Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Նոր Կենսագրականին Մէջ Ոչ Թէ Թրամփ, Այլ Քըրք Քըրքորեանը Ներկայացուած Է Իբրեւ «Ամէնէն Մեծ Գործարար»

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Յարութ Սասունեան

Վերջերս փորձառու հետաքննող-լրագրող Ուիլիըմ Ռեմփըլ գրեց գործարար եւ բարերար Քըրք Քըրքորեանի ընդարձակ կենսագրութիւնը, որ հրատարակած է «Հարփըր Քոլինզ» հրատարակչութիւնը: Գիրքը վերնագրուած է` «Խաղացողը. ինչպէ՞ս առանց դահեկանի մնացած Քըրք Քըրքորեան դարձաւ դրամատիրութեան պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ գործարարը»:

Ռեմփըլ Քըրքորեանի արտասովոր եւ խիստ անձնական կեանքի մանրամասնութիւնները մանրակրկիտ կերպով հաւաքած է ռազմական գրառումներու, առեւտրական արխիւներու, դատական փաստաթուղթերու, վաղեմի ընկերներու եւ գործընկերներու յուշերու եւ յուշագրութիւններու միջոցով:

Հակառակ անոր որ թէ՛ Քըրքորեան եւ թէ՛ Տանըլտ Թրամփ միլիառատէրեր էին եւ խաղատան (casino) սեփականատէրեր, սակայն անոնց միջեւ շատ քիչ ընդհանուր բան կար: Ռեմփըլ գրած է. «Խաղատան սեփականատէր Տանըլտ Թրամփ Քըրքը կ՛անուանէր «թագաւոր» եւ կ՛ըսէր ընկերներուն` «Ես կը սիրեմ այդ մարդը»: Սակայն Քըրք իր ոճով եւ խառնուածքով Թրամփին ճիշդ հակապատկերն էր: Քըրք մեղմախօս էր, բացայայտ չէր խօսեր եւ սարսափելի կը վախնար հրապարակային ելոյթներէն: Ան կ՛ըսէր, որ կ՛երազէր «խօսիլ Թրամփի նման»: Քըրք նաեւ չէր ուզեր, որ իր անունը նշուէր որեւէ տեղ` ո՛չ շէնքերու, ո՛չ փողոցային նշաններու վրայ, ո՛չ ալ նոյնիսկ իր MGM Studios-ի` սեփական ինքնաշարժի կանգառի պատին վրայ: Եւ Քըրք երբեք չէ խախտած իր վարկային պարտաւորութիւնները, իսկ իր ձեռքսեղմումը միշտ համարած է պարտադիր պայմանագրի երաշխիք»:

2009-ին, երբ Լաս Վեկասի սրտին մէջ գտնուող Քըրքորեան նոր ու բազմամիլիառ տոլար արժողութեամբ «Սիթի Սենթըր» պանդոկ-խաղատան ֆինանսական լուրջ խնդիրներու առջեւ դրուեցաւ, ըստ Ռեմփըլի, Թրամփ սկիզբը որոշ կարեկցանքով արտայայտուեցաւ անոր մասին. «Ես կը սիրեմ Քըրքը եւ յոյսով եմ, որ ան դուրս կու գայ այդ վիճակէն»: Յետոյ Թրամփ փոխեց իր կարծիքը եւ «Սի.Էն.Է.»-ի Լերի Քինկի ծրագրով տուած հարցազրոյցին մէջ «Սիթի Սենթըր»-ի նախագիծը անուանեց «բացարձակ աղէտ»: Հետագային Թրամփ յայտարարեց. «Անշարժ գոյքի պատմութեան մէջ այս մէկը կ՛ըլլայ ամենամեծ ձախողութիւնը… շատ վատ է»: Ի հարկէ, Թրամփ սխալ դուրս եկաւ իր կանխատեսումներուն մէջ: Քըրքորեան անգամ մը եւս ոտքի ելաւ, իսկ «Սիթի Սենթըր»-ը ֆինանսական մեծ յաջողութիւններ արձանագրեց…

Երբ, Քըրքորեան, «Ֆորպզ» ամսագրի միլիառատէրերու 1989-ի ցուցակին մէջ էր, սկիզբը Թրամփ ալ այդ ցուցակին մաս կը կազմէր: Սակայն «Ֆորպզ» անմիջապէս հեռացուց  Թրամփը միլիառատէրերու իր ցուցակէն` պատճառաբանելով, որ` «իրենք թիւրիմացութեան մէջ ինկած էին Թրամփի ներկայացուցած ոչ լիարժէք տեղեկութիւններուն պատճառով»… Այդ օրերուն Միացեալ Նահանգներու ապագայ նախագահի դրամագլուխը, ըստ խմբագիրներու, «մօտաւորապէս զերօ կը հաշուէր»:

«Հարփըր Քոլինզ»-ի հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ Քըրքորեանի կենսագրութիւնը Ռեմփըլի կողմէ ներկայացուած է իբրեւ պատմութիւնը` «Ամերիկայի ամէնէն հարուստներէն եւ ամէնէն նուազ յայտնի ֆինանսական հսկաներէն մէկուն` իր ջանքերով յաջողութեան հասած միլիառատէր Քըրք Քըրքորեան խիզախ օդաչուի, շարժապատկերի մեծ արտադրողի, ռիսքի դիմողի եւ մեծ գործարարի ցնցոտիներէն մինչեւ հարստութեան հասնողի, որ իբրեւ ամերիկեան առեւտուրի յաջողակ ֆինանսաւորող` Լաս Վեկասն ու Հոլիվուտը բարեփոխեց»:

Այս կենսագրականին հիմնական առաւելութիւններէն մէկը ամերիկահայ համայնքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար Քըրքորեանի բարեգործութեան լայնածաւալ լուսաբանումն է: Վերջին երկու տարիներուն ես քանի մը ժամ անցուցած եմ գիրքի հեղինակ Ուիլիըմ Ռեմփըլի հետ` պատմելով անոր Քըրքորեանի նուիրատուութիւններուն մասին` ուղղուած ամերիկահայ բարեգործական կազմակերպութիւններուն եւ Հայաստանի մէջ ծաւալուն նախագիծներու: Իր գիրքին մէջ Ռեմփըլ զիս այսպէս ներկայացուցած է. «Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ անգլերէնով հրատարակուող «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի հրատարակիչ, որ նաեւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի [այժմ` Հայաստան-Արցախ հիմնադրամ] նախագահն էր եւ Քըրքի հայկական բարեգործական ջանքերու շարժիչ ուժը»: Իրականութեան մէջ Քըրքորեան ի՛նքն էր իր բարեգործութիւններու շարժիչ ուժը: Ան իսկապէս հոգատար էր հայ համայնքի բարօրութեան եւ Հայաստանի բարգաւաճման ուղղութեամբ:

Թէեւ Քըրքորեան կը մնայ որպէս ամէնէն յայտնի եւ խիստ յարգուած անուն համայն հայութեան շրջանակին մէջ, սակայն շատ օտարներ տեղեակ չեն, որ ան ամերիկահայ է: Բարեբախտաբար, Ռեմփըլի գիրքին երեք գլուխները նուիրուած են Քըրքորեանի հայկական ժառանգութեան եւ բարեգործութեան:

Գիրքին 12-րդ գլուխը կը կրէ «Հայկական կապերը» վերնագիրը: Անիկա կը նկարագրէ 1963 թուականին, Լաս Վեկասի մէջ, Քըրքորեանի պատահական հանդիպումը Մենի Աղասիի հետ, որ «Թրոփիքանա» պանդոկի մատուցող էր եւ իր հայրենակիցը` Թեհրանէն: Մենի դարձաւ Քըրքորեանի մտերիմ ընկերը եւ իր ապագայ որդին կոչեց Անտրէ Քըրք Աղասի, որ հետագային դարձաւ յայտնի թենիսիստը: Ռեմփըլ նաեւ նկարագրած է Քըրքորեանի գործարքները Ճորճ Մէյսընի (Էլմասեան) հետ. վերջինս անոր սակարանային վաղեմի միջնորդն էր եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին հիմնադիրը (1958):

31-րդ գլխուն մէջ Ռեմփըլ կը նկարագրէ Հայաստանի հիւսիսը 7 դեկտեմբեր 1988-ին հարուածած ողբերգական երկրաշարժը, եւ թէ ինչպէ՛ս Քըրքորեան համաձայնած է միանալ Միացեալ հայկական հիմնադրամին, որ օդանաւային աւելի քան 150 փոխադրումներ իրականացուց, հետագայ 25 տարիներուն ընթացքին 700 միլիոն տոլարի մարդասիրական բեռներ առաքեց` սկզբնական շրջանին երկրաշարժէն վնասուածներուն, իսկ աւելի ուշ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու ամբողջ բնակչութեան: Կենսագիր Ռեմփըլ նաեւ նկարագրած է, թէ ինչպէ՛ս հիմնադրուած է Միացեալ հայկական հիմնադրամը` հայ-ամերիկեան եօթը ամենամեծ բարեգործական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու համախմբումը, ներառեալ` Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամը: Միացեալ հայկական հիմնադրամին ատենապետը Ալեքս Եմենճեանն էր, իսկ նախագահը` Յարութ Սասունեան:

36-րդ գլուխը կը կրէ «Ցեղասպանութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը» խորագիրը: Անիկա կը  նկարագրէ Քըրքորեանի առաջին այցը Հայաստան (1998), իր սեփական ինքնաթիռով, Յարութ Սասունեանի ընկերակցութեամբ: Այս գլխուն մէջ նկարագրուած են թռիչքի ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնները` Թուրքիոյ եւ բռնագրաւուած հայկական հողերու մասին, ինչպէս նաեւ քննարկուած է «Լինսի» հիմնադրամին կողմէ նոր ծրագիրներու ֆինանսաւորման հարցը: Հետագային ես նշանակուեցայ «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ` վերահսկելու համար 242 միլիոն տոլարի ենթակառուցուածքային նախագիծերը Հայաստանի մէջ եւ քանի մը հատ ալ Արցախի մէջ: Այս բացայայտող գիրքը կը  ներառէ նաեւ զուարճալի պատմութիւններ խորհրդային ոճի պանդոկի մէջ Քըրքորեանի` մնալու անյարմարութիւններուն մասին, որոնք ստիպեցին զինք «Մերիըթ» պանդոկ փոխադրուիլ: Այս գլուխը կը պատմէ նաեւ Քըրքորեանի` Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կատարած յուզիչ այցելութեան մասին:

Քըրք Քըրքորեանի կենսագրութիւնը իւրայատուկ մարդու հետաքրքրաշարժ պատմութիւնն է: Ան փայլուն գործարար էր, չափազանց համեստ բարերար, իսկական ամերիկացի, ինչպէս նաեւ` իսկական հայ: Երբ 2015 թուականին, 98 տարեկան հասակին ան կնքեց իր մահկանացուն, որպէս ազնուութեան եւ առատաձեռնութեան վերջին նշան, ան իր ամբողջ ունեցուածքը` 2 միլիառ տոլար (բացի 1 միլիառ տոլարէն, որ «Լինսի» հիմնադրամով արդէն նուիրուած էր ամերիկեան եւ հայկական բարեգործական ծրագիրներուն) կտակեց բարեգործութեան:

Խորհուրդ կու տայի, որ իւրաքանչիւր հայ գնէ Քըրքի կենսագրական գիրքէն օրինակ մը եւ զայն առաջարկէ իր օտարազգի դրացիներուն, ընկերներուն եւ գործընկերներուն: Քըրքորեանի անհաւատալի նուաճումները մեծ պատիւ կը բերեն համայն հայութեան…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>