Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Լիբանանի Վերջին Զարգացումներն Ու Անոնց Նշանակութիւնը Շրջանային Յարաբերութիւններու Լոյսին Տակ*

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2016-ին Լիբանանի խորհրդարանը  Դիմադրութեան ճամբարի` 8 Մարտի ուժերէն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօրավար Միշէլ Աունը ընտրեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ` այդպիսով վերջ տալով 2,5 տարուան նախագահական թափուր աթոռի վիճակին: Երկու օր ետք` չորեքշաբթի, 2 նոյեմբեր եւ հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2016-ին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ երեսփոխանական պլոքներուն հետ տեղի ունեցած` վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններէն ետք երկրի վարչապետ նշանակուեցաւ Դիմադրութեան հակառակորդ ճամբարի` 14 Մարտի ուժերէն Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրին, որ կազմեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:

Լիբանանեան կառավարութիւնը անցնող մէկ տարուան ընթացքին խորհրդակցութիւններու, երկխօսութեան եւ քննարկումներու շնորհիւ եւ փոխադարձ զիջումներու հիմամբ որդեգրեց ընտրական նոր օրէնքը, կատարեց թափուր մնացած պետական պաշտօններու համար նշանակումներ, ինչպէս նաեւ որդեգրեց պետական մարզի պաշտօնեաներու համար աշխատավարձերու յաւելման օրէնքը: Տիրող քաղաքական դրական մթնոլորտը իր արձագանգը ունեցաւ ապահովական գետնի վրայ. Լիբանանեան բանակը յաջողեցաւ Ռաս Պաալպաքի եւ Քաայի բարձունքներէն վտարել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները` այդպիսով ամբողջացնելով Արսալի բարձրունքներէն Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու վտարման Հըզպալլայի առած քայլը:

Այս բոլորը լիբանանցիներուն մէջ ստեղծեցին երկրի քաղաքական ու ապահովական կեանքի բնականոնացման եւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան մթնոլորտ մը: Հարկ է նշել, որ այս զարգացումները արդիւնք էին  «բարենպաստ» ազդակի մը.միջազգային ու շրջանային ուժերը չէին ուզեր, որ շրջանին մէջ տիրող դժուար կացութեան մէջ յաւելեալ գլխացաւ մը ստեղծուի, իրողութիւն մը, որուն շնորհիւ` արդիւնք Լիբանանը վերածուեցաւ շրջանային փոթորկոտ ովկիանոսին մէջ կայունութեան կղզիի մը, ուր հարցերը կը լուծուին երկխօսութեամբ, հանդարտութեամբ եւ փոխադարձ զիջումի սկզբունքի հիմամբ: Իրապէս ալ Լիբանանի երեք պետերը` նախագահը, խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը անցնող մէկ տարուան ընթացքին յաջողեցան շրջանցել դժուարութիւնները եւ տարակարծութիւնները, չէզոքացնել ու մեկուսացնել խնդրայարոյց գործիչները եւ ներքին կայունութեան պահպանման համար` «չէզոքութեան» քաղաքականութիւն որդեգրելով` Լիբանանը հեռու պահել շրջանային ու միջազգային առանցքներու պայքարէն:

Ներլիբանանեան դրական զարգացումները պայմանաւորուած էին միջազգային ու շրջանային ուժերու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի առաջնահերթ ըլլալու իրողութեամբ: Անգամ մը, որ հաւատադրժողական այդ խմբաւորման պարտութիւնը դարձաւ մօտալուտ ու հաստատ, պայմանները փոխուեցան, եւ մրցակից ճամբարները սկսան ո՛չ միայն հետաքրքրուիլ, մտածել ու խօսիլ, այլ նաեւ գործնական քայլերու ձեռնարկել` մինչ այդ դարակը նետուած կամ անտեսուած հին ու նոր հարցեր վերարծարծելով: Այս առումով, բեկումնային եղաւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան ուղղութեամբ կատարած քայլը, որ ուշադրութիւնը շեղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարէն, որմէ իրաւամբ զգուշացուցած էր ամերիկեան կողմը:

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի իշխանութիւններու 25 սեպտեմբեր 2017-ին Իրաքէն անջատման շուրջ հանրաքուէ կատարելու մտադրութիւնն ու քայլը արժանացաւ գրեթէ բոլոր երկիրներու մերժումին: Հանրաքուէին դէմ չէր միայն Իսրայէլը, որ բացայայտօրէն յայտարարեց ու կը շարունակէ յայտարարել իր զօրակցութիւնը, նաեւ` Սէուտական Արաբիան, որ ծածուկ կերպով զօրակցեցաւ, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգները, որոնք քիւրտերու ինքնորոշման իրաւունքին սկզբունքով համաձայն ըլլալով հանդերձ, հրապարակաւ կոչ ուղղեցին զայն յետաձգելու: Այս երեք երկիրներուն հասարակաց նպատակը ստեղծումն էր  քրտական պատուարի մը, որ արգելք պիտի հանդիսանար Իրաքէն ու Սուրիայէն անցնելով մինչեւ Իսրայէլի սահմանակից հարաւային Լիբանան հասնող իրանեան միջանցքի մը ստեղծման: Հանրաքուէն չբերաւ քիւրտերուն սպասած արշալոյսը, ընդհակառա՛կը լրջօրէն վտանգեց նշեալ մարզի ինքնավարութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ իսկ քիւրտերուն ունեցած ձեռքբերումները: Արդարեւ, այդ հանրաքուէն ստեղծեց քիւրտերուն համար մահաբեր Իրաք-Իրան-Թուրքիա մերձեցում մը: Աւելի՛ն. Ասթանայի միջսուրիական երկխօսութեան ժողովի ծիրին մէջ գոյացած Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա մերձեցումը վերջինիս արտօնեց մուտք գործել հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգ` այդպիսով մեկուսացնելով Սուրիոյ

հիւսիսարեւմտեան քրտաբնակ Աֆրին քաղաքը եւ Իրաքէն Միջերկրական ծով երկարող քրտական միջանցքին ճամբան փակելով:

Քրտական գործօնին համար ստեղծուած բացասական կացութիւնը հակակշռելու համար քիւրտերու հովանաւոր Միացեալ Նահանգները անմիջապէս ձեռնարկեցին հակաքայլերու` թիրախ դարձնելով Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող Հըզպալլան: Ահա թէ ինչո՛ւ անցեալ ամսուան վերջաւորութեան ամերիկեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ սկսան խիստ յայտարարութիւններ կատարել Հըզպալլայի դէմ: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս յայտարարեց. «Հըզպալլան ահաբեկչական խմբաւորում մըն է եւ ահաբեկչութեան հիմնական հովանաւոր Իրանի մէկ մասնաճիւղը»: Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհրդատու զօր. Հըրպըրթ Մաքմասթըր յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Հըզպալլան կ՛ուղղուին դէպի դիմակայում», աւելցնելով.

«Մեզի եւ բոլոր երկիրներուն համար կարեւորագոյնը Հըզպալլա կոչուած ախտը դիմակայելն է»: Քանի մը ժամ ետք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ նոր պատժամիջոցներ որդեգրեց:

Միւս կողմէ` Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները` առաջին հերթին Հըզպալլան,  յաջողեցան ազատագրել  Տէր Զօրը, ինչպէս նաեւ` Իրաքի սահմանակից Պուքամալ քաղաքը:Ատոր զուգահեռ, իրաքեան բանակն ու շիիներէ կազմուած աշխարհազօրը յաջողեցան ազատագրել Քայեմ քաղաքը: Սուրիոյ եւ Իրաքի բանակներու սահմանին վրայ իրարու հանդիպումով իրողութիւն դարձաւ Իրանէն Լիբանան երկարող իրանեան միջանցքը, ինչ որ ուժեղ հարուած մըն էր ամերիկեան ճամբարին համար: Վերջիններս բնականաբար ձեռնածալ չմնացին եւ այժմ փորձ կը կատարեն հարուածելու այդ միջանցքի վերջին օղակին` Լիբանանի կայունութիւնը` մեկնելով իրենց այն համոզումէն, որ Լիբանան կը գտնուի Հըզպալլայի, իմա՛ Իրանի,  տիրապետութեան տակ:

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի չորեքշաբթի, 1 նոյեմբերին Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան վերադառնալով` յայտարարեց, թէ Սէուտական Արաբիան նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան, սակայն 48 ժամ ետք, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստանալէ եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթիի հետ հանդիպումէն ետք, դարձեալ վերադարձաւ Ռիատ, ուրկէ ալ շաբաթ, 4 նոյեմբերին Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ կարծր կեցուածքներ արտայայտելէ եւ իրեն դէմ մահափորձի վարկածի մը ակնարկելէ ետք, յայտարարեց իր հրաժարականը` անակնկալի մատնելով բոլոր լիբանանցիները, որոնց մտքերուն մէջ յառաջացան երկու հարցումներ. առաջին` իրենց վարչապետը ինչո՞ւ իր հրաժարականը  յայտարարեց Սէուտական Արաբիայէն եւ ոչ թէ,  լիբանանեան աւանդութեան համաձայն, նախագահին հետ հանդիպելէ ետք, Պաապտայի պալատէն.երկրորդ` անցնող մէկ տարուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տիրած քաղաքական համերաշխութեան լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել վարչապետի հրաժարականի քայլը: Այս հարցումներուն պատասխանը պէտք է փնտռել Ռիատի մէջ:

Մինչ Դիմադրութեան ճամբարին արձանագրած յաջողութիւններուն դիմաց Ուաշինկթընի կատարած հակաքայլը հաւասարակշռուած էր եւ կը սահմանափակուէր Հըզպալլայի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատումով, Սէուտական Արաբիան շրջանին մէջ իր կրած կորուստներուն եւ Եմէնի դէմ պատերազմին մէջ արձանագրած ձախողութենէն ջղագար դարձած` Եմէնի հուսիներուն կողմէ Ռիատի միջազգային օդակայանին դէմ արձակուած թեւաւոր հրթիռի դէպքը շահագործեց եւ իր անհամաչափ հակազդեցութեամբ վտանգեց Լիբանանի կայունութիւնը, բան մը, որ կը մերժեն ամերիկեան եւ եւրոպական կողմերը:

Իսկ ճիշդ ի՞նչ կ՛ուզէ Սէուտական Արաբիան, որ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականէն քանի մը օր առաջ, նոյնինքն վարչապետ Հարիրիի վկայութեամբ, կը յայտարարէր, որ նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան: Սէուտական Արաբիոյ` Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհան 6 նոյեմբերին «Արապիյա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, ինչպէս` «Սէուտական Արաբիա քաղաքական եւ այլ բոլոր միջոցները պիտի որդեգրէ Հըզպալլային դիմադրելու նպատակով: Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի նկատենք պատերազմի յայտարարութեան կառավարութիւն` Հըզպալլայի պատճառով»: Ան տողատակի սպառնալով` շեշտեց, որ լիբանանցիները խաղաղութեան կամ Հըզպալլայի հովանիին միջեւ ընտրութիւն պէտք է կատարեն, եւ` «լիբանանցիներն են, որ պիտի որոշեն, թէ Սէուտական Արաբիոյ հետ հարցերը ինչպէ՛ս պիտի լուծուին»:

Այս յայտարարութիւններէն մեկնելով` կարելի է եզրակացնել, որ Ռիատի պահանջը կազմութիւնն է լիբանանեան նոր կառավարութեան մը, որուն մաս պէտք չէ կազմէ երկրի մեծագոյն ընկերային ու քաղաքական ուժերէն մէկը եղող Հըզպալլան,  ինչպէս նաեւ` լիբանանեան պետութեան կողմէ անոր սանձումը: Իսկ այն իրողութիւնը, որ Լիբանանի վերաբերեալ այդ յայտարարութիւնները կատարողը Ծոցի հարցերու պատասխանատու մըն է, ցոյց կու տայ, որ Հըզպալլայէն անդին` թիրախը Իրանն է, բան մը, որ ան բացայայտ դարձուց երբ պնդեց, որ Լիբանանը առեւանգուած է Հըզպալլայի եւ Իրանի կողմէ:

* Արտասատնուած Թեհրանի մէջ կայացած «
հայ դատը այսօր» 13-խորհրդաժողովին

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>