Image may be NSFW.
Clik here to view.
«Էրմէնիհապէր» վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը` կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ Քարաման նահանգին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ առաստաղի որմնանկարները տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու կողմէ մեծ հետաքրքրութեան կ՛արժանանան:
Քաղաքի հնագոյն Թափուճաք թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցին կը համարուի բիւզանդական ժամանակաշրջանէն մնացած պազիլիք եկեղեցւոյ օրինակ:
Ըստ աղբիւրին, եկեղեցւոյ կառուցման թուականին շուրջ ստոյգ տեղեկութիւն չկայ. ան կը թուագրուի 17-18-րդ դարերուն:
Եկեղեցին 2007 թուականին անցած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պահպանութեան տակ եւ` վերականգնուած:
Նահանգի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ապտուլլա Քըլըչ «Անատոլու»-ին պատմած է, որ եկեղեցւոյ որմնանկարները յայտնաբերուած են միայն 2007 թուականին, երբ եկեղեցւոյ մէջ վերականգնողական աշխատանքներ կատարուած են: Մինչ այդ որմնանկարները պատուած եղած են գաճով:
«Ամէն տարի հազարաւոր մարդիկ կու գան այս որմնանկարները տեսնելու: Նման որմնանկարներ ամբողջ Քարամանի մէջ միայն այս եկեղեցւոյ մէջ կան, որ կ՛աւելցնէ եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը», ըսած է ան:
Քըլըչ պատմած է, որ մինչեւ 2007 թուականը եկեղեցին որոշ ժամանակ օգտագործուած է որպէս բանտ: Իսկ այժմ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենան մշակութային տարբեր ձեռնարկներ: