Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ»-ի Նոր Մասնաճիւղի Բացում

$
0
0

«Լիպանիզ միուզիք սքուլ»-ի նոր մասնաճիւղի բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ 11 նոյեմբեր 2017-ին, Էշրեֆիէի Սիուֆի շրջանին մէջ: Նոր մասնաճիւղը մեծ ուրախութեամբ ընդունուեցաւ շրջանի ժողովուրդին կողմէ: Բացման արարողութեան նշեալ դպրոցին աշակերտները նուագեցին ու երգեցին իրենց սորված գործերէն, եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կտրուեցաւ կարմիր ժապաւէնը:

«Լիպանիզ միուզիք սքուլ»-ի նոր մասնաճիւղը ունի բոլոր երաժշտական գործիքներու, նկարչութեան, պարի ու թատրոնի դասընթացքներ: Այսօր ամէն տարիքի անձ կը փորձէ իր ձիրքերը բացայայտել արուեստի բնագաւառին մէջ, իսկ շատ փոքր տարիքի երեխաներու ծնողները իրենց զաւակները կ՛արձանագրեն մանկավարժական երաժշտական դասընթացքին, ուր մանուկը կը լսէ ու մասնակից կ՛ըլլայ երաժշտութեան: Ծանօթանալով երաժշտական գործիքներուն, լսելով անոնց ձայները, զանազանելով զանոնք` 4-5 տարեկան փոքրիկը, արդէն ունենալով որոշ երաժշտական գիտելիք, կրնայ որոշել եւ ընտրել իր նախասիրած երաժշտական գործիքը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>