Հարցազրոյց վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Վերջերս Լիբանան կը գտնուէր հանրածանօթ երգիչ Գէորգ Հաճեանը: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ` իմանալու անոր յաջողութիւններուն եւ արձանագրած ձեռքբերումներուն մասին:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք ձեր յաջողութիւններուն մասին:
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- Վերջին երեք-չորս տարիներուն յատկանշական է իմ հանդիսատեսի կամ ունկնդիրի այն տեսակը, որ կը կոչուի հայոց զօրք-բանակ: Յաճախ կը գտնուիմ զօրամասերու մէջ եւ կը կանգնիմ հայ զինուորին կողքին մշակութային զէնքովս եւ նոր լիցք, նոր աւիւն ստացած` կը վերադառնամ տուն: Յաջողութիւններու երկրորդ փուլս նոր երգերու ստեղծումն է, որ բաւական երկար ճամբայ կտրած է. երկու կամ երեք տարբեր խումբերու կարելի է բաժնել զայն, մէկը` արեւմտահայ կարգ մը նահատակ բանաստեղծներու գործերը երգի վերածելով 100-ամեակի իմ բարոյական պարտաւորութիւնս կատարեցի: Ցեղասպանութիւնը նաեւ մշակութային էր, մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու կողքին, մենք հսկայական մշակոյթի կորուստ ունեցանք` դպրոցներ, շէնքեր, եկեղեցիներ, վանքեր, բերդաքաղաքներ: Տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեւոր մշակոյթի հսկայական կոտորածը, որ գրականութիւնն է: Կոմիտասէն մեզի կրնային հասնիլ հազարաւոր ժողովրդային երգեր, եթէ տեղի չունենար Ցեղասպանութիւնը: Այս իմաստով, կատարուած նախաձեռնութիւնը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ Երեւանի մէջ. Դանիէլ Երաժիշտին հետ համագործակցելով` բանաստեղծութիւնները ընտրեցինք եւ երգի վերածեցինք: Երկրորդ խումբը նոր ձայնասկաւառակի մը ստեղծումն է, որ շուտով կեանքի կը կոչուի:Աւարտած են ձայնագրութիւները, վերջնական աշխատանքները կը կատարուին, մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ: Ամէն մէկ յաջողութիւն մարտահրաւէր է ինծի համար: Մարդու կողմէ առնուած իւրաքանչիւր քայլ պէտք է միշտ նպատակային ըլլայ, եւ այդ նպատակին հասնելու համար քայլերդ պէտք է առնես հաստատ համոզումով` հաւատալով քու ներքին ապրումներուդ:
Այս երգափունջը նուիրուած է ե՛ւ նահատակ հերոսներուն, ե՛ւ դէպքերուն, այնպէս որ, ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, որ Աստուած տուաւ առողջութիւն եւ կարողութիւնը, որ այդ քայլը առնեմ:
Ապրիլեան թէժ կռիւներու ժամանակաշրջանին մենք ունեցանք մեծ թիւով նահատակներ.հայու միտքը չէր կրնար չըմբոստանալ, չէր կրնար չընդվզիլ այդքան նահատակներու դիմաց: Սամուէլ Թադէոսեան մեր բեմադրիչ ընկերը յղացաւ բանաստեղծութիւն մը` կոչելով զայն «Յարատեւ կռիւ», իսկ Սամուէլ Գաքսեան երգահանը երգի վերածեց զայն, եւ յարմար նկատուեցաւ, որ առաջին կատարողը ես ըլլամ: Այս պարտաւորեցնող տրամադրութիւնը շատ ճնշիչ էր, որովհետեւ նահատակութիւն, յարատեւ կռիւ, պաքար, յաղթանակ, յոյս, հաւատք, արժանապատուութիւն` այս բոլոր զգացումները պէտք էր համախմբէի, որպէսզի այդ երգը իր բովանդակութեամբ, իր շեշտադրումներով կարենայի արտայայտել, որպէսզի իւրաքանչիւր հայու սրտին համար դառնար բազկերարկի մէկ զարկ, կենսատու բաբախում: Հետեւաբար մինչեւ վերջնականօրէն զայն ձայնագրելը` բաւական մտորումներով մօտեցայ երգին, որովհետեւ ճակատագրական էր, կ՛երգես ճակատագրական պահուան մը հետ կապ ունեցող երգ մը, որովհետեւ իւրաքանչիւր կռիւ ինքը ճակատագիր է, մահու կենաց հարց է: Ըսեմ նաեւ, որ «Յարատեւ կռիւ»-ը տեսավաւերագրական ժապաւէնի վերածուեցաւ Սամուէլ Թադէոսեանին կողմէ: Առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ 6 սեպտեմբերին, «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ: (https://www.youtube.com/watch?v=zss3VgZ8y2E)
Ըսեմ նաեւ, որ ունիմ մեծ թիւով շրջագայութիւններ, համերգային հրաւէրներ, որոնց համար շատ ուրախ եմ:
«Ա.».- Խօսինք ձեր զգացումներուն մասին, երբ կը կանգնինք սահմանագիծին հայ զինուորի կողքին:
Հ.- Երկու ճնշիչ գաղափար միշտ կ’ուղեկցի ինծի: Սահմանագիծը այն կարմիր թելով սահմանն է, ուր մեր արծիւի եւ առիւծի պէս երիտասարդները միշտ արթուն կը հսկեն:
Սահմանին վրայ զինուորը միայն փամփուշտի կարիք չունի, զինուորին համար ամէնէն կարեւորը ապահով եւ պաշտպանուած զգալն է. զինուորը կը սպասէ քաղաքայիններուս աջակցութիւնը` տարբեր մակարդակներով, արուեստագէտը զինուորին կողքին կանգնելով, երիտասարդները, դպրոցական աշակերտները իրենց ուսուցիչներով, տնօրէններով այցելութիւններ կատարելով, գործարար մարդիկ իրենց բարերարութիւններով, քաղաքական գործիչներ իրենց ազգային նպատակներով, քաղաքական տեսլականներով. զինուորը պէտք է զգայ, որ ինք առանձին չէ սահմանին վրայ:
Երբ ես խրամատի մէջ կ’երգեմ, բնական է, որ զինուորը լարուածութեան մէջ ըլլայ: Պատահած է` երբ գիշերով խրամատի մէջ երգած եմ, թշնամիին կողմէ ծափահարութիւններ լսած ենք: Այս ամէնէն յուզիչ պահն է, երբ կը տեսնես, թէ մշակոյթը եւ հոգեւոր արժէքները ինչպէ՛ս կրնան թշնամիին վրայ ազդել: Ուր է` 500 հոգինոց դահլիճի մէջ գտնուիս, ամէն երգէ ետք ծափահարեն, եւ ուր է, որ երգես խրամատին մէջ, 4 զինուորի հետ, դուն եւ երկինքը, դուն եւ ինքնապաշտպանութեան բարձր տրամադրութիւնը. անբացարտելի է, արդէն կը սկսի մտերմութիւն եւ ընկերութիւն զինուորներուն հետ: Մեծ պատիւ է բանակի եւ խրամատի զինուորներուն հետ շփում ունենալ, որովհետեւ եթէ կ՛ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը անգամ մը չափել, պէտք է երթալ եւ հայ զինուորին կողքին կենալ:
Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է եւ հպարտութիւն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Արցախի Պաշտպանական բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան կողմէն արտօնուած եւ նաեւ շատ յաճախ իրենց կողմէ հրաւիրուած երգիչն եմ հայ զինուորին կողքին:
«Ա.».- Կարելի՞ է տարբերութիւն դնել հայրենիքին մէջ եւ հայրենիքէն դուրս ունեցած ելոյթներուն միջեւ:
Գ.Հ.- Հոն,ուր կատարելիք երգերդ բառերով, իմաստով, տրամադրութեամբ հասանելի են հայ բազմութեան, տուեալ երգահանդէսի կատարումը բնական է, որ աւելի խանդավառ ըլլայ: Երգը միայն երաժշտութիւն չէ, երգը միայն համախմբում չէ, երգը շատ մեծ եւ ազդեցիկ ներուժ ունի իր մէջ:
Հայ ունկնդիրը, աշխարհի որ անկիւնը որ գտնուի, պէտք է իմանայ, թէ ինչի՛ մասին է երգը. այդ պատճառով ալ պէտք է երգիչ կատարողը այնպիսին կատարէ, որ իր յստակութեամբ, բառերու արտայայտութեամբ հասանելի ըլլայ, որպէսզի հայ ունկնդրողի հոգիի խորքերը կարենայ թափանցել: Չկայ տարբերութիւն` համերգը Արցախի՞ մէջ է, Հայաստանի՞, Լիբանանի՞, թէ՞ Աւստրալիոյ. հայ երգը մշակոյթի ամէնէն կարեւոր բաղկացուցիչներէն մէկն է:
Մենք կը հրաւիրուինք հայ երգով երիտասարդութիւնը համախմբելու, հայ երգը տարածելու, հետեւաբար ինծի համար նպատակն է կարեւորը: Հայ երգը հայերէնի դասատուի մը գործին չափ կարեւոր է, չեմ ունեցած դժուարութիւն` հանդիսատեսին հետ հաղորդակցելու երգերուս ընդմէջէն, որովհետեւ ես կ՛երգեմ, եւ երգին հողը ինքը հայն է:
«Ա.».- Ի՞նչ կ՛ըսէք այսօր նոր սերունդին:
Գ. Հ.- Ո՞վ ըսաւ, որ մենք նոր սերունդ չենք. իւրաքանչիւր օրը, որ կը բացուի մարդուն առջեւ, նոր օր է. մենք չենք գիտեր, թէ այդ օրուան մէջ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ: Օրը կը բացուի, կ՛ըսենք` բարին հետը բացուի: Նորի եւ հինի տարբերութիւն պէտք չէ դնենք: Մենք պէտք է ապրելաձեւով,գործունէութեամբ այնպէս ընենք,որ սերնդափոխութիւնը շղթայական ձեւով կարենանք պահել:
Ես կը կարծեմ, թէ ողջ մարդը սերունդներու տարբերութիւն չի կրնար դնել, որովհետեւ, երբ ողջ ենք եւ սերունդներու մասին կը խօսինք, այնտեղ կամայ թէ ակամայ չափազանցութիւններ կրնան տեղի ունենալ: 10 տարեկանը 30 տարեկան հօրը հետ միասին շղթային օղակներն են, մենք պէտք է այնպէս ընենք, որ շղթային օղակները ամուր մնան, չբաժնուին իրարմէ: Շղթային օղակուած յաջորդականութիւնը կու գայ նոյն ակունքէն, կ՛երթայ դէպի նոյն նպատակը. բոլոր օղակներուն նպատակը հայապահպանումն է, տարբեր ժամանակաշրջաններ, տարբեր մարտահրաւէրներ, տարբեր գործելաոճեր` բոլորիս ալ նպատակը նոյնն է` ամբողջական հայութիւն, ամբողջական Հայաստան, ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստան. ես չեմ կրնար գտնել հայ մը, որ յանկարծ ըսէ, թէ ես չեմ ուզեր Հայաստան, կամ իր վախճանական նպատակը չէ Հայաստան հաստատուիլը:
Ես այն մարդը չեմ, որ թելադրեմ,յանձնարարեմ, ես պարտաւոր եմ ապրելու այնպէս, ինչպէս եկած է ինծի այդ օղակը, եթէ իմ վարքագծովս թուլցնեմ, կը նշանակէ` հօրս ինծի փոխանցածը դէպի իմ զաւակս թուլցուցի, եթէ զաւկիս մէջ թուլնայ սերունդէ սերունդ փոխանցուածը, զաւակս արդէն չարմատաւորուեցաւ այնպէս, ինչպէս զիս արմատաւորած էր իմ հայրս: Իւրաքանչիւրս պէտք է ներդրում ունենանք` օղակները ամրացնելու, որպէսզի մեր ազգային դիմագիծի կերտման դիմաց ոչ մէկ խոչընդոտ յայտնուի եւ թուլացնէ: Անդրանիկ զօրավարի միտքը միշտ հետս է. «Ամէն գիշեր, երբ ձեր գլուխը բարձին դնէք, մտածեցէք` այսօր մենք հայանպաստ ի՛նչ գործ կատարեցինք»:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, որ առիթ ընձեռեց ինծի, որպէսզի Հայաստանէն գամ եւ 8 դեկտեմբեր 2017-ին ՀՅԴ-ի 127-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկին կատարումներովս մասնակցութիւն բերեմ: Շնորհակալութիւն նաեւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան: