ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Սփիւռք-հայրենիք» վեհաժողովի գումարման երկու ամիսը բոլորեցինք, եւ ահա նստած գրասեղանիս առջեւ` կը փորձեմ վերլուծել ժողովին արդիւնքները:
Սփիւռք-հայրենիք վեհաժողովը հաւանաբար իրականացումն էր համահայկական իմաստով միասնաբար աշխատելու երազին: Հայաստանի վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ եւ զոյգ կաթողիկոսներու` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ օրհնութեամբ, նաեւ` բազմաթիւ ընտիր մտաւորական դասախօսներու ներկայութեամբ ժողովը քննարկեց տարբեր հրատապ հարցեր: Ներկայութեան բազմութիւնը ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն էր, որ ժողովի խորագիրը կը հետաքրքրէր անհամար հայորդիներ: Բայց խանդավառութիւնը եւ հրճուանքը չեն, որ մեզ արդիւնքի կը հասցնեն: Ծրագրումն ու գործադրումն են, որոնք մեզ կը մղեն յառաջդիմելու: Արդեօք այս վեհաժողովը ծրագրման եւ գործադրման հրամայականներ պարտադրե՞ց լսելէ ետք բազմաթիւ վերլուծումներ եւ ճառեր, որոնք հիւթեղ գաղափարներ կը պարունակէին. միայն մէկ նախադասութիւն մտքիս մէջ դրոշմուած մնաց, այդ ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հռչակաւոր խօսքը` «Սփիւռքը կը մաշի, եւ հայրենիքը կը պարպուի»: Արդեօք այս նախադասութեան լրջութիւնն ու ողբերգականութիւնը կրնա՞նք հասկնալ: Մէկ նախադասութիւն, որ կը խտացնէ մեր ներկայ տխուր իրավիճակը:
Սփիւռքը կը մաշի, արդեօք ինչո՞ւ: Հայրենիքը կը պարպուի, արդեօք ինչո՞ւ: Սփիւռքի ստեղծուելուն պատճառը հայրենիքէն հեռացուած ըլլալն էր. արդարեւ, հայ սփիւռքը ինքզինք երբեք չընդունեց իբրեւ ինքնանպատակ գոյութիւն, ան ապրեցաւ, գործեց, ծրագրեց եւ պայքարեցաւ միշտ հայրենիքին համար. ա՛յն հայրենիքը, որուն համար դարեր շարունակ մեր պապերը իրենց արիւնն ու արցունքը թափեցին, հաւատքն ու յոյսը խառնեցին սրբազան հողին, բայց այժմ դժբախտաբար մեր մէջ յոյսը փուլ եկած է, որովհետեւ անկախութենէն 26 երկար տարիներ ետք կորսնցուցինք այդ «երազային հայրենիքի» տեսլականը:
Դէպի ո՞ւր, հա՛յ ժողովուրդ: Աւելի քան մէկ դար սփիւռքահայը իր հայրենասիրութեամբ տոգորուած ու դրոշմուած` «տեսնել ազատ հայրենիք եւ մեռնիլ» հոգեվիճակով, պայքարած էր ինքնութիւնը պահելու համար: Այժմ ոչ յաղթապանծ ոգիով է, որ կը կատարեմ այս հաստատումը, թէ` սփիւռքը սկսած է «կողմնացոյցը» կորսնցնել. արդեօք չէ՞ք տեսներ օտար ամուսնութիւնները, հայկական դպրոցներու փակումը, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի գահավիժումը: Դէպի ո՞ւր, հա՛յ ժողովուրդ: Հետագայ այլ աղէտներ դիմակայելու զգօնութիւնը կը կորսնցնենք, ապագան լաւ բան չի կանխագուշակեր: Մինչեւ ե՞րբ սփիւռքը կրնայ տոկալ արեւմտեան բազմամշակոյթ ու բազմացեղ ընկերութեան մէջ, ուր յատկապէս երիտասարդները դէմ յանդիման կը գտնուին կնճռոտ ու տագնապալից բարոյական եւ ընկերային խնդիրներու: Այսպիսով, ձուլման «Սպիտակ ջարդը» կը շարունակուի ողջ հայութեան քար լռութեան դիմաց: Դէպի ո՞ւր, հա՛յ ժողովուրդ:
Այսօր, երբ հայութիւնը դաւանական ու գաղափարական բոլոր խրամատները կամրջած է եղբայրութեան ու գործնական ոգիով, մենք կարիքը ունինք հաւատքի վերանորոգումի, կամքի պրկումի եւ ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքի. անգամ մը եւս պէտք է իբրեւ սփիւռքահայ նայինք Հայաստանին` մեր արեան կանչով, մեր ազգային պատկանելիութեամբ, որպէս մեր յաւերժական հայրենիքի:
Համատարած արհաւիրքի եւ կործանումի այս տեսարանին առջեւ Յովհաննէս Թումանեանի «Մեր ուխտը» կը յիշեմ, որ կ՛ըսէ.
Մենք ուխտ ունենք` միշտ դէպի լոյս,
Ու գնում ենք մեր ճամբով,
Մրրիկներով պատած անյոյս,
Սեւ խաւարով, մութ ամպով:
Մենք անցել ենք արեան ծովեր,
Սուր ենք տեսել ու կրակ,
Մեր ճակատը դէմ ենք արել
Մրրիկներին հակառակ:
Ու թէպէտեւ պատառ-պատառ
Մեր դրօշը սրբազան,
Ու մենք չունենք տեղ ու դադար`
Երկրից-երկիր ցիր ու ցան.
Բայց գնում ենք մենք անվեհեր
Զարկերի տակ չար բախտին,
Մեր աչքերը միշտ դէպի վեր`
Դէպի լոյսը մեր ուխտին:
11-11-2017