Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Լուսաւոր Ապագայ

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վերջին քսան տարիներու ընթացքին շատ լսեցինք համաշխարհայնացում բարդ բառը: Մօտաւոր իմաստով ան կը նշանակէ միացում կամ սահմաններու վերացում: Տնտեսական կամ վարչական տեսանկիւնէն դիտուած` վստահաբար  շատ առողջ եւ շինիչ երեւոյթ մըն է, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու տեղափոխման համար ան մեծ դիւրութիւններ ստեղծեց: Բայց ի՞նչ կը նշանակէ համաշխարհայնացումը մեզի համար. արդեօ՞ք անիկա կը նշանակէ կորսնցնել ամենաթանկագինը թանկագիններուն, այսինքն` կորսնցնել մեր մշակոյթն ու հազարամեայ աւանդութիւնները: Երբե՛ք: Համաշխարհայնացում բառը մեզի համար պէտք է ներփակուի միայն տնտեսական եւ վարչական ասպարէզներուն մէջ եւ ո՛չ թէ աւելին: Անիկա կը նմանի երկսայրի սուրի մը, որ եթէ չկարենանք լաւ օգտագործել, անպայման մեզ կը վիրաւորէ: Երբեք պէտք չէ սխալ հասկնալ կամ, աւելի ճիշդ, սխալ մեկնաբանել համաշխարհայնացում բառը: Հզօր պետութիւնները պիտի ուզէին, որ մեզի նման թիւով փոքր ազգեր կորսնցնեն իրենց դիմագիծն ու ինքնութիւնը եւ ձուլուին այս մեծ խառնիճաղանճին մէջ: Արդեօք հարցերը իրապաշտօրէն քննարկելով` այս չէ՞, ինչ որ կը պատահի մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Անշո՛ւշտ, այս է: Սահմանները կը վերանան, ազգերը կը ձուլուին, հաւատքը քմծիծաղի առարկայ կը դառնայ, մարդկային հոգեկան եւ բարոյական արժէքները կը ջնջուին, եւ մարդկութիւնը կը փճանայ: Ա՛յս է դառնահամ իրականութիւնը: Մեր ուզածը երբեք այս չէ:

Մարդկային իմաստով, այս դժուար օրերուն, երբ ամէնուրեք թափանցիկ նայուածքները կը շատնան, եւ այլախոհութիւնը կը քաջալերուի, ու հոգեկան արժէքներու խարիսխները փուլ կու գան. ճիշդ այս պահուն է, որ մենք, աւելի քան երբեք, պիտի ամրապնդենք մեր ընտանեկան դաստիարակութիւնը` շեշտը դնելով ամէնէն առաջ մարդկային հոգեկան արժէքներու բիւրեղացման վրայ:

Մենք հզօր ենք եւ հպարտ` մեր անցեալով. մեր անցեալը մեզի համար ոգեղէն ու անկորնչելի հարստութիւն է: Ան է, որ մեզի կու տայ նկարագիր եւ դիմագիծ` ազգերու ընտանիքին մէջ: Այսօր արեւմտեան, ինչպէս նաեւ արեւելեան բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ հոգեկան արժէքներու գահավիժումը ընդհանուր է: ՊԷտք չունինք ուրիշներու անմարդկային ու անբարոյական բարքերը իւրացնելու, պէտք չունինք իրենց ընկերային կենցաղը կապկելու: Կառչած մնանք մեր մարդկային արժէքներուն ու մեր ազգային աւանդութիւններուն: Լուսաւոր ապագան մեր ձեռքն է, մեր զաւակներուն առողջ կրթութեան մէջն է: Մեր 4000 տարուան պատմութիւնը ինքնին խօսուն վկայութիւն մըն է մեր փառապանծ մշակոյթին մասին: Պահենք զայն գուրգուրանքով: Արդեօք հին ազգերէն որո՞նք մնացին, ո՞ւր են արդեօք տրովադացիները, լիտիացիները, շումերները, աքքատացիները ու բազմաթիւ այլ ազգեր:

Պէտք է վառ պահենք մեր մշակութային ջահը, հաւատարիմ մնանք մեր սեփական աւանդութեանց, որպէսզի կարենանք անաղարտ պահել մեր հայեցի դիմագիծը:

Համատարած արհաւիրքի եւ կործանումի այս տեսարանին առջեւ, երբ հեղեղը արդէն վտանգած է մեր ազգային խարիսխները, մեզի միայն կը մնայ անխախտ հաւատարմութեամբ մեր մարդկային եւ ազգային արժէքներուն կառչած մնալ` եկեղեցւոյ, մշակոյթի, ազգային աւանդութիւններու եւ հայեցի դաստիարակութեան ճամբով:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>