Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Մեսրոպեանը Տօնեց Լիբանանի Անկախութեան Օրը

$
0
0

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարի եւս խանդավառութեամբ տօնեց Լիբանանի անկախութեան օրը, որուն նուիրուած ձեռնարկները տեղի ունեցան 23 նոյեմբերին:

Մեսրոպեան մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին լիբանանեան մշակոյթին եւ բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:

Նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց հերթին, առանձնաբար տեղի ունեցած հաւաքներու ընթացքին կատարեցին երգեր եւ ընթերցումներ, ներկայացուցին զեկոյցներ` Լիբանանի պատմութեան մասին:

Խօսք առին ուսուցչական կազմի անդամներ Սոնիա Ապեթեանը եւ Էլի Ժաուհարժին, որոնք կոչ ուղղեցին աշակերտներուն` որպէս երկրի ապագայ քաղաքացիներու, տէր կանգնելու հայրենիքին եւ զօրակցելու լիբանանեան բանակին: Անոնք շեշտեցին, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի ինքզինք պատասխանատու պէտք է զգայ երկրին նկատմամբ եւ լիուլի կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնները:

Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կրթութեան եւ գիտութեան ճամբով այսօրուան աշակերտները պիտի կերտեն վաղուան Լիբանանի պայծառ ապագան` կայանալով որպէս ազատ մտքի եւ ազատ խղճի տէր քաղաքացիներ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` սրբօրէն պահպանելու միասնութեան, համերաշխութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան գաղափարները` անոնց հիմքին վրայ ամուր պահելու համար լիբանանեան հայրենիքն ու ընկերութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles