Հաղորդումը պատրաստեց` ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ
Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, նոյեմբեր 16-ին եւ 17-ին Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատն այսօր» 13-րդ խորհրդաժողովը, որ խորագրուած էր` «Հայ դատը տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւններու ծիրին մէջ:
Երկու օր տեւած համապարփակ եւ բովանդակալից քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծաւալող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն եւ անոնց հնարաւոր ազդեցութեան` Հայ դատի պահանջատիրական պայքարի գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ ողջ հայութեան վրայ: Զեկուցաբերները փորձեցին վեր հանել հիմնական խնդիրները, առանձնացնել մարտահրաւէրները եւ մատնանշել անոնց յաղթահարման հնարաւոր ուղիները:
«Հայ դատն այսօր» 13-րդ խորհրդաժողովին որպէս զեկուցաբերներ հանդէս եկան` Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն եւ Թուրքիայէն հրաւիրեալներ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութեան ամպիոնի վարիչ, ԵՊՀ Հայագիտական կեդրոնի հայ-քրտական առնչութիւններու բաժինի վարիչ Վահրամ Պետրոսեանը, քաղաքագէտ, «Կլոպալիզացիայի եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւններու վերլուծական կեդրոն»-ի տնօրէն Ստեփան Գրիգորեանը, ԵՊՀ իրանագիտութեան ամպիոնի դասախօս Արմէն Իսրայէլեանը, ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ, Արցախի ՀՅԴ ԿԿ-ի անդամ Վահրամ Բալայեանը, Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեանը, Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Պետօ Տեմիրճեանը, Պոլիս տպագրուող «Ակօս» պարբերականի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանը, ինչպէս նաեւ իրանահայ զեկուցաբերներ` Իսլ. խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը, ազգային-հասարակական գործիչ Հենրիք Խալոյեանը եւ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի փոխնախագահ Գրիգոր Ղազարեանը:
Խորհրդաժողովին հիւրաբար ներկայ էին նաեւ Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Խաժակ Վարդանեանն ու Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սեւակ Կիւլվանէսեանը:
Թեմաթիք քննարկումներուն յաջորդեց նոյեմբեր 17-ի երեկոյեան կազմակերպուած «Talk show»-ն, որուն թեման էր` «Անկախ Քիւրտիստանը, տարածաշրջանային քարտէզի փոփոխութիւնը եւ անոնց ազդեցութիւնը Հայ դատի հոլովոյթին վրայ»: Հետաքրքրական եւ բազմաբնոյթ քննարկման ընթացքին «Talk show»-ի մասնակիցները` Կիրօ Մանոյեանը, Ստեփան Գրիգորեանը, Վահրամ Պետրոսեանը, Արմէն Իսրայէլեանը, Բագրատ Էստուկեանը եւ Կարէն Խանլարեանը փորձեցին վեր հանել իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ ընթացող իրադարձութիւններու բոլոր կողմերը, հնարաւոր զարգացումներն ու անոնց անմիջական ազդեցութիւնը տարածաշրջանի, ինչպէս նաեւ Հայ դատին վրայ:
Տարածաշրջանային Իրադարձութիւնները`
«Հայ Դատի Այսօր»-ի Ոսպնեակէն
Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, նոյեմբեր 16-ին եւ 17-ին Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատն այսօր» 13-րդ խորհրդաժողովը, որ խորագրուած էր «Հայ դատը տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւններու պարունակին մէջ»:
Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Իւնանէսեանը, որ բեմ հրաւիրեց խորհրդաժողովի առաջին նախագահ «alikonline»-ի խմբագիր Արամ Շահնազարեանը, որ նախ ներկայացուց, թէ ինչո՛ւ ընտրուած է այս թեման եւ ի՛նչ նպատակներ կը հետապնդէ խորհրդաժողովը, ապա ներկայացուց խորհրդաժողովին հրաւիրուած հիւրերը` Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն, իսկ յետոյ բեմ հրաւիրեց խորհրդաժողովի միւս նախագահները` Վարուժ Յովհաննիսեանը եւ Դերենիկ Մելիքեանը:
Այնուհետեւ ամպիոն հրաւիրուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը, որ իր ելոյթի ընթացքին նշեց. «Հայ դատը հաւատքին համազօր իրականութիւն է: Այն վստահութիւն ներշնչող իրականութիւն է, որ մեզ կը մղէ մտորելու, ուստի պէտք է բոլորս աշխատինք իմաստութեամբ եւ մեր ժողովուրդի նպատակը իրականացնելու ուղղութեամբ»:
Սրբազան հօր ելոյթէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, որ իր ելոյթի ընթացքին ողջունելով խորհրդաժողովի կազմակերպումը` յայտնեց. «Հայ դատն այսօր»-ը, արդէն 13 տարի է կը գումարուի եւ իսկապէս մեծ դերակատարութիւն ունի մեր քաղաքական մտածողութեան զարգացման մէջ, ուր յաճախ կը բարձրացուին օրակարգային թեմաներ, եւ պատահական չէ, որ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբը կը կազմակերպէ նման խոհրդաժողովներ, քանի որ Իրանը աշխարհաքաղաքական առումով շատ մօտ է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Արցախին, հետեւաբար լաւատեղեակ է տարածաշրջանային զարգացումներուն»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ «Հայ դատն այսօր»-ի բարձրաձայնած խնդիրները արդիական բնոյթ կը կրեն, եւ անիկա կը շօշափէ մեր ժողովուրդի հարցերն ու խնդիրները հիմնականին մէջ արդիական իմաստով:
Բանախօսը համոզուած ըլլալով հայ ժողովուրդին մէջ կազմաւորուած համընդհանուր գիտակցութեան, որ միացեալ հայրենիքի գաղափարն է, նշեց. «Հայ դատը ոչ թէ լուծուելու հարց է, այլ կը լուծուի, քանի որ միացեալ հայրենիքի մէկ մասնիկը, որ Արցախն է, արդէն միացած է Հայաստանին, հետեւաբար մեզի կը մնայ լուծել Արեւմտեան Հայաստանի հարցը, որ պէտք է պահանջել Թուրքիայէն»:
Կիրօ Մանոյեանի ելոյթին յաջորդեց Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Իւնանէսեանի զեկոյցը, որուն ընթացքին ան ներկայացուց վերջին 2 տարիներու ընթացքին յանձնախումբին ծաւալած գործունէութիւնն ու կատարած աշխատանքները:
Զեկուցաբերներուն մէջ էր նաեւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Պետօ Տեմիրճեանը, որ տարիներ շարունակ աշխատանք ծաւալած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին մէջ: Պետօ Տեմիրճեանը անդրադառնալով ծաւալուն աշխատանքներուն Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու, որոնք կը գործեն Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն մէջ, յատկապէս նշեց Եւրոպայի մէջ Արցախի ճանաչման գործին մէջ ունեցած ուղղուածութիւնը, որ կ՛իրականացուի տարբեր քարոզչական աշխատանքներով: Ան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Այս տարի կարելի եղաւ կազմել խորհրդարանականներու խումբեր, որոնք Արցախի հետ կը սկսին համագործակցիլ, ինչ որ կը նպաստէ Արցախի ճանաչման»:
Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի աշխատանքներու զեկոյցը ներկայացուց Կիրօ Մանոյեանը, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբին գործունէութիւնը: Լայնածաւալ գործունէութեան զեկոյցը ներկայացնելով` ան նշեց. «Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբը իր ծաւալուն աշխատանքներով կ՛օժանդակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնքներու որդեգրման` տեղական, համադաշնակցային եւ միջազգային մակարդակներով եւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի խախտման վրայ»: Մանոյեան անդրադառնալով Հայ դատի 100-ամեակէն ետք առկայ մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարին` ընդգծեց այն փաստը, որ Հայ դատն արդէն անցած է մէկ այլ փուլ, ուր ճանաչումէն բացի` օրակարգի վրայ է «հատուցման» հարցը, որուն ուղղութեամբ ալ կ՛աշխատի յանձնախումբին կողմէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կեանքի կոչուած «Հայկական իրաւական կեդրոն»-ը: Ըստ Կիրօ Մանոյեանին, «Կեդրոն ազգային եւ միջազգային ատեաններու ու հարթակներու միջոցով կը փորձէ հասնիլ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրի արդարացի լուծման եւ պաշտպանել Արցախի անկախութեան իրաւունքը: Անիկա կը գտնուի Ուաշընկթընի մէջ եւ կ՛աշխատի միջազգային ասպարէզին մէջ` իր ուշադրութիւնը սեւեռելով հատուցման հասնելու համար բոլոր հնարաւորութիւններուն վրայ: Կեդրոնի վարչութեան կ՛անդամակցին թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ սփիւռքահայ համայնքներէն»: Հայ դատի եւ հայոց պահանջատիրութեան այժմեան փուլի քննարկումներուն մաս կը կազմէր Կիրօ Մանոյեանի եւ Հենրիք Խալոյեանի ելոյթները:
Հենրիք Խալոյեանի համոզումով, «Հայ ժողովուրդի արդարացի դատի մէկ մասնիկը արդէն իրականացուած է, սակայն այսօր մեր երիտասարդութեան մէջ առկայ է անորոշութիւն»: Ան իր ելոյթին մէջ մէջբերեց Կոստան Զարեանի խօսքը. «Երբ ազգերը կը խեղճանան եւ պատմական կարեւորութենէ կը զրկուին, զանոնք կ՛արհամարհեն եւ կը կողոպտեն»: Հենրիք Խալոյեանը կարեւորելով ազգային ռազմավարական ծրագիրները` յայտնեց. «Չեմ կրնար ազգային ռազմավարութիւնը տարանջատել Դաշնակցութեան գաղափարէն, անիկա պէտք է ընդգրկէ եւ համադրէ հայ ազգային, քաղաքական, ընկերային, հասարակական եւ մշակութային արժէքներ, նպատակներ, եւ գործունէութիւնը դառնայ ի խնդիր հայրենիքի ամրապնդման եւ ազգի ինքնահաստատման, անիկա պէտք է տարբերի Հայաստանի պետական քաղաքականութենէն եւ իր մէջ պարունակէ նաեւ համազգային նպատակներ»: Ըստ Խալոյեանի, հատուցման մէջ պէտք է կիրարկել 5 կարեւոր գործօններ, որոնք են` պատիժը, ճանաչումն ու յիշատակումը, ոճրագործ կառավարութեան գործընթացը, որ պէտք է ցուցաբերէ աջակցութիւն հայերուն եւ Հայաստանին, Թուրքիոյ առողջացումը եւ գոյքի վերադարձը, որուն մէջ ընդգրկուած է մահուան դիմաց փոխհատուցումը:
Հենրիք Խալոյեանի զեկոյցին յաջորդեց նոյն նիւթով Կիրօ Մանոյեանին զեկոյցը, որով ան կեդրոնանալով Հայ դատի` Թուրքիայէն ունեցած պահանջներուն ըսաւ. «Ըստ եղած ուսումնասիրութիւններուն, ցեղասպանութիւնները կը կատարուին պետութեան մը կողմէ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ, եւ ատոր փոխհատուցումը չէ սահմանուած միայն տարածքներով, սակայն մեր հողերու վերադարձը ամրագրուած է, որպէսզի Ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացուին»: Կիրօ Մանոյեանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Սեւրի դաշնագիրին, Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճռի կարեւորութեան, ճանապարհային քարտէս ունենալու անհրաժեշտութեան եւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:
Յատկանշական է, որ իւրաքանչիւր զեկուցաբերի ելոյթէն ետք լսարանի հարցումներու եւ տեսակէտներու ներկայացման առիթ կը տրուէր, որոնց արդիւնք կ՛ըլլային բուռն քննարկումներ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն պատասխանելով Սեւրի դաշնագիրին իրաւական կարեւորութեան հարցին մասին, յայտնեց, որ անիկա ունի քաղաքական եւ ոչ թէ իրաւական արժէք:
Իսլ. խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Կարէն Խանլարեանին ելոյթը կը վերաբերէր գերտէրութիւններու եւ տարածաշրջանային խաղացողներու դերակատարութեան` Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական հեռանկարին մէջ: Կարէն Խանլարեանը կիսելով Կիրօ Մանոյեանին արտայայտած միտքերը` այնուամենայնիւ նշեց. «1919 թուականին տեղի ունեցած փարիզեան խորհրդաժողովին ժամանակ հայկական պատուիրակութեան մէջ գոյութիւն ունէր մէկ հարց` Հայաստանի Հանրապետութեան ազատագրումը, քանի որ մինչեւ այդ մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւնները եւ կոտորածը մեր խնդիրը չէին եւ մեր օրակարգին վրայ կար պատմական հայրենիքի ազատագրումը»:
Ինչ կը վերաբերի Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին, դոկտ. Խանլարեանը նշեց, որ անիկա նոյնպէս Ցեղասպանութեան հետքերը մեղմացնելու համար չէր, այլ կը պատկերացնէր այնպիսի սահմաններ եւ տարածք, որ ռազմական եւ ռազմավարական առումով կ՛ապահովէր քանի մը տարիներու ապահով կեանք Հայաստանի համար: Կարէն Խանլարեանը անդրադառնալով մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճրագործութիւններու փոխհատուցման միջոցներուն` յայտնեց. «Հողային փոխհատուցումը Ցեղասպանութեան հետքերը, ընդ որում` մարդու դէմ, իրականացուցած ոճրագործութիւններու փոխհատուցման համար չէ, այլ հողային պահանջատիրութիւնը, պատմական հայրենիքի ազատագրումը, հայ ժողովուրդի պահանջն է Թուրքիայէն»:
Ան իր ելոյթը եզրափակեց հետեւեալ միտքով. «Ցեղասպանութեան հատուցումը կորսնցուցած է իր անկիւնաքարը` հողային պահանջատիրութիւնը: Չսխալի՛նք, Թուրքիոյ ճանաչումով մենք ինքնաշխատ կերպով չենք անցնիր հողային պահանջատիրութեան»:
Զեկուցաբերներուն մէջ էր նաեւ ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութեան ամպիոնի վարիչ, ԵՊՀ հայ-քրտական առնչութիւններու բաժինի վարիչ Վահրամ Պետրոսեանը: Ան վերլուծելով տարածաշրջանային զարգացումները` նշեց. «Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախացումը տեղ մը կրնայ Թուրքիոյ համար դրական իրողութիւն ըլլալ»: Փորձագէտը նշեց. «Իրաքեան Քիւրտիստանը կրնայ դառնալ անվտանգութեան գօտի` անհանգիստ արաբական շրջանի ու Թուրքիոյ միջեւ: Ասկէ զատ, նաւթային եւ կազային աղբիւրներու վրայ իշխող Քիւրտիստանը Թուրքիան կը վերածէ ա՛լ աւելի մեծ ուժանիւթային աղբիւրներու խաչմերուկի, որովհետեւ արտահանման այլ ճանապարհ չ՛ունենար, եթէ Իրանը չմեղմացնէ իր դիրքորոշումը»:
Ինչ կը վերաբերի իրաքեան Քիւրտիստանի անկախացման հայկական տեսակէտէն, ապա` Վահրամ Պետրոսեանը նշեց, որ հանրաքուէի իրականացումը եւս մէկ անգամ կ՛ընդգծէ ազգերու ինքնորոշման գործօնը: Ասկէ զատ` իրաքեան Քիւրտիստանը ըլլալու է Թուրքիոյ ուշադրութիւնը դէպի հարաւ շեղող գործօն:
Գերտէրութիւններու եւ տարածաշրջանային խաղացողներու դերակատարութեան Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական հեռանկարի ընդհանուր պարունակի առաջին բաժինով քննարկուեցան Թուրքիոյ դերը եւ ներկայ աշխարհաքաղաքային կարգավիճակը, ուր ելոյթ ունեցաւ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի փոխնախագահ Գրիգոր Ղազարեանը: Ան անդրադառնալով 2023-ի Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին` ըսաւ. «100-ամեայ հանրապետութեան շեմին կանգնած իշխանութեան տեսլականն է զարգացումը, որով կը փորձեն ա՛լ աւելի զարգացնել ե՛ւ տարածաշրջանային ազդեցութիւնը, ե՛ւ տնտեսութիւնը»:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ «Ակօս» թերթի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանը: Ան հաստատելով Թուրքիոյ քաղաքական տեսլականը, որ ներկայացուած էր Գրիգոր Ղազարեանի ելոյթին մէջ, համոզում յայտնեց, որ անիկա տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած քաղաքականութիւն է, սակայն Տաւութօղլուի`«Զերօ խնդիրներ հարեւաններուն հետ» քաղաքականութիւնը որդեգրած Թուրքիան շատ հեռու կանգնած է իր արտաքին քաղաքականութեան համար ուրուագծած հեռանկարի իրականութենէն, որուն մեղաւորը նոյնինքն Թուրքիան է:
Ան նշեց, որ Թուրքիան հիմա ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի երկրի ղեկավարութեան վարած արկածախնդիր քաղաքականութեան պատճառով: Որպէս օրինակ` ան նշեց ՏԱՀԵՇ-ին` Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը, որուն մասին վկայեց ամբողջ աշխարհը: Էստուկեանը անդրադառնալով թուրք հասարակութիւնը յուզող հիմնահարցերուն` ընդգծեց գործազրկութիւնը, արտագաղթը, թոշակառուներու հարցերը եւ նշեց, որ քաղաքական անորոշութիւնը ստուեր ձգած է Թուրքիոյ վրայ: Ըստ անոր, թրքահայ համայնքին, ինչպէս եւ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծագոյն խնդիրը արտագաղթի ձգտումն է. «Շատերը կը ցանկան գաղթել, եւ ատիկա ի հարկէ մեզի համար մտահոգութիւն է, «one way ticket»-ները օրէ օր աւելի կը շատանան», ըսաւ նա:
Բագրատ Էստուկեանը նշեց, որ Թուրքիոյ համար անհրաժեշտ է ժողովրդավարական սկզբունքներով պետութեան ձեւաւորումը` աւելցնելով. «Մարդասպանութեան, խաբկանքի, եւ սուտի վրայ 1923-ին թուրք պետութեան հիմնումը սխալ էր, հետեւաբար թող չգայ ոչ մէկ 2023, քանի որ ոճրագործ սիւներ ունեցած երկիրը պէտք է քանդուի ի շահ իր ժողովուրդի բարօրութեան»:
Զեկուցաբերներուն մէջ էր նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահի տեղակալ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը, որ լայնածաւալ բացատրութիւններ տուաւ Արցախի ներկայ քաղաքակական եւ հասարակական իրավիճակին, Արցախի ճանաչման նպաստող աշխատանքներուն, պատերազմի հաւանականութեան եւ ապագայ հեռանկարներուն մասին:
Համաձայն Բալայեանի, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը տնտեսապէս ամրապնդուին, եւ ժողովուրդը լիայոյս, ամուր ոտքերով կանգնած ըլլայ իր հողին վրայ: Ան ըսաւ. «Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի, այսօր անիկա կը կերտուի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ մշակութային առումով, եւ Արցախի ժողովուրդը լիայոյս է, որ միջազգային հանրութիւնը ըմբռնումով կը մօտենայ Արցախի ճանաչման»: ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահը պարզաբանեց. «Այսօր մեզի համար կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ մեծ ցանկութիւն ունինք համարկուելու համաշխարհային հանրութեան հետ»:
«Հայաստանը բեւեռներու միջեւ – Ե՞Մ, թէ՞ ԵԱՏՄ» նիւթին անդրադարձաւ քաղաքագէտ, «Կլոպալիզացիայի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերլուծման կեդրոն»-ի ղեկավար Ստեփան Գրիգորեանը:
Ստեփան Գրիգորեանը դահլիճին ուշադրութիւնը հրաւիրեց օրակարգի տնտեսական մասին վրայ, քանի որ ԵԱՏՄ-ն ի սկզբանէ կը ներկայացուէր իբրեւ տնտեսական կառոյց: Ըստ Գրիգորեանի, «2016 թուականին Հայաստանէն ԵԱՏՄ երկիրներ արտահանումները կազմած են 20 տոկոս: Արտահանումներու 80 տոկոսէն աւելին բաժին կ՛իյնայ եւրոպական պետութիւններուն, ապա` Չինաստանին, Վրաստանին, Իրանին եւ այլն»: Այս թիւերը, ըստ անոր ուղղակի ապացոյց են հասարակական այն տրամադրութիւններուն, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին` մեզի ոչինչ տուած է:
Ան նաեւ յիշեցուց, որ ԵԱՏՄ կողմնակիցները կը հաւաստիացնէին, որ միութեան անդամակցիլը շահաւէտ է Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որ` Եւրասիական տարածքը մեզի ծանօթ է, գործարքի համար բարդութիւն չ՛առաջացներ, դրական միջավայր է, չկայ լեզուի խնդիր, հայկական ապրանքները մրցակից կ՛ըլլան ԵԱՏՄ-ի մէջ եւ` ամենակարեւորը, կ՛ըսէին, որ միութեան անդամակցութիւնը կը լուծէ մեր անվտանգութեան խնդիրը: Բայց ժամանակը, ըստ վերլուծաբանին` ցոյց տուաւ, որ բացի բացասականէն` ԵԱՏՄ-ն Հայաստանին տուաւ գրեթէ ոչինչ:
«Մենք, սակայն, կ՛ըսէինք, որ չունինք ցամաքային սահման ԵԱՏՄ անդամ որեւէ պետութեան հետ, իսկ ասիկա արդէն կը սահմանափակէ. դուն չես կրնար դիւրութեամբ հատել այդ երկիրներուն սահմանները: Մարդիկ չեն կրնար դուրս բերել իրենց ապրանքը Ռուսիա, որովհետեւ ցամաքային միակ սահմանը` Վրաստանի Վերին Լարսը, տարուան կէսը փակ է, այնտեղ մարդոցմէ գումար կը շորթեն», ըսաւ Գրիգորեանը:
Յատկանշական է, որ փորձագէտներու ունեցած ելոյթներուն ժամանակ քննարկումներ կ՛ընթանային քննուող նիւթերուն շուրջ, ինչ որ ալ կը ձեւաւորէր ընկերային-քաղաքական զարգացած համընդանուր միտք, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր բեւեռներ, ինչ որ անհրաժեշտ էր խորհրդաժողովի արդիւնաւորման համար:
Ստեփան Գրիգորեանի ելոյթի ժամանակ ալ հնչեցին ե՛ւ թեր, ե՛ւ դէմ տեսակէտներ: Մասնաւորապէս լսարանի արտայայտած դէմ կարծիքներէն էր այն համոզումը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՄ-ին անդամակցութիւնը էական վնաս կը հասցնէ ե՛ւ ազգային անվտանգութեան, ե՛ւ տնտեսութեան:
Հնչած կարծիքներուն անդրադառնալով քաղաքագէտը զգուշացուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութիւնը Ռուսիոյ հետ կապելը, որ պատժամիջոցներու ենթակայ է եւ ճգնաժամ կ՛ապրի, բացասական հետեւանքներ կ՛ունենայ Հայաստանի վրայ:
Համաձայն փորձագէտին, այսօր Հայաստանին պէտք են այլընտրանքներ: ԵԱՏՄ-ն թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին համարկման գործընթացներու եւ թէ՛ տնտեսական հզօրութեան տեսանկիւնէն թերի կառոյց է` մշուշոտ հեռանկարով, հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Միջին Ասիոյ, արեւելքի եւ Ծայրագոյն արեւելքի ոչ այնքան զարգացած երկիրներուն հետ համագործակցութեան հեռանկարին վրայ:
Խորհրդաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկաւ նաեւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախմբի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեանը, որ անդրադարձաւ Լիբանանի վերջին զարգացումներուն եւ մատնանշեց անոնց ազդեցութիւնը` տարածաշրջանային յարաբերութիւններուն վրայ:
Աւարտին, առիթ տրուեցաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի ներկայացուցիչներ` Սեւակ Կիւլփանոսեանին եւ Պասրայի Հայ դատի գրասենեակի անդամ Խաժակ Վարդանեանին ներկայացնելու երկու համայնքներու ներկայ իրավիճակը:
* * *
Եւ այդպէս կը ձեւաւորուի եւ կը զարգանայ 21-րդ դարու հայ քաղաքական իր կից քաղաքագիտա-մեկնաբանական պարագաներով: Ըստ իս, քաղաքական իրադարձութիւններուն հետ կապուած հասարակութեան մէջ նկատուող անորոշութիւնն ու անվստահութիւնը յաճախ պայմանաւորուած են քաղաքական թոյլ մշակոյթով եւ տեղեկացուած չըլլալու իրողութեամբ, որուն հետեւանքը կ՛ըլլայ, որ անսովորն ու անհասկանալին հասարակութեան մէջ կը յառաջացնեն դժգոհութիւն եւ բացասական զգացումներ:
Նմանատիպ խորհրդաժողովները կոչուած են հասարակութեան մէջ ապահովելու քաղաքական մտքի ձեւաւորումն ու զարգացումը` ընկալելի դարձնելով տարածաշրջանային հիմնահարցերը: