Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նոյեմբեր 23-էն դեկտեմբեր 2 աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսա եւ Զուիցերիա:
Հրանուշ Յակոբեան նոյեմբեր 24-ին Մարսէյ քաղաքին մէջ այցելած է «Համազգային» ամէնօրեայ վարժարան, հանդիպած` վարժարանի ղեկավարութեան, այնուհետեւ շրջայց կատարած է դպրոցի դասարաններուն, նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին մէջ: «Համազգային» այցի ծիրէն ներս ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր, որմով ամրագրուած է Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 հիմնական դպրոցի եւ այդ դպրոցի հետ քոյրացումը:
Նոյեմբեր 25-ին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Մարսէյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Ռուբէն Խարազեանի, Լիոնի մէջ փոխհիւպատոս Գայեանէ Մանուկեանի, Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Վալանսի Հայ մշակոյթի կեդրոն եւ «Ռատիօ Ա»-ի գրասենեակ: Հանդիպման ներկայ եղած են` Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլիա Տարակոնը, Պուրկլէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրրիենը, Տրոմ տարածաշրջանի փոխնախագահ Վերոնիկ Փուկիեթը: Իր ելոյթին ընթացքին Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ ուրախ է հիւրընկալուելու Վալանսի հայկական համայնքին մէջ: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, որոնք 20-րդ դարու սկիզբին իրենց յարկին տակ ընդունած են Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածները: Իր խօսքին մէջ Հրանուշ Յակոբեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա ջերմ յարաբերութիւններուն` կարեւոր համարելով համայնքին դերը այս հարցին մէջ: Այնուհետեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան «Ռատիօ Ա»-ի 35-ամեայ յոբելեանին առիթով ռատիոկայանի տնօրէն Ժորժ Աւետեանին յանձնած է «Ռատիօ Ա»-ին շնորհուած նախարարութեան «Երախտագիտութեան մետալ»-ը, իսկ նախարարութեան պատուոգիրերով եւ շնորհակալագիրերով պարգեւատրած` ռատիոկայանի աշխատակիցները:
Հրանուշ Յակոբեան նոյեմբեր 27-ին հանդիպում ունեցած է Կրենոպլ քաղաքի հայկական համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու եւ անդամներու հետ: Նախարարը նախ հանդիպում ունեցած է Կրենոպլի մէջ գործող հայկական ընկերակցութիւններու նախագահներուն հետ, որոնք հակիրճ ներկայացուցած են իրենց գործունէութիւնը, ծրագիրներն ու կատարած աշխատանքները: Իր ելոյթի ընթացքին նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, 2018 թուականին նախատեսուած ձեռնարկները: Հրանուշ Յակոբեան հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած աւանդի համար նախարարութեան շնորհակալագիրեր յանձնած է Մշակոյթի տան ուսուցիչներուն: