Հինգշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2017-ին Արամ Ա. կաթողիկոս Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան: Տօնախմբութեան ներկայ էին բուժարանին բնակիչները, տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, բժշկական կազմն ու պաշտօնէութիւնը:
Վեհափառին ջերմ ընդունելութեան յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին մամիկներն ու պապիկները, միաբան հայրերուն հետ միասնաբար, արտասանութիւններով, հոգեւոր ու ազգային երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Աւարտին, հայրապետը գնահատեց բուժարանին մէջ տարուող աշխատանքները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց հաստատութեան մատուցած ծառայութիւններուն առնչութեամբ: Ան ըսաւ, որ շնորհիւ մասնագիտական ու բծախնդիր ճիգի` Ազունէի Ազգային բուժարանը կը շարունակէ իր դռները լայն բանալ կազդուրման կարիք ունեցողներու դիմաց: Հայրապետը բարեմաղթութիւններով ու օրհնութիւններով եզրափակեց իր պատգամը եւ յայտնեց, թէ այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը երգել, ասմունքել եւ ուրախանալ գիտէ, ո՛չ մէկ փոթորիկ կ’ընկճէ իր հոգին. իսկ ասոր զուգահեռ կ’ընթանայ միասնակամութեան ոգին, որ առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ հայ ժողովուրդի հաւաքական գործելաոճին մէջ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: