Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը Թրքութեան Գաղափարախօս, Ցեղապաշտութեան Եւ Ազգայնամոլութեան Մարմնացում

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզ

Թուրանական գործիչ, թրքութեան գաղափարախօս, քարոզիչ, ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան մարմնացում Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը (ծնած է 12 յունուար 1905, Քատըքէօյ, Կ. Պոլիս. մահացած է 11 դեկտեմբեր 1975 թուականին, Կ. Պոլիս) եղած է գրող, բանաստեղծ, մտաւորական, հրապարակագիր եւ ուսուցիչ:

Աթսըզը հիմնական կրթութիւնը ստացած է Քատըքէօյի նախ ֆրանսական, ապա գերմանական, յետոյ` արաբական վարժարաններուն մէջ. անկէ ետք մուտք գործած է ռազմական բժշկութեան հիմնարկ: Տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու:

Նիհալ Աթսըզը մանկութեան ականատես եղած է Օսմանեան կայսրութեան վերջին քանի մը տարիներուն, իսկ յետոյ` Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին տարիներուն: Աթսըզը հետզհետէ վերելք ապրող եւ հող գտած թուրք ազգայնականութեան ազդեցութեան տակ եղած է եւ դարձած` այդ շարժման ուժեղ կողմնակիցը: Աթսըզը ինքզինք տեւական ներկայացուցած է իբրեւ թուրքիստ, ազգայնական եւ թուրանական:

Այդ ժամանակաշրջանին է, որ Աթսըզը սկսած է մնալ թրքութեան գաղափարներու ազդեցութեան տակ: Աթսըզը երրորդ դասարանի աշակերտ եղած շրջանին, Զիյա Կէօքալփի յուղարկաւորութեան գիշերը, թրքութեան գաղափարներուն հակառակող ուսանողներու հետ կռուած է, ապա ծագումով արաբ, պաղտատցի Մեսուտ Սիւրէյեա անունով սպայի մը բարեւ չտալու անկարգապահ վերաբերմունքին պատճառով 4 մարտ 1925 թուականին կը հեռացուի ռազմական բժշկութեան հիմնարկէն:

Այս խնդիրէն ետք, երեք ամիս կը նշանակուի Քապաթաշ արական ճեմարանին մէջ օգնական ուսուցիչ: Իսկ աւելի ուշ կ՛աշխատի նաւու մը վրայ` իբրեւ քարտուղար:

1931 թուականէն ետք թրքութեան ծնունդի եւ տարածումի «տաճար» կոչուած «թուրք օճաղը»-ները եւ «թուրք եուրտու»-ները փակուելէն ետք, թրքապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան մարմնացումը հանդիսացած Աթսըզն էր, որ իր իսկ թրքութեան հրատարակութիւններով կը խրախուսէ թուրք երիտասարդութիւնը` դէպի ազգայնամոլութիւն եւ ցեղապաշտութիւն: Աթսըզը Թուրքիոյ եւ թրքութեան դաւաճանողները զգուշացուցած է, որ` «եթէ Աստուծոյ զայրոյթը այդպիսիներուն վրայ չիջնէ, անոնց վրայ պիտի իջնէ աւելի ահաւոր թուրքի շանթը»:

Հիւսէյն Աթսըզ «Թուրք» (Türk), «թրքութիւն» (Türkçülük), «թուրք հայրենիք» (Türk Ülküsü), «իտէալիզմ» (Ülkücülük), «ազգայնականութիւն» (Milliyetçilik) բառերը պարզ բառեր ըլլալէ դադրեցուց եւ վերածեց քաղաքական բնոյթի ու գաղափարախօսութիւններու:

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը կարելի եղած չափով մօտեցած է զուտ թրքերէնի, պարզ եւ ուժեղ լեզուով երգած է ցեղին անցեալի մեծութիւնը, հեռաւոր հայրենիքն ու գալիք փառքը: Ոգեւորութեամբ գովաբանած է Թուրանը, փառաբանած է վերացական հայրենիքը, թուրանեան անցեալի մեծ դէմքերը` Աթթիլաները, Ալփարսլանները, Տուղրիլները, Թիմուրլենկներն ու Ճենկիզ Խաները: Աթսըզը ազգայնամոլական գրութիւններով, յատկապէս մամուլի ճամբով մեծ դերակատարութիւն ունեցած է թրքութեան գաղափարախօսութիւնը տարածելու մէջ:

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի զանազան ստորագրութիւններն են` Աթսըզ (Atsiz), Հ. Նիհալ (H. Nihal: Hüseyin Nihal` Հիւսէյն Նիհալ), Նիհալ Աթսըզ (Nihal Atsiz), Չիֆթչիօղլու (Çiftçioğlü), Չիֆթչիօղլու Հ. Նիհալ (Çiftçioğlü H. Nihal), Հ. Չիֆթչիօղլու (H. Çiftçioğlü: Hüseyin Çiftçioğlü ` Հիւսէյն Չիֆթչիօղլու): Իսկ ծածկանուններն են` Ե. Տ. (Y.D.), Թ. Պայընտըրլը (T. Bayindirli), Սելիմ Փուսաթ (Selim Pusat), Սուրուրի Էրմեթէ (Sururi Ermete), Պոզքուրթ (Bozkurt), Ատսըզ Տերկի (Adsiz Dergi) եւ «Ռուհ Ատամ» («Ruh Adam» «Հոգիէ մարդը»):

Աթսըզ եղած է «Իւլքիւճիւ» (գաղափարապաշտ) շարժումի ռահվիրայ ու ոգեշնչող ուժը: «Իւլքիւճիւներ»-ու (գաղափարապաշտներու) շարժումը հիմնաւորուած է «ազգի միասնականութիւնը եւ հայրենիքի ամբողջականութիւնը» պահպանելու համար մղուող պայքարին վրայ: Անոնց տեսակէտով, «Ով որ այս գործը կը խանգարէ կամ այդ շարժման մէջ կասկածելի կը նկատուի, պէտք է անոր դէմ պայքարիլ»: Այդ ժամանակաշրջանին «իւլքիւճիւներ»-ը իրենք զիրենք կը կոչէին «ազգային-գաղափարապաշտներ»:

Աթսըզի նշանաւոր քաղաքականացուած «Ստորաքարշութեան գիշերը» («Տալքաւուքլար կեճեսի», «Dalkavuklar Gecesi») գրքոյկը, 26 մայիս 1941 թուականին հրատարակուած եւ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ գրախանութներէ հաւաքուած է:

«Տալքաւուքլար կեճեսի» աշխատութիւնը պատմական գաղտնապատմութիւն եւ քեմալականութեան քննադատութիւն է: Ան կը պատմէ քաղաքական փտածութեան պատմութիւնը: Դէպի անարդարութիւններու եւ կամայականութեան 1930-ական թուականներու սկիզբը` Աթաթուրքի իշխանութիւնը: Օրուան թրքական քաղաքական գործիչները հոն յիշատակուած են ոչ իսկական անուններով:

Աթսըզ Ատրիանապոլիս (այժմ` Էտիրնէ) եղած ընթացքին «օրհ(ք)ուն» («Orh(k)un») հանդէսը կը հրատարակէ եւ իր «թրքութեան իտէալները»-ու հասկացողութիւնները անոր միջոցով կը տարածէ: Սակայն 9-րդ թիւին մէջ հրատարակուած յօդուածի մը պատճառով կը փակուի հանդէսը, եւ Աթսըզ կը կանչուի հարցաքննութեան: Հետագային իր թունդ թրքութեան գրութիւններով եւ ձախակողմեաններու դէմ մտածումները արտայայտելու պատճառով կը ձերբակալուի 22 ընկերներով միասին` «կառավարութեան դէմ յեղաշրջում փորձելու» յանցանքով:

Դուրսի աշխարհը «Իւլքիւճիւ» շարժումին մասին առաջին անգամ 1944 թուականի մայիս 3-ին կը տեղեկանայ: Այդ օրը դատական ընթացք կը սկսի թուրք ազգայնականներու եւ համաթուրանականներու, այսինքն` «Մեծ երազ»` «Մեծն Թուրան» գաղափարի համակրողներու դէմ: Այս դատավարութիւնը կը կոչուի «Ցեղապաշտութեան-թուրանականութեան դատավարութիւն» անունով: Անիկա 1944 մայիս 3-ի տարեդարձն է, երբ 23 համաթրքականներ, Աթսըզի գլխաւորութեամբ, դատի կանչուեցան. 7 սեպտեմբեր 1944 թուականէն մինչեւ 29 մարտ 1945 ժամանակահատուածին մէջ, ընդհանուր` 65 նիստերու ընթացքին, 23 թուրքիստներ ցեղապաշտ-թուրանական յանցանքով դատապարտուեցան: Հետեւաբար թրքական քաղաքականութեան մէջ առաջ եկած այս գործընթացին անունն է` «Ցեղապաշտութեան-թուրանականութեան դատավարութիւն»:

Դատուողներու պարագլուխն էր շարժումի ոգին, ներշնչողն ու ղեկավարը` Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը: Անոնք կը մեղադրուէին ապօրինի կազմակերպութեան ստեղծմամբ, որ նպատակ ունէր կառավարութիւնը տապալել, ինչպէս նաեւ` պետութեան դէմ գրգռութիւն յառաջացնել ու ցեղապաշտութիւնը տարածել:

Դատավարութիւնը աննկատ չանցաւ: Վերոնշեալ օրը, Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի եւ անոր գաղափարակից Սապահէտտին Ալիի դատավարութիւնէն ետք, Անգարայի մէջ հազարաւոր համակրողներ բողոքի ցոյց կատարեցին իրենց ղեկավարներու դատուելուն դէմ: Այս ցոյցը կոչուեցաւ «Անգարայի ցոյցը» անունով:

Վերոնշեալ ցոյցը առաջին անգամ յիշատակուեցաւ 3 մայիս 1945 թուականին, Թոփհանէ զինուորական բանտին մէջ` Նիհալ Աթսըզի, Զեքի Վելիտի Թոկանի, Նեճտեթ Սանչար եւ Ռեհա Օղուզի հետ միասին տասը բանտարկեալներու կողմէ:

Հետագայ տարիներուն վերոնշեալ դէպքին յիշատակման համար շարունակուող տարեդարձները կոչուեցան «Թրքութեան օր» (Türkçülük Günü) անունով:

Այնուհետեւ, «Գորշ գայլ»-երը մայիս 3-ը մինչեւ օրս կը շարունակեն տօնել իբրեւ համաթուրանականութեան, «Մեծն Թուրան»-ի գաղափարի օր: Մայիս 3-ը անոնք կը տօնեն իրենց այն նպատակի վերահաստատման համար, որ Թուրքիան վերջնականապէս դարձնեն գերուժ մը եւ նոյնիսկ` աշխարհի միակ տէրութիւնը:

Հետեւաբար համաթրքութեան շարժումը վերապրեցաւ ժամանակաւորապէս, մանաւանդ` Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, քառասունական թուականներու սկիզբը, Խորհրդային Միութեան դէմ գերմանական յաղթանակներէն ետք: Թուրքիա դեռ Հիթլերի ծնելէն առաջ ցեղապաշտ էր արդէն, վկա՛յ` իր նախահայրերը, վկա՛յ` «Իթթիհատ»-ը գործի գլուխ գալէն ետք, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս` փոխարինելով նախկին համաիսլամականութիւնը իր համաթուրանականութեամբ: Թուրք պետութեան այս ազգայնամոլական եւ ցեղապաշտական քաղաքականութեան պատճառով թշնամական տրամադրութիւնները կը յամենան, առաւել եւս կը խորանան ի վնաս նախ հայութեան, ապա` ոչ թուրք ժողովուրդներուն: Մուսթաֆա Քեմալի մահէն ետք համաթրքական հրատարակութիւնները աւելցան, հակառակ անոր որ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրեց կառավարութեան համաթրքականութեան դէմ քաղաքականութիւնը: Իրենց գաղափարական վէճը Մուսթաֆա Քեմալի թրքական ազգայնականութիւնն էր:

Նացիներու քարոզչութեան քաջալերանքով եւ ֆինանսաւորումով համաթուրքիստները անյաջող ձեւով փորձեցին համոզել թրքական կառավարութիւնը` պատերազմի մէջ մտնել Խորհրդային Միութեան դէմ, իրենց լրատուական միջոցներով, յատկապէս մամուլով, ցոյցերով եւ այլն` ղեկավարութեամբ Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի եւ անոր եղբայր Ահմեթ Նեճտեթ Սանչարի: Ասոնք ձախողութեան մատնուեցան, սակայն պատերազմի աւարտէն ետք համաթրքութիւնը սկսաւ աւելի ժողովրդական ըլլալ եւ մտաւ քաղաքական կեանք:

Շատ մը փաստացի տուեալներու ընդմէջէն ակնյայտ կը դառնայ, որ համաթրքութեան, սիոնականութեան եւ նացիականութեան միջեւ կան նմանութիւններ եւ զուգահեռներ, անոնց ծագումէն մինչեւ այսօր: Հոն երեւան կու գայ, որ ցեղասպանութիւնը, իբրեւ գաղափար եւ ընթացք, արարք է` սիոնականութեան, նացիականութեան եւ համաթրքութեան համար ընդունուած գործելաոճ է:

Աթսըզը 1947 թուականի ապրիլէն մինչեւ 1949 թուականի յուլիսը անգործ մնացած է: Շրջան մը Աթսըզը աշխատած է «Թուրքիէ» հրատարակչատան մէջ: Ռուս-թուրք պատերազմի ամփոփում համարուող «Թուրքիա երբեք չի խոնարհիր» անունով գիրքը ստիպուած եղած է Սուրէյեա Էրմեթէ անձի մը անունով հրատարակել:

Աթսըզը 25 յուլիս 1949 թուականին կը նշանակուի «Սուլէյմանիէ» գրադարանի իբրեւ «փորձագէտ» պաշտօնեայ:

Այնուհետեւ, Թուրքիոյ մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան իշխանութեան գլուխ գալով` Աթսըզը 21 սեպտեմբեր 1950 թուականին  Հայտարփաշա Բարձրագոյն վարժարանի գրականութեան դասատու կը նշանակուի:

Թրքութեան ռահվիրայ Աթսըզը, թուրանական շրջանակին կողմէ կը նկատուի մեծ թրքագէտ: Ըստ այդ շրջանակներուն, Աթսըզը թրքերէն լեզուին, պատմութեան եւ գրականութեան շատ լաւ գիտակ է, յատկապէս Կէօքթիւրք բնագաւառին մէջ մասնագիտացած է: Աթսըզը եղած է նաեւ յայտնի վիպասան եւ բանաստեղծ:

4 մայիս 1952 թուականին Աթսըզը Անգարայի «Աթաթուրք» ճեմարանին մէջ ներկայացուցած «Թուրքիոյ ազատութիւնը» դասախօսութիւնը պատճառ դարձաւ, որ «Ճումհուրիյէթ» թերթը անոր հասցէին լուրեր հրապարակէ: Նախարարութեան կողմէ հարցաքննութիւնը Աթսըզի ելոյթին գիտական ըլլալը հաստատած է: Այնուհետեւ, Աթսըզը 13 մայիս 1952 թուականին կրկին նշանակուած է Հայտարփաշա ճեմարանի գրականութեան «ժամանակաւոր» ուսուցիչ եւ «Սուլէյմանիէ» գրադարանի պաշտօնեայ:

Աթսըզը, 1950-1952 թուականներուն հրատարակուած «Օրքուն» շաբաթաթերթի խմբագիրն է: Ան 1962 թուականին հիմնադրուած Թրքութեան միութեան նախագահութիւնը ստանձնած է: 1964-էն մինչեւ իր մահը ան հրապարակեց «Էօթիւքեն» («Ötüken») ամսաթերթը:

Թուրքիոյ օրուան նախագահ Ճեւտեթ Սունաը դէպի  Այնթապ ճանապարհին վրայ բանուորէ մը լսած է հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Կառավարիչները արաբներուն հող կու տան, իսկ թուրքերուս` ո՛չ»: Սունայ բանուորին հակադարձած է` ըսելով. «Իւրաքանչիւր անձ, որ Թուրքիոյ հողատարածքին վրայ կ՛ապրի, թուրք է»: Աթսըզը, վերոնշեալ դէպքին առիթով «Էօթիւքեն» ամսաթերթի ապրիլ 1967 թուականի թիւ 40-էն սկսեալ հրապարակած է «Խօսակցութիւններ 1» (Konusmalar, I: Թիւ 40), «Խօսակցութիւններ 2» (Konuşmalar, II: Թիւ 41), «Խօսակցութիւններ  3» (Konuşmalar, III: Թիւ 43), «Անկախ քիւրտ պետութեան քարոզչութիւնը» (Bağimsiz Kürt Devleti Propagandasi: Թիւ 43), «Արեւլքի միթինկներուն քուլիսներու ետին» (Doğu Mitinglerinde Perde Arkasi: Թիւ 47) եւ «Վաճառուածները-Մոսկուայի ծառաները» (Satilmişlar-Moskof Uşaklari: Թիւ 48) վերնագիրներով յօդուածաշարքը:

Աթսըզի ցեղապաշտական եւ մոլեռանդ ազգայնամոլական գաղափարներ բուրող վերոնշեալ յօդուածներուն պատճառով Անգարայի փողոցներուն մէջ բողոք-ցոյցեր տեղի կ՛ունենան:

Օրին Աթսըզի ունեցած թրքութեան գաղափարներուն համար դատարան հետաքննութիւն բացուած է եւ տեւած` վեց տարի:

Անոր հիման վրայ «Էօթիւքեն»-ի տէր Նիհալ Աթսըզը եւ ամսագրի պատասխանատու խմբագիր Մուսթաֆա Քայապեքը, դատական կարգ մը խոչընդոտներէ ետք, 15-ական ամիս բանտարկութեան կը դատապարտուին: Աթսըզը, հիւանդութեան պատճառով եւ զանազան կողմերու միջամտութեամբ, օրուան նախագահ Ֆահրի Քորութուրքի կողմէ ներման կ՛արժանանայ:

Հետեւաբար, Աթսըզը, 1,5 տարուան բանտարկութեան փոխարէն, 2,5 ամիսով կ՛աւարտէ բանտարկութիւնը:

(Շար. 1)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>