Իւրաքանչիւր մշակոյթ ունի ապագայ, եթէ կ’ապրի եւ անընդհատ կը շնչէ եւ ունի միջազգային հետաքրքրութիւն, եթէ համամարդկային արժէք է: Հայկական երաժշտութիւնը խորունկ է ու համամարդկային եւ կրնայ հանդիսանալ հինաւուրց քաղաքակրթութիւններու ընկալման կարեւոր բանալիներէն մէկը:
Բոլորովին վերջերս հայութեան համար կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը հանդիսացաւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր ընկերութիւններէն մէկուն` գերմանական ECMrecords-ի կողմէ հրատարակուած «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակը` իր 30 էջնոց բազմաբովանդակ տեղեկատուութեամբ եւ լուսանկարներով: Ձայնասկաւառակի մեկնաբանութիւնը գրուած է երգահան Տիգրան Մանսուրեանի եւ Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ:
Ձայնասկաւառակը հրաշալի հնարաւորութիւն եւ առիթ է Կոմիտասի երաժշտութիւնը Արեւմուտքի մէջ բացայայտելու եւ տարածելու համար: Անիկա կրնայ ըլլալ ամբողջ հայութեան համար հայ երաժշտութեան գիտակից ծանօթացումն ու երիտասարդ սերունդը հպարտութեամբ դաստիարակելու հիմքերէն մէկը:
Ցարդ ասիկա միջազգային մեծագոյն ու լայն անդրադարձներէն մէկն է Կոմիտասի երաժշտութեան: Հարկ է նշել, որ ECMrecords-ը, ըլլալով աշխարհի մէջ շատ յայտնի եւ մեծ հեղինակութիւն ունեցող ընկերութիւն, կ’օգտագործէ աշխարհի տարածքին ունեցած իր բոլոր լծակները` նպաստելով իր հրատարակած ծրագիրներու ճանաչելիութեան: Անիկա նաեւ կ’ապահովէ զանգուածային լրատուամիջոցներու ու երաժշտական փառատօներու անդրադարձը:
Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած են Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստաններու տարածքներուն մէջ գրի առնուած եւ քանի մը հազար տարուան ընթացքին ստեղծուած հայկական խմբապարերու երաժշտութիւնները, ինչպէս, օրինակ`«Կարնոյ ետ ու առաջը», «Կարնոյ շորորը», «Մշոյ շորորը», կանացի մենապարերը, մանկական նուագները, օրօրոցային, ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու կատարումներ: Բոլոր ստեղծագործութիւնները գործիքաւորուած են հայկական նուագարաններով` տուտուկ, փող, թառ, դափ, քամանչայ, թմբուկ, զուռնայ, բուրվառ, զանգ եւ այլն:
Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու գործիքաւորումները կատարած է համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկէնեան` որպէս գործերու սկզբնաղբիւր օգտագործելով այն ժողովրդական նուագարանները, որոնց մասին որպէս կատարողական ոճ եւ սկզբնաղբիւր իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան վրայ նշած է Կոմիտասը` թառ, տուտուկ, փող, դափ, թմբուկ, զուռնայ եւ այլն:
Շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ձայնասկաւառակը արժանացած է միջազգային` ներառեալ եւրոպական, ամերիկեան, ճափոնական լրատուամիջոցներու բարձր գնահատականին` բնութագրուելով հետեւեալ կերպ. «Համոյթը նոր շունչ կու տայ հայկական երաժշտութեան, որ հաւաքագրուած է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբը, սա երաժշտական հնագիտական եւ վերականգնման աշխատանք է», կը գրէ «Սոնկլայնզ մեկեզին»:
Այս անգլիական թերթին կողմէ ձայնասկաւառակը դասուած է 2015 թուականի տասը լաւագոյն ձայնասկաւառակներու շարքին:
Աւստրիական ձայնասփիւռի կայանը «Օ. Ար. Էֆ.», Ս. Ծննդեան գիշերը սփռեց ձայնասկաւառակին վրայ տեղ գտած երաժշտութիւնը, իսկ «Պրիթիշ Էրուէյզ»-ը իր օդանաւերուն վրայի երաժշտական ցանկին մէջ պիտի ներառէ զայն մնայուն կերպով:
Անիկա արդէն հասանելի է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու ձայնասկաւառակներու վաճառակէտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` առցանց վաճառակէտերուն:
ECM 2451
Komitas -The Gurdjieff Ensemble- Levon Eskenian
Կարճամեթրաժ տեսահոլովակ` «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակի մասին.
Կարճամեթրաժ ժապաւէնը ծրագիրի մասին.
«Կուրճիեւ» համոյթը միջազգային համբաւ ունեցող հայկական ամենայայտնի համոյթներէն մէկն է, որ հիմնադրուած է 2008 թուականին, Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ, նպատակ ունենալով ներկայացնել հայկական աւանդական երաժշտութիւնը եւ հայ մեծանուն փիլիսոփայ, երաժիշտ Գ. Ի. Կիւրճիեւի եւ մեծն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններն ու գործիքաւորումները: Համոյթի կազմին մէջ Հայաստանի առաջնակարգ երաժիշտներ են:
Գերմանական յայտնի ECM ձայնագրման ընկերութիւնը հրապարակած է նաեւ «Կուրճիեւ» համոյթի առաջին ձայնասկաւառակը`«Music of Georges I «Gurdjieff», որ 2012 թ.-ին Հոլանտայի մէջ արժանացած է հեղինակաւոր Edison մրցանակին, Հայաստանի ազգային երաժշտական մրցանակին, ինչպէս նաեւ մեծ լսարան ունեցող ձայնասփիւռի կայաններու կողմէ ընտրուած է որպէս շաբթուան լաւագոյն ձայնասկաւառակ (ABC ձայնասփիւռի կայանը Աւստրալիոյ, WQXR-ը` Միացեալ Նահանգներու մէջ):
«Կուրճիեւ» համոյթը համերգներով շրջագայած եւ ելոյթներ ունեցած է շարք մը յայտնի սրահներու եւ միջազգային փառատօներու մէջ, համերգներ ունեցած է Լիբանանի, Գերմանիոյ, Պրազիլի, Արժանթինի, Իտալիոյ, Ռուսաստանի, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի, Փորթուգալի, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մէջ:
Համոյթը նպատակադրուած է Կոմիտասի ծրագիրով շարունակել իր համերգային շրջագայութիւնները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, համերգային սրահներու եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Նշենք, որ ECM records ընկերութիւնը կը պատրաստուի հրապարակել նաեւ Կոմիտասի դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները` Լուսինէ Գրիգորեանի կատարմամբ, 2016 թուականին:
http://www.gurdjieffensemble.com