ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ
Աստուածները միանալով, համադրաբար`
Ներդաշնակութիւն, կատարելագործութիւն,
Ծնունդ տուին անոր:
Ան` ձմրան ամպերէն մութ,
Բարձր, ինչպէս ձիգ լեռներ,
Զօրեղ, ինչպէս կոփուած ժայռերը:
Շուարած, անոր սիրոյն ուժգնութեամբ
Խոչընդոտներու դէմ պայքարեցայ…
Հասայ ճակատին…
Ուզեցի ողջագուրել զայն…
Ամբողջութիւնս վերածուեցաւ
Համբոյրի մը տօթակէզ…
Որ ջերմութեամբ
Արթնցուց զիս երազէս:
2017