Կիրակի, 19 նոյեմբեր 2017-ին, «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւնը` կազմակերպութեամբ համանուն կոմիտէին:
Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին` կատարողութեամբ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Լոռի Անթունեանին, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռիթա Շամլեանին:
Բացման խօսքով հանդէս եկան ձեռնարկի բեմավարները` Մարի Յովհաննէսեան եւ Արարատ Թորոսեան, որոնք ողջունելէ ետք ներկաները, մէջբերեցին Սիմոն Զաւարեանին ուղղուած Սիմոն Վրացեանի նամակէն` Քանատայի հասարակական կեանքին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան մասին:
«Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կազմաւորման եւ առ այսօր գործունէութեան մասին Սերժ Եսայեանի պատրաստած տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք բեմավարները կարդացին «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէին ուղերձը, որուն մէջ ան կը յայտնէր իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նախորդ կոմիտէներուն պատուաբեր երթը` միշտ նեցուկ կանգնելու հայ ազգին, հայրենիքի մէջ թէ այլուր:
Անկէ ետք Սոնա Թիթիզեան-Կետիկեան ասմունքեց Եդուարդ Պոյաճեանի «Դաշնակցականը», որուն յաջորդեց օրուան պատգամաբեր, «Հայրենիք»-ի եւ «Ասպարէզ»-ի նախկին խմբագիր, հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեանի բանախօսութիւնը: Ան նախ անդրադարձաւ 20-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն Դաշնակցութեան մշակած քաղաքական միտքին, մամլոյ ու կազմակերպական աշխարհին մասին, որուն բառացիօրէն ղեկավարը հանդիսացած էր Սարգիս Զէյթլեան: Ան նշեց. «Համաշխարհային քաղաքական ու գաղափարական այդ օրերու պայքարներու միջավայրին մէջ մեզի համար կը ստեղծուէին 3 անհրաժեշտութիւններ` գաղափարական վերանորոգման, հայութեան իրաւունքներու պայքարի նոր ռազմավարութեան, բայց մանաւանդ` կազմակերպական ներքին վերանորոգման ու արդիականացման բնագաւառներէն ներս»: Ան յայտնեց, որ Զէյթլեան հանդիսացած է կազմակերպական ուժեղացումին համահայկական տարողութիւն տուող աննահանջ մարտիկը, եւ թէ` մենք յամառօրէն կը հետապնդենք մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին շահերը, անզիջող ենք մեր շահերուն նկատմամբ, եւ Սարգիս Զէյթլեան կը մարմնաւորէր դաշնակցականի այս յամառութիւնը: Բրուտեան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Այս օրերուն, երբ մենք կը շարունակենք մեր քաղաքական վարքագիծը` տեղ-տեղ յառաջխաղացք արձանագրելով, ուրիշ տեղեր խոչընդոտներու հանդիպելով, անկախ մեր ձեռք ձգած արդիւնքներէն, կրնանք հանգիստ խղճով յայտարարել բոլորին, որ մենք կը գտնուինք ճիշդ ուղիի վրայ: Այն ուղիին, որուն ամէնէն պայծառ տեսաբանը հանդիսացաւ Սարգիս Զէյթլեանը: Թող հանգիստ մնայ իր հոգին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ այդ ուղին»:
Պատգամաբերի խօսքին յաջորդեց մեներգ` կատարողութեամբ Սարգիս Պարսեմեանին, որ բացառիկ ապրումով եւ վարակիչ յուզումով մեկնաբանեց «Երգ փառապանծ Դաշնակցութեան» եւ «Հայաստան աշխարհ»-ը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով, որուն մէջ ան նոյնպէս անդրադարձաւ Լիբանանի Դաշնակցութեան ամբողջ կառոյցի ապրած զարթօնքին, որուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած էր Սարգիս Զէյթլեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կազմաւորման եւ յարակից միութիւններու աջակցութեանց, ապա եզրափակեց իր խօսքը` յայտնելով. «Եկած է պահը, որ մենք ամբողջական նուիրումով եւ զոհողութեամբ ծառայենք ամբողջ հայութեան` ի շահ մեր գերագոյն նպատակներուն, ի շահ մեր յաւերժական հայրենիքին»:
Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան արտասանեց իր օրհնութեան խօսքը, որուն մէջ ան նախ շնորհաւորեց «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան 25-ամեակը եւ կոչ ուղղեց` ըսելով. «Կոմիտէութեան 25-ամեակին առիթով իմ կոչն է, որ Սարգիս Զէյթլեաններու շունչով եւ ոգիով շարունակէք ձեր նուիրական առաքելութիւնը` յանուն հայրենիքի, յանուն հայութեան վեհ շահերուն եւ յանուն մեր արդար իրաւունքներուն հատուցման»:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Քնար» երգչախումբին կողմէ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ «Արդեօք ովքե՞ր են» երգերու կատարողութեամբ եւ բեմավարներուն շնորհակալական խօսքերով` ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկի իրականացման:
Ձեռնարկէն ետք Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի մարզասրահին մէջ հիւրասիրութեան ընթացքին խօսք առին «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարուժ Գալուստեանը եւ կոմիտէի անդամ Ներսէհ Լիպարեանը: Անոնք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին ձեռնարկի յանձնախումբին` տարուած անխոնջ աշխատանքին համար: Ապա տեղի ունեցաւ 25-ամեակի կարկանդակի հատում` ձեռամբ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կազմաւորման օրերուն ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաղարշ Էհրամճեանի եւ կոմիտէի առաջին ներկայացուցիչ Արտօ Գաբրիէլեանի: Անոնք հանդէս եկան իրենց սրտի խօսքերով, որուն յաջորդեց ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանին սրտի խօսքը:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԵՏԻԿԵԱՆ