Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հաղորդագրութիւն. Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէի Այցելութիւնը ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

$
0
0

23878166093_993e2f6492_h

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, երկուշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11.00-ին, ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տուն այցելեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ:

Հաստատութեանս մուտքին պատուարժան հիւրը սիրալիր ընդունելութեան արժանացաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի ներկայացուցիչ, լիբանանահայոց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի ներկայացուցիչ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, պետական նախարար Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, ինչպէս նաեւ ՔԱՀԼ-ի Խնամակալութեան, Տիկնանց օժանդակ  յանձնախումբին եւ պաշտօնէութեան կողմէ:

24422594201_715a621b81_h

Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ Լէյլա Սոլհ-Համատէ  շրջագայեցաւ հաստատութեանս զանազան բաժինները եւ տեսակցեցաւ պատսպարեալ մամիկներուն եւ պապիկներուն հետ` հետաքրքրուելով անոնց կացութեամբ եւ տօնական օրերու առիթով իր բարեմաղթութիւնները յայտնելով անոնց:

Ապա ներկաները խմբուեցան ՔԱՀԼ-ի սրահին մէջ, ուր բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Մայտա Անտոնեան-Քէշիշեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հաստատութեանս անցեալին եւ հետապնդած  նպատակներուն մասին: Իր կարգին, պատ. Սեպուհ Թերզեան, ողջունելէ ետք ներկաները, անդրադարձաւ պատուարժան հիւրին ծաւալած բարեսիրական գործունէութեան: Խօսք առնելով` Լէյլա Սոլհ-Համատէ դրականօրէն անդրադարձաւ  ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէս լիբանանահայութեան դերին եւ կարեւորութեան մասին: Այս առիթով, Պատ. Սեպուհ Թերզեան ՔԱՀԼ-ի կողմէ յուշանուէրով մը պատուեց յարգարժան հիւրը: Ապա կատարուեցաւ  հիւրասիրութիւն:

Հոս կ՛արժէ նշել, թէ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն իր` լիբանանահայութեան հանդէպ ունեցած յարգանքին եւ առ ի քաջալերանք տարուած աշխատանքին,  Լէյլա Սոլհ-Համատէ ստանձնեց ՔԱՀԼ-ի խոհանոցին լման վերանորոգման եւ արդիական սարքաւորման ծախսերը` այսպիսով մասամբ թեթեւցնելով հաստատութեանս բեռը եւ միաժամանակ սատար հանդիսանալով ՔԱՀԼ-ի որդեգրած «Ծիարանի» խոհանոցային ծրագրի իրագործման:

Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք ազնիւ բարերարուհիին: Թող Բարձեալն Աստուած վարձահատոյց  ընէ զինք եւ արեւշատութիւն շնորհէ իրեն:

ՔԱՀԼ-Ի ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>