Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անդրադարձ. Հայաստան-Սփիւռք Փոխադարձ Ճանաչողութեան Մասին Եւ Հայոց Լեզուն

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Կարդալով Յակոբ Պալեանի` «Հայաստանը խորհիլ խորհրդային աշխարհի, անոր քաղաքակրթական-իմացա-բարոյական համակարգին մէջ», («Ազդակ բացառիկ», 2016, էջ 16-19) տեղին ախտաճանաչում կատարող յօդուածը, պիտի փորձեմ արտայայտուած միտքերէն չորսին մասին ուրոյն մեկնաբանութիւն կատարել` նկատի առնելով նաեւ իր «Ճենոսայտ եւ 100-ամեակ» յեղյեղելէ ետք, կարգը հասաւ «արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան»… յօդուածը («Ազդակ», 16 յունուար 2016):

Ա. «Պիտի հաստատենք այն պարզ իրողութիւնը, որ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) զիրար չեն ճանչնար, կը գտնուին մագնիսական տարբեր ալիքներու վրայ»:

Այստեղ կարելի է ճանաչողութիւնը տարբեր համեմատութեամբ բաժնել երկու մակարդակներու, ժողովուրդ եւ ղեկավարութիւն-մտաւորականութիւն: Փոխադարձ ճանաչողութիւնը կը դիւրանայ, եթէ նկատի առնուի առաւելագոյն չափով հասարակ յայտարարի մը գոյութիւնը: Այդ ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքը շատ ուշացած է, եւ փոխարէնը, այս թերութիւնը շրջանցելու կամ ծածկելու համար, երկուստեք յաճախ կը գործածուին «հայրենասիրութիւն» եւ «միասնութիւն» լոզունգները, որոնց «տուժող» կողմը ընդհանրապէս սփիւռքն է: Փոքրիկ օրինակ մը. Համահայկական խաղերուն վիճակաձգութիւնը կատարելէ ետք, զանազան պատճառներով կը փոխեն վիճակաձգութեան արդիւնքը` մրցակիցները եւ վայրերը (քաղաքները): Անակնկալի եկած, շատ հեռաւոր երկրէ եկող պատասխանատուն, երբ կը բողոքէ, կանոնը խախտող պաշտօնատարներէն մէկը, անտեղի կերպով, «հայրենասիրութիւն» կը քարոզէ` վիրաւորելով տուեալ պատուիրակութիւնը, որ հայրենասիրութեա՛ն պատճառով իսկ մեծ զոհողութիւններու գնով եկած է հայրենիք` մասնակցելու այս խաղերուն (այս մասին` այլ առիթով):

Ի՞նչ է հայութեան հասարակ յայտարարը: Սկզբունքով տուեալ ազգ մը ընդհանրապէս կը բնորոշուի իր սեփական 1. կենսաբանական ծինային ժառանգութեամբ, 2. լեզուով, 3. լեզուամտածողութեամբ, 4. աւանդութիւններով, 5. մշակոյթով, 6. խոհանոցով, 7. սովորութիւններով, 8. ապրելակերպով 9. հաւաքական յիշողութեամբ, եւ 10. պատմութեամբ` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Եթէ ընդունինք այս տեսակէտը` հասարակ յայտարարի թերութիւնը, պակասը, մասնաւորապէս կը գտնուի վերեւ յիշուածներէն հինգ կէտերուն մէջ, տարբեր համեմատութեամբ` լեզուի, լեզուամտածողութեան, խոհանոցի, սովորութիւններու եւ ապրելակերպի պարագաներուն, որուն ամենակարեւորը լեզուն եւ լեզուամտածողութիւնն են, որոնք բարեբախտաբար կարելի՛ է սրբագրել կրթական համակարգին միջոցով:

Որեւէ կասկած չկայ, որ հայախօս սփիւռքահայը, ինքս ներառեալ, դժուարութիւն ունենայ հասկնալու Հայաստանի մէջ գործածուող պաշտօնական (օրինակի համար` Ազգային ժողովին մէջ կարգ մը պատգամաւորներուն) եւ ոչ պաշտօնական, օտար բառերով խաթարուած խօսակցական լեզուն: Իսկ գրութիւնները քանի մը անգամ պէտք է կարդալ, որ հասկցուին, մինչ կարգ մը պարագաներուն բնաւ չեն հասկցուիր, քանի որ տառերը հայերէն են, սակայն օտար բառերու կողքին, գրողին լեզուամտածողութիւնը, ոճը հայերէն չէ, եւ շատ կը գործածուին կրկնակի եւ եռեակի ժխտականները:

Բայց այս նոյն արեւմտահայը որեւէ դժուարութիւն չ՛ունենար հասկնալու իրանահայերուն կողմէ գործածուող բուն արեւելահայերէնը եւ հեզասահ կերպով կը կարդայ եւ կը հասկնայ Րաֆֆիին գրականութիւնը (որ մաս կը կազմէ կարգ մը սփիւռքահայ վարժարաններու ուսումնական ծրագիրին), կամ` այսօրուան իրանահայ «Ալիք» թերթը: Ի՞նչ է պատճառը: Քանի մը անգամ ի զուր փորձած եմ հայրենի մամուլին մէջ հրատարակուած խաչբառը լուծել եւ միշտ` ձախողած: Իսկ մեր խօսակիցները կը զարմանան, թէ ինչո՛ւ դժուարութիւն կ՛ունենանք զիրենք հասկնալու:

Բացի կարգ մը լեզուագէտներէ եւ մտաւորականներէ` հայաստանաբնակ հայը ընդհանրապէս տեղեակ չէ, թէ իր գործածած լեզուն արեւելահայերէն չէ, այլ` խորհրդային իշխանութեան կողմէ նենգափոխուած ուղղագրութեամբ եւ կանոններով լեզուի տարբերակ մը, որպէսզի հայուն սեփական անցեալին, պատմութեան, գրականութեան, մշակութային հսկայական աւանդին եւ սփիւռքին հետ հաղորդակցութեան կապը դժուարանար եւ խզուէր: Ահա խորհրդային վարչակարգին դաւադիր նպատակը կը շարունակուի ցայսօր, հաւանաբար անգիտակցաբար, եւ սփիւռքին հետ հաղորդակցութեան կապը կը դժուարանայ, ուստի զիրար չենք հասկնար եւ ճանչնար: Հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ հայաստանաբնակ հայը փոխադարձ կերպով նոյն դժուարութեան կը մատնուի՞ հասկնալու գրաւոր կամ խօսակցական արեւմտահայերէնը: Փորձը կը պարզէ, թէ նուազ համեմատութեամբ դժուարութիւն կ՛ունենան: Ինչո՞ւ: Քանի որ նուազագոյն պարագային` գրաւոր արեւմտահայերէնը ընդհանրապէս անաղարտ հայերէն է:

Արեւմտահայերէնը չէ՛ փոխուած, արեւելահայերէ՛նը փոխուած է: Ուրեմն արեւմտահայ սփիւռքը ընելիք չունի, այլ Հայաստանի կառավարութիւնը նախ պէտք է բեկանէ խորհրդային օրերու լեզուի նենգափոխումը եւ վերադառնայ գրական արեւելահայերէնին: Այստեղ մերձեցման հարց չի կրնար գոյութիւն ունենալ. իւրաքանչիւրը իր անաղարտ լեզուն կը պահպանէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Լեզուի մասին օրէնքը` ընդունուած 17 ապրիլ 1993-ին (http://www.parliament.am/legislation.php?sel=show&ID=1793&lang=arm) կ՛ըսէ. «Յօդուած 1. Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուական քաղաքականութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է, որը սպասարկում է հանրապետութեան կեանքի բոլոր ոլորտները: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է:

Հայաստանի Հանրապետութիւնն աջակցում է իր սահմաններից դուրս բնակող հայերի շրջանում հայոց լեզուի պահպանմանն ու տարածմանը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը նպաստում է հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացմանը, որ փոխուած է 23 մայիս 2011-ին, աւելցնելով` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը նպաստում է ժամանակակից գրական հայերէնի կանոնարկմանը, բառակերտման, տերմինաբանութեան (եզրաբանութեան), ուղղագրութեան, ուղղախօսութեան, տառադարձութեան եւ կէտադրութեան կանոնարկման սկզբունքների մշակմանը»:

Զարմանալի կերպով` միայն «եզրաբանութեան» գրելով չէ բաւարարուած օրէնսդիրը, այլ գործածած է օտար բառը, մինչ փակագիծի մէ՛ջ դրած է անաղարտ հայերէն բառը, այն ալ` լեզուի մասին օրէնքին մէջ… Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք գրական հայերէն, եւ ապա փոխուած ժամանակակից գրական հայերէն եզրերով: Ինչո՞ւ այս փոփոխութիւնը եւ բառախաղը, ինչո՞ւ բանը իր անունով չէ ամրագրուած: Սակայն յատկանշական է, որ ո՛չ արեւելահայերէն եւ ո՛չ ալ արեւմտահայերէն եզրերը օգտագործուած են, հետեւցնելով, որ ակնարկութիւնը երկուքին մասին է: Բայց «ժամանակակից գրական հայերէնը» կրնայ նշանակել նաեւ Հայաստանի մէջ ներկայիս գործածուող հայերէնը, այսինքն` աղաւաղուածը, խորհրդայինը:

«Յօդուած 3. Քաղաքացիների լեզուական պարտականութիւնները

Պաշտօնատար անձինք եւ սպասարկման առանձին ոլորտներում աշխատող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները պարտաւոր են տիրապետել հայերէնին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող անձանց պաշտօնական ելոյթների լեզուն հայերէնն է, եթէ դա չի հակասում տուեալ միջազգային ատեանում ընդունուած կարգին:

Պաշտօնական խօսքում Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները պարտաւոր են ապահովել լեզուի անաղարտութիւնը»:

Վերջին յօդուած 5-ի վերջին տողը կ՛ըսէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանւում է պատասխանատուութիւն սոյն օրէնքի պահանջները խախտելու համար»: (Ընդգծումները մեր կողմէ- Յ. Չ.):

Բոլորիս համար յստակ է, որ այս օրէնքը կը խախտուի զանգուածային կերպով, ամէն օր, պաշտօնատարներու եւ քաղաքացիներու կողմէ, որոնք ընդհանրապէս չեն ապահովեր լեզուի անաղարտութիւնը: Մանաւանդ մամուլի` գրաւոր եւ հեռատեսիլի հաղորդումներուն մէջ, նոյնիսկ` երբեմն պաշտօնական հաղորդակցութեանց մէջ: Գրականութեան պարագային չեմ կրնար արտայայտուիլ, քանի որ պէտք է խոստովանիմ, որ քանի մը փորձէ ետք խուսափած եմ կարդալէ, որպէսզի ուղղագրութիւնս չխաթարուի, եւ հասկնալու համար նոյն պարբերութիւնը` քանի մը անգամ կարդալու անհաճոյ կացութեան չմատնուիմ:

Իսկ հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ յօդուած 5-ի տրամադրութիւնը կը կիրարկուի՞ կամ կիրարկուա՞ծ է երբեք այս օրէնքին 22 տարիներու ընթացքին: Ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան կանչուա՞ծ է: Գոյութիւն ունի՞ խստապահանջութիւն` հայոց լեզուն անաղարտ պահելու մասին: Ո՞ր նախարարութեան կամ յանձնաժողովի պատասխանատուութեան տակ դրուած է լեզուն անաղարտ պահելու խնդիրը: Ի՞նչ են այս օրէնքին կիրարկման մեքենականութիւնը եւ հոլովոյթը: Ինչո՞ւ հայաստանցիին այս մարմաջը` օտար բառեր գործածելու ուղղութեամբ: Ինչպէ՞ս զիրար պիտի հասկնանք:

Բ. «Հայաստանի հայուն համար սփիւռքը տեսական հայութիւն է, տարբեր, նոյնիսկ երբ կը փորձէ մէկութիւն տեսնել: Այս յստակացման պակասով է, որ վերանկախացումէն ի վեր երկուստեք խարխափում կայ»:

Վերանկախացման սկիզբի օրերուն սփիւռքահայը երբեմն կը պատկերացուէր միայն իբրեւ նիւթական աղբիւր, եւ բառացի կերպով ըսուած է սփիւռքին` «Դուք խելք մի՛ տաք, դրա՛մ տուէք», եւ այդպէս ալ եղած է: Ընդհանրապէս երկուստեք նախանձ կայ. հայրենազուրկ սփիւռքահայը կը նախանձի, քանի որ ինքը հայաստանաբնակ չէ, իսկ հայաստանաբնակը, դժբախտաբար, կը նախանձի, որ ինք սփիւռքահայ չէ` այն թիւր կարծիքով, որ սփիւռքը «դրախտավայր» է: Հայաստա՛նը դրախտավայր է:

Ցեղասպանութեան պատճառով սփիւռքահայը ոտաբոպիկ եւ սովահար հասաւ օտար երկիրներ, մինչ նոյն այս սերունդն է, որ տքնաջան աշխատանքով ոչինչէն ստեղծեց անհատական բարօրութիւն, գաղութային համակարգ եւ ինքնաբաւ համայնքներ, միշտ` հայրենիքի կարօտով: Ամէն տեսակի հսկայական փորձառութիւն կուտակած սփիւռքը պէտք չէր անտեսուեր եւ անտեսուի: Առաջին անգամ, ութ տարի ուշացումով, 1999 թուականին է, որ սփիւռքը պաշտօնապէս եւ ձեւականօրէն նկատի առնուեցաւ, Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողով կազմակերպելով` անկախ իր ձեւին, նպատակին, բովանդակութեան եւ արդիւնքին մասին բազում տեսակէտներու: Վերեւ յիշուած հասարակ յայտարարի թերի հինգ կէտերուն մէջ բնականաբար կը տարբերինք, սակայն այդ տարբերութիւնները ուսումնասիրելով կարելի՛ է լուծումներ գտնել եւ նուազեցնել զանոնք: Միայն սփիւռքի նախարարութիւն հաստատելով եւ շուրջբոլոր շքանշաններ պարգեւելով` հարցը չի լուծուիր: Երկուստեք պէտք է աշխատանք տարուի:

Գ. «Երկրին մէջ տիրող թշուառութիւնը եւ հաւասարութեան համակարգէն դուրս գալէ ետք ոմանց անհարկի հարստացումը` նոյն այդ թշուառութեան հաշուոյն, վայրագ դրամատիրութեան ենթահողի վրայ, որուն զարգացման մեղսակից-գործակից է սփիւռքը` ազգային-քաղաքական գիտակցութեան պակասով, ցուցամոլիկութեամբ, երբեմն ալ` արագ հարստացման շահախնդրութեամբ»:

Կը կարծեմ, որ սփիւռքի մեղսակցութիւնը ընդհանրապէս անուղղակի է, այն ալ` նոյն «միասնութիւն» եւ «հայրենասիրութիւն» լոզունգներու ճնշումին տակ լռելեայն «համամտութիւն» յայտնելով ամէն ինչի: Սփիւռքահայը սխալ կերպով կը կարծէ(ր), թէ` «քննադատութիւնը կրնայ վնասել եւ խրտչեցնել»… եւ աւելի դժուարացնել փոխադարձ հասկացողութիւնը, բան մը, որ սակայն աւելի քաջալերեց հայրենիքը` անտեսելու սփիւռքին:

Իսկ ի՞նչ կերպով կրնար սփիւռքը կացութիւնը փոխել, ի՞նչ հանգամանքով կամ լիազօրութեամբ, ո՞ր հոլովոյթով եւ ինչպէ՞ս, նիւթական նպա՞ստը սառեցնելով: Սփիւռքը բարձրաձայն բողոք չէ յայտնած, ի բացառեալ տխրահռչակ «Ֆութպոլային քաղաքականութեան-ստորագրութեան» առիթով միայն, այն ալ` առանց արդիւնքի: Նոյնիսկ անտեսելով սփիւռքի բոլոր հատուածներու դժգոհութիւնը եւ զայրոյթը, շրջելով իրականութիւնը, օրին ըսուեցաւ, թէ սփիւռքի «մեծամասնութիւնը գոհ» էր այս քաղաքականութենէն…

Դ. «Փաստօրէն ամէն կարգի եւ բնոյթի «իշխանութիւններ»-ը ցարդ քայլ պահեցին տեղքայլին հետ. հրապարակ չեկան արմատական վերատեսութիւններու առաջադրանքով, այդ չէին կրնար եւ չեն կրնար ընել, քանի որ կը հպատակին իրենց շահախնդրութիւններուն: Եւ աւելի՛ն. իրաւ վերատեսութիւնները նաեւ կրնան ուղղուած ըլլալ իրենց դէմ, նոյնիսկ երբ կ՛ուզեն ներկայանալ «սրբապատկեր»-ի (իքոն) դէմքով: Վերատեսութեան համար, առաջին հերթին, անհրաժեշտ է սրբագրել անցեալի եւ ներկայի սրբապատկերները: Նոյնիսկ եթէ այդ ցաւ պիտի պատճառէ անհատներու, բայց պիտի ամոքէ հաւաքականութիւններու ցաւը»:

Կը կարծեմ, որ 2015-ի սահմանադրական փոփոխութիւններու կայացումը սկիզբն է այս «տեղքայլէն» դուրս գալու: Մարդկային, հայկական եւ բարոյական արժէքները պէտք է վերականգնին, եւ այդ դիտանկիւնէն ծրագրել ապագան:

Առաջնահերթութիւնը պէտք է ուղղուի «անհարկի հարստացման» եւ մենաշնորհներու դէմ օրէնսդրութեամբ` յետադարձ ուժականութեամբ: Փոքր եւ միջակ տնտեսութիւնները քաջալերել, հնարաւորութիւն տալով անհատական նախաձեռնութիւններու յաջողութեան առանց խոչընդոտի: Ժողովուրդը եւ կուսակցութիւնները աշխատանք ունին կատարելիք, վերատեսութեան ենթարկելու օրէնքներ եւ դրոյթներ, որոնք կ՛ամրապնդեն քաղաքացիին բոլոր իրաւունքները` ընկերային եւ տնտեսական բարենպաստ պայմաններ ստեղծելով` արժանապատիւ կերպով ապրելու արդարութեան հայրենիքին մէջ:

17 յունուար 2016

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>