Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«2015. Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ Վերլուծում Մը» Հեղինակ` Սեդա Պ. Տատոյեան

$
0
0

HF-COVER-Dec-26-'15-NEW

Դեկտեմբեր 2015-ին Քանատայի մէջ հրատարակուեցաւ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանի «2015. Հայ վիճակը յետահայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ վերլուծում մը» խորագրեալ գործը:

Ուսումնասիրական հատորը կը բաղկանայ յառաջաբանէ, զոր կը հրատարակենք ստորեւ, երեք մասերէ` ա.- Յետահայեցութեամբ.- Հայ վիճակին եւ պատմական եղափոխութեան իւրայատուկ կողմերն ու մակարդակները, բ.- Նախահայեցութեամբ.- Յաջորդ հայ դարը – Կողմնակի ելքեր եւ ամբողջական ետդարձներ հանրութեան, կրթական հաստատութեանց եւ մտաւորական մշակոյթի մակարդակներուն վրայ, գ.- Յետահայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ.- Երեւութաբանական եւ ամբողջաբանական վերլուծում արեւմտահայերէնի, պատմագրութեան եւ ինքնութեան հարցերուն:

Եզրակացութեան բաժինին խորագիրն է` Մաքրասրբում եւ վաղորդայնը: Կան նաեւ երկու յաւելուածներ` Հայոց պատմութեան ժամանակագրութիւն մը եւ եզրաբանութիւն մը. հայերէն-անգլերէն եւ անգլերէն-հայերէն:

Յառաջաբան

Հայ Վիճակը Վերլուծական Դիտանկիւնէ

2015-ը` հարիւրամեակը 1915-ի Եղեռնին, կը նշէ ժամանակաշրջանի մը աւարտը, իսկ ներկան նոր դարու մը սեմին` գոյաբանական տարածքներով միջնարար մըն է միայն մասամբ գիտցուած-հասկցուած անցեալի մը եւ երեւակայուած ապագայի մը միջեւ: Յաջորդ հայ դարը փոխաբերութիւն մըն է հայերու ճակատագրին: Որովհետեւ անձկութեամբ ակնկալուած եւ միաժամանակ սպասելի այս ապագան կ’ընդգրկէ հայերու տարածքային-ժամանակային ամբողջութիւնը կամ Հայկական Մեթասիսթեմը:

Գլխաւորաբար լայն հանրութեան նաեւ մտաւորականութեան ուղղուած` այս աշխատութիւնը քննական վերարժեւորում մըն է հայ վիճակին, այսպէս կոչուած հայկական բաներու եւ հայագիտական հարցերու, յետահայեցութեամբ` դէպի անցեալը եւ նախահայեցութեամբ` դէպի ապագան: Յետահայեցութիւնը կամ յետատեսութիւնը հասկացողութիւնն է անցեալին պատահած դէպքերուն նշանակութեան: Անիկա չ՛ենթադրեր կատարեալ տեսողութիւն, սակայն պայման է ըմբռնելու դէպքերու պատճառները, թէ ի՞նչ կարելի էր ընել եւ թէ ի՞նչ են պատմութեան դասերը: Նախահայեցութիւնը հմտութիւնն է ապագային նայելու` անցեալին եւ ներկային յստակ հասկացողութեան վրայ հիմնուած: Նաեւ, կացութիւնը բարելաւելու նպատակով եւ քաջութեամբ, անիկա կարողութիւնն է նախատեսելու դէպքերու ուղղութիւնը` նախ քան անոնց պատահիլը: Բոլոր պարագաներուն` բանալին քննական-վերլուծողական մօտեցումն է: Հակադիր աւանդական մեթոտներու եւ փոխանակ բաժնելու մէկ կողմէ փիլիսոփայութեան եւ միւս կողմէ` ընկերային գիտութեանց բեւեռները, նաեւ առնելով 2015-ը իբրեւ սկզբնակէտ, այս գործը միջմարզային, բացատրողական, գործնական եւ օրինաչափական աշխատութիւն մըն է: Անիկա կ’ըլլայ իսկապէս վերլուծողական-քննական, եթէ կարենայ հայ մշակոյթի բոլոր մակարդակներուն վրայ յառաջացնել ազատագրութիւն գաղափարաբանական բանարկութիւններէ, մրուրացումներէ եւ մեքենականացած գործելակերպերէ:

Միտքի եւ գործի գիտակի՛ց ազատութեան զարգացումին հետամուտ` այս սերտողութիւնը նաեւ փորձ մըն է բանալու նոր տարածութիւն մը, կամ միջոց մը` հեռու ճահճացումէ, իշխանութենէ եւ ձեռնավարութիւններէ, ինչ կերպով ալ ի յայտ գան եւ գործեն անոնք: Կը թուի, թէ հայոց պատմութեան այս հանգրուանին մէջ քննական-վերլուծողական մօտեցումը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ փաստօրէն անցեալ եւ ներկայ աւանդական ձեւերը շատ սահմանափակ են եւ պահպանողական: Անոնք նաեւ արուեստականօրէն բնականացուցած են ընկերային-մշակութային պատահական իրականութիւններ եւ մթագնած` անոնց եւ ժողովուրդին միջեւ յարաբերութիւնը: Իբրեւ հետեւանք` առկայ կացութիւնը, կամ սթաթիւս քուօն, նկատուած է ցոլացումը տեսակ մը «բնական», անխուսափելի եւ անփոփոխելի «hայկական կարգի» մը, կամ` կարգավիճակի մը, որուն պէտք է որ հետեւին եւ յարմարին անհատները եւ հաւաքականութիւնները: Այս աշխատութեան յատուկ նոր գաղափարները եւ առաջարկուած գիտութիւնը պէտք է որ հաւաքաբար կազմեն համապարփակ քննարկում մը եւ տեսակ մը օրինաչափական խարիսխ` ընդհանուր առմամբ հայագիտական հետազօտութեանց: Ինչպէս որ Հ. Կ. Կատամեր (1900-1902) կ՛առաջարկէ, քանի որ որեւէ բանի մասին գիտութեան գործնակա՛ն կիրարկումը մաս կը կազմէ այդ գիտութեան, եւ քանի որ ինչ որ անհատը գիտնայ/հասկնայ, անպայմանօրէն պիտի փոխէ այն, ինչ որ կը կատարէ, քննակա՛ն մօտեցումը պէտք է հայթայթէ անհրաժեշտ հողը վերակառուցման եւ վերանորոգչական նոր եւ գործնական ծրագիրներու: Վերջին տասնամեակներու եւ ժամանակակից մտածողներու նման` մարդկային մտածողութիւնը եւ հասկացողութիւնը կը նկատեմ գերազանցապէս ընկերային-մշակութային գործունէութիւն մը: Այսպէս, բոլոր երեւոյթները նախակերպաւորուած են ենթակային եւ ճանաչողութեան առարկային պատմականութեան միջոցով: Երկուքն ալ արդիւնք են մարդկային գործունէութեան` ըստ որոշ ժամանակի-տեղի յատուկ հանգամանքներու: Հետեւաբար, բոլոր իմացքները պարզապէս արտայայտութիւններն են ընկերային կառոյցներուն: Իրենց կարգին, իմացական սիսթեմները եւս հետեւանք են պատմական դարձուածքներու եւ ոչ թէ բխումներ` արտա-պատմական իրականութիւններէ:

Յաջորդ կէտը, որ արմատապէս կը տարբերէ այս աշխատութիւնը ընկերային գիտութեանց մէջ այլ գործերէ, կը վերաբերի անհատին հանգամայնութեան (situatedness): Բոլոր մարդոց նման, հայերը եւս ձեւով մը «նետուած» են պատմութեան մը կամ ազգային պատումներու համակարգի մը մէջ, որ ո՛չ իրենք սկսած են, ո՛չ ալ կրնան աւարտել, սակայն պէտք է որ կերպով մը շարունակեն: Հարիւրամեակը առիթ է անդրադառնալու ոչ միայն հսկայական համախորտակումի մը, այլ` մեծ քանակութեամբ աւանդութեանց, պատումներու, «նախապաշարումներու» (Կատամերի արտայայտութեամբ) կամ նախադատումներու: Որպէսզի կարելի ըլլայ որոշել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործել, պէտք է նախ հասկնալ ինքզինք` ըստ այս պատումներուն հետ յարաբերութեան, ապա որոշել, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պէտք է ուզել կամ կարենալ շարժիլ:

Կացութեան իւրայատկութիւնը այն է, թէ մինչ մարդիկ արդէն «կը քալեն» իբրեւ հայեր, անոնք պէտք է որ միաժամանակ փորձեն գրահանել-լուծել այն պատումները, որոնց մաս կը կազմեն կրկին` իբրեւ հայեր: Ուրեմն հայոց պատմութեան իրենց հասկացողութիւնը կը սկսի շարունակուող պատմութեան մը կէսէն: Հայեր պէտք է որ ապրին եւ գործեն` միաժամանակ փորձելով հասկնալ թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ՛ իրենց ազգային պատմութիւնը: Կացութիւնը աւելի բարդ է, քան կը թուի ըլլալ, որովհետեւ շատերու համար այս պատմութեան հասկացողութիւնը ժառանգուած է եւ իմաստները վերարձակուած նոյն այդ հասկնալու գործողութեան: Այսպէս, կեցած յարատեւօրէն փոխուող ժամանակի-տեղի պայմաններու մէջ` հայեր պէտք է որ ձեւով մը հասկնան իրենք զիրենք եւ այն գրականութիւնը, որմէ կու գան իրենց պատումները:

Այս է այն կացութիւնը, զոր գոյապաշտները կը կոչեն  հանգամայնութիւն: Անիկա կը նշանակէ մարդկային գիտակցութեան վրայ պատմական պայմաններու ազդեցութիւնը, եւ թէ մարդիկ «թաղուած/արմատացած» են իրենց սեփական պատմութեան եւ մշակոյթին մէջ, որոնցմո՛վ կազմուած է արդէն իրենց ինքնութիւնը: Այսպէս, մարդիկ չեն կրնար նայիլ որեւէ պատմական դրուագի առանց նախադատումներու կամ նախա-հասկացողութեանց, որոնք կրնան ըլլալ դրական կամ ժխտական` ըստ իրենց տեղեկութեանց իրողականութեան հետ ունեցած յարաբերութեան:

Այս աշխատութիւնը լայնօրէն կ’անդրադառնայ այն պարագաներուն, ըստ որոնց կատարուած են անցեալ պատմութեան մեկնաբանումները եւ ապագայի մասին կարելիութիւններու ներկայացումները: Այս ծիրէն ներս հասկնալ պատմութիւնը` կը նշանակէ ուղղակիօրէն «ներկայ» ըլլալ եւ անդրադառնալ իրերու եւ պատահարներու: Թէեւ միշտ ալ գիտութիւնը սահմանափակ է եւ երբեք` ամբողջական կամ վստահելի, հասկնալ` կը նշանակէ ըմբռնել, համաձայնիլ եւ կարենալ գործել-կիրարկել, այսինքն` ամբողջովին եւ գործօն կերպով մաս կազմել պատմական գործընթացին: Ուրեմն, ենթակային եւ իր հասկացողութեան պատմականութիւնը ունին սկզբունքի ուժ, առնուազն` այս աշխատութեան համար: Նաեւ չափազանց կարեւոր է որոշել մարդու պատմական հանգամայնութիւնը եւ հասկացողութեան գործնական բնոյթը: Այն, ինչ որ կը հասկնանք, անպայմանօրէն տարբերութիւն մը կը պատճառէ մեր գործելակերպին մէջ: Այսինքն պէտք է գիտնալ, թէ ի՛նչ կը պատահի մարդոց, երբ իրենք զիրենք կը գտնեն հասկնալու եւ մեկնաբանելու շրջանակին մէջ:

Ժամանակայնութիւնը կը յատկանշէ այս վերլուծական փորձառութիւնը: Ասիկա իր եռակի տարածայնութիւնն է, այսինքն` անցեալ, ներկայ եւ ապագայ: Կը նշանակէ, թէ ներկան` կամ հարիւրամեակը կը պարունակէ միաժամանակ անցեալը եւ ապագան, եւ թէ` այս երեք տարածքները փոխյարաբերական են եւ փոխազդեցիկ: Իրենց պատմութեան այս հանգրուանին մէջ հայերու համար հասկնալ իրենց պատմութիւնը` չի նշանակեր գտնել յաւիտենական ճշմարտութիւններ, կամ` ապագայի մասին դիւցազնական երազներ, այլ` հասնիլ նոր ու թարմ մեկնաբանութեանց իրենց իրականութեանց վերաբերեալ եւ ի բացակայութեան  աւանդականօրէն ընդունուած ափրիօրի եւ ապապատմական ենթադրութեանց: Առնուազն տեսականօրէն ամէն մարդ պէտք է որ գտնուի իր պատմական կացութիւնը ապրելու եւ հասկնալու հանգամանքի մը մէջ, ուր ենթական եւ իր առարկան մաս կը կազմեն վերլուծողական նոյն շրջանակին: Ոչ ոք եւ ոչ մէկ հաստատութիւն կրնայ կամ պէտք է որ յաւակնի ըլլալ գիտութեան անմարմին մեքենայ/աղբիւր մը:

(Շար. 1)

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>