Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հիմնադրութեան Յոբելենական Շքեղ Հանդիսութիւն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանականներու ընկերակցութեան յոբելենական յանձնախումբին, կիրակի, 29 հոկտեմբերին, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին եւ Լոս Անճելըսի` իր անունը կրող ընկերակցութեան հիմնադրութեան 40-ամեակի զոյգ առիթներուն նուիրուած յոբելենական շքեղ ու յատուկ հանդիսութիւն:

Երեկոյի բացումը կատարեց Գէորգ Գորթոշեան, որ յիշեց, թէ ընկերակցութիւնը, ճեմարանական իր սաներով միատեղ, ոչ միայն ապրեցաւ Սուրիոյ անցնող հինգ եւ աւելի տարիներու պատերազմի արհաւիրքը, այլեւ միշտ իր կարելի բոլոր միջոցներով անսակարկ զօրավիգ կանգնեցաւ անոր ցաւերուն եւ դարմանումի ճիգերուն: Ապա երախտագիտութիւն յայտնելէ ետք բոլոր հին ու նոր նուիրատուներուն եւ Ճեմարանի բարերարներուն, բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Գէորգ Պետիկեանը:

Իր կարգին, հանդիսավար Պետիկեան սրահը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան` առ ի յարգանք յաւէտ բաժնուած ճեմարանի հիմնադիրներուն, տնօրէններուն, հոգաբարձական կազմի անդամներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, պաշտօնէութեան եւ աշակերտներուն յիշատակին: Պետիկեան վեր առաւ ճեմարանի վաստակն ու ստեղծագործ իրականութիւնը եւ աւելցուց` ըսելով. «Ահա, թէ ինչո՛ւ քառասուն տարիներ առաջ, կեանքի ճեղքուածքներու մէջէն, իբրեւ երախտապարտ սաներ, իրմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, իր իսկ անունով, հո՛ս, այս գաղութէն ներս, իրմով մտահոգ եւ գուրգուրացող ընկերակցութիւնը հիմնեցինք, որպէսզի մեր կարելիութիւններով ալ ինք կենդանի մնայ ու շարունակէ իր երթն ու աւանդը»:

Իր խօսքի աւարտին հանդիսավարը կոչ ըրաւ շարունակելու աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը այս հայակերտ ամրոցին ու հայապահպան փարոսին` յանուն գալիք բոլոր ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար ու այս առիթով շնորհաւորեց ճեմարանն ու ճեմարանականները:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Առաջին հերթին բեմ հրաւիրուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ անդրադառնալով օրուան իմաստին տուն տուող պատճառներուն` շարունակեց. «Քարէն Եփփէ ճեմարանի հիմնադրութիւնը խորքին մէջ գործնական վկայութիւն մըն էր մեր եկեղեցական ու ազգային հարստութիւններուն եւ աւանդներուն մեր ժողովուրդի ու մտաւորականներու

հաւատարմութեան»: Առաջնորդը այս առիթով  յիշեց երանաշնորհ Զարեհ սրբազանը, որ խումբ մը գաղափարական գործակիցներու հետ ազնիւ գաղափարը ունեցած էր ուսումնարանը կոչելու բարեսէր Քարէն Եփփէի անունով:

Անդրադառնալով տօնակատարութեան` սրբազան հայրը ըսաւ, որ ներկայիս սուգի եւ աւերումի լուրեր չեն հասնիր Հալէպէն: Ան ըսաւ. «Հալէպի հայութիւնը դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով կը յառաջանայ դէպի իր վէրքերու ամոքումը, դէպի վերականգնում եւ վերահաստատում: Ու պատահական չէ, որ ճեմարանը այս բոլորին մէջ կը կազմէ կորիզը` իբրեւ մեր ուսումնարաններուն առաջատարը»:

Իր հայրական պատգամէն ետք ան նաեւ յայտնեց, որ այս պատմական հանդիսութեան առիթով Արամ Ա. վեհափառը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով կը պարգեւատրէ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն եւ ներկայիս Ազգային Ֆերահեան վարժարանի փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեանը` առ ի գնահատանք ազգային վարժարաններու մէջ տարիներու իր ծառայութեան եւ հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած իր նուիրումին:

Բեմ հրաւիրուեցան տնօրէն Նալպանտեանն ու ատենապետ Գորթոշեանը: Վեհափառին կոնդակը կարդաց Թորգոմ  ծ. վրդ. Տօնոյեան, ապա Նալպանտեան ստացաւ շքանշանը:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Իբրեւ գլխաւոր բանախօս եւ այս հանդիսութեան յատուկ Փարիզէն հրաւիրուած հանրածանօթ մտաւորական եւ հրապարակագիր Յակոբ Պալեան, որ միաժամանակ Ճեմարանի չորրորդ հունձքին կը պատկանի, տպաւորիչ եւ իմաստալից ելոյթ մը ունեցաւ: Իր խօսքի սկիզբին ան ըսաւ. «Երբ կը յիշենք ճեմարանը, կը նշանակէ, որ դեռ կը մնանք հիմնադիրներու ազգային-քաղաքական հեռանկարային գիծին վրայ»: Ապա անդրադառնալով Ճեմարանի ծնունդին` ան յիշեց. «Աստեղային պահու մը այսպէս երազած էին հիմնադիրները, երբ Քարէն Եփփէ այրիանոցի բակին մէջ տնազուրկներու բնակարան մը դարձուցած էին դասարան, եւ սկսած էր սփիւռքեան անորոշութեան ովկիանոսին մէջ ազնուական արկածախնդրութիւնը, որուն մեծութիւնը կը տեսնենք այսօր, երբ կը դիտենք տարիներու հեռաւորութենէն»: Շարունակելով իր խօսքը` Պալեան ըսաւ. «Գալով մեր ճեմարանին` տասնեակ մը աշակերտներով սկսած մեր դպրոցը մեծցաւ, սերունդ հասցուց, չշեղեցաւ այն նպատակէն, որուն համար ստեղծուած էր. հայ սերունդ հասցուց, տղաք եւ աղջիկներ, որոնք տիրապետեցին գեղեցիկ արեւմտահայերէնին, որոնք ուսուցիչ դարձան Սուրիոյ դպրոցներուն մէջ, ապա Լիբանան եւ յետոյ` Ամերիկաներ, Աւստրալիա, Ֆրանսա եւ այլուր: Մէկ խօսքով,  հիմնադիրներու նախատեսած առաքելութիւնը յաջողցուցին յաջորդական սերունդներ: Ապա այս ձեւով ալ ճեմարանը նպաստեց սուրիահայութեան հոգեկան միացման»:

Ծանրանալով հայրենի գրագէտ Վիգէն Խեչումեանի իմաստուն խօսքին` «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»,  Պալեան շեշտը դրաւ հայրենիքէն դուրս ապրելու եւ մնալու դժբախտ իրականութեան եւ վտանգին վրայ: «Որքան որ սփիւռքի մէջ ապահով ապրինք, ուրիշի դուռն ենք», շեշտեց շարունակ:

Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Պալեան շեշտեց. «Ճեմարանականներու ճիտին պարտքն է ըլլալ իրենք իրենց դատաւորը, պահել եւ փոխանցել աւանդը` զայն հարստացնելով, առանց տուրք տալու սուտուփուտ արդիականութեան, հաւատարիմ` պարզին, վսեմութեան` տօնական հրավառութիւններէն առաջ եւ վերջ, այսօր եւ վաղը, աստ եւ անդ»:

Իր կարգին, Լոս Անճելըսի ճեմարանականներու ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի Ծովինար Մելքոնեանը: Ան ըսաւ. «Մեր նախկին թէ նոր վարչականները տարիներու ընթացքին իրենց հանգիստէն մեծ բաժին զոհելով` երախտաշատ աշխատանք տարած են սիրով եւ հաւատալով իրենց ճեմարանականի առաքելութեան: Այս անքակտելի կապով մեզ իրարու զօդող, 40 տարի առաջ սկսած առաքելութիւնը կը շարունակենք այսօր եւ պիտի շարունակենք վաղը եւ հեռաւոր ապագային ալ»:

Մելքոնեան աւելցուց նաեւ, որ ընկերակցութիւնը իր նուիրատուութեան ծիրէն ներս ընդգրկած էր այլ յատկացումներ, ինչպէս` ազգային վարժարաններու հայերէն դասագիրքերու վերահրատարակման, Հայ դատին, վերջերս Սուրիոյ Օժանդակութեան ֆոնտին (SARF), միշտ առաջնահերթութիւն համարելով Հալէպի ազգային վարժարաններու միակ երկրորդական` Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը: Ան ըսաւ.«Այսօր երախտիքի օր է: Չկայ շրջանաւարտից ընկերակցութիւն մը, որ այսքան սէր ու խանդաղատանք ցոյց տայ իր աւարտած վարժարանին: Ու չկայ ճեմարանական մը, որ չուզէ օգտակար դառնալ Ճեմարանին: Ի պատիւ բոլոր կամաւորներուն, գումարները հեզասահ կերպով կ՛ապահովուին հասնելով հեռաւոր Պոսթընէն, Ֆլորիտայէն, Վըրճինիայէն կամ Նիւ Եորքէն: Ու անկասկած այս աւանդը պիտի շարունակուի` յանուն ճեմարանի աշակերտութեան ամրակուռ կեանքի վերահաստատման»:

Հանդիսութիւնը ունէր նաեւ կոկիկ եւ իւրայատուկ գեղարուեստական յայտագիր մը: Ցուցադրուեցաւ Հալէպէն ուղարկուած գեղեցիկ եւ դիպուկ տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր Հալէպի ճեմարանականերու շրջանաւարտից միութեան ճիգերով եւ յատկապէս` Պերճ Պօղիկեանի գեղեցիկ ծրագրումով եւ շնորհալի մտայղացումով:

Յայտագիրի ամէնէն հետաքրքրական եւ անակնկալ բաժիններէն մէկն ալ ընկերակցութեան վարչութեան այս առիթով առաջին շրջանաւարտներէն երկու ներկաները յուշանուէրով մը գնահատելն էր: Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Երան Ջաղացպանեան-Կարապետեանն ու Հրայր Աւետեանը, որոնք Գորթոշեանի ձեռամբ ստացան իրենց պատմական յուշանուէրները:

Անցնելով յայտագիրի գեղարուեստական բաժնի գործադրութեան` առաջին հերթին ելոյթ ունեցաւ ճեմարանի 1963-64 շրջանաւարտներէն հանրածանօթ երգչուհի Հեղինէ Հարպոյեանը, որ դաշնակի ընկերակցութեամբ Գոհար Թորանեանի, գեղեցկօրէն մեներգեց «Ոստան հայրենի»-ն: Ապա 1981 շրջանաւարտներէն եւ ասմունքի վարպետ Մարալ Վարժապետեան հրամցուց Վահան Տէրեանի «Երկիր Նայիրի»-ն: 1990 շրջանաւարտներէն Յովիկ Սերայտարեան դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ իր տաղանդաւոր դստեր` 16-ամեայ Նանորին, որ ջութակի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառը»-ը: Իսկ Հալէպի «Զուարթնոց» երգչախումբի տարիներու մեներգչուհի եւ ճեմարանի 1980-ի շրջանաւարտներէն Լուսին Պէրպէրեան-Ճէրէճեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ յայտնի դաշնակահարուհի Կարինէ Վարուժանեանի, մեներգեց «Սիրելի ուսուցիչ»-ը:

Ձեռնարկի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը, որ մեծապէս գնահատեց ձեռնարկը եւ անոր շուրջ համախմբուած ոգին, վեր առաւ հայ դպրոցի էականութիւնը եւ հոկտեմբեր մշակոյթի ամսուան նուիրուած յոբելենական այս հանդիսութիւնը արժեւորեց: Ապա, «Պահպանիչ»-ով փակելէ ետք, խնդրեց ներկաներէն, որ միասնաբար երգեն «Կիլիկիա»-ն:

Այս խանդավառ ու պատմական մթնոլորտին մէջ կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբը պատրաստած էր նաեւ հանդիսութեան յատուկ գրքոյկ մը, որուն մէջ,  իբրեւ բովանդակութիւն, տեղ գտած էին հակիրճ տեղեկութիւններ` Ճեմարանի յայտնի ու նշանաւոր հիմնադիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ` սրտի խօսքեր:

Աւանդական Պարահանդէս

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Շաբաթ, 4 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճեմարանականներու ընկերակցութեան աւանդական պարահանդէսը: Գէորգ Գորթոշեան բարի գալուստի, շնորհակալական եւ սրտի խօսքերէն ետք բեմ հրաւիրեց ընկերակցութեան հիմնադիրները եւ անոնց յանձնեց շնորհակալութեան յատուկ յուշանուէրներ: Այսպէս, իրենց համար յատկապէս պատրաստուած կարկանդակին շուրջ հաւաքուեցան` Մհեր եւ Սալթիկ Տէր Յովհաննէսեանները, Մովսէս եւ Այտա Պաղտոյեանները, Մակի Բարսեղեան-Սարգունին, Մեսրոպ Գազանճեանը եւ Կարօ Մարգարեանը: Յիշենք, որ ընկերակցութեան հիմնադիրներէն այս ձեռնարկէն կը բացակայէին` Ռիթա Որբերեանը, Յակոբ Յակոբեանը, Հրանդ Աճեմեանը (մահացած), Նելլի եւ Գօգօ Մանուէլեանները, Ազատ Շիթիլեան-Ղազարեանը եւ Կարպիս Տէր Յովհաննէսեանը (մահացած), որոնց յուշանուէրները յանձնուեցան իրենց հարազատներուն:

Տարեդարձի յատուկ ուրիշ կարկանդակներ ալ պատրաստուած էին նաեւ Ճեմարանի 1967 եւ 1972 տարեշրջաններու շրջանաւարտներուն համար, որոնք հաւաքուելով` անջատաբար տօնախմբեցին իրենց 50 եւ 45-ամեակները: Տեղի ունեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Երեկոն խանդավառեց երգիչ Արշամը:

(Յապաւուած)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>