Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երկու օրէ ի վեր կը գտնուիմ Ֆրեզնօ: Ամերիկացի ընկեր-բարեկամ չունիմ: Կան հայեր: Այս երկու օրերու ընթացքին հանդիպեցայ միայն հին եւ նոր ծանօթներու: Մուսալեռցիներու համայնք կայ, կան Հայաստանէն արտագաղթածներ: Հայրենահանուածներու սերունդէն եւ անոնց ժառանգներէն հայերու չհանդիպեցայ, հաւանօրէն դեռ առիթ կ’ըլլայ, երբ համալսարանի հայկական ամպիոնը երթամ: Վաղեմի ընկեր մըն ալ կ’ապրի հոս, ուսուցիչ:
Հետաքրքրութեանս լսափողը բացած` լսեցի, ուզեցի գիտնալ: Երբ երիտասարդ էինք, գիտէինք, որ «Ասպարէզ» օրաթերթը հոս կը հրատարակուէր: Հոս ապրած էր Ուիլիըմ Սարոյեան, որուն անունով թատերասրահ կայ եւ մուտքին` իր կիսանդրին: Այլ հրապարակի մը վրայ կայ «Սասունցի Դաւիթ»-ը` Քուրկիկ Ջալալիի վրայ եւ Թուր Կեծակին ձեռքին: Գերեզմանատան մէջ դէպի երկինք կը բարձրանայ Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակի կոթողը: Այս բոլորը զբօսաշրջային են:
Տարիներ առաջ քանի մը ժամով եկած էի Ֆրեզնօ, հայրենի գրող Զօրայր Խալափեանի ընկերակցութեամբ, որուն «Կճուճներու թագաւորը» գիրքը պէտք էր ներկայացնէի, արձակուրդի օրերս անոր ընթերցման յատակցնելէ ետք: Կիրակիի պատարագէն ետք, սրահի մը մէջ, ուր մարդիկ կէսօրուան ճաշէն առաջ կը հիւրասիրուէին, լրջութեամբ պատրաստած խօսքս ամփոփեցի քանի մը բառերով եւ խօսափողը յանձնեցի Զօրայր Խալափեանին: Այդքան տեւեց գրական հանդիպումը, որուն համար եկած էինք եւ նոյն օրը վերադարձանք Լոս Անճելըս:
Անցնող քանի մը օրերու զրոյցներու ընթացքին պարզուեցաւ, որ կարեւոր թիւով հայեր կ’ապրին Ֆրեզնօ: Ոմանք ըսին` 70.000, ուրիշներ ըսին` 60.000, 45.000: Դպրոց ունին, կիրակնօրեայ դպրոց, հայկական պարի դպրոց, երբեմն տեղի կ’ունենան մշակութային ձեռնարկներ: Ճշդեցին, որ համագործակցութիւն չկայ, եւ Պաղ պատերազմը կը շարունակուի: Հակառակ իր կարեոր համրանքին` համայնքը շնչասպառ է: Ինքզինքիս թոյլ չեմ տար ըսելու, թէ ի՛նչ տոկոս կը ներկայացնեն հայ կեանքին մասնակիցները, բայց անոնք չնչին տոկոս են: Հայաստանէն նոր հասածներ եւ մուսալեռցի երիտասարդներն անգամ ամերիկերէնի երգեցիկ հայերէն կը խօսին:
Ամերիկեան եւ հայկական դասական պատկերին հաւատարիմ, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, զոյգ-զոյգ ունինք, հոս ալ ունինք զոյգ եկեղեցիներ, երկու աւետարանական եկեղեցիներ:
Ինչպէ՞ս կրնայի չմտածել, բաղդատութիւններ չընել, անոնց մասին չխօսիլ ընկեր-բարեկամներու հետ:
Արդարեւ, հոս կան, մէկ քաղաքի մէջ, աւելի մեծ թիւով հայեր, քան Լիբանան, քան Աւստրալիա, քան Քուէյթ: Իրապէս անկարելի՞ է ազգային համայնք դարձնել Ֆրեզնոյի հայերը, ունենալ դպրոց, ակումբներ եւ այլ կառոյցներ: Ըսին, որ անկարելի է: Երիտասարդները չեն գար, երէցները հին օրերու բարձրաձայն չըսուող տարակարծութիւններով կ’ապրին: Նոյնիսկ նոր հասնողներու զաւակները կը հեռանան հայերէնէ: Հայերէն թերթ եւ հայերէն գիրք մեծ բացականերն են հայոց կեանքէն:
70.000 հայերու վերականգնումին, հայացման եւ շարունակութիւն դառնալու առաջադրանքին համար համազգային վերաբերումի մը անհրաժեշտութեան մասին մտածել եւ նախաձեռնել մի՞թէ հրամայական պարտականութիւն չէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, հայ կուսակցութիւններուն, մեծանուն հայկական մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն համար: Ճիշդ է, որ հոս մարդիկ ունին բարօր կեանք` առատութեան երկրին մէջ, բայց ի՞նչ է եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայերու ինքնութիւնը, ազգի անդամ մնալու գիտակցութիւնը` քանի մը տասնամեակ վերջ, չեմ համարձակիր ըսելու` մեր դարուն վերջը:
Մարգարէ չեմ, բայց նաեւ չեմ ուզեր հետեւիլ պարտութիւնը ընդունած չարագուշակներու:
Հրաշք չկայ: Վերականգնումը ինքնաբերաբար տեղի պիտի չունենայ:
Մեր ժամանակներու մեծ գիւտէն, մեծ նուաճումէն` կազմակերպութենէն, եթէ գիտնանք օգտուիլ, թերեւս մենք կ’իրագործենք հրաշքը:
Ֆրեզնոյի հայերը բարեկեցիկ են, քիչ մըն ալ` աւելի: Անոնք ի վերջոյ հայ են, եւ բոլորն ալ իրապէս չեն դարձած սոսկ ծագումով հայեր: Իրարու հետ մրցակցութեան մէջ եղող, զիրար անգիտացող հայկական կազմակերպութիւնները պահ մը պէտք է մտածեն, որ Ֆրեզնոյի 70.000 հայերը իրենց դրամագլուխն են, անոնցմով կ’արդարանայ իրենց գոյութիւնը: Իրենք իրենց հարց պէտք է տան, թէ ի՞նչ պէտք էր որ ընէին եւ չեն ըրած, ի՞նչ պէտք է որ ընեն կորսուած ժամանակը վերաշահելու համար:
Ազգային իրաւ քաղաքականութեան տեսանկիւնէն, յանցանք է 70.000 հայերու ճակատագիրը անմիջական օրակարգ չդարձնել:
Մէկ շաբթուան այցելուն մեծ գաղութի մը խորհրդատուն ըլլալու յաւակնութիւնը պէտք չէ ունենայ: Սակայն կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի եւ Արցախի գիւղերով զբաղելու իրենք իրենց առաքելութիւն տուած կազմակերպութիւնները, առանձին կամ համատեղ պատասխանատուութեամբ, լուսարձակի տակ չեն բռներ Ֆրեզնոյի 70.000 հայերը, որպէսզի անոնք տոկան եւ տեւեն, ունենան հարազատ ինքնութիւն եւ վերագտնեն հայրենատիրութեան յանձնառութիւնը, մասնակցութեամբ եւ ի հարկին` հայրենադարձութեամբ:
Վիճակագրական ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ըսել, թէ առնուազն երեք կամ չորս հազար դպրոցական տարիքի սերունդ ունի Ֆրեզնոյի հայութիւնը: Այսինքն` հայկական վարժարանի մը հաւանական աշակերտներ, եթէ անոնց առջեւ բացուին դռները արդիական հայկական վարժարանի մը, ուր լրացուին պայմանները` կեանքի եւ ընկերութեան մէջ յաջողութեան եւ հայու ինքնութեան կերտումին:
Անհրաժեշտ են` որակը, ներդրումը, կազմակերպութիւնը:
Ղեկավարումի, ձեռնհասութեան, ներդրումի, հեռանկարի եւ յանձնառութեան հարց է վերականգնումի ծրագիր մը, որ պիտի ըլլայ վերկուսակցական, վերյարանուանական, վերդասակարգային:
Երեւելիական թափահարումները գերանցելով` անկարելի՞ է նախաձեռնել:
Ազգը երախտապարտ պիտի ըլլայ այդ ոգիով նախաձեռնողներուն, ոչ միայն հոս` Ֆրեզնօ, այլ նաեւ` Մելպուռն, Շուէտ, Հոլանտա, ամէնուրեք ուր հայ կայ:
Կարողական կարելիութիւնները կան:
Վստաhութիւն ներշնչել, ծրագրել եւ նպատակադրել որակը: Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ: Պատմութիւնը պիտի չխօսի մեր մրցակցական պարտութիւններուն եւ յաղթանակներուն մասին, այլ` մեր յաջողութիւններուն եւ վերականգնումներուն մասին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Եթէ յաջողինք եւ վերականգնինք:
2 նոյեմբեր 2017, Ֆրեզնօ