Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ (Բ.) («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով

$
0
0

Զրոյցը Վարեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Լ. Շ.- Հիմա պիտի խնդրեմ, որ բանանք 1967-1977 երկարող շրջանին վարագոյրը, այսինքն խօսինք ձեր խմբագրապետութեան առաջին տասնամեակին մասին: Անշուշտ, առաջին ակնարկով, թերեւս դժուար թուի այդ տասնամեակը կաղապարի մը նման անջատել զայն նախորդող կամ իրեն յաջորդող տարիներէն ու խօսիլ անոր մասին` իբրեւ մեկուսացեալ սահմաններ ունեցող տասնամեակ մը: Բայց ես, որքան ալ արհեստական թուի, «Մարմարա»-ի յարկին տակ կէս դարու ձեր վաստակը պիտի բաժնեմ առանձին հինգ տասնամեակներու:

Գիտեմ, որ առաջին տասնամեակը ձեր գրական վաստակին համար ուշագրաւ փուլ մըն էր: Այդ ժամանակաշրջանին է, որ լոյս ընծայուեցան` ձեր «Յակոբ Պարոնեանի մտերմութեան մէջ» գրավերլուծական հատորը (1965), «Բառասխալ» պատմուածքներու ժողովածուն (1972), «Կիրակնօրեայ հաշուեփակ» (1973) եւ «Վաստակ» (1976) թատերախաղերը, ինչպէս նաեւ` «Օրագրիս տասնհինգ էջերը», որ 1970-ին դէպի Խորհրդային Հայաստան կատարած ձեր անդրանիկ ուղեւորութեան բաբախուն տպաւորութիւնները կը մէկտեղէր (1977): Դեռ կայ «Երուսաղէմ յաւերժական»-ը, որ 1975-ին գրուեցաւ ու տպուեցաւ «Մարմարա»-ի մէջ, առանց որ անջատ հատորով հրատարակուելու բախտին արժանանայ հետագային:

Ինչպէս կը տեսնուի, բազմասեռ գրականութիւն մը մշակեր էք այդ շրջանին: Ու այս բոլորին վրայ կու գար աւելնալ օրաթերթ խմբագրելու պարտաւորութիւնը: Այստեղ կ՛ուզէի, որ կարկինը լայն բանաք ու մեզի բացատրէք ՕՐԱԹԵՐԹ մը (ո՛չ շաբաթաթերթ մը կամ ամսագիր մը) խմբագրելու իւրայատկութիւնը:

Յետադարձ հայեացքով մը ինչպէ՞ս կը բնորոշէք այդ տասնամեակը: Որո՞նք էին ձեր գլխաւոր աշխատակիցները խմբագրատան մէջ եւ խմբագրատունէն դուրս: Արտասահմանէն ալ աշխատակիցներ ունէի՞ք: Պատմեցէ՛ք մեզի այս բոլորին մասին:

Ռ. Հ.- Դժուարինս խնդրեցիր: Եթէ ինծի հարցուի, հինգ անջատ ու իրերայաջորդ տասնամեակներ չկան, կայ յիսուն տարիներէ բաղկացեալ խոշոր ու միակտուր ժամանակաշրջան մը, որուն բաղկացուցիչ տարրերը իրարմէ անբաժան են: Մէ՛կ բան յստակ է. անհատը յիսուն տարի վերջ այն չէ, ինչ որ էր յիսուն տարի առաջ: Ինչպէս բոլոր մարդիկը, նոյնպէս խմբագիրը տարիներու ընթացքին աննշմար կերպով կը փոխուի, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մանուկը ամէն օր աննշմար կերպով կը մեծնայ:

Կասկած չկայ, որ առաջին տարիներուն ունէի որոշ վարանումներ, նոյնիսկ` ինքնավստահութեան պակաս: Օրաթերթ մը խմբագրելը, մանաւանդ` հայերէն օրաթերթ մը խմբագրելը, մանաւանդ` Թուրքիոյ մէջ հայերէն օրաթերթ մը խմբագրելը, իմ սեփական ուժերէս վե՞ր էր արդեօք, կամ ես ի՞նչ պէտք ունէի այդպիսի պատասխանատուութեան մը տակ մտնելու: Բայց այդ օրհնեալ շրջանը ունէր բարեմասնութիւններ, որոնք դժբախտաբար այսօր, յիսուն տարի վերջ, կարօտով կը փնտռուին: Նախ` թերթը ունէր ընթերցողներու շատ խանդավառ բազմութիւն մը: Յետոյ` թերթը ունէր հայերէն գրելու շնորհով օժտուած բազմաթիւ աշխատակիցներ, որոնք սիրայօժար կ՛աշխատակցէին թերթին ու հպարտութիւն կը զգային այդ աշխատակցութենէն: Արտասահմանի մէջ հրատարակուած բոլոր թերթերուն հետ կարծես ընտանիք մը կը կազմէինք, ջերմ կապեր կը պահէինք իրարու հետ, իրարու հետ թերթ կը փոխանակէինք: Օրաթերթը շատ կը յարգուէր ժողովուրդին կողմէ, օրաթերթը հեղինակութիւն մըն էր, հզօր ձայն ունէր համայնքին մէջ: Ազգային հաստատութիւններու համար, սկսելով անշուշտ պատրիարքարանէն, օրաթերթը ժողովուրդին հետ ապրումներ բաժնելու, ժողովուրդին հետ միասնութիւն ձեւաւորելու առաջին կայանն էր: Ամբողջ համայնքին համար օրաթերթը այն մատեանն էր, որուն էջերուն մէջ ապագայի համար գրի կ՛առնուէր օրուան պատմութիւնը: Կրնա՞նք ըսել, որ այս բոլորը այսօր այնքան ուժեղ կը հնչեն, որքան կը հնչէին յիսուն տարի առաջ:

Բայց կը կարծեմ, թէ չեմ սխալիր, եթէ ըսեմ, որ ես շուտով գտայ այն ինքնավստահութիւնը, որուն պէտք ունէի որպէս «Մարմարա»-ի խմբագրապետ: Թէեւ, ինչպէս դիտել կու տաս, գրական իսկապէս ուշագրաւ գործեր արտադրած էի մինչեւ այդ պաշտօնին ստանձնումը, բայց կը տեսնէի, որ գրականութեան ճամբով չէ՛ր, որ դուն լրիւ կրնայիր հասնիլ քու ժողովուրդին ու կը նոյնանայիր անոր հետ, այլ մամուլի ճամբով էր այդ: Գրական ամսագրերը, որոնց մէջ մենք` ես ու իմ գրչեղբայրներս, մեր ստեղծագործութիւնները կը հրատարակէինք, ժողովուրդին այնքան հասանելի չէին, որքան հասանելի էր օրաթերթը: Այլ խօսքով, ժողովուրդը ամսագիր չէր կարդար, օրաթե՛րթ կը կարդար: Այս տեսանկիւնէն մեկնելով` տակաւին առաջին տարիներէն իսկ հասկցայ, որ ես մեր ընդհանուր գրականութիւնը պէտք է ամսագիրէն փոխադրէի դէպի օրաթերթ: Ժողովուրդը օրաթերթին մէջ սիրով կը կարդար այն, ինչ որ չէր ուզեր կարդալ ամսագրի մը մէջ: Իմ առաջին յաջողութիւնս, չեմ գիտեր, թէ իրաւունք ունի՞մ ատիկա յաջողութիւն անուանելու, եղաւ «Մարմարա»-ն առաւե՛լ գրական թերթ մը դարձնելը:

Բայց ես շուտով ձերբակալեցի նաեւ քաղաքական նիւթերու իւրայատուկ մերձեցում ու լեզու, ստեղծեցի քաղաքական նիւթերու իմ սեփական լեզուս ու ոճը: Այդ ոճը պէտք էր յստակ ու սահուն ըլլար: Բայց ամէնէն առաջ այդ ոճը պէտք էր գերադաս նկատէր մեր տոհմիկ ու մշակութային հարստութիւնները: Արդէն թերթին մէջ հաստատած էի խմբագրական յօդուածի դրութիւն: Ինձմէ առաջ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր «Մարմարա»-ն վերջ տուած էր խմբագրական սիւնակի մը գոյութեան: Քանի մը բարեկամներ կը թելադրէին, որ ես վերահաստատէի այդ սիւնակը: Միայն թէ ես քիչ մը յաւակնոտ կը գտնէի, «Խմբագրական» բառը ու նախընտրեցի գործածել աւելի համեստ խորագիր մը. հաստատեցի խմբագրական սիւնակ մը, որ կը կոչուէր` «Մեր կարծիքով»: Այս սիւնակին մէջ ալ, սակայն, գրականութիւնը եղբայրացած էր քաղաքականութեան հետ: Անհամար յօդուածներ ունիմ այդ շրջանէն, յօդուածներ, որոնք եւս արժանի էին գիրքերու մէջ հաւաքուելու, ինչպէս տարիներ վերջ հաւաքուիլ պիտի սկսէին «Յուշատետր» սիւնակի յօդուածները: Բայց չեղաւ: Այդ յօդուածներն ալ մոռցուած են այլեւս: Միայն թէ այդ շրջանին ես այլեւս ինքնավստահ էի ու սկսած էի հաւատալ, որ ես այս գործը կը յաջողէի յառաջ տանիլ: Իմ քանի մը խմբագրականներուս մասին գովեստի արտայայտութիւններ կու գային արտասահմանէն: Չեմ մոռնար, որ նշանաւոր գրականագէտ ու «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանը զիս կը գնահատէր ազգային հարցերու շուրջ իմ «խմբագրական»-ներուս առիթով եւ իր թերթին մէջ արտատպումներ կ՛ընէր ինձմէ: Այս բոլորը կը խրախուսէին զիս, ու կը կարծեմ, որ առաջին տասնամեակի աւարտին չսպասեցի,  որպէսզի բոլորովին նոր դիմագիծ մը տուած ըլլայի «Մարմարա»-ին: Շուտով հասաւ շրջան մը, երբ արտասահմանի բոլոր թերթերը յաճախակի կերպով սկսան արտատպել իմ յօդուածները: Կը կարծեմ, որ արխիւներուս մէջ պահած եմ իմ յօդուածներէս մէկուն մօտաւորապէս ութ, տասը թերթերու մէջ արտատպուած ըլլալու փաստը: Ասիկա բնականաբար ուժ կու տար ինծի, ուժ մը, որ կը շարունակէ զիս ապրեցնել մինչեւ այսօր` հակառակ այն ահաւոր նահանջին, որ յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին պիտի արձանագրուէր «առանց երգի»…

Ամէն պարագայի, առաջին տասնամեակի ամէնէն բախտորոշ պատահարը 1970 թուականին դէպի Հայաստան իմ առաջին այցելութիւնն է: Այդ այցելութիւնը կեանքիս մէջ այնքան բախտորոշ եղած է, որքան բախտորոշ պիտի ըլլար «Մարմարա»-ի պատասխանատուութիւնը ստանձնելս կամ ապագային «Յուշատետր» սիւնակը հաստատելս: Այս այցելութեան ընթացքին, մանաւանդ Գեղարդի այցելութեան դրուագը կարծես իմ մէջ նոր մարդ մը ստեղծեց, գրական նոր ոճ մը թելադրեց: «Օրագրիս տասնհինգ էջերը», որոնք այդ այցելութեան կապակցութեամբ բաւական քաջութեամբ հրատարակուեցան «Մարմարա»-ի մէջ, իմ այդ նոր ոճի ձերբակալութիւնն է, բան մը, որ ճամբայ կը բանար դէպի «Յուշատետր»-ի ոճը: Նոյնքան բախտորոշ դեր ունեցաւ 1975 թուականին Երուսաղէմ այցելութիւնս` մաս կազմելով Շնորհք պատրիարքի շքախումբին: Կրօնական-քաղաքական լայն ենթահողի վրայ փռուած այս այցելութիւնն ալ նոր դուռ մը կը բանար ազգային ու գրական ապրումներուս մէջ: Բայց ո՞ր մէկը յիշել: Պէտք է վերադառնալ այդ օրերու թերթերուն ու մէկ առ մէկ դարձնել իւրաքանչիւր հաւաքածոյի էջերը, որպէսզի յիշեմ ու վերապրիմ այն, ինչ որ հիմա թերեւս մոռցած եմ, հակառակ որ ան դեռ կը շարունակէ ապրիլ ու գործել ներաշխարհիս մէջ:

Կը հարցնես, թէ որո՞նք էին այդ շրջանի իմ գործակիցներս` խմբագրատունէն ներս կամ դուրս: Առաջին օրերուս ինծի օգնական էին Եդուարդ Սիմքէշեանը, աւելի վերջ` Արմենուհի Թերզեանը, միջոց մը` Զաւէն Պիպեռեանը, Յակոբ Սվազլեանը, Երուանդ Կոպէլեանը: Աւելի վերջ, նախ որպէս այցելու, ապա որպէս մնայուն աշխատակից մեզի միացաւ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը, որ շատ կանուխ շրջանէն դարձաւ իմ գլխաւոր օգնականը ու իմ բոլոր գրութիւններուս առաջին ընթերցողը: Ան ինծի օգնական էր մասնաւորաբար հայոց լեզուի իր ճանաչումով ու իմ գրականութեան նկատմամբ անսակարկ սիրով: Իմ գլխաւոր օգնականները եղան նաեւ իմ երկու որդիները` Արին ու Այգը: Խմբագրական կազմէն ներս ունեցայ ու այսօր ալ ունիմ արժէքաւոր գործընկերներ, որոնց հետ ամէն առտու քով-քովի կու գանք` «այսօր ի՞նչ պիտի ընենք» ըսելով, եւ իրիկունը իրարմէ կը բաժնուինք` «այսօր ալ լաւ բան մը ըրինք» ըսելով: Բախտաւոր եմ գործակիցներովս: Կը հաւատամ, որ անոնք պիտի շարունակեն այն գործը, որ ես ստանձներ եմ:

Սիրելի՛ Լեւոն, հարցումիդ պատասխանելու համար պէտք է որ դարձեալ քանի մը գիրք գրեմ: Ուստի կը բաւականանամ այսքանով:

 Լ. Շ.- Եթէ անցում մը կատարենք դէպի Բ. տասնամեակ, այսինքն` 1977-1987 երկարող շրջանը, ես անմիջապէս կը վերյիշեմ, որ ատիկա քաղաքական իմաստով դժնդակ ժամանակաշրջան մըն էր պոլսահայութեան համար: Ամբողջ համայնքը, իր ազգային-հոգեւոր իշխանութեամբ թէ ժողովուրդով, յաճախակիօրէն ապրեցաւ ծանր պահեր ու ենթակայ մնաց հոգեկան տագնապալի ճնշումներու` ի հետեւանք արտասահմանի մէջ թուրք դիւանագէտներու դէմ շղթայազերծուած իրերայաջորդ մահափորձերու կամ վրէժխնդրական սպանութիւններու, որոնք կը կատարուէին հայկական գաղտնի կազմակերպութիւններու կողմէ: «Մարմարա»-ն, իբրեւ պոլսահայ մամուլ, ինչպիսի՞ փորձութիւններու մէջէն քալեց դիմագրաւելու համար այդ անօրինակ տագնապը, որ, ճիշդն ըսելու համար, «մուրճի ու սալի միջեւ» կը դնէր զինք: Իբրեւ թրքահայ խմբագիր մը, վերոնշեալ քաղաքական վտանգաւոր երեւոյթին դիմաց, որո՞նք եղան ձեր «ինքնապաշտպանական» քայլերը, կամ ի՞նչ եղաւ ձեր կողմէ որդեգրուած «ռազմավարութիւն»-ը:

Ռ. Հ.- Անիծեալ շրջան մըն էր ատիկա: Կրնամ ըսել, որ խմբագրի կեանքիս ամէնէն դժուար օրերը ապրած եմ ա՛յդ շրջանին: Մահափորձերը, որոնք թուրք դիւանագէտներու դէմ կը կատարուէին արտասահմանի մէջ, բնականաբար շատ դժուար վիճակ ստեղծած էին ոչ միայն մեզի նման հայ խմբագիրներու ու մտաւորականներու համար, այլ` ամբողջ համայնքին համար: Համայնքը անգամ մը եւս կ’ապրէր այս երկրին մէջ հայ ըլլալու կամ հայկական անուն կրելու դժուարութիւնը: Թէեւ Թուրքիոյ ղեկավար դէմքերը, պատասխանատու բերանները այս խնդիրին մէջ շատ զգուշ էին տեղացի հայ ժողովուրդին դէմ թշնամութիւն չստեղծելու համար, շարունակ կ’ըսէին, որ Թուրքիոյ հայ բնակչութիւնը որեւէ յանցանք չունի, Թուրքիոյ հայ հայրենակիցները հաւատարիմ տարրեր են, ու անոնք ալ անշուշտ գոհ չէին այդ մահափորձերէն, բայց այդ զգուշաւոր լեզուն որքա՞ն կրնար հանդարտեցնել կիրքերը: Թուրքիոյ մէջ քիչ չէին հաւանաբար ծայրայեղ տարրեր, որոնք պիտի ուզէին դուրսի հայերուն նկատմամբ իրենց զգացածին վրէժը լուծել տեղաբնակ անպաշտպան անմեղ հայերէ: Բարեբախտաբար գրեթէ որեւէ լուրջ բան չպատահեցաւ այս տեսանկիւնէն: Հետաքրքրական է յիշել անմոռանալի դրուագ մը այդ օրերէն: Արթին Փէնիկ անուն տարիքոտ հայ մարդ մը, որպէս բողոք ԱՍԱԼԱ կազմակերպութեան դէմ, ինքզինք հրկիզեց Թաքսիմի հրապարակին վրայ ու մեռաւ: Ասիկա պատահար մըն էր, որ կ’օգնէր տեղացի հայերու նկատմամբ համակրանքի տպաւորութիւն մը ստեղծելու: Բայց Թուրքիոյ համար լուրջ տագնապ մը կար մէջտեղը, ու իշխանութիւնները հարկաւ կը մտածէին, որ տեղւոյս հայ մամուլին ուսերուն վրայ ալ պարտականութիւն մը կը դրուէր: Ինչպէս ըսած ես հարցումիդ մէջ, ասիկա հայ մամուլը կը դնէր երկու կրակի միջեւ: Իշխանութիւնները մեզմէ ալ բաներ մը կը սպասէին: Չեմ ուզեր մտնել մանրամասնութիւններու մէջ, բայց ստոյգ էր, որ պէտք էր զգացնէինք, թէ մե՛նք ալ դժգոհ էինք նմանօրինակ սպանութիւններէ, քանի որ մեր համայնքը, որպէս Թուրքիոյ քաղաքացի, միշտ ունէր պարկեշտ ու իր քաղաքացիութեան նկատմամբ հաւատարիմ կեցուածք: Պատրիարքարանն ալ, մեզի նման, կ’ապրէր ծանր անհանգստութիւն: Օրուան պատրիարքը` երջանկայիշատակ Շնորհք արքեպիսկոպոս, քանի՜ քանի՛ անգամներ ապրեցաւ դժուար ու ծանր օրեր: Ասիկա տեւեց, մինչեւ որ այդ շրջանն ալ փակուեցաւ, ու վերջ տրուեցաւ մահափորձերուն: Պատմութիւնը լեցուն է գրուած կամ բնաւ չգրուած դրուագներով: Միայն կ’ուզեմ յիշել պատահար մը, որ բարոյական շատ բարձր նշանակութիւն ունի. երբ արտասահմանի մէջ մահափորձի ենթարկուեցաւ Թուրքիոյ դիւանագէտներէն մէկը, անոր որդին կապ հաստատեց ինծի հետ եւ բարեկամական մերձեցումով ուզեց աւելի շատ բան սորվիլ անցեալի մէջ հայերու ու թուրքերու միջեւ պատահածներու մասին: Ազնիւ տղայ էր, քաղաքավար էր, որքան ալ տխուր ըլլար: Մենք մինչեւ այսօր կը շարունակենք բարեկամ մնալ իրարու հետ:

Ահաւասիկ այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ ապրեցանք: Հարկաւ ամէն մահափորձէ ետք մենք ալ խմբագրական կարճ յօդուածներով կը զգացնէինք մեր անհանգստութիւնը: Հիմա կ’ուզեմ մոռնալ այդ շրջանը, բայց կարելի՞ է: Միայն թէ այսօր ալ փառք կու տամ, որ այդ նուրբ ու շատ պայթուցիկ շրջանը անցուցինք առանց համայնքին մէջ լուրջ միջադէպեր ապրելու:

(Շար. 2)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>