Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Շինարարական Ծրագիրներ Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Կ՛ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնել, որ շինարարական կարեւոր ծրագիրներ իրագործման ընթացքի մէջ են արդէն` Անթիլիասի մայրավանքին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին եւ «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ:

1) Անթիլիասի մայրավանք.- ա) Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով յուշակոթող մը կը բարձրանայ մայրավանքի շրջափակէն ներս` բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու, Զուիցերիայէն: Յուշակոթողին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 23 մարտ 2018-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած համազգային համագումարի աւարտին: բ) Մայրավանքի արեւելեան ու հիւսիսային կողմերը նոր պատեր կը բարձրացուին` գեղակերտ քարերով հիւսուած, որ, միաժամանակ, մայրավանքի շրջապատէն ներս պիտի ներառէ արեւելեան կողմը գտնուող պարտէզը: Սոյն ծրագիրը կ՛իրագործուի բարերարութեամբ Արամ եւ Րաֆֆի Մալեան եղբայրներուն, Լիբանանէն: Աշխատանքը իր աւարտին կը հասնի շուրջ մէկ ամիսէն:

2) Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք.- Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ  եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու յատուկ նոր շէնք մը կը կառուցուի: Շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին շուրջ մէկ տարիէն:

Այս առիթով յայտնենք, որ Ֆանարի մէջ գտնուող նախկին Խանամիրեան դպրոցին շէնքը, որ սեփականութիւնն է Կաթողիկոսարանին, ներքին որոշ փոփոխութիւններէ ետք պիտի սկսի գործածուիլ կաթողիկոսարանին առնչուած ծրագիրներու համար:

Նաեւ յայտնենք, որ «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ յատուկ բաժին մը պիտի վերակառուցուի ու վերադասաւորուի` որբերուն որպէս ննջարան գործածուելու: Այս ծրագիրին բարերարն է Տիանա Տէր Յովսէփեանը, Արժանթինէն: Աշխատանքները շուտով կը սկսին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>