Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւին ծիրին մէջ, ստորեւ կը ներկայացնենք հայկական ֆեմինիզմի ռահվիրաներէն անուանի գրող եւ հասարակական գործիչ Զապէլ Եսայեանի մէկ յօդուածը, տպուած` Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի առաջին թիւին մէջ` դեկտեմբեր 1908-ին: Հայկական ֆեմինիզմի մեծագոյն դէմքերէն Զապէլ Եսայեան Պոլսոյ «Ազդակ»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ էր, եւ 111 տարի առաջ ան բաւական յառաջդիմական դիրքերէ մեկնած կը խօսի հասարակութեան մէջ կիներու լիիրաւ դերակատարութեան եւ ամբողջական իրաւահաւասարութեան մասին:
Քաղաքական եւ ընկերական կեանքի կապանքները քակուելէն ի վեր, թրքահայ կինը խլրտաց իր դարաւոր անշարժութենէն ու գնահատելի խանդավառութեամբ մը ուզեց ինքն ալ իր ջանքերը բերել հասարակական գործունէութեան մէջ: Այդ գործունէութիւնը, սակայն, սահմանափակուած եղաւ հին օրերուն ուրուագծուած ծրագիրներու մէջ. անիկա բարեսիրական եւ կրթական օժանդակութիւններու մէջ դեգերեցաւ եւ ասիկա անխուսափելի էր: Հայ կնոջ իբրեւ անմիջական գործունէութեան դաշտ կը ներկայանար ինչ որ իր մայրերը պատրաստած էին շատ տաժանելի պայմաններու մէջ. բոլոր արգելքի դրուած կրթական ընկերութիւնները, բոլոր դժուարութիւններու հանդիպած բարեսիրական գործերը մեծ եռանդով վերսկսան: Այն բանը, որ դժուարաւ ձեռք կը բերուի թանկագին, գրեթէ նուիրական կը դառնայ. բոլոր ներկայ թրքահայ կնոջ ժառանգ մնացած հասարակական հանգամանք ունեցող գործունէութիւնը արծարծուեցաւ անսովոր եռանդով մը, եւ տեսանք, որ մեր կինն ալ ընդունակ է ի հարկին իր բաժինը ունենալու ապագայի գործին մէջ:
Բայց ինչ որ ուրուագծուեցաւ մեր աչքին` միայն ընդունակութիւնն էր: Հին ժամանակներու մէջ, մասնաւոր պայմաններու ճնշումին տակ եւ արտասովոր régime-ին յառաջ բերած աղէտները դարմանելու կոչուած ընկերութիւնները եւ հաստատութիւնները այլեւս անբաւական են նոր կեանքի պայմաններուն գոհացում տալու, անոնք իբրեւ օժանդակ մարմիններ կրնան դեռ իրենց գոյութեան իրաւունքը ունենալ, բարեգործութիւնը միակ ընդունուած միջոցն էր հին ժամանակներու մէջ, հասարակական պարտաւորութիւնները կատարելու. կնոջ դերն ալ այդ սահմանէն դուրս չելաւ եւ երբ կեանքի նոր պայմաններ ստեղծուեցան, պատրանքը ունեցաւ պահ մը, թէ հին միջոցները ընդարձակելով պիտի յաջողի ամոքել բոլոր պէտքերը:
Այդ պատրանքը երկար չէր կրնար տեւել սակայն. կանացի նոր գործունէութիւն մը կ՛ուրուագծուի արդէն. Աշխատանքի տան հաստատումը, որուն ծրագիրը բացատրուեցաւ Union Française-ի սրահին մէջ, առաջին գեղեցիկ քայլերն են այդ նշանակուած գործունէութեան. բարիքի տեղ` փոխադարձ աջակցութիւնը, ազնուաշուք եւ բարձրաշնորհ բարերարին տեղ` ընկերակցական գործունէութիւնը. ամէնքը մէկին եւ մէկը ամէնքի համար սկզբունքը: Ուժերու եւ ջանքերու հաւաքում, ընդունակութիւններու եւ տաղանդներու միացում, որոնք մէկզմէկ կ՛ամբողջացնեն, մէկզմէկու թերութիւն կը չէզոքացնեն եւ առաւելութիւններու գումարը կը բարձրացնեն:
Բարձրաստիճան ու բարձրաթռիչ հովանաւորութիւնները իրենց գոյութեան իրաւունքը կը կորսնցնեն ընկերակցական գործունէութեան կարելիութեան առիթով. անոնք նոյնիսկ եթէ ինքնին չանհետանան իբրեւ անպէտ մարմիններ, անխուսափելիօրէն արգելք կ՛ըլլան գործելու օրինաւոր եղանակին եւ ուշ կամ կանուխ մեր թշնամիները կը դառնան:
Մեր ազգը, սակայն, ընդհանրապէս մեծ հասկացողութեամբ օժտուած է. կարելի է յուսալ, որ մեր կիները անմիջապէս ըմբռնեն կեանքի նոր պայմանները եւ առանց դասակարգի խտրութեան միանան ազգովին մղելու այն պայքարը, որով մեր ցեղը յատկանշուած է ընդհանրապէս Արեւելքի ցեղերուն մէջ:
Կանացի գործունէութիւնը այդ շաւղին մէջ միայն կարելի է եւ բեղմնաւոր կրնայ դառնալ: Այդ է իսկական գործունէութիւնը:
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ