ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Միջազգային Մայրենի լեզուի օրը կը յիշատակենք 2000 թուականէն ի վեր` զօրակցելու եւ քաջալերելու համար բազմալեզուականութիւնը աշխարհի տարածքին, նաեւ` պաշտպանելու եւ պահպանելու բոլոր մայրենի լեզուները:
Յիշատակութեան օր ընտրուած է փետրուար 21-ը` ճանչնալու համար 1952-ի «Պանկլատէշի պենկալերէն լեզուի շարժումը»-ը, ի յիշատակ այդ օր Տաքայի մէջ լեզուի ազատութեան համար շարժումին կատարած ցոյցին ընթացքին ինկած զոհերուն:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ 1999-ի նոյեմբերին տրուած որոշումը կոչ կ՛ուղղէր անդամ երկիրներուն. «Քաջալերել, հետամուտ ըլլալ` պաշտպանելու եւ պահպանելու բոլոր լեզուները, որոնք կը գործածուին աշխարհի ժողովուրդներուն կողմէ» (1):
Արեւմտահայերէնը պաշտպանելու եւ պահպանելու համար պէտք է նկատի առնենք հետեւեալ իրականութիւնները.
Ա.- Մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն` 1915-1922, ընդհանրապէս արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ ստեղծագործութեան հիմնական կեդրոններ եղած են` Հայ եկեղեցին, Արեւմտահայաստանը, Կիլիկիան, Կոստանդնուպոլիսը, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւնները, իսկ Ցեղասպանութենէն ետք` Սուրիան, Լիբանանը եւ Եգիպտոսը:
Բ.- 1958-1967 Միջին Արեւելքի մէջ պատահող պատերազմներուն պատճառով արեւմտահայերէնին տիրապետած, Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն եւ անոր յաջորդող առաջին սերունդին կարեւոր մասը, ներառեալ` հայերէնի ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ, գաղթեցին հեռաւոր երկիրներ, յատկապէս` Եգիպտոսէն եւ Սուրիայէն: Աւելի ուշ` նաեւ Լիբանանէն:
Այս սերունդը տասնեակ տարիներ ետք իր նոր գաղութներուն մէջ կրցաւ դպրոցներ հաստատել, սակայն այդ հսկայ տարածութեամբ երկիրներուն մէջ եւ օրէ օր բազմացող նոր «գաղթականներուն» զաւակներուն թիւին համապատասխան կարելի չեղաւ նոր դպրոցներ հիմնել` հայոց լեզուի եւ արեւմտահայերէնի ուսուցումը եւ գործածութիւնը ապահովելու համար:
Մինչ այս, արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն թիւը սկսաւ նուազիլ, եւ օտար վարժարաններ յաճախելը կարգ մը երկիրներու մէջ վերածուեցաւ բնական երեւոյթի` հայկական վարժարաններու բացակայութեան, կամ հեռաւորութեան պատճառով: Նոյնի՛սկ Լիբանանի մէջ օտար վարժարան յաճախողներուն թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ, եւ հայկական վարժարաններ կը փակուին, այս «մայր» կամ «կեդրոնական» գաղութին մէջ…
Գ.- Տարիներ առաջ, մինչեւ 1970-ական թուականներու կէսերը, սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս արեւմտահայերէնն էր, որ կը գործածուէր: Սակայն, երբ հայերու զանգուածային արտագաղթը սկսաւ Իրանէն եւ Հայաստանէն, նաեւ` այժմու շարունակուող արտագաղթը վերանկախացած Հայաստանէն, արեւելահայերէնի եւ խորհրդային հայերէնի գործածութիւնը հասաւ նաեւ սփիւռքի հին ու նոր գաղութներ` աւելցնելով եւ կուտակելով լեզուական դժուարութիւնները արդէն իսկ վտանգուած արեւմտահայերէնին անաղարտ գործածութեան եւ պահպանումին: Փաստօրէն սփիւռքի մէջ միօրեայ վարժարաններ կան, ուր Հայաստանէն արտագաղթած ուսուցիչներ աբեղեանական ուղղագրութեամբ եւ հայաստանեան դասագիրքերով հայոց լեզու կը դասաւանդեն…
Այս տարաբնոյթ կացութեան եւ դժուարութիւններուն մէջ ունինք բնագաւառ մը, որ կը հանդիսանայ արեւմտահայերէնի գործածութեան շարունակականութիւնը ապահովող գրեթէ միա՛կ կռուանը` արեւմտահայերէն օրաթերթերը, մամուլը: Հետեւաբար մամուլը նա՛եւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան առօրեայ ռազմադաշտը կը հանդիսանայ եւ պէտք է արժանանայ համապատասխան ուշադրութեան եւ խստապահա՛նջ մօտեցումի:
Հրաշալի երեւոյթ է, որ արեւմտահայերէնի «պարտադիր» առօրեայ գործածութիւնը կը շարունակուի սփիւռքի մէջ` շնորհիւ մեր բոլոր օրաթերթերուն, տպագիր, կամ համացանցային: Սակայն այս օրաթերթերուն բովանդակութեան արդեօք քանի՞ տոկոսը արեւմտահայերէն է, իսկ այդ «արեւմտահայերէն» բովանդակութեան արդեօք քանի՞ տոկոսը անսխալ, կամ զերծ է զանազան օտարամուտ բառապաշարէ, ոճէ, լեզուամտածողութենէ, ներառեալ` խորհրդային կամ «արդի երեւանեան» բառապաշարէն, որուն բառերուն մէկ մասը, տարօրինակօրէն, նոյնի՛սկ որեւէ բառարանի, ներառեալ «խորհրդային»-ին մէջ չի գտնուիր:
2005 թուականին սկսաւ գործել այլ հրաշալի լեզուական վերագրութիւն, ապաւէն-գործիք մը` համացանցային «Նայիրի» առաջին արեւմտահայերէն բառարանը` շուրջ 17500 բառով: Տարուէ տարի զարգանալով` այժմ կայքէջը կը հաշուէ 107 բառարաններ, որոնց հինգը թուայնացուած` 220.527 գլխաբառ եւ ասացուածք, իսկ մնացեալը պատկերահանուած` 99.470 էջ, գոյութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր բառարաններէն (2): Այլ խօսքով, թուայնացուած բառարանը ուղղակի որոնուած բառին իմաստը, հոմանիշները կամ թարգմանութիւնը ցոյց կու տայ, իսկ պատկերահանուածը` այն էջը, ուր բառը կը գտնուի (3): Այս բառարանները կը ներառեն հայերէնի բոլոր ճիւղերը, նաեւ` օտար լեզուներ:
Իբրեւ արեւմտահայեր` մեր պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնն է մեր սեփականութիւնը եղող շուրջ 60 հազար հաշուող բառամթերքով արեւմտահայերէն լեզուն պահպանել եւ պաշտպանել ամէն տեսակի ոտնձգութիւններէ` լեզուամտածողութիւն, ոճ եւ մա՛նաւանդ օտար բառապաշարէ, ներառեալ` արեւելահայերէն կամ «Երեւանեան» բառապաշարէ:
Համացանցի միջոցով պարագայական կերպով կը կարդանք գրեթէ ամբողջ արեւմտահայ մամուլը, եւ պէտք է հաստատել, որ անոնց մեծամասնութիւնը ինկած է «հայաստանեան» լեզուական թակարդին մէջ: Նաեւ անոնք կ՛արտատպեն հայրենի աղբիւրներէ լուրեր եւ յօդուածներ, երբեմն նոյնիսկ` աբեղեանական ուղղագրական սպրդումներով:
Միւս կողմէ, սակայն, երբեմն իսկապէս ուրախութեամբ կը վայելենք մաքուր եւ ջինջ արեւմտահայերէնը, օրինակի համար, Թարգմանչաց տօնին առիթով, Գահիրէի «Յուսաբեր» օրաթերթի 14 հոկտեմբեր 2017-ի խմբագրականը` «Գտնե՛լ, ձեւակերպե՛լ, կենսաւորե՛լ, տարածե՛լ կեանքի հայոց բանաձեւը» (4): 1164 արեւմտահայերէն բառեր, ոճ եւ լեզուամտածողութիւն` ոչ մէկ սայթաքում «հայաստանեան» կամ այլ օտար բառամթերք գործածելու:
Ստորեւ` արեւմտահայերէնի մէջ անտեղի կերպով գործածուող բազմաթիւ «հայաստանեան» բառապաշարէն օրինակներ, որոնց արեւմտահայերէնը գոյութիւն ունի, եւ անոնց որոնումի արդիւնքը արեւմտահայերէն բառարաններուն մէջ, յաջորդաբար նշելով օգտագործուած բառարանները` Ա, Բ եւ Գ:
1.- Այնուամենայնիւ= բայց եւ այնպէս – Արդի հայերէնի բացատրական բառարան, Էդուարդ Բագրատի Աղայեան:
Ա.- Հայերէնի ուղղագրիչ բառարան` «այնուամենայնիւ» բառը չգտնուեցաւ:
http://www.nayiri.com/search?l=hy_LB&dt=HY_HY&r=0&query=այնուամենայնիւ
Բ.- Հայոց լեզուի նոր բառարան` http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=8&dt=HY_HY&query=այնուամենայնիւ բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- Բառարան գանձարան հայերէն լեզուի` http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=10&dt=HY_HY&query=այնուամենայնիւ բառը չգտնուեցաւ:
2.- Բեկումնային = ուղղութիւն փոխող կամ կարեւոր, յատկանշական, զգայացունց:
Ա.- «բեկումնային» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «բեկումնային» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «բեկումնային» բառը չգտնուեցաւ:
3.- Reportage = արական – գոյական – տեղեկատուական յօդուած, ակնարկ, թղթակցութիւն: (Յարութիւն Քիւրքճեան, «Գործնական բառարան ֆրանսերէնէ հայերէն»):
4.- Թողարկում = հրապարակում
Ա.- «թողարկում» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- Արեւելահայերէն` արտադրութիւնը գործարանէն դուրս հանել` շուկայ իջեցնել:
Գ.- «թողարկում» բառը չգտնուեցաւ:
5.- Առաջնային = առաջնութիւն, նախորդութիւն, առաջին, սկզբնական, նախնական:
Ա.- «առաջնային» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «առաջնային» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «առաջնային» բառը չգտնուեցաւ:
6.- ֆինանսական = դրամական, նիւթական:
Ա.- «ֆինանսական» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «ֆինանսական» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «ֆինանսական» բառը չգտնուեցաւ:
7.- Պահանջարկ = պահանջ, պահանջք:
Ա.- «Պահանջարկ» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «Պահանջարկ» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «Պահանջարկ» բառը չգտնուեցաւ:
8.- Հաշուարկ = հաշիւ ընել, հաշուել: «Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան»:
Ա.- «հաշուարկ» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «հաշուարկ» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «հաշուարկ» բառը չգտնուեցաւ:
Տեսնել նաեւ` «Արեւմտահայերէնին տէր կանգնինք. մայրենի լեզուի օրուան առիթով» (5), «Առյաւէտ կորսնցուցինք արեւմտահայերէնի պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը» (6), «Արեւմտահայերէնը` խօսիլ, գրել, կարդալ. համակարգիչը Եւ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը» (7), «Հայաստան-սփիւռք փոխադարձ ճանաչողութեան մասին եւ հայոց լեզուն» (8), «Կոչ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` «հայացնելու» կառավարութեան նախարարութիւններուն անունները» (9), «Հայերէնը պահպանելու եւ վերականգնելու գործնական առաջարկներ» (10), «Արեւմտահայերէնը պահպանելու գործնական միջոցներու որոնում» (11):
«Ազդակ»-ի 29 դեկտեմբեր 2017-ի խմբագրականէն` «Խմբագրական. տարեփակի խոհեր (Ե.) մեր մօտեցումները» (12) կը մէջբերեմ.
«Մեր խմբագրականներուն եւ առաջնորդող ակնարկներուն յատկանիշը ընդհանրապէս քաղաքագիտական-վերլուծաբանական է: Նման գրութիւններ ընդհանրապէս նկատի կ՛ունենան մասնագիտական բառապաշարի օգտագործումը: Եւ երբ տուեալ եզրաբանութեան համարժէք բառը հայրենիքի մէջ կատարուած բառակերտումներով կը հայանայ, այդ պարագային, մեր ըմբռնումով, որեւէ արգելք չկայ զայն արեւմտահայերէնի մէջ եւս օգտագործելու: Բոլորիս համար պարզ է, որ լեզուն զարգացող հասկացողութիւն է, եւ երբ արեւմտահայերէնը չունի համապատասխան եզրաբանական գերատեսչութիւն, որ բառակերտում կատարէ, այդ պարագային պէտք է օրինաչափ նկատել հայրենիքի մէջ գործածուածը եւ զայն ներածել արեւմտահայերէնի մէջ: Այս մէկը լեզուագիտական գիտաժողովի նիւթ է եւ չի կրնար ամփոփուիլ այս սիւնակի սահմաններուն մէջ:
«Չենք ժխտեր, որ աքիլեսեան կրունկը կը շարունակէ մնալ լեզուական խնդիրը. միաժամանակ սակայն, պէտք է այստեղ նշել, որ լեզուագիտական մարզին մէջ հեղինակութիւն եղողի մը կատարած սրբագրութիւնը անպայման չի բաժներ միեւնոյն յատկութիւններով օժտուած այլ լեզուագէտ մը, եւ նման պարագաներու չկայ այն հասցէն, արեւմտահայերէնի այն յանձնաժողովը, որ վճռէ նոյն բառի ուղղագրութեան տարբեր մօտեցումները»:
Իրաւացիօրէն, այս տարեփակի խմբագրականներուն մէջ Ա-Զ` արեւմտահայ օրաթերթին վերաբերող, տեղի՛ն եւ համապարփակ գնահատումները նշուած են: Սակայն, համաձայն գտնուելով հանդերձ վերոնշեալին, յաւելեալ ճիգով եւ օգտագործելով «Նայիրի» կայքէջի բառարանները, փորձով վստահ եմ, որ կարելի կը դառնայ ցարդ հրատարակուած ո՛րեւէ յօդուած մի՛այն մեր ունեցած արեւմտահայերէն բառամթերքով խմբագրել` ընթերցողին գոհացում տալով եւ հաւատարիմ մնալով «Ազդակ»-ի իննսունամեայ վաստակին եւ աւանդութեան:
15 փետրուար 2018
———-
(1) (https://en.wikipedia.org/wiki/International_Mother_Language_Day)
(2) (http://www.nayiri.com/projects?l=hy_LB&n=2)
(3) (http://www.nayiri.com/dictionaries.jsp?l=hy_LB)
(4) (http://www.aztagdaily.com/archives/368882)
(5) (http://www.aztagdaily.com/archives/336899)
(6) (http://www.aztagdaily.com/archives/333058)
(7) (http://www.aztagdaily.com/archives/308135)
(8) (http://www.aztagdaily.com/archives/277602)
(9) (http://www.aztagdaily.com/archives/275607)
(10) (http://www.aztagdaily.com/archives/251631)
(11) (http://www.aztagdaily.com/archives/247546)
(12) (http://www.aztagdaily.com/archives/377549)