ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ
19 յունուար 2018-ին թրքական բանակը «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեամբ լայնածաւալ յարձակումի անցաւ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին ու անոր շրջակայ գիւղերուն դէմ:
Աֆրինը մեծամասնութեամբ բնակուած է քիւրտերով, մաս կը կազմէ քիւրտ Ռոժաւա հեռանկարային հանրապետութեան եւ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող քիւրտ զինեալ կազմակերպութիւններու տիրապետութեան տակ:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան եւ յաջողութիւն մաղթած` անոր, աւելցնելով, որ պիտի աղօթէ ահաբեկչական գործունէութեան վերացման, խաղաղութեան ու տրամաբանութեան ընթացքի հաստատման համար («Հուրրիէթ Տէյլի Նիուզ», 23 յունուար 2018):
Քաղաքական եւ շրջանային ուժերուն նպատակներուն եւ դիրքերուն վերլուծումը չէ այս փորձը, այլ ճիգ մը հասկնալու եւ հասկցնելու` Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէկ կեցուածքը:
Ցարդ, մարդկային պատմութեան ամբողջ ընթացքին, Նոյ նահապետէն սկսած, ձիթենիի ճիւղը խորհրդանշած է փոթորիկի վերջ եւ խաղաղութեան սկիզբ: Թուրքը այդ անուան տակ նպատակադրած է իրագործել ճիշդ հակառակը` նոր փոթորիկի սկիզբ եւ խաղաղութեան յաւելեալ խորտակում. յարձակիլ Սուրիոյ վրայ (անգամ մը եւս), բնաջնջել քրտական սահմանակից բնակավայր մը եւ զէնքի ուժով հաստատել թրքական ազդեցութեան գօտի Սուրիոյ մէջ` ի հեճուկս սուրիական անկախութեան եւ քրտական ինքնավարութեան:
Ճիշդ է, որ քիւրտերը պատմութեան ընթացքին հայութեան մեծագոյն պատուհասներէն մէկը եղած են, բայց երբեք կարելի չէ մեզի հասած վնասի այդ ծաւալը բաղդատել թուրքերուն եւ թաթարներուն հասցուցած աղէտներու ծաւալին: Ճիշդ է, որ քիւրտերը հայոց դէմ գործադրուած բոլոր ջարդերուն ու 1915-ին սկսած Ցեղասպանութեան գլխաւոր գործիքներէն մէկը եղած են, բայց ծրագրողը, հովանաւորը, օրէնսդիրը եւ գերագոյն գործադիրը թուրքը եղած է: Այս տողերով քիւրտերուն մեղքերը չեն քաւուիր անշուշտ, եւ տակաւին ունին իրենց յանցանքի պատկառելի բաժինը: Ներկայիս քիւրտերու գոնէ քաղաքական ներկայացուցչութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը յայտարարէ, որ կը ձգտի ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ իրաւունքներու ձեռքբերման: Նաեւ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քրտական կազմակերպութիւնները կը միտին ինքնավարութեան եւ ի վերջոյ` անկախութեան. թէ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ որքա՛ն իրատեսական կամ իրագործելի են այդ նպատակները, այլ հարց է եւ այլ հարթակի քննարկումի առարկայ, սակայն ազատութեան եւ ինքնավարութեան ցանկութիւնները հիմնական մարդկային իրաւունքներ են հաստատուած բոլոր միջազգային ուխտերու կողմէ:
Այժմ, պահ մը, հարկ է թուարկել, թէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ի՞նչ կը շահի եւ ի՞նչ կը կորսնցնէ այս յայտարարութեամբ:
Օգուտները.-
– Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալինին շնորհակալական խօսքը եւ արտայայտութիւնը, որ «միասնականութիւնը իրենց մեծագոյն ուժն է»:
– Կարգ մը հայ անհատներու (կրօնական եւ աշխարհական) վստահութեան ամրագրումը` թուրք իշխանաւորներուն մօտ: Պետրոս Շիրինօղլուի եւ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի վերջին հանդիպումին ներկայ եղած էր նաեւ արտաքին նախարարութեան (կը շեշտենք` արտաքին գործոց նախարարութեան) նախարարի խորհրդականը… Կապ մը կա՞յ արդեօք Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին վրայ մեծ հեղինակութիւն ունեցող Շիրինօղլուին եւ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդականին` Էրտողանին հովանիին տակ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ու պատրիարքարանին յայտարարութեան մէջ…
– Հաւանաբար… Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան խոչընդոտներուն վերացումը եւ ժողովրդավար ընթացքին վաւերացումը:
– Հաւանաբար… հայ համայնքի ապահովութիւնը եւ բարօրութիւնը:
– Հաւանաբար… Հրանդ Տինքը սպաննողներուն ու դաւադիրներուն քողազերծումն ու դատապարտումը:
– Աւելի հեռուն չերթանք «հաւանաբար»-ներով (Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, հայութեան եւ նոյնինքն Պոլսոյ պատրիարքարանի կորուստներու հատուցում, ինչքերու վերադարձ, եւլն., եւլն.), որովհետեւ մէկ «փոքրիկ» յայտարարութեամբ մը այդքան մեծ շրջադարձ չեն իրականացներ թրքական քաղաքականութիւնը եւ համաթուրանականութիւնը…
Վնասները.-
– Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը կը կորսնցնէ իր ազատ արտայայտութեան իրաւունքը, անգամ մը ե՛ւս, իր իսկ նախաձեռնութեամբ:
– Կ՛ոտնահարէ իր արժանապատիւ տեղը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հաւաքականութեան մէջ:
– Ա՛լ աւելի կը նուաստանայ Թուրքիոյ իշխանաւորներուն առջեւ, որովհետեւ երբ ճնշողը դէմը քամակակորութիւն կը նկատէ, շարունակաբար աւելի կը բռնանայ, աստիճանաբար աւելի խլելու, ի վերջոյ մահացու հարուածը տալու կամայ թէ ակամայ զիջողին:
– Կը չքանան Պոլսոյ հայ ազատատենչ հատուածին ցարդ մշակած ու քաղած պտուղները:
– Խնդրոյ առարկայ կը դառնայ քիւրտ ժողովուրդին համակրութիւնը հայութեան հանդէպ:
– Պատրիարքարանը կը հաւասարի ազատութեան ձգտող քիւրտը խեղդողին հետ:
– Զօրավիգ կը հանդիսանայ ինքնիշխան երկիր մը բռնագրաւողին:
– Չի տեսներ, որ Թուրքիոյ բանակը Աֆրինի վրայով կը մօտենայ հարաւը գտնուող (միայն 30 մղոն անդին) հայաշատ Հալէպին, որ վերջին տարիներուն նոյնինքն Թուրքիոյ զինուորապէս հովանաւորեալներուն կողմէ ենթարկուած էր մասնակի պաշարման եւ ամէնօրեայ ռմբակոծումներու, ունեցած` մեծ վնասներ եւ բազմաթիւ զոհեր, մինչեւ ռուսերու օգնութեամբ սուրիական բանակին կողմէ պաշարման գօտիներու բեկումը: Յստակ չէ՞, որ հայաբնակ Քեսապէն ետք, հայաշատ Հալէպը հայաթափելը ի՛նչ իմաստ ունի թուրք քաղաքականութեան համար:
Հայ բոլոր ղեկավարները` կրօնական, քաղաքական, թէ մտաւորական, ազատօրէն կեցուածք դրսեւորելուն կողքին, երբեմն կը փորձուին այս կամ այն ուժին պարտադրանքին տակ հայավնաս յայտարարութիւններ կատարելու` առանց մտածելու կամ անդրադառնալու, որ ներկայէն անդին` ապագայ սերունդներն ալ կաշկանդումի եւ շարունակական հարուածի կ՛ենթարկեն: Եթէ նպատակը ղեկավարի դիրքը պահպանելն է, լռութիւնը յաջող զէնք է, բայց կոչումը եւ դիրքը աւազախրելը` աններելի: Երբ կոչումին գիտակից ղեկավարի հետ է ճնշողին գործը, անպայման ոչ պարտուողական ելքը կարելի է գտնել դիւանագէտօրէն, իսկ անելի պարագային, պատճառաբանուած հրաժարականը կը պարտադրէ իրավիճակի շրջում` ճնշողին եւ ճնշուողին միջեւ:
26 յունուար 2018