Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Սուրիոյ Վերականգման Աշխատանքները Արդէն Սկսած Են, «Ազդակ»-ին Ըսաւ Լեւոն Զաքի Ետալեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

«Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Սուրիա-Հայաստան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանին հետ, որ անդրադարձաւ Սուրիոյ ներկայ վիճակին, տարուող վերականգման աշխատանքներուն եւ  Սուրիա-Հայաստան գործարար խորհուրդի գործունէութիւններուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Սուրիոյ ներկայ վիճակին մասին:

ԼԵՒՈՆ ԶԱՔԻ ԵՏԱԼԵԱՆ.- Տեսէք, Սուրիան երբեք պիտի չվերադառնայ իր նախկին վիճակին: Ասիկա չի նշանակեր, որ պայմանները աւելի գէշ պիտի ըլլան կամ աւելի լաւ, այլ Սուրիան այլեւս իր քաղաքական եւ տնտեսական  հին կառուցուածքը պիտի չունենայ: Կայ կարեւոր կէտ մը, որուն բոլորն ալ համաձայն են` Սուրիան չբաժնուի: Նոյնիսկ քիւրտերուն համար վնաս է, եթէ յայտարարեն իրենց ազատ երկիրը, որովհետեւ Թուրքիան թոյլ պիտի չտայ, որ կազմուի քրտական նոր պետութիւն մը: Ուրեմն քիւրտը զօրաւոր է Սուրիոյ ամբողջականութեան մէջ: Պիտի ստեղծուի նոր համակարգ մը, որպէսզի տարբեր փոքրամասնութիւններ ունենան իրենց ազատութիւնը,  մնան Սուրիոյ մէջ եւ չբաժնուին: Այս երեւոյթը դրական է: Եթէ հարցնէք, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի ձեւակերպուի Սուրիոյ նոր պետութիւնը. ըսենք, որ անիկա պիտի ըլլայ դաշնակցային. նախագահը եւ երեք նախարարութիւններ` արտաքին, ֆինանսաւորման եւ ռազմական  նախարարութիւնները պիտի մնան Դամասկոս մայրաքաղաքին մէջ, իսկ մնացած նահանգները (քաղաքները) իրենց կառավարութիւնները պիտի ունենան: Փոքրամասնութիւններուն համար այս երեւոյթը շատ դրական է:

Մենք` որպէս հայ ազգի զաւակներ, կրնանք մեր ազատ դպրոցները ունենալ, արդէն ազատ էինք, բայց այս ձեւով մեր իշխանութեան եւ ամբողջական տնօրինման տակ կ՛անցնին մեր բոլոր կառոյցները եւ հաստատութիւնները: Բոլոր փոքրամասնութիւններուն նոյն իրաւունքները պիտի տրուին, որպէսզի խտրութիւն չդրուի: Այս կէտին շուրջ մեծ պետութիւնները համաձայն են: Մանրամասնութիւններն են, որ հիմա կը մշակուին: Այս համակարգը յաջող է եւ առողջ, Միացեալ Նահանգներու համակարգին կը նմանի: Թերեւս ալ կոչուի Սուրիոյ Միացեալ Նահանգներ:  Այստեղ մենք որպէս հայեր կրնանք վերադառնալ եւ մեր ներդրումները ընել: Այս բոլորը ե՞րբ պիտի իրականութիւն դառնան. ուրեմն կ՛ակնկալուէր, որ «Ժընեւ ութ» ժողովի ընթացքին որոշումը տրուէր եւ յաջորդ 18 ամսուան ընթացքին սկսէր քայլ առ քայլ գործադրուիլ մինչեւ 2021` նախագահական նոր ընտրութիւնները: Բայց հիմա պիտի սկսին Սոչիի ժողովները, որովհետեւ Ռուսիոյ տրուեցաւ Սուրիոյ հարցին լուծումը: Մենք` ալ իբրեւ հայ ազգ, ներկայ պէտք է ըլլանք ժողովներուն` որոշելու համար մեզի վերաբերող մանրամասնութիւնները, թէ քանի՛ նախարար պէտք է ունենանք, քանի՛ երեսփոխան: Հին համակարգը առողջ համակարգ մը չէր: Մօտ անցեալին մենք` հայերս, երկու երեսփոխան ունէինք եւ մէկ նախարար: Ներկայիս ունինք երկու երեսփոխան: Յուսանք` նոր կառավարութեան մէջ ալ նոր նախարար կ՛ունենանք:

«Ա.».- Ներկայացուցէք սուրիահայերուն վիճակը այսօր յատկապէս Հալէպի մէջ:

Լ.Զ.Ե.- Վիճակը շատ հանդարտ է յատկապէս Հալէպի մէջ, Դամասկոս արդէն միշտ հանդարտ եղած է: Հալէպը, իբրեւ քաղաք, վարչականօրէն ազատագրուած է, ապահով է, բայց հակառակորդին հետ շփման գիծը շատ մօտ է: Այս երեւոյթն ալ պատերազմով պիտի չաւարտի, այլ` համաձայնութեամբ: Պատերազմական գործողութիւնները դադրած են, այո՛, բայց հակառակորդը տակաւին հոն է: Այսօր շատեր Հալէպ կը վերադառնան: Անհատապէս գիտեմ ընտանիքներ` Հայաստանէն, Լիբանանէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն վերադարձած են: Ասոնք երկու տարբեր խմբակներ են, մէկ խմբակը, որ մեծամասնութիւն է, եկած է, կ՛ուզէ նորոգել ու հաստատուիլ, իսկ միւս խմբակը կ՛ուզէ նորգել, վաճառել եւ վերադառնալ իր կայք հաստատած երկիրը: Կը քաջալերենք, որ փափաքողները վերադառնան: Չենք կրնար ընդհանուր ձեւով դատել եւ ըսել, որ բոլորը անպատճառ պէտք է վերադառանան, ամէն մէկ ընտանիք իր յատուկ պատճառը ունի վերադառանալու կամ ոչ: Միւս կողմէ` կը տեսնենք, որ վաճառականներ կը վերադառնան, որովհետեւ կը փափաքին Հալէպի մէջ աշխատիլ: Չենք կրնար ըսել` ի՛նչ է տոկոսը, բայց կրնանք վստահեցնել, որ վիճակը հանդարտ է, դպրոցները, եկեղեցիները եւ ազգային կառոյցները բոլորը կը գործեն:

«Ա.».- Որքանո՞վ կործանած է Սուրիա, եւ ե՞րբ պիտի սկսին վերականգնելու աշխատանքները:

Լ.Զ.Ե.- Կրնամ ըսել Սուրիոյ քաղաքներուն 70 առ հարիւրը կործանած է եւ` գետնին հաւասար: Դժբախտաբար կործանած մասերը պատմական թաղամասերն են. Հալէպի պարագային, 1500 տարուան շուկաները բոլորովին քանդուեցան, կարծես` ծրագիր կար, որ քաղաքներուն պատմական մասերը աւելի կործանին, քար-քարի վրայ չմնայ, որպէսզի կարենան քաղաքակրթութիւնը, անցեալի պատմութիւնը սրբել. երբ հին շէնքերը եւ վայրերը չունիս, բնական է, որ պատմութիւնն ալ պիտի չունենաս: Եթէ պարզ շէնքերը կործանէին, կը նորոգուէին աւելի արդիական ձեւով, բայց պատմական վայրերու կործանումը վերանորոգելը դիւրին հարց չէ:

Ինչ կը վերաբերի վերանորոգութեան ազգային գետնի վրայ կամ ընդհանուր Հալէպի քաղաքի նկատմամբ` չենք կրնար ըսել, որ բարերարներ պէտք ունինք. վերականգնելու գործը շատ աւելի մեծ գործ է, քան ինչ որ բարերար մը կամ միութիւններ կարենան ընել: Տեսէք` Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք Գերմանիա կործանեցաւ, երբ Եւրոպա ուզեց Գերմանիան վերականգնել, «Մարշալ» ծրագիրը յառաջացուց, եւ այսպէս` յաղթող բոլոր պետութիւնները հսկայական գումարներով մասնակցեցան Գերմանիան ոտքի կանգնեցնելու: Այս տեսակ շարժում մը պէտք է Սուրիան եւ յատկապէս Հալէպը վերականգնելու համար: ՄԱԿ-ի գրասենեակներէն տեղեկութիւն կայ, որ 930 միլիառ տոլարի կարիքը կայ, որ Սուրիան վերադառնայ ոչ թէ աւելի լաւ, այլ այն վիճակին, որ ունէր 2011-ին: Ասոր դրական մասը այն է, որ այդ գումարը կայ, այդ գումարին երկու անգամը գոյութիւն ունի, ատիկա Սուրիոյ ծովուն մէջի կազն է: Արդէն Ռուսիա սկսած է համաձայնութիւն մը գոյացնել Սուրիոյ հետ, որ այդ կազը օգտագործուի: Այդ կազը երկու թրիլիոնն տոլար կ՛արժէ, որուն շնորհիւ` աւելի բարգաւաճ Սուրիա մը կ՛ունենանք:

Ներկայիս շինարարութեան պետական բազմաթիւ ծրագիրներ կան, որոնցմէ մէկը «Ներդրումային ընդհանուր խորհուրդ»-ն է, որ ծրագիրներ ունի, թէ ի՛նչ բաներ կրնաս իրականացնել Սուրիոյ մէջ. սեղանին վրայ դրուած, սերտուած ու պատրաստ ծրագիրներ կան, ոեւէ մէկը կրնայ տեսնել եւ առնել, կան նաեւ պատրաստ տեսերիզներ, զորս կարելի է դիտել, սերտել, ընտրել եւ սկսիլ ծրագիրը իրականացնելու: Դրամական առումով, անշուշտ կառավարութիւնը պատրաստ չէ հիմա փոխատուութիւններ կատարելու, որովհետեւ պատերազմի մէջ է, բայց այս առնչութեամբ երկու համակարգ կը գործէ` Պի. Օ. Թի. համակարգը (պիլտ, օփիրէյթ, թրանֆըր), օրինակ մը տամ. սեպենք` պետութիւնը Լաթաքիոյ մէջ հողամաս մը կը տրամադրէ քեզի, եւ դուն ատոր վրայ կը շինես 5 աստղանի պանդոկ մը, ապա կառավարութեան հետ կը պայմանաւորուիս 50 տարի  օգտագործել ծրագիրդ, որուն հողին գինը չես վճարած, այլ միայն կառոյցը շինած ես, 50 տարի ետք կառավարութեան կը յանձնես կամ նոր պայմանագիրով մը կրկին կը վարձակալես` այս անգամ տալով հողին վարձքը: Ոեւէ գործարար, եթէ հետաքրքուած է, կրնայ գալ, սերտել եւ սկսիլ:

Մէկ այլ դրամական համակարգ կայ` Փի. Փի. Փի. (փապլիք, փրայվըթ, փարթնըրշիփ): Օրինակ` կառավարութիւնը ելեկտրականութեան աւերուած ընկերութեան մը վերաշինութեան չ՛ուզեր գումար յատկացնել, ուրեմն անհատները կը վերաշինեն այդ ընկերութիւնը եւ գանձումի պարագային, պետութեան հետ գործընկեր կ՛ըլլան:

Բոլոր վաճառականները եւ գործարարները այս երկու համակարգերէն պէտք է տեղեակ ըլլան: Մենք` որպէս Սուրիա-Հայաստան գործարար խորհուրդ, կրնանք օգտակար դառնալ բոլոր անոնց, որոնք կը հետաքրքրուին այս համակարգերով:

«Ա.».- Սուրիոյ տնտեսական վիճակը դէպի ո՞ւր կ՛երթայ եւ ե՞րբ կրնայ ոտքի կանգնիլ:

Լ.Զ.Ե.- Այսօր Սուրիոյ տնտեսական վիճակը դժուարութեան մէջ կը գտնուի, բայց ասոր հետ մէկտեղ` Սուրիա կրնայ արտադրել եւ արտահանել շատ մը արտադրութիւններ` երկրագործական, անասնաբուծական եւ արդիւնաբերական, Չինաստանէն եկած ապրանքներէն աւելի յարմար գիներով, որովհետեւ իր դրամը 10 անգամ ինկաւ, բայց ամէն բանի գինը 10 անգամ չաւելցաւ. այս տարբերութենէն օգտուողը վաճառականն է: Կան արտահանման ցանկեր, որոնք կը բաղկանան 199 կէտերէ. օրինակ` բոլոր պտուղները մէկ կէտով ներկայացուած են, ամէն տեսակի հագուելիքները` մէկ կէտ. հետեւաբար պատկերացուցէք, թէ որքա՜ն արտադրանք կրնայ Սուրիա արտահանել պատերազմական վիճակի մէջ ըլլալով: Անցեալ ամիս տոլարին դիմաց սուրիական դրամը զօրացաւ 20 առ հարիւր: Շատեր ուրախացան, բայց իբրեւ վաճառական սխալ կը տեսնեմ, որովհետեւ տեղական դրամի զօրութիւնը չէ, որ երկրին զօրութիւնը ցոյց կու տայ. շատ մը զօրաւոր երկիրներ իրենց դրամին արժէքը կ՛իջեցնեն, որպէսզի արտահանումը զօրանայ, երբ ապրանքը աժան կ՛ըլլայ, աւելի կ՛արտահանուի: 500 ոսկին տոլարին դիմաց, կը կարծեմ, հրաշք  է: Կարելի չէ համեմատել Սուրիոյ կործանումը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետ, հարիւր անգամ աւելի մեծ է Սուրիոյ կործանումը: Լիբանանի պատերազմէն առաջ տոլարը 3 լիբանանեան ոսկի էր, պատերազմին հասաւ 3000-ի եւ իջաւ 1500-ի, եթէ համեմատենք, Սուրիոյ պարագային, մէկ տոլարը պէտք է ըլլայ 30 հազար, ուրեմն մէկ տոլարը 500 սուրիական ոսկի` իրապէս հրաշք է. թէեւ պատերազմ է, բայց կրնանք ըսել, որ տնտեսական վիճակը կայուն է: Տակաւին ամէնէն աժան երկիրն է Միջին Արեւելքի մէջ ապրելու համար:

«Ա.».- Սուրիա-Հայաստան գործարար խորհուրդի նոր զարգացումներուն մասին խօսինք:

Լ.Զ.Ե.- Մեր ժողովները ընդհանրապէս Դամասկոսի մէջ կը գումարէինք, բայց վերջին ժողովը գումարեցինք Հալէպի մէջ, որպէսզի ցոյց տանք, որ խաղաղութիւնը հաստատուած է. այդ ժողովը հովանաւորեց Սուրիոյ տնտեսական նախարարութիւնը, ներկայ եղան Հալէպի նահանգապետը եւ 200 անձնաւորութիւններ` վաճառական եւ գործարար. ամէնէն կարեւոր կէտերէն մէկը, որ ժողովին որոշուեցաւ, Հայաստանի մէջ սուրիական արտադրութեան տեւական ցուցահանդէս մը կազմակերպելն էր: Սրահ մը վարձել եւ Սուրիա արտադրուած նմուշները տարին 365 օր ներկայացնել: Մենք մեծ ջանք կը թափենք, որ այս մէկը իրականութիւն դառնայ, մեզի համար այս ծրագիրը շատ կարեւոր է, որովհետեւ միայն Հայաստանը չէ, որ մեզ կը հետաքրքրէ, այլեւ ՕՐԱՍԻ-ն: ՕՐԱՍԻ-ն չորս պետութիւններէ բաղկացած միութիւն մըն է` Ռուսիա, Ղազախստան, Պիելոռուսիա, Հայաստան: Այս պետութիւններուն միջեւ մաքսային տուրքեր չկան, ապրանքները ազատօրէն կարելի է տեղափոխել: Այս երկիրներու ժողովուրդները կը հաշուեն 250 միլիոն, ուրեմն մենք կը խօսինք 250 միլիոն սպառողի մասին: Կ՛ուզենք, որ Սուրիա անդամ ըլլայ ՕՐԱՍԻ-ին:

Անցեալ ամիս Դամասկոս այցելեց Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը. իր պատուիրակութեան հետ այցելեցինք Սուրիոյ վարչապետին, տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներուն, «Ներդրումային ընդհանուր խորհուրդ»-ին, առեւտրական գրասենեակ: Հայաստանցիները շատ հետաքրքրուած էին, որ մասնակցին Սուրիոյ վերաշինութեան, բոլոր ժողովները ասոր վրայ կեդրոնացան: Անոնք առաջարկեցին վերանորոգել Փալմիրի հնութիւնները, ինչպէս նաեւ` կործանած հայկական բոլոր եկեղեցիներն ու դպրոցները:

Հայաստան-սփիւռք համահայկական ժողովին շատ յստակ ձեւով մատնանշեցի եւ գնահատեցի Հայաստանի ճկուն կեցուածքը եւ իր իմաստուն, հաւասարակշռուած յարաբերութիւնը Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ հետ, դիւրին բան չէ:

Երանի` Հայաստանի տնտեսական պայմանները այսպէս հաւասարակշռուած ըլլան. Հայաստանի մէջ եթէ քաղաքականութիւնը եւ տնտեսութիւնը իրարմէ չանջատուին, երկիրը յառաջ պիտի չերթայ, այնքան ատեն որ նախարարներ, երեսփոխաններ, կառավարական անձեր նոյն անձերն են, որոնք երկրի տնտեսութիւնը բռնած են, յառաջ չի կրնար երթալ երկիրը. սխալ չէ քաղաքական անձ մը տնտեսութիւն  վարէ, բայց մրցակցութիւնը պէտք է հաւասար ըլլայ: Պէտք է մարդիկ հաւասարապէս ներդրումներ ընեն, որ երկիրը աւելի զարգանայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles