«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (COAF), տօներուն ընդառաջ, կը յայտարարէ ամենամեծ բարեգործական ձեռնարկին` 14-րդ տարեկան դրամահաւաք-երեկոյին մասին:
Ամէն տարի հիմնադրամին աջակիցները կը հաւաքուին Նիւ Եորքի մէջ` մասնակցելու երկար սպասուած ու աստղային երեկոյին: Բարեգործական այս ձեռնարկին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն աշխարհահռչակ անհատներ` Լիոնարտօ Տի Քափրիօ, Թոմ Հենքս, Արիանա Կրանտէ, Քլոյի Քարտաշեան, Քոնըն Օ՛Պրայըն, Թինա Ֆէյ եւ ուրիշներ:
Ըստ հիմնադրամին տրամադրած տեղեկութիւններուն, հանդիսավարը «Էմմի» եւ «Թոնի» մրցանակներու դափնեկիր, դերասանուհի Անտրէա Մարթինն է: Կալա-երեկոյին ընթացքին արուեստի բացառիկ գործերու աճուրդը պիտի վարէ հանրաճանաչ Սայմըն տէ Փիւրի: Լուռ աճուրդին ներկայ պիտի ըլլան հանրածանօթ արուեստագէտներ եւ ձեւաւորողներ, պիտի առաջարկուի հիւրասիրութիւն, ընթրիք, մասնակիցները պիտի վայելեն ճազ կատարում, իսկ Հայաստանէն ժամանած տաղանդաւոր երեխաները հանդէս պիտի գան յատուկ ելոյթներով:
Իբրեւ տուրք ժամանակակից նորաձեւութեան` այս տարուան Կալայի կոմիտէն հիացմունք կը յայտնէ հագուստի ձեւաւորող Փաթրիսիա Ֆիլտին` անոր պարգեւելով «COAF-ի մարդասիրական մրցանակ»-ը: Հիւրերը առաջինը պիտի ըլլան, որ պիտի դիտեն անոր վերջին հաւաքածոն:
«Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամ»-ի 14-րդ ամէնամեայ դրամահաւաք-երեկոն պիտի իրականացուի դեկտեմբեր 16-ին, Նիւ Եորքի ժամանակով երեկոյեան ժամը 6:00-էն-11:30, «Չիփրիանի» սրահին մէջ: Շուրջ 400 հիւրերու, աստղերու, էջատէրերու եւ լրագրողներու մասնակցութեամբ, երեկոն պիտի հեռարձակուի լրատուամիջոցներով: Հիւրերէն իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ անվճար ծրար` առատաձեռն հովանաւորներուն կողմէ տրամադրուած նուէրներով: