Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Կարդալով Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի Սէր» Յուշագրական Սիրավէպը

$
0
0

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ամէն անգամ որ մտնեմ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, պահ մը կանգ կ՛առնեմ պատէն կախուած Յարութիւն Թորոսեանի կտաւին առջեւ: Հոն գտնուող խմբագիրները վարժուած են արդէն, որ անպայման հիացումս պիտի արտայայտեմ, եւ մտիկ կ՛ընեն առաջին անգամ լսած ըլլալու ներողամիտ ժպիտով:

Քանի մը օր առաջ գեղանկարը տեղը չէր: Պարզուեցաւ, որ պատին նորոգութեան պատճառով ան վար առնուած էր: Առիթ եղաւ կարդալու ետեւի գրութիւնը` «Փողոցի մը մեղմութիւնը, 1988»:

Մէկ շունչով ու մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի երկու տարի առաջ լոյս տեսած Յարութիւն Թորոսեանի յուշագրական սիրավէպը:

Քիչ թիւով արուեստագէտներ յուշագրութեամբ զբաղած են: Արուեստի պատմութեան համար յուշագրութիւնները անհրաժեշտ են ապագայ արուեստաբաններուն թէ արուեստասէրներու լայն շրջանակին համար: Շատ յաճախ արուեստագէտի կեանքին այս կամ այն դրուագը մեծապէս ագուցուած կ՛ըլլայ իր ստեղծագործութեան հետ, եւ անոր մասին տեղեկութիւնը  աւելի կ՛արժեւորէ կամ կը մեկնաբանէ տուեալ արուեստի  գործը:

Յարութիւն Թորոսեանի սիրավէպը սովորական յուշագրութիւն մը չէ, այլ` գրական երկ մը, որ կը կարդացուի հաճելի ու հեզասահ կերպով: Անիկա գրուած է գրական շունչով, ուր հայերէնը մշակուած ու գուրգուրուած է առաւելագոյն սիրով: Դիպաշարը ամբողջութեամբ ճշգրիտ կրնայ ըլլալ կամ չըլլալ, սակայն ընթերցողին համար հետաքրքրական, անմիջական ու անակնկալներով լեցուն պատում մը ունի անիկա: Շատ հաճելի ընթերցանութեան գիրք մըն է ո՛չ միայն իր սերնդակիցներուն համար, բայց մանաւանդ` դեռատի երիտասարդներուն, որոնք յուշագրութիւնը կրնան կարդալ սիրավէպ մը կարդալու հաճոյքով:

«Անկարելի սէր»-ը նաեւ գեղանկարիչին ուսանողական կեանքին պատմութեան ընդմէջէն անուղղակիօրէն կը նկարագրէ յետեղեռնեան անդրանիկ սերունդին վերապրումի ճիգը, դժուարութիւնները, հայ ուսանողներուն կեանքը եւ, առ հասարակ, այդ տարիներու փարիզեան հայ կեանքին մթնոլորտը:

Յարութիւն Թորոսեան մեր ժամանակակից գեղանկարիչներէն է, որ իր ստեղծագործական թէ մանկավարժական վաստակով կերտած է իր անուն-մականունը ու մեծ աւանդ ունի Լիբանանի ու լիբանանահայութեան  մշակութային կեանքին մէջ: Մաղթելի է, որ ան շարունակէ իր յուշագրական աշխատանքը, մանաւանդ պատմէ իր սերնդակից արուեստագէտներու հետ առնչութիւններուն մասին, որպէսզի յառաջիկայ սերունդներն ու արուեստի պատմութեամբ զբաղող արուեստաբանները աւելի լայն տեղեկութիւններ ու պատկերացում ունենան սփիւռքահայ տարագիր արուեստին մասին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>