Ազգային միացեալ վարժարանէն ներս սիրով բոլորուած ենք ձերդ սրբութեան շուրջ, որպէսզի պաշտօնապէս այս կառոյցին յիշատակարանը հաստատելով` շուրջ չորս տարիներ առաջ ձեր կողմէ մեզի վստահուած դպրոցաշինութեան աշխատանքներուն լրումը աւետենք:
Ահաւասիկ, վեհափա՛ռ տէր, հակառակ մեզ շրջապատող կեանքի վերիվայրումներուն, Աստուծոյ օգնականութեամբ, ոչ միայն դպրոցաշինութեան աշխատանքները հասցուցինք իրենց լրումին, այլեւ Ազգային միացեալ վարժարանէն ներս առիթը ունեցանք դիմաւորելու կրթական նոր տարեշրջան մը` 750 աշակերտներու խանդավառ եռուզեռով:
Վերանորոգումի հրամայականը, որ այս տարի ձերդ սրբութիւնը մեր ուշադրութեան յանձնեց, մենք առաւելաբար տեղադրեցինք դպրոցաշինութեան աշխատանքներուն մէջ, որպէսզի լիբանանահայ մեր կեանքէն ներս հայեցի կրթութեան գործը ապրի զարգացման նոր շրջան: Եւ փա՛ռք Աստուծոյ: Ազգային միացեալ վարժարանէն ներս 750 աշակերտներու ներկայութիւնը ինքնին ապացոյց է, որ տակաւին մեր ժողովուրդին մէջ հայ դպրոցին հանդէպ հաւատք կայ, եւ հայ դպրոցով նորոգուելու կամք ունեցողներն ալ մեր կողքին են:
Ազգային միացեալ վարժարանը կառուցուեցաւ հայ դպրոցը պատուելու ու մեր համայնական կեանքին թարմ շունչ բերելու բաղձանքով: Սփիւռքը հայ դպրոցի աւանդով պիտի շարունակէ մնալ ազգային դիմագիծ եւ նկարագիր ունեցող միջավայր: Եւ հետեւաբար, Ազգային միացեալ վարժարանը կառուցուեցաւ, որպէսզի նոր պայմաններուն մէջ եւս մենք կարենանք մեր նորահաս սերունդին փոխանցել ազգային հոգի, գիտակցութիւն ու յիշողութիւն:
Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ մեր բոլորանուէր մասնակցութեամբ, Ազգային միացեալ վարժարանի գործունէութիւնը կը վերածուի լիբանանահայ մեր կեանքի վերելքին ու ամրութեան նպաստող խանդավառ երթի: Իր վաստակովը մեր ժողովուրդի ամբողջութեան պատկանող այս կառոյցը նոր դրոշմ պէտք է հաստատէ մեր համայնական կեանքին վրայ:
2016-2017 կրթական տարեփակի հանգրուանին պաշտօնապէս յայտարարած էինք, որ լիբանանահայ կեանքէն ներս մեր դպրոցներուն կերտած շուրջ մէկ դարու աւանդը մեզի հետ վերցնելով` մենք հրաժեշտ կու տանք թաղային մեր վարժարաններուն, որպէսզի մեր մասնակցութեամբ, հայեցի կրթութեան փորձառութիւնը տանինք դէպի զարգացման նոր փուլ:
Հետեւաբար այսօր Ազգային միացեալ վարժարանէն ներս բաց ճակատով կ՛ողջունենք Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Ռուբինեան-Սահակ Մեսրոպեան եւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարաններու բազմամեայ ու բազմարդիւն աշխատանքի աւանդը, որ այս նոր դպրոցով պիտի շարունակուի ու առաւել եւս բարգաւաճի:
Աղօթենք, որ այս տունը վերածուի մեր ազգային արժէքներու պաշտպանութեան համար բարձրացած ամրոցի: Աղօթենք, որ այստեղ ի գործ դրուած իւրաքանչիւր ճիգ պաշտպանէ ու առաւել եւս հարստացնէ մեր հայկական հոգին: Աղօթենք, որ այս տան աշխատանքը լուսաւոր ճամբայ ցոյց տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ մաղթենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս ծնին նոր ու աւելի պայծառ տեսիլքներ:
Վեհափա՛ռ տէր,
Այս պահը բացառիկ այն առիթներէն է, երբ իբրեւ շինարարական յանձնախումբի անդամներ, բարերարներ ու բարեկամներ, հոգեւորական ու աշխարհական սպասաւորներ, քաղաքական, բարեսիրական մարմիններու ու կառոյցներու պատասխանատուներ, մամլոյ սպասարկութեանց ներկայացուցիչներ, ծնողներ ու հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող համայնքի զաւակներ, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութեան ներկայացուցիչներ` ձերդ սրբութեան կը ներկայանանք հայկական նոր դպրոց բանալու դերակատարութեամբ:
Կը խնդրենք, վեհափա՛ռ տէր, որ ձեր հայրական գնահատանքին ու օրհնութեան արժանացնէք մեր այս աշխատանքը: