Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Կարօտի Նամակ Յովսէփ Էսկիճեանին (Մահուան Տարելիցին Առիթով)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յովսէփ Էսկիճեան

Սովորաբար կ՛ըսեն, որ ժամանակի թաւալքին հետ յիշատակներն անգամ կը խամրին, կարօտի զգացումները կը շիջին, իսկ ապրումներու խայտանքը` տակաւ կը նուաղի, այսպէս ասած, մեզ շրջապատող անծայրածիր ոլորտին մէջ:

Այլ խօսքով, կեանք ըսուած իրականութիւնը իր թեւերը լայն բացած, կը սլանայ դէպի անհունը տիեզերքին` յաճախ յիշեցնելով, որ «յաւերժի ճամբորդ»-ներն ենք երկրագունդին, մահկանացուները` թաւալող ժամանակին:

Նման մտածումներ մեզ պատեցին, երբ իմացանք, թէ արդէն տարի մը բոլորած է մեր կեանքը, եւ ահա կը յիշենք ու դառնօրէն կը զգանք բացակայութիւնը հարազատի մը, որուն բանաստեղծաշունչ ձայնը դեռ կը հնչէ մեր ականջին ու ժպիտը ուղեկից կը դառնայ մեր մտապաստառին:

Խօսքը կը վերաբերի տիպար հայու մը, մտաւորականի, յանձնառու երդուալ թարգմանիչի, գթառատի, հոգատարի, գօտեպնդողի, հայասիրտ ու արարատասէր  Յովսէփ Էսկիճեանին:

Յայտնենք, որ սոսկ անունի մը մասին չէ մեր նշումը, այլ` գիրքերու հեղինակի մը, բազմաթիւ յօդուածներու տէր գրիչի, որ յատկանշուած է էսկիճեանական ոճի թաթաւուն երանգներով, բծախնդրութեամբ պարուրուած մտածումներով, գրագէտի ու կշռադատ մտաւորականի բառերով եւ նախադասութիւններով, բայց մանաւանդ` լիարժէք ու ճոխացուած փաստարկումներով:

Փաստօրէն, վերոնշեալ բոլոր արտայայտութիւններուն մենք լիարժէքօրէն հանդիպեցանք «Յաւերժի ճամբորդ հայը» եւ «Անվերջակէտ առճակատում ցեղասպան թուրքին հետ» գիրքերուն մէջ: Օրին, զոյգ հատորները ընթերցեցինք մեծ հաճոյքով եւ յափշտակութեամբ, ըմբոշխնեցինք` հայ գիրն ու միտքը, արուեստի շունչն ու որակը:

Թէ ինչո՛ւ այս առիթով դարձեալ կը վերյիշենք մեր ընկերոջ մարդկային, գրական ու գաղափարական աշխարհը, պարզապէս հիմնաւորելու կարօտի մեր նամակը, արժեւորելու անոր բովանդակալից կեանքը:

Այո՛, կարօտի նամակ, որովհետեւ ողջուց եւ տարբեր պատեհ առիթներու, երկար ատեն զրուցած ենք մեր ազնիւ ընկերոջ հետ, մտիկ ըրած ենք անոր ամբարած գիտական ու գեղարուեստական պաշարը, լսած` ոգեշնչող թելադրանքները եւ արժեւորած անոր գաղափարական աշխարհահայեացքը:

Սիրելի՛ ընկեր,

Հիմա որ արդէն յաւերժի ճամբորդ ես, կը զգանք հեռաւորութիւնդ: Կ՛ուզենք լսել ձայնդ, ունկնդրել գրած բանաստեղծութիւններէդ համով կտորներ, նաեւ` վիճիլ հետդ մեր առօրեայ կեանքին մէջ առկայ բազմաթիւ խորթութիւններու եւ տխուր երեւոյթներու շուրջ:

Իբրեւ հարազատ բարեկամ ու գրչեղբայր, ունէիր մարդկային ու գրական այնպիսի արժանիքներ, որոնց մասին հարկ է, որ ամէն քայլափոխի խօսիլ, որպէսզի հասակ առած սերունդներ (որոնց հանդէպ մեծ սէր ու յարգանք ունէիր) ծանօթանան եւ մօտէն ճանչնան քեզի նման հաւատաւորներ:

Արդարեւ, կարօտի մեր նամակին մէջ կրկին կը վերյիշեցնենք, թէ կարելի չէ իրարմէ անջատել Յովսէփ Էսկիճեան մարդն ու գրողը, բանաստեղծի շունչ ունեցող հրապարակագիրն ու ազգապաշտ հայորդին: Այլ խօսքով` Յովսէփ Էսկիճեանի գրականութիւնը (արձակ թէ քերթուած) խորքին մէջ գլխագիր զրոյց մը եղած է ինքնիր անձին հետ միաձուլուած եւ ապագայատեսի խոհական դրսեւորումներով լիացած:

Իրօք, Էսկիճեանի գրական սեռերը զրոյց են իր ներքին ձայնին ու խորհուրդներուն հետ` ապրումներուն, փորձառութիւններուն եւ յոյզերուն հետ շաղախուած, սակայն մէկ յստակ տարբերութեամբ, որ անոնք կը պարփակեն անանձնական, ոչ եսակեդրոն, ոչ ինքնասէրի խոհեր ու տարրեր, այլեւ անոնք ուղղուած են բոլորին, կը շնչեն հաւաքականութեան համար, կ՛ապրին շրջապատին հետ, լոյս աշխարհ կու գան ուրախութենէ, տառապանքէ եւ անգին յիշատակներու կարօտէ:

Սիրելի՛ ընկեր, նորահաս սերունդներ պէտք է գիտնան, որ հատորներուդ եւ բոլոր յօդուածներուդ մէջ տիրապետող է եղած  արեւմտահայերէնը, իր զուլալ եւ պսպղուն ներկայութեամբ:

Այլ խօսքով` ընթերցողը հատորներուդ մէջ կը հանդիպի  ընտիր բառերու, հայաշունչ եւ մարդասէրի լեզուամտածողութեան, հաւաքական իղձերու շքերթի, ազգային արժէքներու փառաբանանքի, էսկիճեանական սրամտութեան ու թափանցիկութեան, երիտասարդական խանդի ու ժպիտի, սիրոյ եւ արցունքի, կարօտի ու յուզախառն ներաշխարհի, բնութեան ու գեղեցիկի հանդէպ անսովոր պաշտամունքի, հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ` մեզ զարմացնելու չափ երկիւղածութեան, քննադատի անաչառութեան, ընտանեկան թէ առանձնապէս մօր կերպարի հանդէպ ուժեղ, անկրկնելի եւ բացառիկ սիրոյ արտայայտչականութեան:

Այլ ասած, Յովսէփ Էսկիճեանի հոգեգրաւ եւ բեղուն գրառումները` տարբեր սեռի պատկանող, խորքին մէջ հարազատ արտացոլացումն են անոր մեսրոպապաշտ հայորդիի, անյագ ընթերցասէրի, գիտականութեամբ պարուրուած հոգեմտային աշխարհի, ժողովրդանուէրի ու հայրենասէրի կազմաւորումին:

Առանց վարանելու նաեւ կ՛աւելցնենք, որ Յովսէփ Էսկիճեանի գրականութիւնը կենդանի, այսինքն` կայտառ, առողջ, ստեղծագործ, նուիրեալ մնալու հրաւէր մըն է, հաւաքական վերապրումի կոչ, սեփական յոյզերու եւ ապրումներու շտեմարան, բարիին հրայրքը ըմբոշխնելու նեարդային ցանկութիւն, ազգայինին կառչելու խոր գիտակցութիւն, բայց մանաւանդ` մայրենի լեզուին հանդէպ պատուախնդրութիւն ցուցաբերելու ազնիւ ձգտում:

Երկու հայ վարժարանի` Դամասկոսի Միացեալին եւ Պէյրութի Համազգայինի ճեմարանին աշակերտած Էսկիճեան ստանալէ ետք մեծ դաստիարակներու` Շանթի, Աղբալեանի, Վրացեանի, Սասունիի, Մուշեղ Իշխանի, Բանեանի եւ Տասնապետեանի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, իր կարգին, յափշտակութեամբ կը նետուի հայ գիր ու գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի անդաստանին մէջ, եւ լեզուներու իմացութեան իր ամբողջական կարողականութիւնը ի սպաս կը դնէ պեղելու հայ մտքի գոհարներու ամբողջ ներաշխարհը եւ լոյսին բերելու անոնց գեղեցկութիւնը:

Ինչպէ՞ս կարելի է իր աւարտին հասցնել կարօտի նամակ մը, եւ չանդրադառնալ   Յովսէփ էսկիճեան գաղափարական մարդու կերպարին:

Ինչպէ՛ս կրնանք մոռացութեան տալ մեր ընկերոջ յուզաթաթախ հոգեվիճակին մէն մի դրուագը, երբ ան մտերմիկ կամ ընկերական մթնոլորտի մէջ յաճախ բոլորիս ուշադրութեան կը յանձնէր հայոց պատմութենէն այս կամ այն դիպաշարը, տիպար յեղափոխականի մը անշահախնդիր կեցուածքը, ֆետայական շարժման ռահվիրա գործիչներու եւ ղեկավար դէմքերու անմնացորդ նուիրումը, Հայաստան կերտած Արամ Մանուկեանի մեծութիւնը, արծուասիրտ Դրոյի, Անդրանիկի, Չաւուշի, Ռուբէնի եւ բազում հերոսներու հայրենապաշտութեան կրակը:

Յովսէփ Էսկիճեան գաղափարապաշտ անհատականութիւն մըն էր, կուսակցական իր երդումին եւ հաւատամքին գերազանց պաշտպանը:

Յովսէփ էսկիճեան, որ մասնագիտութեամբ վարչագիտական տնտեսագիտութեան մագիստրոսի տիտղոսակիր էր, ասպարէզով երդուեալ թարգմանիչ եւ բազում լեզուներու տիրապետած հայորդի, եթէ երբեք ունենար յաւելեալ ժամանակ եւ տրամադրուածութիւն, ապա, վստահաբար, իրմէ ժառանգ պիտի մնային բազմաթիւ հատորներ եւ ուսումնասիրութիւններ:

Սիրելի՛ ընկեր, նամակի աւարտին կ՛ուզենք վերաթարմացնել վկայութիւն մը, որով պիտի կարենանք մխիթարել մենք զմեզ` յայտնելով, որ իրերայաջորդ երկու հատորներուդ լոյս աշխարհ գալուն ու այդ առիթներով կազմակերպուած պատշաճ շնորհահանդէսներուն ներկայութիւնդ եւ անսահման ուրախութիւնդ մեզ հանգստացնող յիշատակներ պիտի մնան, հակառակ դիմագրաւած ֆիզիքական ցաւերուդ եւ խոր տառապանքիդ:

Բնական է, որ բացակայութիւնդ խոր կսկիծ պատճառեց ընտանիքիդ, սակայն բարի մարդու, ազնիւ հայու եւ նուիրեալ դաշնակցականի հաւատամքդ դեռ երկա՜ր պիտի յիշենք ու վկայակոչենք առաքինի ընկերոջ մը հայաբոյր կեանքը:

Ցտեսութիւն:

1 փետրուար 2018

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>