Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կամրջային Կողմնորոշում

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ի վերջոյ տարիներ շարունակ սպասելէ եւ շարունակ յետաձգուելէ ետք, ուրբաթ, նոյեմբեր 24-ին, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին ստորագրուեցաւ Հայաստանի հետ համապարփակ գործընկերութեան համաձայնագիրը:

2013-էն ի վեր այս համաձայնագրին համար աշխատանք կը տարուէր, եւ երբ կը կարծուէր, որ համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր մը պիտի արձանագրուէր, յանկարծ, սեպտեմբեր 2013-ին, Մոսկուա ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անակնկալ ու շտապ յայտարարութեամբ մը կը բացայայտէր, որ Հայաստան պիտի անդամակցէր նոր ստեղծուելիք Եւրասիական տնտեսական միութեան:

Վստահաբար, վերջին քանի մը օրերուն ալ, այս նիւթին մասին ռուս-հայկական խօսակցութիւններ եղան` երկու փուլով: Առաջին հերթին` նոյեմբեր 15-ին, երբ Հ.Հ. նախագահը կը ժամանէր Մոսկուա` տեղւոյն հայկական մշակութային շաբթուան ազդանշանը տալու: Ապա` նոյեմբեր 20-ին, Երեւանի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այցելութեան առթիւ:

Գրեթէ չորս տարիէ ի վեր, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելով, Հայաստան ո՛չ մէկ շօշափելի յառաջխաղացք արձանագրեց թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ապահովական բնագաւառներուն մէջ: Թուական պատկերներն ու Արցախի մէջ զինադադարի հետեւողական խախտումները կը փաստեն, թէ իսկական պատկերը ի՛նչ կը ներկայացնէ:

Օրին յստակ էր, որ Հայաստանի քաղաքական ուղեգիծի ընտրութիւնը յաջող չէր, երբ անվերապահօրէն կատարուեցաւ Մաքսային միութեան միանալու անվերապահ յայտարարութիւնը:

Այսուհանդերձ, ժամանակն ու իրադարձութիւնները փաստեցին, որ կարելի էր այնպիսի քաղաքական ուղեգիծ կառուցել, որ երկիրը դէմ յանդիման չգար դժուարութիւններու:

Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին Հայաստանի հետ համապարփակ գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրութեան աւելի քան երեք տարիով յետաձգումը արդէն իսկ ստեղծած է բաց մը, որուն համար յաւելեալ շտապ աշխատանքի կարիքը կայ:

Բնականաբար այս համաձայնագրէն երբեք խանդավառ չէ Պաքուն, որ յամառօրէն կը պնդէ, թէ Արցախը վիճելի կամ կարգավիճակ չունեցող տարածք չէ, այլ, պարզ ու մեկին, մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: Դեռ աւելի՛ն. Ալիեւի աւատապետական վարչակարգը բոլոր իրաւունքները ունի վերահսկողութիւն հաստատելու իր տարածքի բոլոր հատուածներուն վրայ:

Հուսկ, Հայաստանի յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել ո՛չ միայն Եւրոմիութեան, այլեւ Եւրոպայի հզօրագոյն երկիրներուն հետ:

Այսպիսի կամրջային կողմնորոշում թէ՛ Արեւմուտքի ու թէ՛ Արեւելքի հետ կարելի է շարունակել հմտօրէն, հաստատ հիմերու վրայ, առանց որեւէ բարդոյթի եւ խոչընդոտի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>