Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Արհեստագիտական Նորանոր Նուաճումներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ֆէյսպուք Լրահոսին Մէջ Փոփոխութիւններու Մասին Յայտարարութիւնը «Արժած» Է 3 Միլիառ Տոլար

Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի լրահոսին մէջ  փոփոխութիւններու մասին յայտարարութիւնը ընկերային ցանցի հիմնադիր Մարք Զուքերպերկի «արժած» է մօտ 3 միլիառ տոլար:

Անցեալ ուրբաթ, Մարք Զուքերպերկ, երբ   յայտարարեց  ընկերային ցանցի լրահոսին մէջ առեւտրական գործարքներու, մակնիշներու եւ տեղեկատուական միջոցներու հրապարակումները քիչ երեւցող դարձնելու մասին, ընկերութեան արժեթուղթերուն արժէքը ինկաւ 3,9 առ հարիւր: Այդպիսով, Զուքերպերկի 77 միլիառ տոլար գնահատուող  հարստութիւնը նուազեցաւ 74,4 միլիառի:

Եթէ այս միտումը շարունակուի, Զուքերպերկ կը կորսնցնէ  աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոց ցուցակին մէջ չորրորդ դիրքը ` ատիկա զիջելով «Զարա»-ի սեփականատէր Ամանսիօ Օրտեկային:

Անցեալ շաբաթ հաղորդուած էր, որ Ֆէյսպուք պիտի փոխէ իր լրահոսի աշխատելու կառուցակազմը` քիչ երեւցող դարձնելով առեւտրական գործարքներու, մակնիշներու եւ տեղեկատուական միջոցներու հրապարակումները: Ընկերային ցանցի հիմնադիր Մարք Զուքերպերկ իր էջին մէջ յայտնած էր, որ փոխարէնը` կ՛ընդգծուի բովանդակութիւնը, որ անհատներու միջեւ հաղորդակցելու առիթ կը դառնայ ընկերային ցանցը օգտագործելով:

Փոփոխութիւնները տեղի կ՛ունենան յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

«Նման փոփոխութիւններ ներմուծելով` ես կ՛ակնկալեմ, որ մարդիկ աւելի քիչ ժամանակ կը սկսին անցընել «Ֆէյսպուք»-ի մէջ, կը նուազի կայքի այցելութիւններու համար առիթներու քանակը: Սակայն ես կ՛ակնկալեմ, որ ժամանակը, որ դուք կ՛անցընէք «Ֆէյսպուք«-ի մէջ, աւելի արժէքաւոր եւ օգտակար կը դառնայ», գրած էր Մարք Զուքերպերկ իր էջին մէջ:

Փայլաթիթեղէն (Foil) Երեխայ-Մարդամեքենային Ստիպած Են Սողալ Գորգի Վրայ Եւ Փոշի Շնչել

Գորգի վրայ սողացող երեխայի շնչառական գօտիին մէջ գտնուող կենսաբանական ծագման վտանգաւոր մանր մասնիկներու խտութիւնը մօտաւորապէս չորս անգամ աւելի շատ է, քան` չափահասի շնչառական գօտիինը: Այս եզրակացութեան եկած են  սողացող երեխայ-մարդամեքենային վրայ փորձեր կատարած գիտնականները:

Պրենտոն Պուրի գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներէն  եւ Ֆինլանտիայէն գիտնականներ չափած են, թէ որքա՛ն կենսաբանական ծագման վտանգավոր փոշի ստիպուած կ՛ըլլան շնչել գորգի մակերեսին վրայ շարժող երեխան եւ չափահասը:

Մետաղական փայլաթիթեղով ծածկուած մարդամեքենան սողացած է գորգին վրայ եւ ձեռքերով հարուածած է ատոր` օդ բարձրացնելով փոշիի մասնիկները: Պարզուած է, որ ե՛ւ սողալու ե՛ւ քալելու պարագային, գորգէն հաւասար քանակութեամբ փոշի կը բարձրանայ:

Կաճեթները Մարդոց Մասին Աւելին Պիտի Գիտնան, Քան` Ընտանիքի Անդամները

Չորս տարիէն անհատական փոքր սարքերը (gadget) պիտի կարդան մարդկային զգացումները եւ որոշեն ենթակային հոգեբանական վիճակը: Աստիճանաբար սարքերը կը կատարելագործուին այնքան, որ անոնք մարդկային զգացումները կրնան  աւելի լաւ ճանչնալ, քան` ընկերներն ու ընտանիքի անդամները, կը նախատեսեն «Կարթնըր»-ի վերլուծաբանները:

Սարքերը ոչ միայն տրամադրութիւնը պիտի ուսումնասիրեն, այլեւ պիտի յարմարին ատոր` իւրաքանչիւր մարդու համար անհատական մօտեցում ընտրելով:

Այս պայմաններուն մէջ արհեստական բանականութեան արհեսագիտութիւնները անհրաժեշտութիւն կը դառնան:

«Արտադրողները պէտք է իրենց բոլոր սարքերուն մէջ արհեստական բանականութիւն ներդնեն», ըսած է «Կարթնըր»-ի ուսումնասիրութիւններու ղեկավար Ռոպերթ Քոցը:

Հայաստանի Մէջ «Սիլիքոնեան Հովիտ»

«Հայկական պլոքչէյն համաժողով» (Armenian Blockchain Forum, ABF) ընկերութիւնը կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ ստեղծել ճարտարագիտական համալիր-համախմբում, որ կը դառնայ հայկական «Սիլիքոնեան Հովիտ»-ը: Ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ 20 դեկտեմբեր 2017-ին իր ներկայացուցիչները Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ կառավարութեան աշխատանքային խումբի անդամներուն ներկայացուցած են նախաձեռնութեան ծրագիրը:

Հայաստանի կառավարութեան եւ «Հայկական պլոքչէյն համաժողով»-ի միջեւ տեսակցութեան ընթացքին հաստատուած  է Հայաստանի մէջ ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման գաղափարը:

Նոր համալիրին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ  աշխարհի զանազան երկիրներէ բարձր ճարտարագիտական նախագիծերու  զարգացման համար Հայաստանի մէջ իւրայատուկ ենթակառոյցի կազմակերպումն ու կարգաւորումը:

Ստեղծման առաջին փուլով (նախատեսուած` 2018 թուականի  առաջին կիսամեակին) կը ծրագրուի միջազգային երագիչի (accelerator) բացումը, որ հարթակ կը դառնայ ամբողջ աշխարհէն նորարարական նախագիծներու գործարկման եւ զարգացման համար, նոյնպէս` Հայաստանի մէջ Ազատ տնտեսական գօտիի մէջ ճարտարագիտական տարածքներու եւ տուեալներու աղբիւրի ստեղծումը:

«Այս նախաձեռնութեան իրականացումը կը նպաստէ  Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութեան  զարգացման, երկիրը  կը վերածէ միջազգային ասպարէզի մէջ արհեստագիտական առաջնորդներէն մեկուն, կը ներգրաւէ ներդրումներ եւ կը ստեղծէ նոր աշխատատեղեր: Անշուշտ ասիկա լրացուցիչ խթան կը դառնայ երկրի տնտեսութեան զարգացման համար», նշեց Հայաստանի տնտեսական բարգաւաճման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը:

Շրջակայ միջավայրի պահպանման համակարգի ծիրին մէջ, նոյնպէս կը գործէ նոյնականացման կեդրոն, որուն նպատակը կ՛ըլլայ ազատ տնտեսական գօտիի մասնակիցներու` միջազգային կազմակերպութիւններու պահանջներուն համապատասխանութեան ապահովումը:

Բացի ատկէ, ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի յառաջատար համալսարաններու հետ կ՛իրականացուին կրթական եւ գիտահետազօտական միացեալ նախագիծներ:

Ըստ «Հայկական պլոքչէյն համաժողով»-ին,  շրջակայ միջավայրի պահպանման համակարգի առաջին տարուան գործունէութեան ընթացքին կը նախատեսուի ստեղծել 250-300 նոր բարձր վարձատրուող աշխատատեղեր, նոյնպէս` ներգրաւել առնուազն 120 միլիոն տոլարի ներդրում:

«Հայաստան ներկայիս ունի մարդկային, ուժանիւթային եւ արհեստագիտական բոլոր անհրաժեշտ աղբիւրները, որոնց պէտք է տալ զարգացման նոր կարելիութիւններ: Մենք կը հաւատանք, որ այսօր Հայաստանի մէջ կարելի է ստեղծել միջազգային փորձի եւ տեղական մտաւոր աղբիւրներու համագործակցութեան եւ համարկման հարթակ, որ կրնայ հիմք հանդիսանալ արհեստագիտական ասպարէզին մէջ նոր հետաքրքրական լուծումներ գտնելու եւ ներդնելու տնտեսութեան զանազան ասպարէզներ», ընդգծած է «Հայկական պլոքչէյն համաժողով» նախաձեռնութեան հեղինակ Իլիա Կոլտպերկը:

Համալիրի ստեղծման նախաձեռնութեան իրականացման համապարփակ հաշուապահական եւ խորհրդատուական աջակցութիւն կը տրամադրուէ KPMG միջազգային ընկերութիւնը: Կը նախատեսուի «Հայկական պլոքչէյն համաժողով»-ի ընկերութիւնները ազատ կացուցել յաւելեալ արժէքի հարկէն եւ շահուտուրքէն` «Հայկական պլոքչէյն համաժողով»  տարածք ապրանքներու մատակարարման եւ ծառայութիւններու մատուցման ժամանակ:

Ներկայիս աշխուժ աշխատանք կը տարուի ECOS աշխատանքային անունով ենթակառուցային հիմքի ստեղծման ուղղութեամբ: Ատոր ծիրին մէջ կը ստեղծուին անհրաժեշտ ծառայութիւններն ու շրջակայ միջավայրի պահպանման համակարգը:

«Մայքրոսոֆթ» Կը Պաշտպանէ «Սքայփ» Գործածողներու Նամակագրութիւնը

«Մայքրոսոֆթ» «Սքայփ» յաւելուածին մէջ նոր գործառոյթ կը փորձէ: Մշակողները «Սքայփ»-ը պաշտպանած են թափանցիկ ծածկագրման արհեստագիտութեամբ` օգտագործելով «Open Whisper Systems»-ի «Սայնըլ փրոթոգոլ» արձանագրութիւնը:

«Յատուկ զրոյցներ» անունով իր նորարարութեան մասին տեղեկատուութիւնը ընկերութիւնը հրապարակած է իր պլոկին մէջ:

Գործառոյթը արդէն հասանելի է այն գործածողներուն համար, որոնք տեղադրած են «Սքայփ ինսայտըր»-ի (8.13.76.8) տարբերակը «Ուինտոուզ», «Մեք», «Լինիւքս», «Անտրոյտ», կամ «իՕՍ» ծրագիրներ ունեցող սարքերուն մէջ:

Յաւելուածին մէջ ծածկագրուած կ՛ըլլան հաղորդագրութիւնները, պատկերները եւ ձայնային ֆայլերը, սակայն զանգերու բովանդակութիւնը բաց կ՛ըլլայ:

 Ծալուող Պաստառով «Կալաքսի Էքս» Սմարթֆոն

Հարաւային Քորէայի «Սամսոնկ» արհեստագիտական ընկերութիւնը Լաս Վեկասի մէջ ընթացող ցուցահանդէսին կայացուց փակ հանդիպում մը` ներկայացնելով ծալուող պաստառով սմարթֆոնի նախնական օրինակը:

«Կալաքսի Էքս» հեռաձայնը կ՛ունենայ 7,3 տրիւմնոց անկիւնագիծով ծալուող պաստառ:

Արտադրութիւնը պիտի սկսի այս տարուան նոյեմբերին, իսկ 2019 թուականին անիկա  պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի հանրութեան:

Իսկ մինչ այդ մասնագէտները «թեքնիք» շարք մը հարցեր պէտք է լուծեն: Օրինակ` ինչպէ՞ս ապահովել պաստառի ամրութիւնն ու միեւնոյն ատեն տարբեր կողմերով ծալուելու կարելիութիւնը:

 «Ճենըրըլ Մոթորզ»-ի Առանց Ղեկի Եւ Ոտնակներու Ինքնաշարժը

Ինքնաշարժներու «Ճենըրըլ մոթորզ» ամերիկեան ընկերութիւնը կը ծրագրէ մինչեւ 2019 թուական առանց ղեկի եւ ոտնակներու  ինքնաշարժ արտադրել: Այս մասին ըսուած է ընկերութեան պաշտօնական կայքին մէջ: Նոյնպէս կը նշուի, որ մտադիր են «Շեւրոլէ պոլտ ելեկտրամոպիլ»-ի հիման վրայ սկսիլ «Քրուզ» ինքնաշարժներու շարքի արտադրութիւնը:

«Ճենըրըլ մոթորզ»-ի նախագահ Տեն Ամման ըսաւ, որ ինքնաշարժին վրայ աշխատանքը տեւած է մէկուկէս տարի: Ըստ անոր,  ասիկա առաջին ինքնաշարժն է, որ սկիզբէն մշակուած է առանց վարելու տարրերու` ղեկի եւ ոտնակներու:

Ինքնաշարժին նախատիպը արդէն կը փորձուի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Սան Ֆրանսիսքօ եւ Արիզոնա նահանգի Ֆինիքս քաղաքներու փողոցներուն մէջ:

 Նոր Ժահրը Մանկական Յաւելուածներուն Մէջ Պոռնկագրական Ծանուցում Կը Ցուցադրէ

«Կուկըլ Փլէյ»-ի վիրչուըլ խանութին մէջ  յայտնաբերուած է շուրջ 60 բջիջային յաւելուածները եւ բացայայտ պոռնկագրութիւն  ցուցադրող ծանուցումները վարակած վնասակար ծածկագիրը:

Վարակուած ծրագիրներէն շատերը երեխաներու համար նախատեսուած են, եւ այդ ծրագիրներէն ոմանք ներբեռնուած եւ տեղադրուած են քանի մը հարիւր հազար անգամ:

«Կուկըլ» յայտարարած է, որ յաւելուածներու խանութէն արդէն հեռացուցած է բոլոր վնասուած ծրագիրները:

AdultSwine ժահրը յայտանբերած է վերլուծական ընկերութիւնը, թէ յայտարարած է, թէ ծրագիրները վարակած ժահրը օգտատէրեր կրցած են ներբեռնել առնուազն 3 միլիոն անգամ:

Արհեստական Բանականութիւնը Կարդալը Հասկնալու Մէջ Գերազանցած Է Մարդը

Չինական «Ալիպապա կրուփ»-ը մշակած է արհեստական բանականութեան տեսակ մը, որ մարդոցմէ աւելի լաւ հասկցած է կարդացած նիւթը:

Միացեալ Նահանգներու «Սթենֆորտ» համալսարանին կողմէ մշակուած ստուգումը մեքենային` կարդացածը հասկնալու ունակութեան գնահատման ամէնէն հեղինակաւոր ձեւերէն մէկն է: Անիկա կը ներառէ աւելի քան 100 հազար հարցումներ, որոնք  հիմնուած են «Ուիքիփետիա» առցանց հանրագիտարանի 500 յօդուածի վրայ: Ստուգումը կ՛օգնէ պարզելու` արդեօ՞ք մեքենաները կրնան մեծաքանակ տեղեկատուութիւն մշակել եւ ճշգրիտ պատասխաններ տալ տրուած հարցումներուն:

Ըստ հետազօտութեան արդիւնքներուն,  արհեստական բանականութեան նիշը եղած է  82,4 կէտ, իսկ անոր հետ մրցող մարդոցը` 82,3:

«Ալիպապա կրուփ»-ը նշած է, որ ասիկա առաջին դէպքն է, երբ մեքենան կրցած է գերազանցել մարդը նման փորձի մը մէջ:

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Էն+1», Պի. Պի. Սի», «Հայթեք», «Պլումպըրկ»

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles