ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ-ի պատմութեան էջերը վկայ են ազգային ազատագրութեան, գերիշխանութեան, ինքնորոշման, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան ամրապնդման պայքարով լի արարքներով:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ինչպէս ծանօթ է բոլորին) հայկական ընկերութեան մէջ կը հանդիսանայ ժողովրդավարական եւ ընկերվարական արժէքներ կրող քաղաքական ուժ: Հայկական ազգային կեանքին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ այդպիսին, անդամակցած է (ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին միջոցով) միջազգային ֆալքոնական շարժում-ընկերվարական կրթական միջազգայնականին:
Միջազգային ֆալքոնական շարժում-ընկերվարական կրթական միջազգայնականը միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որ կ՛ընդգրկէ աշխարհի մէջ գործող ընկերվար- ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն պատանեկան թեւերը: Այս կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1922-ին, գերմանացի ընկերվար-ժողովրդավար մանկավարժ Քուրթ Լէովենշթայնի կողմէ` համախմբելով Գերմանիոյ (Գերմանիոյ ընկերվարական երիտասարդ-ֆալքոններ) եւ Աւստրիոյ (Երեխաներու ընկերներ) պատանեկան միութիւնները մէկ միջազգային մարմինի մը մէջ, որ կոչուեցաւ Ընկերվար կրթական կազմակերպութեան միջազգային յանձնախումբ, որ ուղղակիօրէն կապուած էր Աշխատաւոր եւ ընկերվարական միջազգայնականին եւ կը գործէր իբրեւ անոր անդամակցող կուսակցութիւններու պատանեկան միութիւններու թեւ: 1920-ականներու վերջաւորութեան եւ 1930-ականներու սկիզբը միջազգային ֆալքոնական շարժումը աւելի եւս կը ծաւալի եւ իր մէջ կը ներառէ եւրոպական զանազան ընկերվար-ժողովրդավարական պատանեկան միութիւններ: 1930-ականներու վերջաւորութենէն մինչեւ 1945 կը դադրին շարժումին աշխատանքները` Եւրոպայի մէջ ֆաշական կառավարութիւններուն պարտադրած կաշկանդումներուն պատճառով: 1947-ին միջազգային ֆալքոնական շարժումը կը վերակենդանանայ:
Այնուհետեւ հասան 1960-ական եւ 1970-ական թուականները, մինչեւ` 1980-ականներ: Թուականներ, որոնք պայքարի ոգիով լեցուն էին աշխարհի չորս ծագերուն, մանաւանդ` «նոր ձախ» շարժումի ծնունդով: Արեւմտեան աշխարհին մէջ տեղի կ՛ունենան ցոյցեր` ընդդէմ ցեղապաշտութեան, սեռապաշտութեան, պատերազմներու եւ բռնապետական կարգերուն: Միջազգային ֆալքոնական շարժում-ընկերվարական կրթական միջազգայնականը (այս անունը կը սկսի կրել 1970-էն) յստակ ուղեգիծ մը կ՛որդեգրէ` նեցուկ կանգնելու ազգային-ազատագրական, ֆեմինիստական եւ խաղաղասիրական շարժումներուն: Այդ նոյն տարիներուն «նոր ձախ»-ի հովը ՀՅԴ-ի պատանեկան միութիւններուն բերաւ` շարքային սեռային հաւասարութիւն (պարմանուհիներու մուտքով), յեղափոխական երգերու տարածում, թատրոններու պատրաստութիւն, եւ ամէնէն յատկանշականը` այդ միութիւնները իրենց շարքերը յաճախածները նուիրեցին Հայ դատի ուժային եւ արցախեան ազատագրական պայքարներուն:
Իբրեւ յստակ գաղափարախօսութիւն ունեցող միջազգային կառոյցի մը անդամները` ՀՅԴ պատանեկան միութիւնները միշտ ալ կառչած պիտի մնան ժողովրդավարական եւ ընկերվարական արժէքներուն ու միշտ ալ պիտի ըլլան մարդակերտութեան աղբիւրը` հիմնուելով մարդկային ազնուագոյն սկզբունքներուն վրայ` ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան, լայն ու խոր իմաստներով:
Աւելորդ չէ ըսելը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատանեկան միութիւններն են հայութեան ապագան: Իւրաքանչիւր դաշնակցական պատանիի եւ պարմանուհիի աչքերուն մէջ կ՛երեւի հայ ազգի ազատ եւ արդար ապագան: Ապագայ մը, որ կը պարունակէ ազատ շունչն ու ճակտի արդար քրտինքով հացը: Իւրաքանչիւր դաշնակցական պատանիի եւ պարմանուհիի ժպիտը Հայ դատի պայքարի երթի նորոգութիւն է եւ յոյսի ներշնչման աղբիւր:
Թող միշտ, միշտ «Վէմ»-ի գրիչներէն, Լիզպոնի պողպատեայ ոգիներէն եւ Արցախեան ազատագրական պայքարի կամքէն ծնին ապագային Հայ դատը միջազգային ատեաններէն բարձրաձայնող, Արցախին արդար խաղաղութիւն բերող եւ ընկերային արդարութեան հիման վրայ պետութիւն կերտող ղեկավարներ: