Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանին Խօսքը Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յիշատակարանի Եւ Նուիրատուներու Ցուցատախտակներու Բացման Առիթով

$
0
0

Հայկական արժեհամակարգին մէջ իրենց ինքնուրոյն տեղը ունին այնպիսի հասկացողութիւններ, ընկալումներ եւ համոզումներ, որոնք տարիներու թաւալումին հետ կը շարունակեն մնալ այժմէական ու թելադրական` շնորհիւ մեր ժողովուրդի այդ արժէքներու հանդէպ ցուցաբերած հաւատքին ու կառչածութեան: Տուեալ հանգամանքները նաեւ յատուկ նկարագիր կու տան մեր հաւաքական կեանքին եւ մի՛շտ ալ կը մնան ներշնչման ու լիցքաւորման անսպառ աղբիւր:

Այո՛, հայ մարդուն համար եկեղեցիի, դպրոցի եւ ակումբի վրայ իր հարազատին անուան յիշատակումն ու քանդակումը սոսկ գոհունակութեան ապրում պատճառող գործօններ չեն, ոչ ալ` յիշատակի յաւերժացման ինքնաբաւարարուածութեան զգացում մը, այլ իրենց էութեամբ ու խորքով կ’երթան շատ աւելի հեռու եւ կը զգենուն ազգային բովանդակ իմաստ ու տարողութիւն:

Հայկականութեան քանդակման, ազգապահպանման եւ նորահաս սերունդներու առողջ կազմաւորման հանդէպ մեր ժողովուրդի ազնիւ զաւակներու ցուցաբերած գիտակցութեան հարազատ դրսեւորումն է, որ ահաւասիկ տասնեակ տարիներէ ի վեր սփիւռքի մէջ դարձած է սրբազան պարտականութիւն ու կոչում, եւ բարերարին նկատմամբ մեր ժողովուրդի ցուցաբերած երախտապարտութիւնն ու յարգանքը դարձած են միջավայրը դաստիարակող ու անոր բարոյական արժէքները հարստացնող կարեւոր օղակ: Հայ մարդու համար բարերարութիւնը` առաքելութեան, ազնուականութեան, վեհանձնութեան եւ ազգասիրութեան նկարագրային գիծերու հարստացնող շաղախ մըն է, իսկ բարերար դառնալը` վեհ ու նուիրական տեսիլքի ու ձգտումի ամբողջական ապրում:

Վա՛րձքը կատար` այս կրթական ամրոցին վրայ քանդակուած բոլոր անուններուն, որոնցմէ ոմանք թէեւ հեռացած են այս երկրաւոր կեանքէն, սակայն իրենց զաւակներուն եւ հարազատներուն ցուցաբերած հաւատարմութեամբ կը շարունակեն ապրիլ մեր բոլորի հոգիներուն ու մտքերուն մէջ եւ ապրեցնել իրենց տիպարային բարի ու ազնիւ օրինակը եւ համակող աշխատանքը մեր առօրեային եւ իրերայաջորդ սերունդներուն գործունէութեան ու երթին մէջ:

Պատի՛ւ ու յարգա՛նք` բոլոր մեծ թէ փոքր նուիրատուներուն, ծանօթ եւ անանուն բոլոր բարերարներուն եւ ծառայողներուն: Նիւթականացուած այս դարուն մէջ, երբ շատ մը հոգեմտաւոր արժէքներ նահանջի ու գահավէժ անկումի մէջ են, երբ ազգային նկարագրի ու ապրումի դարբնումը չի վայելեր հայ ժողովուրդի զաւակներու կարեւոր հատուածի մը հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը, երբ օտարացումն ու հայկական արժէքներէ դուրս` այլ արժէքներով սնանելու ու մակերեսային երեւոյթներով գինովնալու ազգավնաս ընթացքը մեր դիմաց կը կանգնին իբրեւ ամէնօրեայ տագնապ, ահաւասիկ հայ բարերարն ու նուիրատուն կու գան մասնակից դառնալու հայկականութեան ջրդեղման ու հայու արժանապատուութեան պահպանման համար մղուող պայքարին եւ արդարօրէն կ՛ապրին անբացատրելի հպարտութիւն մը` ի տես կատարուած գաղութային այս նուիրական իրագործումին:

Այստե՛ղ, Ազգային միացեալ վարժարանի յիշատակարանի կողքին արժանաւորապէս քանդակուած են Ազգային միացեալ վարժարանի յենասիւները հանդիսացող վեց վարժարաններու անունները: Այդ վեց  դպրոցներէն թերաւարտ կամ շրջանաւարտ բոլոր աշակերտները այս վարժարանի առաքելութեան մէջ պիտի տեսնեն իրենց նախկին հաստատութեան պատմական երթի շարունակութիւնը ու, առ այդ, նեցուկ կանգնին մարդուժի պատրաստութեան ու մատակարարման ժամանակակից ու արդիական այս նոր հնոցին:

Այս առիթով ահաւասիկ պահն է պաշտօնապէս յայտարարելու, որ Ազգային Ս. Խանամիրեան եւ Ազգ, Լ.եւՍ. Յակոբեան քոլեճներու շրջանաւարտները այսօրուընէ արդէն կը վայելեն նաե՛ւ այս դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալու կոչումը եւ մօտ օրէն իրենք հիմը կը դնեն Ազգային միացեալ վարժարանի շրջանաւարտից միութեան` իբրեւ բնական շարունակութիւն միաւորուած վարժարաններու անցեալի առաքելութեան:

Վեհափա՛ռ տէր,

Ահաւասիկ մեր բարերարները, բարեկամները եւ նուիրատուները հաւաքուած են` ձեր օրհնութեամբ անգամ մը եւս արտայայտելու լիբանանահայ գաղութի առաքելութեան հանդէպ իրենց անքակտելի կառչածութիւնը, անոնք եկած են խոստանալու, որ պիտի շարունակեն առաջին հերթին անվերապահ ու անսակարկ իրենց զօրակցութիւնը, միաժամանակ իրե՛նք արդարօրէն կ՛ակնկալեն, որ այս կառոյցը արժանավայել կերպով ճառագայթէ մեր միջավայրին մէջ եւ փուլ առ փուլ նուաճէ կրթական պատկառելի մակարդակ, մեր գաղութը օժտէ օրինակելի շրջանաւարտներով, կրթական հաստատութենէ անդին` նաեւ ծաւալէ մշակութային գործունէութիւն, Պուրճ Համուտի ու ընդհանրապէս գաղութի հայապահպանման աշխատանքներուն բերէ իր վճռական մասնակցութիւնը եւ դառնայ հայ ընտանիքին հաւատարիմ ընկերն ու խորհրդատուն, սփռէ ուրախութիւն, հայկականութիւն եւ գիտութիւն` ամէնուրեք եւ, աւելի՛ն, վաղը, այս հնոցը ստանձնէ նաեւ դպրոցական կրթական ծրագիրներէ անդին, մասնագիտական մօտեցումով, հանրային ու հասարակական մեր հաւաքական կեանքին համար անհրաժեշտ մարդուժի պատրաստութեան յանձնառու պարտականութիւն, ձգտի օգտաշատ կամուրջներ հաստատել հայրենիքի հետ եւ սովորական ձեռնարկներէ անդին` հայրենիքին հետ խօսի խորքային համագործակցութեան եւ մարդուժի փոխանակման կարելիութիւններուն մասին: Այլ խօսքով, բոլորը կը պահանջեն, որ այս հաստատութեան երթը դառնայ միշտ նպատակասլաց, ինքզինք մնայուն շարժման մէջ պահող ու միշտ վերանորոգող, ոչ մէկ ատեն զգայ բաւարարուած, որպէսզի կեդրոնական այս գաղութը, ուր պիտի շարունակեն գործել ու բարգաւաճիլ համասփիւռքեան հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու կեդրոնատեղիները, մնայ իրմէ ակնկալուած բարձրութեան ու դերակատարութեան վրայ: Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ աշխատանքը այդքան ալ դիւրին չէ, բայց ունինք կամք ու վճռակամութիւն` հաւաքաբար յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները եւ նուաճելու նոր բարձունքներ:

Վերջապէս, վեհափա՛ռ տէր, մենք համոզուած ենք, որ տակաւին այլ դասարաններու եւ բաժանմունքներու մուտքերու վրայ պիտի քանդակուին մեր ժողովուրդի զաւակներու կողմէ նոր անուններ եւ, աւելի՛ն, Ձեր օրհնութեամբ անպայման որ Ազգային միացեալ վարժարանի անուան կողքին եւ հաւատարիմ մեր պատմական կենսափորձ նուաճած ազնիւ սովորութեան` պիտի քանդակուի նաեւ մեծ բարերարի անուն, որպէսզի նորահաս սերունդները նաեւ ըմբռնեն, որ այս բոլորը, անկախ նիւթականէն, բարոյական ու դաստիարակող արժէքներ են: Այդ անունի որոնման մէջ գիտենք, որ դուք մեր կողքին էք մի՛շտ եւ ամէն տեղ:

Վա՛րձքը կատար` բոլորին, որոնք մասնակից դարձան այս ծրագրի իրագործման, եւ մասնաւորաբար վա՛րձքը կատար մեր սիրելի սրբազանին` Շահէ եպս. Փանոսեանին, որ իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն ամրօրէն կառչեցաւ այս ծրագրի իրականացման եւ այսօ՛ր վարժարանէն ներս իբրեւ գլխաւոր պատասխանատու եւ դասատու` լոյս ու գիտութիւն կը ջամբէ մեր մատղաշ սերունդին:

Բարի՛ վայելում ձեր բոլորին,

Մի՛շտ այցելեցէք…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>