ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ
Անգլերէնէ թարգմանեց`
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Թուրքիոյ Ուզունովա փոքր գիւղին մէջ կը բնակէին քանի մը թուրք եւ քիւրտ ընտանիքներ: Մնացածները` բոլոր հայեր էին եւ հանգիստ ու խաղաղ կեանք մը կ՛ապրէին: Նման փոքր գիւղի մը բնակիչները, բոլորը անխտիր, իրարու ծանօթ էին, եւ շատեր նոյնիսկ իրարու հետ ազգականական կամ խնամիական կապեր ունէին:
Գիւղը ունէր երկու հայկական եկեղեցիներ եւ մէկ դպրոց: Ծնունդին, Զատիկին եւ աւանդական տօներուն գիւղը ամբողջութեամբ կը վերածուէր մեծ ընտանիքի մը: Անբացատրելի սէր եւ միասնականութիւն կար բոլորին միջեւ:
Տուները կառուցուած էին իրարու շատ մօտիկ: Յաճախ քանի մը ընտանիքներ միասնաբար կը բնակէին ընդարձակ տան մը մէջ, եւ իւրաքանչիւրը իրարմէ բաժնուած կ’ըլլար պատով մը: Այդ պատին վրայ կը գտնուէր փոքրիկ պատուհան մը, որուն մէջէն իրարու հետ առարկաներ կը փոխանակէին:
Ձմրան եղանակը շատ ցուրտ էր, իսկ ամառը` անտանելի տաք: Քիչ կ՛անձրեւէր: Ամրան տաք եղանակին ընտանիքը ամբողջութեամբ կը պառկէր տուներու տանիքներու վրայ` վայելելով լուսնի լոյսն ու աստղերը: Գիւղի մարդիկը իրարու հետ շատ սիրով էին եւ յաճախ իրարու կ՛այցելէին»: (Հատուած):
Մանրամասնօրէն նկարագրած է, թէ ինչպէ՛ս թուրք զինուորներ պատերազմի սկիզբի տարիներուն խուժած են իրենց գիւղը: Նախ հաւաքած են գիւղի այր մարդիկը` որպէս թրքական բանակի «զինուոր», սակայն հազիւ հեռացած գիւղէն` սպաննած ու նետած են գետը: Բոլորը անզէն ըլլալով` ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւն չունէին: Քանի մը հոգի միայն կրցած է փախուստ տալ, եւ բախտով ազատուողներէն լսած էին իրենց սիրելիներուն սպաննուիլն ու դիակներուն գետը նետուիլը:
Անխղճօրէն տեղահանած են կիներն ու երեխաները: Սառա մօրաք (այսպէս կը կանչէինք զինքը) իր ընտանիքէն միակ փրկուած անձը եղած է: Բոլորը սպաննուած կամ տեղահանուած են, իսկ ինք որոշ շրջան մը մնացած է «բարի» քիւրտ ընտանիքի մը մօտ` որպէս ծառայ:
Մայրենի լեզուն սկսած է մոռնալ, սակայն տակաւին կը յիշէ իր հայ ինքնութիւնը:
Նոյն շրջանին կը սկսի հայ որբերու հաւաքը: Փախուստ տալով քիւրտ ընտանիքէն` կը յաջողի միանալ «Ամերիքըն Նիր Իսթ Ռիլիֆ Սոսայիթի»-ի որբանոցներէն մէկուն, ուր շրջապատուած հայ որբերով` կը վերատիրանայ իր մայրենի լեզուին:
«Նիր Իսթ Ռիլիֆ Սոսայիթի»-ի որբանոցներու մէջ ամերիկացի միսիոնարները իրենց կարելին ըրած են հայ որբերը պահելու համար հայ, մինչ Այնթուրայի որբանոցին մէջ ամէն ճիգ թափած են բռնի իսլամացնելու համար հայ որբուկները:
Սառա մօրաք իր գրքոյկին մէջ միշտ գովեստով ու երախտագիտութեան զգացումներով արտայայտուած է մարդասիրական այդ հաստատութեան հանդէպ:
Հատորը պատկերազարդ է, եւ նկարներէն մէկուն մէջ կը տեսնեմ մօրս նկարը, ինչ որ մտածել կու տայ, որ մայրս, իր զարմուհիին` Սառայի նման, ապրած է այդ դժոխային ոդիսականը:
Սառա, որոշ շրջան մը Անգլիա մնալէ ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող հօրեղբօրը միջոցով հաստատուած է անոր մօտ:
Մայրս եւ մօրաքոյրս նոյնպէս ունեցած են Ամերիկա գտնուող հօրեղբայր մը, որ խոստացած է երկու որբուկները բերել իր քով, սակայն անոր անակնկալ մահը պատճառ դարձած է, որ երկու քոյր մնան Լիբանան: Ճակատագրի խաղով մը, տասնամեակներ ետք, մայրս դարձեալ «բախտը ունեցաւ» գաղթելու Միացեալ Նահանգներ, ուր իր մահկանացուն կնքեց 1997-ին, բաւական յառաջացած տարիքին:
Սառա Գոբոյեանի հատորի վերջին հատուածին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է իր երկրորդ ոդիսականը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
***
«Օր մը հօրեղբայրս մօտեցաւ ու ըսաւ.
«Սառա՛, ամիսները շատ շուտ կ՛անցնին: Ամերիկա ժամանելու տոմսակդ միակողմանի է: Չէի ուզեր, որ Անգլիա վերադառնաս: Քեզ Անգլիա վերադարձնելու նիւթական կարողութիւնը չունիմ: Քանի մը ամիս միայն կեցութեան իրաւունք ունիս, եւ վերջնական հոս մնալու միակ ձեւը ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցողի մը հետ ամուսնանալդ է»:
Ամուսնանա՞լ: Ի՜նչ ահռելի գաղափար: Նախապէս այդ մասին բնաւ չէի մտածած: Սկսայ լալ: Մտածելն անգամ վախ պատճառեց ինծի:
Մինչ այդ հօրեղբայրս առաջարկեց տեսնուիլ հայ փաստաբանի մը հետ: Լեւոն Հերտեան, որ հաւանաբար կարենար յաւելեալ 6 ամսուան կեցութիւն մը ապահովել: Նախապէս ծանօթացած էի սոյն փաստաբանին մօրը եւ երկու քոյրերուն, զորս շատ կը հաւնէի: Իրենց մայրը, ի պատիւ ինծի, ճաշկերոյթ մը տուած էր եւ` փափաքած, որ իր հարսը դառնամ, սակայն այդ մէկը չյաջողեցաւ:
Փաստաբան Հերտեանի` կեցութեանս ժամանակամիջոցը երկարաձգելու աշխատանքին ժամանակ լուրեր տարածուած էին, որ Զաքարեանին եղբօր աղջիկը ժամանած է Անգլիայէն եւ հարսնցու է:
Այդ օրուընէ սկսեալ քանի մը փեսացուներ սկսած էին այցելել հօրեղբօրս տունը` աղջիկտեսի, նաեւ հօրեղբօրս հետ մենք կ՛այցելէինք ամուսնութեան յարմար տարիքի տղաք ունեցող քանի մը ընտանիքներու տուները: Բնաւ տեղեակ չեմ, թէ ինչպէ՛ս լուրը այսքան շուտ տարածուած էր: Ամէն կողմէ փեսացուներ կը ներկայանային հօրեղբօրս տունը: Հիւսիսային Միլուաքիէն, Ուիսքանսընէն եւ Շիքակոյէն: Ներկայացողներէն շատերը ինծի հայր մը ըլլալու տարիքը ունէին, եւ հոս էր, որ անհաճոյ խնդիրները սկսան, որովհետեւ կը մերժէի ինծի առաջարկուած ամուսնութիւնները: Հօրեղբօրս կ՛ըսէի. «Վստահաբար սխալ բան մը կայ, որ այս մարդիկը տակաւին չեն ամուսնացած»:
«Ո՛չ, Սառա՛, սխալ բան չկայ: Այս տղաքը ծնած ու հասակ առած են մեր երկրին մէջ, եւ իրենց համար շատ դժուար է ամերիկածին հայ աղջիկներու հետ ընտանիք կազմելը: Անոնց ապրելակերպը տարբեր է եւ բնաւ չի համապատասխաներ մեր կենցաղին: Անմիջապէս որ հայրենիքէն երիտասարդ աղջիկ մը ժամանէ այս քաղաքը, ամէն փեսացու իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի ինքը ըլլայ բախտաւոր անձը` տիրանալու նոր ժամանած օրիորդին», սակայն այս բացատրականները բան չէին փոխեր իմ մէջս: Կու լայի եւ անընդհատ կը կրկնէի. «Ամուսնութիւն չեմ ուզեր, կը նախընտրեմ Լոնտոն վերադառնալ»:
Հօրեղբայրս սաստիկ ջղայնացած` ըսաւ ինծի. «Ինքզինքդ ո՞վ կը կարծես: Երկինքէն իջած հրեշտա՞կ մը, որ կը մերժես ամուսնութեան բոլոր թեկնածուներդ: Լա՛ւ գիտցիր, քեզ ետ ուղարկելու դրամ չունիմ, եւ կը կարծե՞ս, որ ինծի համար դիւրին բան է մեկնիլդ տեսնել: Կ՛ուզես, որ անձնասպա՞ն ըլլամ»: Այս խօսքերէն շատ վախցած էի: Գիտէի, որ հօրեղբայրս ատրճանակ մը ունէր եւ, միեւնոյն ժամանակ, ես ալ իմ կարգիս չէի ուզեր բաժնուիլ հօրեղբօրմէս, որ մեր գերդաստանէն միակ ողջ մնացած անդամն էր:
Գեղադէմ երիտասարդ մը ներկայացաւ: Կը վախնայի «ոչ» ըսելու` գիտնալով, որ պիտի նեղացնեմ հօրեղբայրս: Յաջորդ կիրակի հրաւիրուած էինք անոնց տունը, ուր հաճելի հանդիպում մը ունեցայ իր ընտանիքին հետ, որոնք նմանապէս մեր երկրէն էին: Գիտէի, որ սէր գոյութիւն չունէր, սակայն մեր երկրին մէջ այդ մէկը կարեւոր չէր: Կարեւորը ծնողներուն գոհացում տալ եւ չմերժելն էր: Անոնք են, որ կ՛որոշեն` յարմա՞ր է, թէ՞ ոչ:
Յաջորդ հանդիպումին, «փիքնիք»-ի մը ընթացքին, քանի մը վայրկեան առանձին մնացի երիտասարդին հետ: Հարցումներուն պատասխանեցի կարճ ու կտրուկ: Հօրեղբայրս եւ իր կինը արդէն սկսած էին նշանտուքի պատրաստութիւններուն: Փեսացու երիտասարդէն պահանջեցին, որ յաջորդ հանդիպումին հետը բերէ ամերիկեան քաղաքացիութեան փաստաթուղթերը: Եկաւ առանց այդ թուղթերուն: Անօրէն մտած էր Ամերիկա եւ օրինաւոր կեցութեան չէր դիմած` վախնալով, որ կրնան զինք երկրէն արտաքսել:
«Սառան քեզի հետ չի կրնար ամուսնանալ,- ըսաւ հօրեղբայրս:- Ան պէտք է ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցողի մը հետ ամուսնանայ, որպէսզի կարենայ մնալ այս երկրին մէջ»: Այս լսելով` այնքա՜ն հանգստացայ:
Շիքակոյէն ուրիշ մէկը ներկայացաւ, սակայն հօրեղբայրս չթոյլատրեց առանձին տեսնուիլ: Զայն առաջնորդեց սենեակ մը` հարցուփորձի: Մէկը կար, որ ինձմէ աւելի հետաքրքրուած էր անոնց խօսակցութեամբ: Այդ մէկը 10 տարեկան զարմուհիս էր` Հելէնը, որ դրան ետեւէն կը հետեւէր ներսի խօսակցութեան: Իրեն համար այս բոլորը հաճելի էին, ինծի համար` վիշտ ու ցաւ: Չէի ուզեր ամուսնանալ անծանօթ անձի մը հետ, սակայն հօրեղբօրս եւ իր կնոջ համար ան կրնար տիպար ամուսին մը ըլլալ: Պատճա՞ռը: Ամերիկայի ամենադժուար եւ անգործութեան տարիներուն ինքնաշարժ ունէր, նաեւ` սափրչատուն մը, սակայն իրեն եւս կը պակսէր ամենակարեւորը` ամերիկեան քաղաքացիութիւն:
Այս անձին հարցազրոյցի միջոցին հօրեղբօրս հայ դրացին` Կէլէնեան ընտանիքը, փափաքած էր ներկայացնել ուրիշ անձ մը, սակայն հօրեղբայրս մերժած էր երկու հոգի միաժամանակ հարցուփորձել:
Այդ կիրակի դարձեալ հայկական «փիքնիք» մը տեղի ունեցաւ, ուր բոլորս ներկայ գտնուեցանք: Տիկ. Սիրանուշ Կէլէնեանը ուզեց, որ երկուքս միասին քալենք, որպէսզի հեռուէն ցոյց տայ իրեն ծանօթ փեսացուն, որ գարեջուր եւ սոտա կը ծախէր: Կ՛ուզէի քաղաքավար գտնուիլ այդ կնոջ հետ, սակայն չէի փափաքեր ոեւէ մէկուն ծանօթանալ:
Իւրաքանչիւր անձի մասին հակասական կարծիքներ կու տային: Մէկը կը գովէր, ուրիշ մը հակառակը կը փաստէր: Տխուր եւ շուարած էի: Չէի գիտեր` ո՞րն է ճիշդը, կամ ո՞րն է սխալը:
Նոյն շրջանին հօրեղբօրս ընտանիքը նշանտուքի եւ հարսանիքի ծրագիրներ կը մշակէր: Կը մտածէին, որ պէտք է անցնիմ քանատական սահմանը այդ անձին հետ, իր քանատաբնակ եղբօրորդիին հետ կնքել կեղծ ամուսնութիւն մը, վերադառնալ Ամերիկա, որպէսզի օրինականօրէն կարենամ մնալ այս երկրին մէջ: Երկու տարի ետք «ամուսնալուծուիլ» եւ անկէ ետք իրական ամուսնութիւն մը կնքել յարմար անձի մը հետ: Բնականաբար մերժեցի եւ ըսի, որ կը նախընտրեմ վերադառնալ Անգլիա, քան թէ ընդունիլ այդ անպարկեշտ որոշումը: Հօրեղբայրս սաստիկ ջղայնացած` «կ՛ուզես, որ դրախտէն փեսացո՞ւ մը ճարեմ քեզի համար»:
Յաջորդ առաւօտ մեր հայ դրացուհին հարցուց, թէ կրնա՞ն այցելել, որպէսզի իրենց բարեկամներէն մէկը տեսնէ զիս:
«Օ քԷյ, Օ քէյ», ջղայնացած պատասխանեց հօրեղբայրս:
Նստասենեակէն զիս կանչեցին: Հնազանդեցայ: Բարեւեցի եւ նստայ անոնցմէ բաւական հեռու: Ինքն ալ ինծի նման ամչկոտ էր: Ցած ձայնով ինքնիրենս խօսեցայ: «Երբե՛ք»:
(Հատուածներ)
Լոս Անճելըս, 2018
(Շար.1)