարցը դեռ նոր սկսեր էր խմորուիլ` Սան Ստեֆանոյի ու Պերլինի վեհաժողովներուն շուքին տակ (1878):

Ազգային ու պետական ականաւոր այս գործիչը կրնա՞ր հեռու մնալ իր շուրջը ծաւալող բախտորոշ իրադարձութիւններէն: Չե՛նք կարծեր:

Թէեւ վաւերաթուղթեր չկան, բայց կասկածէ վեր է, որ Սերվիչէն եւս իր բաժինն ունեցաւ հայութեան բաղձանքներուն դրսեւորումին մէջ` Սան Ստեֆանոյէն մինչեւ Պերլին: Ըստ Յ. Ճ. Սիրունիի, երբ Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան յախուռն քայլով մը Սան Ստեֆանօ կը դիմէր, իր շուրջն ունէր խորհրդականներու սեղմ շրջանակ մը, որ կազմուած էր այդ օրերու ամէնէն կարկառուն դէմքերէն: Ու Սերվիչէն անոնցմէ մէկն էր:

Պատմութիւնը ծանօթ է. հայկական պատուիրակութիւնը Խրիմեանի գլխաւորութեամբ Պերլին մեկնելով, աւա՜ղ, ինկաւ խորամանկ թուրքին ծուղակը, խաբուեցա՛ւ, ու ի՛ր իսկ ձեռքով անշքացուց Սան Ստեֆանոյի մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնը` 16-րդ յօդուածը փոխակերպելով 61-րդի…

Սերվիչէն ամուսնացած էր ֆրանսուհիի մը հետ: Ունէր երկու մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներ: Մանչերէն անդրանիկը, որ իրաւաբանութիւն ուսած էր Ֆրանսայի մէջ, երիտասարդ հասակին զոհ գնաց անողոք հիւանդութեան մը` տապարի հարուած մը հասցնելով իր ծնողքին: Իսկ միւսը` Գաբրիէլ, վկայեալ երկրաչափ, հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մին եղաւ` իրաւագէտ-խորհրդականի հանգամանքով: Ինչ կը վերաբերի դուստրերուն (Մարի եւ Վերգին), ապա անոնք երկուքն ալ կնութեան տրուած էին համբաւաւոր բժիշկներու, որոնք միաժամանակ կը վարէին պետական բարձր պաշտօններ: Այդ բժիշկներէն մին տոքթ. Տիգրան փաշա Փէշտիմալճեանն էր (1838-1894), իսկ միւսը` տոքթ. Միքայէլ էֆ. Խորասանճեանը (1835-1903), երկուքն ալ` սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անձնական բժիշկներ…

Իր կենդանութեան ծերունի բժշկապետը բախտն ունեցաւ հրատարակուած տեսնելու իր մասին կարճաշունչ մենագրութիւն մը, զոր գրի առաւ ու հրատարակեց տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան` նախ Վիեննայի Մխիթարեանց «Հանդէս ամսօրեայ»-ին մէջ, այնուհետեւ ալ` առանձին գրքոյկով, 1893-ին: Թորգոմեան այս գրքին մէջ Սերվիչէնը կը նկատէր` «ԺԹ. դարու հայ բժշկութեան կենդանի փառքը», որուն առոյգ ծերութիւնը իր հիացումը շարժեր էր…

Սերվիչէն մահացաւ 2 հոկտեմբեր 1897-ին, 82 տարեկանին, Պոլիս:

Փառաւոր յուղարկաւորութիւն մը կատարուեցաւ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, պետական ու ազգային երեւելի դէմքերու ներկայութեան:

Ձեռքի տակ ունիմ Պոլսոյ երբեմնի «Բիւզանդիոն» օրաթերթի (1896-1918) երկու հնամաշ թիւեր, որոնք կ՛անդրադառնան Սերվիչէնի մահուան եւ մանրամասնութիւններ կու տան անոր թաղման արարողութեան մասին:

Այդ թիւերէն առաջինը կը կրէ 4 հոկտեմբեր 1897 թուականը: Բաւական ընդարձակ յօդուած մըն է ասիկա, մահագրականի բնոյթով, որ արժեւորումը կը կատարէ անհետացող բժիշկին: Յօդուածը թէեւ անստորագիր է, սակայն սխալ չէ ենթադրել, որ անիկա կը պատկանի թերթին խմբագրապետ Բիւզանդ Քէչեանի գրչին:

Իսկ երկրորդը կը կրէ 6 հոկտեմբեր 1897 թուականը, եւ ուր կը նկարագրուի Սերվիչէնի յուղարկաւորութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ եկեղեցւոյ մէջ դամբանական խօսած է Օրմանեան պատրիարք` նշելով, որ ողբացեալը «հաւասարապէս օգտակար եղած է տէրութեան եւ ազգին»: Թաղումը կատարուած է Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր հրաժեշտի խօսքեր արտասանած են Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեան եւ տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան:

Սերվիչէ՜ն: Պատուաբե՛ր անուն մը, զոր պէտք չէ մոռնալ:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Հալէպ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>