Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

$
0
0

Քորէայի Պատերազմին Աւարտը Եւ
Հիւսիսային Ու Հարաւային Քորէաները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ընտանեկան հաւաք

Քորէայի քաղաքացիական պատերազմը 1951-ին մտած էր փակուղի, եւ գլխաւորաբար դիրքային կռիւներ կը մղուէին:

Զօրավար Տուայթ Այզընհաուըր 1952 մայիս 31-ին զինուորական ծառայութենէն հրաժարեցաւ եւ պահեց Քոլումպիա համալսարանի նախագահի պաշտօնը, իսկ զօրավար Մաթէու Ռիճուէյ փոխարինեց զայն իբրեւ Եւրոպայի մէջ դաշնակից ուժերու հրամանատար: Իսկ Քորէայի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ  զօրավար Մարք Ուէյն Քլարք:

Փանմունճոմի մէջ 1952 սեպտեմբերին սկսած բանակցութիւնները ձախողեցան:

Հարաւային Քորէայի նախագահ Ռի Սինկման դէմ էր հաշտութեան եւ 27 հազար հիւսիսքորէացի գերի կը պահէր:

Չինացիներուն համար կացութիւնը ճգնաժամային էր: Վարչապետ Ժոու Էնլայ Շենիանկի մէջ համագումար մը կազմակերպեց, լուծում մը գտնելու համար: Զօրավար Փենկ Տեհուայ քանի մը անգամ Փեքին այցելեց եւ Մաոյի ու Ժոուի հետ քննարկեց ճակատի գիծերը պահելու դժուարութիւնները. ան հաստատեց, որ հակառակորդը ջախջախելը անկարելի է, պատերազմը կրնայ տարիներ տեւել եւ ոչ մէկ կողմ կրնայ յաղթանակ արձանագրել:

Ժոու Էնլայ առաջարկեց Քորէայի մէջ գործող չինական բանակը վերակազմեց եւ զայն երեք մասի բաժնել, ինչպէս նաեւ օդաչուներ պատրաստել, հակաօդային պաշտպանութիւն կազմակերպել եւ Խորհրդային Միութենէն նոր օժանդակութիւններ խնդրել:

Հաշտութեան ընդհատ բանակցութիւնները շարունակուեցան Փանմունճոմ գիւղին մէջ: Գլխաւորը ռազմագերիներու հարցն էր, որովհետեւ չին եւ հիւսիսքորէացի ռազմագերիները չէին ուզեր իրենց երկիրները վերադառնալ. բան մը, որ անընդունելի էր Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի համար:

Տուայթ Այզընհաուըր 1952 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուեցաւ եւ նոյն ամսուան վերջաւորութեան Քորէա այցելեց, պատերազմի դադրեցման հնարաւորութիւնները քննարկելու համար:

ՄԱԿ-ի միջնորդութիւնը ստանձնեց Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Թհիմայա: Հակամարտ կողմերը համաձայնեցան 38-րդ հորիզոնականին վրայ զինադադար հաստատել: Վերջնական համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ 27 յուլիս 1953-ին:

Քեսոնկ, որ պատերազմէն առաջ Հարաւային Քորէայի կը պատկանէր, անցաւ Հիւսիսային Քորէայի:

Բաժանման գօտիին վրայ զուիցերիացի եւ շուէտցի զինուորներ տեղակայուեցան:

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, հարաւքորէացիք տուին 373.599 քաղաքային եւ 137.899 զինուորական զոհ: Ամերիկացիք` 33.686 զոհ ռազմաճակատներուն վրայ, եւ 2830 հոգի ալ ցուրտէն ու արկածներու հետեւանքով մահացաւ: Չինացիք տուին 400 հազար զոհ եւ 486 հազար վիրաւոր: Հիւսիսքորէացիք տուին 290 հազար զոհ եւ 303 հազար վիրաւոր:

Չինական եւ հիւսիսքորէական աղբիւրներու համաձայն, ամերիկացիք տուին 390 հազար, իսկ հարաւքորէացիք` 660 հազար զոհ:

Մօտաւոր տուեալներով, մէկ միլիոն 200 հազար մարդ զոհուեցաւ երեք տարուան պատերազմի ընթացքին:

* * *

Հարաւային Քորէայի նախագահ Ռի Սինկման իշխանութեան վրայ մնաց մինչեւ 1960, մինչեւ որ ժողովրդային ըմբոստութեան մը առջեւ տեղի տալով հեռացաւ երկրէն:

Այնուհետեւ հռչակուեցաւ երկրորդ հանրապետութիւնը. Եուն Պօ-սուն եղաւ նախագահ, Չանկ Միոն` վարչապետ: 1961-էն 1963` զինուորական իշխանութիւն: 16 մայիս 1963-ին զօրավար Փարք Չունկ-հի պետական հարուածով մը տիրացաւ իշխանութեան եւ երրորդ հանրապետութիւնը հաստատեց: Չորրորդ հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ 1972-ին: 1979-ին խռովութիւններ տեղի ունեցան եւ նախագահ Փարք Չունկ-հի սպաննուեցաւ: Հռչակուեցաւ հինգերորդ հանրապետութիւնը, որ գոյատեւեց մինչեւ 1987, որմէ ետք հաստատուեցաւ վեցերորդ հանրապետութիւնը:

Հարաւային Քորէա կարճ ժամանակի ընթացքին դարձաւ զարգացած ու բարգաւաճ արդիւնաբերական երկիր:

* * *

Գիւղական բնակավայր

Հիւսիսային Քորէայի կամ Քորէայի ժողովրդային ժողովրդավարական հանրապետութեան վրայ կ՛իշխէ Քիմ ընտանիքը:

Քիմ Իլ-սունկ, բուն անունով` Քիմ Սուն Չժու, ծնած է 15 ապրիլ 1912-ին, Փիոնկեանկի մօտակայ Մանկիոնկտէ գիւղը: Հայրը` Քիմ Հիոն Չժիք (1894-1926) ուսուցիչ էր եւ միաժամանակ բուսաբուժութեամբ կը զբաղէր: Մայրը` Քանկ Պան Սոք (1892-1932) գիւղի բողոքական քարոզիչին դուստրն էր:

Ճափոնական գրաւեալ իշխանութեան դէմ ազգայնական շարժման մասնակցութեան յանցանքով Քիմերու ընտանիքը հետապնդուեցաւ եւ 1920-ին Մանչուրիա փոխադրուեցաւ:

Քիմ Սոն Չժու չինական դպրոց յաճախեց եւ մարքսական խմբակցութեան մը միացաւ: 1932-ին ան ստանձնեց չինական հրոսակախումբի մը ղեկավարութիւնը: Այս ժամանակ ալ ան ընդունեց Խան Պէր (միակ աստղ) եւ Քիմ Իլ-սունկ (ծագող արեւ) ծածկանունները:

Քիմ Իլ-սունկ այնուհետեւ դարձաւ հրոսակային շարժման վեցերորդ զօրագունդի հրամանատար: Կինը` Քիմ Խիօ Սուն կը ծառայէր նոյն զօրագունդին  մէջ: Կ՛ըսուի, որ 1940-ին ան գերի ինկաւ ճափոնցիներուն ձեռքը եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ: Այլ տուեալներու համաձայն Քիմ Խիօ Սուն կ՛ապրէր Հիւսիսային Քորէայի մէջ եւ պատասխանատու պաշտօններ ունէր: Քիմ Իլ-սունկի երկրորդ կինը եղաւ Քիմ Չէն Սուք:

Քիմ Իլ-սունկ1948-ին դարձաւ Քորէայի ժողովրդային ժողովրդավարական հանրապետութեան հիմնադիրը: Եղաւ նաեւ քորէական պետական գաղափարախօսութեան` չուչխէի հիմնադիրը: Ստացաւ Մեծ առաջնորդ պատուանունը: Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար, մինչեւ 1972 նախարարներու խորհուրդի նախագահն էր, այնուհետեւ` հանրապետութեան նախագահ: 1953-ին` մարաջախտ, 1992-ին` կեներալիսիմուս: Մահացաւ 8 յուլիս 1994-ին: Մահէն ետք յայտարարուեցաւ Քորէայի յաւերժ նախագահ:

Քիմ Իլ-սունկի յաջորդեց աւագ որդին` Քիմ Ճոնկ Իլ: Ան ծնած էր 16 փետրուար 1942-ին, Փեքթու լերան վրայ գտնուող զինուորական ճամբարին մէջ: Անոր ծնունդը նախագուշակեց ծիծեռնակ մը, իսկ ծնած ժամանակ երեւաց երկակի ծիածան: Դպրոցական կրթութիւնը ստացած է Փիոնկեանկի մէջ, իսկ անգլերէն սորված է Մալթայի մէջ: 1980-ական տարիներուն արդէն կը նկատուէր հօր յաջորդը: Ստանձնած է կուսակցական եւ պետական պաշտօններ: 1991-ին դարձաւ բանակի գերագոյն հրամանատար: 1993-ին ստանձնեց ազգային պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը: 1997-ին ստացաւ Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութեան գլխաւոր  քարտուղարի պաշտօնը:

Քիմ Ճոնկ Իլ կարեւոր կը նկատէր ռազմական միջոցներու զարգացումը, մանաւանդ` հիւլէական ծրագիրը: Զինուորական ծախսերու պատճառով տնտեսութիւնը եւ յատկապէս երկրագործութիւնը ծանր հարուած ստացաւ: 1990-ական տարիներու Մեծ սովին ժամանակ մէկէն մինչեւ երեքուկէս միլիոն մարդ սովամահ եղաւ: Նոյն ժամանակ կային շուրջ 200 հազար քաղաքական բանտարկեալներ:

Քիմ Ճոնկ Իլի մասին խօսելու ժամանակ պարտադիր էր պատուանուններու օգտագործումը` սիրելի առաջնորդ, իմաստուն ղեկավար, ժողովուրդի հայր, մեր կուսակցութեան եւ ժողովուրդի մեծ առաջնորդ, սիրուած եւ յարգուած զօրավար, ընկերվարութեան արեգակ, 21-րդ դարու համաշխարհային առաջնորդ, երկինքէն իջած հոյակապ մարդ, անխոցելի եւ անյաղթ զօրավար, փրկիչ եւ յեղափոխական եղբայրական սիրոյ բարձրագոյն մարմնաւորում:

Շամանական կրօնական արարողութիւն

Քիմ Ճոնկ Իլ 2008 օգոստոսին ուղեղի կաթուած ստացաւ: Ան մահացաւ 17 դեկտեմբեր 2011-ին:

Քիմ Ճոնկ Իլի յաջորդեց անոր երրորդ որդին` Քիմ Ճոնկ Ուն: Ծննդեան թուականը անյայտ է` 1982, 1983 կամ 1984: Ծննդեան օրը` յունուար 8-ը յայտարարուած է պետական տօն:

Քիմ Ճոնկ Ուն Փաք Չոլ ծածկանունով մասնաւոր դպրոց յաճախած է Զուիցերիոյ Պեռն քաղաքին մէջ մինչեւ 1998: Սորված է անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն: Ուսումը շարունակած է Լիպեֆէլտի պետական դպրոցին մէջ: Ան մինչեւ 1999-ի աւարտը կամ 2000-ի սկիզբը Զուիցերիա կը մնար եւ հոնկէ անհետացաւ անսպասելիօրէն:

Հայրը սկիզբը աւագ որդին` Քիմ Ճոնկ Նամը ընտրած էր իբրեւ ժառանգորդ: Յետոյ փոխեց նախագիծը եւ երկրորդ որդին` Քիմ Ճոնկ Չուլը ընտրեց. բայց ժամանակ մը ետք Ճոնկ Չուլ «աղջկաբարոյ» նկատուեցաւ երկիրը ղեկավարելու համար:

Քիմ Ճոնկ Ուն 2010 սեպտեմբեր 28-ին Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընտրուեցաւ: Տասնեօթը տարուան ընդմիջումէ ետք գումարուեցաւ նաեւ կեդրոնական կոմիտէի լիագումար նիստը, որուն ընթացքին Քիմ Ճոնկ Ուն զինուորական կեդրոնական յանձնախումբի փոխնախագահ ընտրուեցաւ:

Հօր մահէն ետք, 19 դեկտեմբեր 2011-ին ներկայացուեցաւ իբրեւ մեծ յաջորդող: Դեկտեմբեր 24-ին յիշատակուեցաւ իբրեւ բանակի գերագոյն հրամանատար, իսկ դեկտեմբեր 28-ին ղեկավարեց հօր թաղման արարողութիւնը: Յաջորդ օր հռչակուեցաւ իբրեւ գերագոյն առաջնորդ: Պատուանշաններն են` մեծ յաջորդող, ճաճանչավառ ընկեր եւ արուսեակ հրամանատար:

Հիւսիսային Քորէա ամբողջատիրական պետութիւն է, ուր անձի լիակատար պաշտամունք կը տիրէ: Քորէայի Աշխատանքային կուսակցութիւնը միակ կազմակերպութիւնն է, եւ քաղաքային բոլոր ծառայողները պարտաւոր են անդամ ըլլալու անոր:

Ամէնուրեք մեծ հայր, հայր եւ որդի Քիմերուն դիմանկարները եւ արձանները կան: Տուներուն մէջ եւս մարդիկ ստիպուած են փակցնելու անոնց նկարները: Այդ նկարները յատուկ սրբիչներով ամէն օր պէտք է փայլեցուին: Առաջնորդներու արձաններէն մէկուն մօտենալու ժամանակ մարդիկ պարտաւոր են խոնարհելու: Ամէն մարդ շապիկին վրայ պէտք է փակցուցած ըլլայ յատուկ զարդ մը, որուն վրայ պատկերուած է Քիմ Իլ-սունկի դէմքը: Աշակերտներ պարտաւոր են անգիր սորվելու յաւերժ նախագահ Քիմ Իլ-սունկի խօսքերը եւ կարդալու անոր նուաճումներու պատմութիւնները:

Հիւսիսքորէական տոմարը կը սկսի մեծ առաջնորդ ընկեր Քիմ Իլ-սունկի ծննդեան թուականով` 1912-ով:

Հիւսիսային Քորէայի մէջ սեփական տնտեսութիւն գոյութիւն չունի: Պետական պիւտճէին մեծագոյն մասը կը յատկացուի բանակին:  Զինուորական ծառայութիւնը 10 տարի է` 17-էն 27 տարեկան` արական եւ իգական սեռերուն համար: Բոլորը պարտաւոր են աշխատելու. թոշակի անցնելէ ետք ալ կարելի չէ տունը նստիլ. թոշակառուներուն կուսակցութիւնը փոքր հողատարածքներ կը յատկացնէ, որոնք պէտք է մշակեն:

Քորէայի ժողովրդային ժողովրդավարական հանրապետութեան կառավարութիւնը քորէացի ժողովուրդի օրինական միակ ներկայացուցիչը կը նկատուի: Հարաւային Քորէան կը բնորոշուի իբրեւ բռնագրաւեալ տարածք:

***

Քորէայի մէջ տարածուած են շարք մը կրօններ: Շամանականութիւնը հիմնուած է հին քորէական աւանդական հաւատալիքներու վրայ. Սունկմօ սուրբ մայր է, Տանկուն` դրախտի թագաւոր. աստուածները կը բնակին ծառերու վրայ եւ քարայրներու մէջ. ունին կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ` մուտանկներ: Հետագային ներմուծուած են պուտտայականութիւնը, կոնֆուցիոսականութիւնը եւ թաոյականութիւնը, իսկ քրիստոնէութիւնը (կաթոլիկ եւ բողոքական)` յատկապէս ԺԹ. դարուն:

Բրինձի մշակում

Քորէացիք լուսնաարեգակնային տոմար կը գործածեն եւ ձմեռնային արեւադարձէն ետք  նորալուսնի երկրորդ օրը (փետրուարին) նոր տարի է: Սոլլալը նոր տարուան առաջին օրն է. կը նշուի սիպէ ծիսակատարութիւնը, հանդիսաւոր պաշտամունքը ծնողներուն եւ բոլոր մեծերուն նկատմամբ: Մոսոմնալը, երկրորդ ամսուան առաջին օրը, ծառայողներու փառատօն է եւ ձկնորսներու ծիսական արարողութիւն կը կատարուի: Սամճինալը, երրորդ ամսուան երրորդ օրը, ծիծեռնակներու վերադարձի տօն է: Հանսիքը, ձմեռնային արեւադարձի 105-րդ օրը, երկրագործական եղանակի սկիզբն է եւ նախնիներու գերեզմաններուն բրինձ կը մատուցեն: Չոփէլը, չորրորդ ամսուայ ութերորդ օրը, Պուտտայի ծննդեան տօնն է: Տանոն, հինգերորդ ամսուայ հինգերորդ օրը, ցանքը աւարտելու տօն է. իրարու հովահար կը նուիրեն. աղջիկներ ճօճանակներու վրայ կը մրցին. ճօճանակները մեծ ուռենիներու վրայ կը կախեն. յաղթողները պրոնզէ կամ արոյրէ սպասներ կը ստանան: Եուտուն, վեցերորդ ամսուան 15-րդ օրը, ջուրի տօն է. մազերնին կը լուան դժբախտութիւնը հեռացնելու համար: Պեքճունկը, եօթներորդ ամսուան 15-րդ օրը, Պուտտայի պաշտամունքի տօն է:

Քորէական ամիսներն են, յունուարէն սկսելով` Էէլ-վոլ, Էէ-վոլ, սամ-վոլ, սա-վոլ, օհ-վոլ, եու-վոլ, չիլ-վոլ, փալ-վոլ, կու-վոլ, շի-վոլ- շիպիլ-վոլ եւ շիպէ-վոլ: Շաբթուան օրերը, երկուշաբթիէն սկսելով` եուր-եոյլ, հուա-եոյլ, սու-եոյլ, մոկ-եոյլ, կիմ-եոյլ, թօ-եոյլ եւ էէ-եոյլ:

Քորէերէնը ունի գլխաւոր վեց բարբառ: Քորէական այբուբենը` հանկուլ, ունի 24 տառ, ստեղծուած է 1444-ին, կը գրուի վերէն վար, աջէն ձախ եւ հորիզոնական ձախէն աջ. ժամանակակից այբուբենը ունի 40 գրանիշ:

Քորէացիք տոհմերու բաժնուած են եւ ամէնէն աւելի 300 ազգանուններ տարածուած են: Կան նոյն ազգանուններով տարբեր տոհմեր: Քորէացիներուն գրեթէ կէսը Քիմ, Լի, Փարք, Չոէ եւ Չոնկ ազգանուններ կը կրեն: Քիմ (կը նշանակէ ոսկի) ազգանունը կը կրէ շուրջ 15 միլիոն քորէացի. կան հարիւրէ աւելի Քիմ ազգանունով տոհմեր: Հարաւային Քորէայի մէջ, Նաքտոնկ գետի հովիտի Կիմհայ քաղաքին շուրջ կեդրոնացած Քիմերը առանձինն շուրջ չորսուկէս միլիոն կը հաշուեն: Տոհմերը իրենց կարգին ճիւղերու բաժնուած են: Կնոջ ազգանունը չի փոխուիր: Ամուսնութեան համար հինգ ճիւղը կը փնտռեն: Նախնիներու պաշտամունքը նուիրական է: Իւրաքանչիւր տոհմ 30 տարին անգամ մը իր ազգաբանական ճիւղագրութիւնը կը հրատարակէ: Աւագ որդին տան պետը կը նկատուի: Տոհմական եւ ընտանեկան հաւատարմութիւնը եւ համերաշխութիւնը նուիրական են:

Աւանդական բնակարանները երկուքէն չորս սենեակներէ բաղկացած են, փայտաշէն, հողով կամ կաւով ծեփուած. տանիքը` չոր խոտով ու տերեւներով եւ կամ կղմինտրով: Ջեռուցման յարմարանքները տեղադրուած են բնակարանին յատակը:

Խոհանոցը կ՛ընդգրկէ ճոնպոքճուք (բրինձ եւ ծովային կաղամար), կամճաթակ (գետնախնձորով ապուր), հեճանչուք (չինական կաղամբով եւ ծովախեցգետին), սոլոնթանկ (կովու տոտիկ), սինսոլօ (իւղաբլիթ), չոնկոլ (խաշած միս, ծովամթերք եւ բանջարեղէն), տոթորիմուք (կաղնիի փոշիով պատրաստուած դոնդող), կալպի (կողիկներ), պիպիմպափ (բրինձ, աղցան, միս եւ հաւկիթ), պուլկոկի (մսեղէն), սենկսոնկուի (խորոված ձուկ), քիմչի (կծու աղցան) եւ հիոնմիչա (բրինձով եւ մեղրով թէյ): Բոլոր ճաշերն ալ կծու եւ համեմուած կ՛ուտեն:

Հարաւային Քորէա ունի 51 միլիոն բնակիչ, Հիւսիսային Քորէա` 25 միլիոն. նաեւ` 7.4 միլիոն քորէացիներ տարածուած են տարբեր երկիրներու մէջ:

(Վերջ)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>