ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասը, շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին եւ յատկապէս Աքսոր Գասարճեան (նախապէս` Լուսինեան) վարժարանը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն իմ եւ կնոջս յիշողութեան մէջ` երիտասարդական մեր լաւագոյն տարիներուն շաղկապուած: Երկուքիս ալ ուսուցչական ասպարէզի նախաքայլերը սկսած են այդ նախակրթարանէն: Հոն է, որ զիրար ճանչցած ենք: Անոր յարկին տակն է նաեւ, որ աշակերտած է կինս ու` տարրական կրթութեան վկայականը ստացած: Որով եւ բնական է, որ այդ թաղամասին ու դպրոց-եկեղեցի հաստատութեան ամէն մէկ անկիւնը յուզում առթէ ու քաղցր յուշ բերէ մեզի:
Ահա այս զգացումներով ու կանխատրամադրուածութեամբ կիրակի առաւօտ մը երկուքով կը գտնուինք այդ թաղամասին մէջ` կնոջս ամերիկաբնակ մէկ քրոջը ուխտը կատարելու յանձնարարականով
Որքան ալ անհաւատալի, բայց տարօրինակօրէն իրաւ: Մեզի համար երբեմնի այնքան մտերիմ ու հոգեհարազատ թաղամասը «անճանաչելի» է ու խորթ: Մենք մեզ կը զգանք մոլորած այն աստիճան, որ հարկը կ՛ունենանք թխադէմ արաբ անցորդի մը հարցնելու հայկական եկեղեցիին ուղղութիւնը: Ինք կը ճշդէ արաբերէնով. «Մար Սարգի՞ս» եւ ցոյց կու տայ մօտակայ անկիւնադարձը, ուր հասնելնուս` կը լսենք արձագանգը հայկական պատարագի հոգեխռով մեղեդիին. «Տէ՜ր, ողորմեա…»:
– Տարիներու մեր բացակայութեան որքան փոխուած է թաղը, որ եկեղեցիին այսքան մօտ ըլլանք , բայց չկարենանք վայրը ճշդել, կ՛ըսէ կինս:
– Կը սխալիս,- կ՛առարկեմ,- հակառակն է, երբեք չէ փոխուած: Կարծես ժամանակը չէ անցած այստեղէն կամ կարծես թաղը պլլուած է ժամանակին եւ մնացած այնպէս, ինչպէս որ էր հին օրերուն, 50-60 տարի առաջ: Կ՛անդրադառնա՞ս , երբ չկան ծանօթ դէմքերը եւ անոնց մտերմութեան ջերմութիւնը, հայ ընտանիքներով կեանք առնող այս տուները կը թուին ըլլալ չոր ու անկենդան պատեր միայն եւ փողոցներն ալ` անծանօթ ու ամայի: Մեր օրերուն այս նեղ փողոցներուն մէջ ինքնաշարժներուն երթեւեկը հաճելի եռուզեռ էր, իսկ հիմա պարզապէս տաղտկալի աղմուկ է:
Այր ու կին մեր խօսակցութիւնը մեզ կը տանի հեռուն, հին տարիները ու կը վերակենդանացնէ թաղամասի Սուրբ Սարգիս եկեղեցիի անուանակոչութեան աւանդական տօնախմբութիւնները, երբ լիբանանահայութեան սիրտը կը բաբախէր հոս` Նոր Սիս թաղամասին մէջ, որուն փողոցները նորովի կերպարանք կ՛առնէին, արմաւենիի ճիւղերով զարդարուն կամարներ կը կազմուէին, գորգեր կը փռուէին, սկաուտական շարքեր ու փողերախումբ, հազարներով հայ մարդեր եւ ուխտաւորներ երկիւղած կը սպասէին, որ իր շքախումբով յաղթականօրէն ժամանէ հայոց կաթողիկոսը, եւ իրենք արժանաւորապէս, այլեւ հպարտութեամբ դիմաւորեն իրենց հայրապետը ու ստանան անոր օրհնութիւնները: Սուրբ Սարգիսի տօնը տարբեր շուք ու հանգամանք ունէր միւս տօներէն, թերեւս անոր համար, որ նախ, ընդհանուրին հաւատքով, ուխտակատար էր Սուրբ Սարգիս, յատկապէս` ցանկացող երիտասարդուհիները հարսնութեան արժանացնող, եւ երկրորդ` այդ օր Նոր Սիսին մէջ կարծես կը վերականգնէր հինը, կաթողիկոսը կը վկայակոչէր ու մտքերու մէջ եւ շրթներու վրայ կը յառնէր հայկական Կիլիկիոյ կաթողիկոսանիստ դարաւոր Սիս քաղաքը, որ իբրեւ կաթողիկոսութեան կայք` տարիներու թիւով աւելի տեւողութիւն ունեցած է, քան` մայր կեդրոն Էջմիածինը: Սակայն հիմա՞… եթերին մէջ յածող պատարագիչ քահանային արձագանգը. «եւ զինուորեա՜լ մանկանց մերոց…»:
Վարժարանի մուտքի դրան երկաթէ ձողերու արանքներէն աչք մը կը նետենք աշակերտներու զբօսավայրին` բակին վրայ: Տօնակատարութեանց նախընթաց գիշերէն մինչեւ առաւօտ հոն էր, որ ծաւալուն կաթսաներու մէջ թաղեցի կիներ աշխուժօրէն ճիտապուրը կը պատրաստէին, որ յաջորդ օր աւանդական մատաղը բաշխուէր ժողովուրդին: Իսկ դասի օրերուն, զբօսանքի զանգին հետ նախակրթարանի զուգընթաց դասարաններէն շուրջ 500 աշակերտներ այս բակին մէջ կը վազվզէին եւ զուարթ կանչերով կը պարուրէին շրջապատը: Մինչ հիմա աչքերուս պարզուողը պարապութիւն է… Շրթներս ակամայ կ՛արտասանեն տող մը Մ. Իշխանի ոտանաւորէն` «դպրոցն իմ շէն օրերուն ինչպէս տխուր է հիմա…»:
Կինս կը յիշեցնէ, որ կիրակի է: «Նոյն զգացումը պիտի չունենայիր, եթէ դպրոցական օր ըլլար եւ տեսնէիր ու լսէիր նաե՛ւ այսօրուան աշակերտներուն ճռուողումը, որ վստահաբար պիտի չտարբերէր հին օրերու ճռուողումէն», կ՛ըսէ:
Իրաւացի նկատողութիւն:
Պատարագէն ետք թաղական խորհուրդի գրասենեակն ենք: Անծանօթ դէմքեր: Անուններու փոխանակումէն ի յայտ կու գայ, որ ներկաներէն ոմանց հետ հին ծանօթներ ենք` աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութեամբ: Զրոյցը կ՛ընդգրկէ հին դէմքերու եւ անցուդարձերու մասին վերյիշում եւ նոր տեղեկութիւններ: Կը յստականայ, որ տարիներու երկայնքին, թաղամասի հիմնադիր «աղա»-ներու չքացումէն ետք նորեր ստանձնած են շրջանին տիրութիւնը ընելու առաքելութիւնը, ըստ հնարաւորի ջահը վառ պահելու գործը: Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք բնակութեան այլ վայրեր փոխադրուած ըլլալով հանդերձ, կը շարունակեն նուիրուած մնալ եկեղեցին ու դպրոցը պահելու ազգային պարտականութեան: Կ՛իմանանք, որ ըստ առաջնոյն կը շարունակուի Սուրբ Սարգիսի տօնախմբութիւնը, մատաղի պատրաստութեան ու բաշխումի աւանդութիւնը, բայց անիկա չունի նախկիններուն փայլն ու տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ չունի հայրապետական այցելութիւնն ու հովանաւորութիւնը: Զարմանալի կը գտնեմ, որ «Սուրբ Սարգիս»-ներու նման առիթներ չեն օգտագործուիր համախմբելու համար լիբանանահայութիւնը, մանաւանդ` Նոր Սիս թաղամասին մէջ, որ իր դրուածքով կարելի է համարել պատնէշը հայկական Պուրճ Համուտին: Տեղի հայութիւնը որքան թուական անկում արձանագրէ, այնքան աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ ուժի ցուցադրութիւնը այդ շրջանին մէջ:
Կ՛իմանանք նաեւ, որ տնտեսական անձուկ պայմաններու մէջ իսկ վարժարանը կանգուն պահելու ճիգերուն նախադէպը չունեցող մասնակցութիւն բերած է ներկայ տնօրէնուհին, որ իր պաշտօնավարութեան առաջին տասը տարիները գործած է բոլորովին անվճար:
Վերադարձի ճամբուն վրայ, լսածէն խորապէս տպաւորուած` կինս չի կրնար իր հիացումը զսպել. «Տա՜սը տարի անվճար պաշտօնավարել. իտէալական նուիրում չէ՞» կ՛ըսէ:
«Գնահատելի է, անշո՛ւշտ: Բայց մի՛ իտէալականացներ», կ՛առարկեմ: Առարկութիւնս բնաւ չի վերաբերիր մեր լսածին, որ արժանի է անվերապահ գովքի, այլ` ընդհանրապէս: Անվճար պաշտօնավարութիւնը վտանգ կը ստեղծէ, որ կատարուած գործը վերածուի նախասիրուած զբաղումի, hobby-ի:
«Առարկութիւնդ կուտ-կորկոտ չունի», կը սաստէ կինս ու կ՛աւելցնէ. «Երբ դրամ չկայ եւ հայակրթութիւնը ճգնաժամի մատնուելով պիտի վտանգուի , իտէալական նուիրում է անվճար աշխատիլը: Ես չէ, որ քեզի պիտի վկայեմ անցեալի ու ներկայի կամաւոր աշխատանքներու շնորհիւ ձեռք բերուած հրաշքի համազօր արդիւնքները: Մեր այցելած թաղամասն ու միւսները, բազմաթիւ դպրոցներն ու եկեղեցիները, ակումբներն ու կազմակերպութիւնները ինչպէ՞ս հիմնուած են ու կը պահուին. անվճա՛ր ու կամաւոր աշխատանքի նուիրուածութեամբ»:
Արդար է սաստը: Կը լռեմ: Որովհետեւ սխրանքն է, որ ելքը կը գտնէ անելանելի վիճակներէն, պիւտճէական ըլլան անոնք թէ այլ: Անկասկած սխրանք է տասը տարի անվճար պաշտօնավարել կրթական այնքան պատասխանատու գործին մէջ, որքան ալ սեփական պայմաններդ թոյլատու դարձնեն քեզ այդ սխրանքին:
Հիմա, համակարգիչիս առջեւ այս տողերը մատնագրելու պահուն կը մտածեմ, որ իսկապէս, տարապայման դժուարութեանց ու թշուառութեան մէջ հայկական Կիլիկիայէն արմատախիլ եղած սերունդին վերապրումը, վերականգնումն ու սեփական կեանքի յաջողութիւնները արդիւնք էին անիմանալի սխրանքի եւ համազօր` հրաշքի եւ այդ հրաշքին մէջ ուրիշ հրաշք եղաւ հիմնադրումը հայկական Պուրճ Համուտին` թաղային բազմաթիւ դպրոց-եկեղեցի-ակումբներով:
Այդ սերունդը, թրքախօս եւ ընդհանրապէս անգրագէտ , համայնք կազմեց, գաղութ կազմակերպեց, հիմքը դրաւ հայակրթութեան եւ կամաւոր աշխատանքի նուիրուածութեան իր օրինակը ուղեցոյց դարձուց յաջորդական սերունդներուն, որոնցմէ ներկայացուցչական խումբ մը տեսայ կիրակի օրով հոն` Նոր Սիսի Թաղական խորհուրդի գրասենեակին մէջ:
Հոն` այդ գրասենեակին մէջ այր ու կին հաստատեցինք, որ սահմանափակ մարդուժով, բայց անսակարկ ճիգերով կը պահպանուի հիներու աւանդ ձգած ժառանգը ` դպրոցն ու եկեղեցին, ակումբն ու աւանդութիւնները, Նոր Սիս թաղամասը:
Վարձքը կատար բոլորին` ազգանուէր հին ու նոր անձերուն եւ մանաւանդ անցեալի ու ներկայի բոլոր հայ ուսուցիչներուն, որոնք իբրեւ Մեսրոպի ջոկատ` համեստաբար, անբաւարար վարձատրութիւններով, այլեւ անշահախնդրօրէն ծառայեցին ու կը ծառայեն հայակրթութեան:
Աթէնք , 18 յունուար 2016