Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ակնարկ. «Լիբանանեան Արտադրութեան» Ակնկալութիւններով

$
0
0

Geagea_Aoun1_011816

Քաղաքական երկրաշարժի մթնոլորտ ու տպաւորութիւն ձգող զօրավար Միշել Աունի առաջադրումը Լիբանանեան ուժերու ղեկավարին կողմէ անպայման յանկարծակիութեան գործօնով չի բացատրուիր: Այլ խօսքով, յայտարարութիւններու ճամբով որոշակիօրէն նախանշուած էր այս առաջադրումը, որ քանի մը խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ:

Նախքան հանրապետութեան նախագահի աթոռին երկարատեւ թափուր մնալու երեւոյթին վերջ տալու միտող այս քայլի վերլուծման անցնիլը մտաբերենք, որ նախ եւ առաջ քրիստոնեայ ճակատի միաւորման աննախադէպ քայլ է առնուածը գէթ այս հարցին ուղղութեամբ: Այս չի նշանակեր, որ ամբողջ քրիստոնեայ քաղաքական-հասարակական դաշտը կը միաւորուի իր ետին ձգելով հիմնական բոլոր տարակարծութիւնները: Այսուհանդերձ հիմնական երկու հակադիր բեւեռներ, որոնք կը յատկանշէին քրիստոնեայ Լիբանանին պառակտուած պատկերը, նախագահի թեկնածութեան անունին շուրջ կը միանան. աւելի ճիշդը` մէկը կ՛որդեգրէ երկրորդին առաջադրումը:

Չմոռնանք, որ Սամիր Ժահժահ ինք շտապած էր առաջադրուելու միեւնոյն պաշտօնին` քաջ գիտնալով, որ ի չգոյէ թեկնածուի շուրջ որեւէ համաձայնութեան, ընտրութեան կարելիութիւնները շատ նեղ էին, չըսելու համար անկարելի: Առաջադրումը ուրեմն այդ օրերուն, հաւանական թեկնածուներու դէմ դրուած արգելքի բնոյթ ունէր իբրեւ առաջնային մեկնաբանութիւն:

Այնուհետեւ հետզհետէ աւելի արմատացաւ լիբանանցիներու միտքերուն մէջ, որ նախագահի թեկնածուի շուրջ համաձայնութիւնը եւ առաւել եւս ընտրութեան յաջողութիւնը արտալիբանանեան կեդրոններու որոշումն էր եւ մաս կը կազմէր աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուելիք ընդհանուր համաձայնական թղթածրարներուն:

Հիմա այդպէս պատահեցաւ, որ ներքրիստոնէական այս իրադարձութիւնը համընկնի Իրանի ապամեկուսացման գործընթացի սկիզբին: Այն օրը, երբ ի զօրու դարձան Իրանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցները չեղեալ յայտարարելու որոշումները, կայացաւ թեկնածուի որդեգրումի արարողութիւնը: Մինչ այլ մեկնաբաններ շարունակեցին շեշտել եւ համոզելու փորձ կատարել, որ պատահածը «լիբանանեան արտադրութիւն» է (Made in Lebanon) բացառապէս: Այսպիսով նաեւ անուղղակիօրէն փոխանցելով, որ ներլիբանանեան համաձայնութիւններու գործընթաց մըն է, որ կը սկսի` հաւաքական գիտակցութեան հրաւիրելով լիբանանեան բոլոր կողմերը, մերժելով արտաքին ներշնչումներով լիբանանեան քաղաքական բեմը գրաւելու եւ ըստ այնմ քայլ առնելու ընտրանքը:

Այդքան լաւատեսական մթնոլորտով պէտք չէ պարուրուիլ անշուշտ: Նախ այն, որ եղածը լիբանանեան առումով համաքրիստոնէական համաձայնութեան մը ամրագրումը չէ. երկրորդ, նոյնիսկ համաձայնական թեկնածուի հանգամանք ստանալու ընթացքին մէջ դրուած զօրավարին ներկայացուցած քաղաքական խմբակցութեան մէջ եղող այլ թեկնածուն, Սլէյման Ֆրենժիէն, ոչ միայն չզիջեցաւ ու չմիացաւ Լիբանանեան ուժերու ձեռնարկած թեկնածուական արշաւին, այլ վերահաստատեց իր թեկնածութիւնը եւ խորհրդակցութեան անուղղակի կոչ ըրաւ բոլորին:

Տակաւին կայ վարկած, որ նախկին վարչապետին եւ Ֆրենժիէի միջեւ այս առումով կատարուած խորհրդակցութեան հակակշիռ քայլ է առնուածը պարզապէս  եւ թեկնածուի դէմ թեկնածու ոլորապտոյտով կը բացատրուի սարքուած արարողութիւնը:

Լիբանանեան հասարակութեան ընկալումները տարատեսակ են: Անշուշտ կան հակազդեցութիւններ, որ քրիստոնէական դաշտի գիտակցական միաւորում կ՛ուզեն տեսնել եղածին մէջ. ուրիշներ յոգնած այս ձգձգուող անորոշութենէն հանգուցալուծումներու բանալի կը նկատեն առնուած քայլը: Հասարակական առումով կայ նաեւ հեգնանքի, եւ արիւնալի բախումներէ եւ անվերջանալի գզւըռտոցներէ ետք յանկարծակի շահերու համատեղումով ստեղծուած խաբկանքի պահ ստեղծելու դիմաց ժողովրդային հիասթափութեան մթնոլորտ մը:

Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, քրիստոնեայ անձ մարմնաւորելով հանդերձ համալիբանանեան նշանակութիւն ունի եւ միջհամայնքային համակարգին համար բոլորին համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ: Նշուած բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով տակաւին թէական կը մնայ, որ ներքրիստոնէական երկու բեւեռներու համաձայնութիւնը համալիբանանեան տարողութիւն կը ստանա՞յ:

Եզրայանգում կատարելը վաղաժամ է. բայց յուսալը, որ լիբանանեան արտադրութեան վարկածը  կը սկսի աշխատիլ եւ որոշումները կը տրուին երկիրը անորոշութենէ դուրս բերելու եւ պետական հաստատութիւններու վերագործարկումը ապահովելու առաջադրանքով, առանց արտաքին խոչընդոտներու` կը բխի Լիբանանի թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական շահերէն:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>