Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ընդհանրապէս տօնական օրերը մենք մեզ վերանայելու, սրբագրելու, ծրագրելու, աւելի լաւին ձգտելու օրեր են:
Կայ մարդ, որ ինքնիրեն սիրահարած է եւ ամէն բան լաւ տեսնելու, ամէն բան ճիշդ տեսնելու միտում ունի: Ամէն բան վարդագոյն տեսնելու խաբկանքով կ՛ապրի: Շուրջը անապա՞տ է, թէ՞ ոչ, զինք սիրողներուն թիւը պակսա՞ծ է, թէ՞ ոչ, աշխարհը քանդուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, ծրագիրները եսակեդրոն, անձնակեդրո՞ն են, թէ՞ ոչ, կարեւոր չէ:
Ամէն բան լաւ է ըսելէն` տեղ մը ինքն ալ սկսած է հաւատալ, որ ամէն բան լաւ է:
Օրինակները շատ են մեր շուրջը` դուրսի աշխարհէն մինչեւ մեր սիրելի հայրենիքին մէջ:
Ո՛չ, ամէն բան լաւ չէ: Սակայն ուշ չէ լաւ ընելու: Ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ, եթէ մարդ անկեղծանայ ինքնիրեն հետ: Ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ, եթէ հաւաքող ըլլայ: Ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ, եթէ կարողականութիւնները համախմբուին: Ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ, եթէ հանդուրժողականութիւն տիրէ: Հեռացնելէն, նեղացնելէն, բամբասանքէն, հալածանքէն, ազատ խօսքի զրկումէն, հսկուած գրիչէն կը պարպուին ընկերութիւնները: Տեղ մը մարդ կը սկսի առանձին զգալ: Տեղ մը ամէն մարդ ալ գիտէ, որ եթէ միասնական ուժերը չլարուին, չեն լուծուիր ծառացած հարցերը:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ կացութիւնը: Երիտասարդները խրտչա՞ծ պիտի մնան, մտաւորականները` լուսարձակներէ հեռո՞ւ, աժան քարոզչութիւնը թող գինովցնէ՞ ընկերութիւնները, եւ ամէն բան լա՞ւ նկատուի:
Ո՛չ, ամէն բան լաւ չէ, բայց Ս. Ծնունդին առիթով պէտք է յուսալ եւ ըսել, որ ուշ չէ, կարելի է ամէն բան լաւ ընել: