Կազմակերպութեամբ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն, 21 յունուար 2018-ին Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն` ՀՅԴ-ի 127-ամեակին առթիւ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը` «Մեր հայրենիք» եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներու երգեցողութեամբ, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Նորա Արուշեանը զոյգ կոմիտէութիւններուն անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա նշեց. «Փոթորկալի տասնամեակներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը իր հազարաւոր նահատակներու արեամբ, իր բիւրաւոր նուիրեալներու անլուր եւ համեստ զոհաբերութեամբ ապացուցեց եւ տակաւին կը շարունակէ ապացուցել, որ ինք եղած է եւ կը մնայ հայ ժողովուրդի հաւաքական իղձերը հետապնդելու սահմանուած ամենավստահելի կառոյցը»: Ան իր խօսքին աւարտին յիշեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը այս տարի պիտի նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, եւ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի զայն նշելու մեծ շուքով եւ համահայկական տարողութեամբ:
Այս առիթով խօսք առաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, որ անդրադարձաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ստանձնած դերակատարութեանց, պարտաւորութեանց եւ պատասխանատուութեանց, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը իր վստահութիւնը անվարան շնորհած է այս կազմակերպութեան: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց. «Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով ու միջոցներով կը ջանայ իրականացնել հայ ժողովուրդին դարաւոր երազը` անկախ պետութեան ստեղծում, ամբողջական Հայաստանի իրագործում, բովանդակ հայութեան համախմբում` սեփական ազատ հայրենիքի մէջ եւ ժողովրդավարական կարգերու տակ»: Ան նշեց նաեւ, որ Դաշնակցութեան օրակարգին վրայ են` Հայ դատի հետապնդումը, արցախեան գոյապայքարը, Հայաստանի կայուն զարգացումն ու սփիւռքի առողջ պահպանումը:
Աւարտին, խօսքը ուղղելով քանատահայութեան, Տարօն Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ քանատահայութիւնը մի՛շտ պատնէշի վրայ եղած է համայնքը, հայկական բոլոր գաղութները, Հայաստանն ու Արցախը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը յուզող բոլոր դժուարութիւններուն ժամանակ` անվարան իր ներդրումը ունենալով եւ սատար կանգնելով մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն:
Պատմական դէմքերուն կողմէ ՀՅԴ-ի նուիրուած խօսքերու եւ լոզունգներու ընթերցում կատարեցին ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերէն խումբ մը ընկերներ: ՀՅԴ ՔԵՄ-ի վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Ժան Յակոբ Ճուխաճեան, որ կատարեց խոստումի արարողութիւնը խումբ մը պատանիներու, որոնք փոխանցուեցան ՔԵՄ-ի շարքերը: «Դուք Հայ դատի պաշտպան զինուորները պիտի դառնաք, մեր արդար իրաւունքներուն տիրանալու համար ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէք եւ հայ ազգին ու մեր հայրենիքին յառաջդիմութեան ի նպաստ պիտի գործէք», ըսաւ ան:
Հանդիսութեան աւարտին յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գօգօ Թիւթիւնճեան խանդավառեց մթնոլորտը: Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: