ԱՆԱՀԻՏ ՊԱԼԵԱՆ
Մոնրէալի աշխուժ համազգայնականներէն Տիրուկ Մանճիկեանը, որ կը համադրէ «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի երեկոները, հետաքրքրական նիւթերով իր շուրջ կը համախմբէ մշակութասէր հանրութիւն մը: Ան չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ առիթ ընծայեց, որ մոնրէալահայեր ծանօթանան լիբանանցի հռչակաւոր մտաւորական Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանին:
Երեկոն ընթացք առաւ Համազգայինի Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Շահինեանի բացման խօսքով: Ան ընդհանուր տեղեկութիւն մը տալէ ետք «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի մասին, կարդաց օրուան դասախօս դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի կենսագրական գիծերը եւ զայն հրաւիրեց բեմ:
Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ծանօթ է նաեւ Մովսէս Ծիրանի ծածկանունով: Ան ծնած է Այնճար, ուր ստացած է իր նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը: Մասնագիտական ուսումը շարունակած է Հայաստան` տիրանալով գրականագիտական մագիստրոսի եւ արուեստաբանութեան մագիստրոսի զոյգ վկայականներուն: Ապա 2000-ին վկայուած է իբրեւ արուեստաբանութեան դոկտոր` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն:
Դոկտ. Հերկելեան սեփականատէրն է «Նոա՛զ Արք» պատկերասրահին, արուեստի խորհրդական է Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ անդամ է Լիբանանի եւ արաբական պետութեանց լրագրողներու համադաշնակցութիւններուն: Եղած է արուեստի ուսուցիչ, թերթի աշխատակից եւ արուեստի էջի խմբագիր: Հեղինակ է շարք մը հատորներու` նուիրուած տարբեր արուեստագէտներու եւ իբրեւ արուեստի քննադատ` աշխատակցած է միջազգային եւ ազգային շարք մը թերթերու եւ պարբերականներու, ինչպէս` «Ֆայն արթ մեկըզին», «Լիւքս իմմօ», «Էլ.Այ.Արթ», «Մանտէյ Մորնինկ», «Բագին», «Ազդակ», «Հորիզոն», «Կամար», «Զարթօնք» եւ այլն:
Արուեստաբան Մովսէս Հերկելեան լաւապէս ուսումնասիրած ու սերտած էր Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան մարդն ու ըմբոստ մտաւորականը եւ շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ աշխարհահռչակ այս անձնաւորութեան մասին: Ան նշեց, որ Ժըպրանի մայրը արուեստասէր կին մըն էր, իսկ հայրը` բնութենապաշտ հողագործ մը, եւ բնականաբար անոնք իրենց ազդեցութիւնը ձգած են Ժըպրանին վրայ: Գրագէտ Ժըպրանի արուեստագէտի կազմաւորման մէջ, իր ծնողքէն զատ, մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Մարի Հասքել: Զմայլելով Ժըպրանի տաղանդին, Մարի Հասքել առաջարկած է, որ ան իր դպրոցին մէջ պաշտօնավարէ որպէս ուսուցիչ. եւ աւելի ուշ առիթ ընծայած է անոր, որ ան գտնուի Փարիզ` առաւել եւս զարգացնելու համար իր ճաշակը գեղանկարչութեան մարզին մէջ: Ռոտենի դպրոցին մէջ Ժըպրան առիթ ունեցած է ծանօթանալու բանաստեղծ ու նկարիչ Ուիլիըմ Պլէյքի գործերուն եւ հաւատալով վերամարմնաւորման (reincarnation-ի), ինքզինքը լաւապէս սերտելէ ետք, մեծ համոզումով ինքզինք նկատած է որպէս Ուիլիըմ Պլէյքի վերամարմնաւորումը:
Երեկոյեան յայտագիրը առաւել եւս ճոխացաւ, երբ ներկաները իրենց տրամադրութեան տակ ունեցան Ժըպրանի «Աաթինի նայա» («Տո՛ւր ինծի սրինգը») երգի վերածուած բանաստեղծութիւնը, որուն ներկայացումը ձօնուած էր բեմադրիչ, արուեստագէտ եւ մշակութային գործիչ Սիմոն Մնակեանի յիշատակին. եւ դոկտ. Մ. Հերկելեան բեմ հրաւիրեց իր վաղեմի ընկերներէն տուտուկահար Համբարձում Ճապուրեանը, որ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուց կտորը:
Շարունակելով իր նիւթը` դոկտ. Հերկելեան նշեց, որ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան, Լիբանանէն դուրս, եղած է Պոսթըն, ինչպէս նաեւ` Նիւ Եորք, Փարիզ եւ այլ մեծ քաղաքներ: Նիւ Եորք եղած շրջանին այլ արաբ գրողներու հետ ստեղծած է «Գրչի ընկերութիւն»-ը որուն նպատակը եղած է գտնել նոր ձեւեր` պահպանելու ու զարգացնելու համար արաբերէն գրականութիւնը: Այս ընկերութեան նախագահը եղած է ինքը` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը, իսկ քարտուղարի պաշտօնը ստանձնած է լիբանանցի այլ նշանաւոր հեղինակ մը` Միխայիլ Նաաիմէ:
Դոկտ. Մ. Հերկելեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի պատմութեան, օսմանեան տիրապետութեան շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ արաբական զարթօնքին, որմէ ետք ան բեմ հրաւիրեց գաղութիս խոստմնալից երիտասարդ ուժերէն Շողիկ Սաֆարը, որ կարդայ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մեռաւ ժողովուրդս» կտորէն հատուած մը:
Դասախօսը լայնօրէն անդրադարձաւ Ժըպրանի մարգարէաշունչ հատորին մասին, որ կը կոչուի «Մարգարէն»: Ան նշեց, որ հեղինակին այս գլուխ գործոցը թարգմանուած է 40 լեզուներու, 100 միլիոնէ աւելի տպաքանակով: Հեռու կրօնական սահմանափակումներէ` Ժըպրան իր այս գիրքին մէջ կու գար խտացնելու աշխարհի կրօններուն լաւագոյն մասերը, կարծես նպատակ ունենալով ստեղծել նոր աղանդ մը:
Երեկոյի աւարտին, պաստառի վրայ, դոկտ. Հերկելեան ներկաներուն ցոյց տուաւ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի գեղանկարչութիւններէն օրինակներ` պատշաճ տեղեկութիւններ տալով իւրաքանչիւրին մասին, նշելով, որ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան իր գրական գործունէութեան հաւասար եւ աւելի՛ զբաղած է գեղանկարչութեամբ:
Հարցում-պատասխաններէ ետք, «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի նուիրուած երեկոն վերջ գտաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ: