Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրատարակչատունը վերահրատարակեց «Արեւագալի եւ հսկումի երգեր» հատորը` հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ աշխատասիրութեամբ Օշական արք. Չօլոյեանին:
Սոյն նոթագրեալ շարականներու գործը ուղեցոյց մըն է Մեծ պահոց քառասնօրեայ շրջանին շարականներու ու երգերու երգեցողութեան: Գիրքը բաժնուած է երկու մասերու` արեւագալի երգեր, որոնք ձայնագրուած են Լեւոն Չիլինկիրեանին կողմէ եւ կ՛ընդգրկեն` «Յարեւելից», «Ճգնաւորք», «Լոյս, Արարիչ լուսոյ» եւ «Ճանապարհ» երգերը` իրենց յորդորակներով, եւ հսկումի շարականներ, որոնք կ՛ընդգրկեն` «Շնորհեա՛ մեզ, Տէ՛ր», «Նայեաց սիրով», «Ի քէն հայցեմք», «Ընկալ քաղցրութեամբ» եւ «Աղերս առ Տիրամայր Աստուածածին» երգերը:
Յայտնենք, որ սոյն հատորին մէջ նկատի առնուած են նաեւ միջինքէն ետք երգուելիք ստեղիները` «Երկնաւոր հօտ», «Երկնաւոր փեսայ», «Սրբուհի Մարիամ», «Առաքեալք Աստուծոյ» եւ «Պարունակեալ պահէին»:
Նշենք, որ շարականներուն ձայնագրութիւնը հիմնականօրէն կատարուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայր տաճարի եկեղեցական երաժշտութեան աւանդութեամբ:
Նոթագրեալ շարականներուն համակարգչային աշխատանքը կատարած է Սարգիս սրկ. Յովհաննէսեանը: Սոյն հատորը վերահրատարակուած է ի յիշատակ Անդրանիկ եւ տիրամայր Մարի Չօլոյեաններուն: