Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

$
0
0

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Գեղամ իրաւաբան ալ չէ, սակայն կ՛ուսումնասիրէ մահմետական կրօնին ու օսմանեան արդարադատութեան սկզբունքները` փորձելով բացատրել հողային սեփականութեան հարցը: Օսմանեան կայսրութեան մէջ ամԷնուր սեփականութիւնը կը հաստատուի պետութեան կողմէ երաշխաւորուած թափուով 114: Հոն, ուր չկայ նման փաստաթուղթ, հողը կը «պատկանի» անոնց, որոնք ժառանգած են զայն, մշակած են ու հարկ վճարած` անոր համար: Արեւելեան վիլայէթներու մէջ հողային հարցը կը բացատրուի մէկ բառով` թալան (կողոպուտ): Բազմապատկելով օրինակները, նշելով վայրերու, զոհերու, ցեղախումբերու, ամէն տեսակի գիշատիչներու, աշիրեթներէ մինչեւ վալիներու  անուններ` Գեղամ կը ներկայացնէ զանազան տեսակի կողոպուտները, որոնց կանոնաւոր կերպով զոհ կը դառնար հայ գիւղացին. սալաֆ, մուրապա, ինթիքալ, խաֆիր 115: Այս գրեթէ պաշտօնականացուած թալանին` ան կ՛աւելցնէ հարկերու գանձումի ձեւը, գիւղական դրամատան իրաւական իւրացումները եւ ամէնուր ու յարատեւ անապահովութիւնն ու ֆիզիքական բռնութիւնը:

ՀՅԴ-ի հետ իր յարաբերութեան բերումով ընկերվարական թեթեւ երանգ մը ստացած ըլլալով, ազգային եւ կրօնական տարբերութիւններէն անդին, Գեղամ կը հաստատէ նաեւ «գիւղական դասակարգի» մը գոյութիւնը: Համիտեան բռնապետական վարչակարգի զոհերը միայն հայերը չեն եղած, այլ նաեւ` քիւրտ ռայաները, ասորիները, եզիտիները: Պէտք է վերապահ ըլլալ այն շուտափոյթ դատողութեան նկատմամբ, որ կը հակադրէ հայ եւ քիւրտ գիւղացին, քանի հողերը յափշտակողները ոչ թէ ռայաները, այլ բէկերն ու աղաներն են:

Այն, ինչ կը պահանջեն հայ գիւղացիները մեր քաղաքական նոր կարգերու մէջ, ուր իրենք եւս օսմանեան քաղաքացիներ են, արդարութիւնն է ու բռնագրաւուած հողերու վերադարձը:

Անոնք կ՛ուզեն ո՛չ «հողերու համայնացում»-ը, ո՛չ ալ ագարակներու (մեծ տարածքներ) անհետացումը, որոնք ամբողջովին օրինական կերպով հաստատուած են Մշոյ դաշտի տարածքին:

Ներկայացնելով «այլազան դէպքերու» 116 աներեւակայելի շարան մը` «հողային հարցին բանավէճը» կը յանգի աղէտալի կանխատեսումի մը: Հայ ընտանիքներ եւ գիւղեր, մահմետական մուհաճիրներու 117 եւ քիւրտ ցեղերու կողմէ կողոպուտի ենթարկուելէ, տուն ու հող ձեռքէ տալէ ետք, նոյնինքն տեղական իշխանութիւններու եւ դատարաններու մեղսակցութեամբ, կը ստիպուին գաղթել: Մօտ ապագային յաջողութեամբ պիտի պսակուի օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ 1828-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք գործադրուած քաղաքականութիւնը, քանի հայ բնակչութիւնը պիտի անհետանայ արեւելեան նահանգներէն` իր տեղը տալով մահմետական բնակչութեան 118: Կանխազգուշացնող հիմնաւորում մը, որ 21-րդ դարու պատմաբանները պիտի կոչէին demographic engeenering 119: Միեւնոյն կերպ կանխազգուշացնող է նաեւ այն իրողութիւնը, որ ջարդերէն ճողոպրած ու կայսրութեան այլ շրջաններուն մէջ հաստատուած բնակչութեան ունեցուածքը յայտարարուած է մալուլ (լքուած) 120: Գեղամի ընդվզումին պիտի հետեւի Ահմետ Ռիզայի ընդվզումը, որ սեպտեմբեր 1915-ին ծերակոյտի ամպիոնէն առանձինն կը բողոքէ լքուած գոյքերու օրէնքին դէմ (Emvali Metruke), որ հռչակուած էր հայերու տեղահանումէն անմիջապէս ետք 121:

Հողային հարցը, իր յոգնեցնող կրկնութիւններով հանդերձ, հրատարակուած է 1911-ի տագնապի օրերուն 122, երբ ՀՅԴ-ի եւ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի (CUP-Comité d՛Union et Progrès) յարաբերութիւնները, պահ մը բնականոնացուած Սալոնիկի համաձայնագրէն ետք (1910), նորէն լարուած էին` արեւելեան նահանգներու ապահովութեան, հայ գաղթականներու վերադարձի հարցերուն ու բռնագրաւուած հողերուն վերատիրանալու պահանջներուն շուրջ: Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը: Գիտենք, որ «հողային հարցի լուծումը, իբրեւ անհրաժեշտ պայման` Օսմանեան իրաւական նորարար պետութեան» 123, չիրականացաւ:

Վերջին Արարը

«… Տարօնը աւերուած է…
Հայկական հեքիաթներու
եօթը գլխանի սատանան անցած է
երկրի վրայէն»

Տարիներու հիւծող աշխատանքի, անքնութեան, անբաւարար սնունդի ու խնամքի պատճառով ֆիզիքապէս մաշուած, խորապէս ցնցուած` ընտանեկան ողբերգութիւններէ (եղբօր` Զաքարի սպանութիւնը` 1906-ին, 124, աղջկան` Հայկանուշի մահը` 1909-ին), Գեղամ կը վարակուի հիւծախտով 125: 1915-ի ապրիլ 11/24-ի` Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան գիշերը, թուրք ոստիկաններ կը ներկայանան Գեղամին բնակարանը` ձերբակալելու համար զայն եւս: Առանձին է, անկողինին մէջ, մահամերձ: Թրքախօս հայ տանտիրուհին, շէյքսփիրեան անվախ ու բամբասկոտ տիպար մը, իր ճարտասանութեան շնորհիւ կը յաջողի քանի մը ժամուան արտօնութիւն ստանալ ոստիկաններէն: Յաջորդ օրը ոստիկանները չեն վերադառնար: Գեղամ կը փրկուի, կ՛ապաքինի եւ քանի մը շաբաթ ետք կը ներկայանայ օսմանեան խորհրդարան` պահանջելով ենթարկուիլ իր ընկերներուն` Զոհրապի եւ Սէրէնկիւլեանի ճակատագրին 126: Խորհրդարանի նախագահը` Մեհմետ Ռիֆա, անոր կը պատասխանէ` «Գեղա՛մ էֆենտի, տուն վերադարձէք»: Եւ այսպէս է, որ 1916-1918 Գեղամ կը պահէ յուլիս 1915-ի կիզարաններուն մէջ մոխրացած Տարօնի հայութեան ներկայացուցիչի պաշտօնը 127:

Տակաւին չէ գրուած Պոլսոյ եւ շրջանի հայ բնակչութեան պատմութիւնը Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ կը գործադրուէին Հայոց ցեղասպանութեան իրերայաջորդ փուլերը 128: Թէեւ հայ քաղաքացիական եւ կրօնական ընտրանիները տեղահանուեցան եւ ոչնչացուեցան, ու թէեւ համայնքային կառոյցները կասեցուեցան ու դադրեցան աշխատելէ, այդուհանդերձ, քանի մը տասնեակ հազար հայեր շարունակեցին ապրիլ եւ աշխատիլ պատերազմին մասնակցող Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ:  Հայկական կրթարաններ, եկեղեցիներ ու նոյնիսկ թերթեր շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը իթթիհատական «եռապետութեան» իշխանութեան ներքեւ:  Քանի մը հայ պատգամաւորներ եւ ծերակուտականներ շարունակեցին իրենց պաշտօնը խորհրդարանէն եւ ծերակոյտէն ներս` առանց անշուշտ որեւէ դերակատարութեան: Գաղթականներու արտօնուեցաւ վերադառնալ Պոլիս, եւ անատոլցի փոքրաթիւ փախստականներ եւս ապաստան գտան հոն: Գեղամ ինչպէ՞ս ապրեցաւ այդ խաւար տարիները: Ան, որ կը հիանար Կոմիտաս վարդապետի աշխատանքով 129, կը զմայլէր հայերէնով քայլերգը հնչեցնող անոր երգչախումբի եւ մենակատար Շահմուրատեանի 130 կատարողութեամբ` հայ գիրի յոբելենական տարուան (1912-1913) փակման շքեղ հանդէսին: Արդեօք Կոմիտասի աքսորէն դարձին հանդիպա՞ծ էր անոր: Պատերազմական այս տարիներուն, մինչ կը կնքուէր հայ գաղթականութեան ճակատագիրը, ի՞նչ գիտէր ան կովկասեան ճակատի, Պաքուի Կոմունայի, Արեւելեան լեգէոնի մասին: Ի՞նչ գիտէր Թուրքիոյ կողմէ 4 յունիս 1918-ին դաժան դաշնագրով մը ճանչցուած փոքրիկ ու անհաւատալի Հայաստանի Հանրապետութեան մասին: Ինչպէ՞ս արձագանգած է Ալեքսանդր Խատիսեանի գլխաւորութեամբ ժամանած պատուիրակութեան, որ եկած էր Կոստանդնուպոլիս` բանակցելու այդ փոքրիկ պետութեան սահմանները ընդլայնելու շուրջ: Չորս ամիսներու ընթացքին (15 յունիս-1 նոյեմբեր 1918), ուր Բերայի յայտնի Թոքաթլեան հիւրանոց իջեւանած պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ թուրք բոլոր պաշտօնատարներուն` Թալէաթ փաշայէն մինչեւ Էնվեր փաշա, Հիւսէյն Ճահիտ պէյէն մինչեւ սուլթան, հայերը  «ծայրայեղ զգուշաւորութիւն չցուցաբերեցի՞ն»` ի բացառութիւն լրագրող Տիգրան Զաւէնի 131, որ Գեղամ լաւ կը ճանչնար 132: Իսկ քանի որ Գեղամ յաջողած էր Թաքսիմ այգիին մէջ թաքուն կերպով հանդիպիլ իր կուսակցական «ընկերոջ»` Աւետիս Ահարոնեանին, արդեօք տեղեկացուա՞ծ էր բանակցութիւններու բովանդակութեան մասին: Ի՞նչ իմաստ ունէր «Կովկասեան Հայաստանը» անոր համար, երբ Թուրքիոյ մէջ դեռ թարմ էր զոհերու արիւնը, տակաւին չէր վերացած կիզարան-գերեզմաններու հոտը:

Կարօ Սասունի կը հաստատէ, որ Գեղամ 1915-ի ամրան խիստ հիւանդ եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ անշարժացած, «մօտէն հետեւած է [Տարօնի] ցաւալի իրադարձութիւններուն»: Տարօնին նուիրուած իր հոյակապ աշխատութեան մէջ ան կը հրատարակէ Գեղամին վերագրուած ձեռագրի մը հատուածները իբրեւ «վկայութիւն մը հայերու բնաջնջման նպատակով Թալէաթի ճարտարապետութեամբ մշակուած իթթիհատականներու ծրագրին», պատերազմին մասնակցելէ առաջ (նոյեմբեր 1914) 133:

Թուրքերը, մասնաւորապէս իթթիհատականները, չափազանց գրգռուած էին հայոց դէմ բարենորոգմանց խնդրոյն յարուցումով եւ չէին քաշուեր ծանր սպառնալիքներ ընելէ […]: Ներքին գործերու նախարարը [Թալէաթ], կանխակալ դիտումով, հետզհետէ հայաբնակ նահանգներու կուսակալներ, կառավարիչներ եւ անոնց օգնականներ` ամէնքն ալ կը նշանակէր Ռումելիի կողմը պաշտօնավարող` ռումելիցի իսլամներ, կամ` թունդ իթթիհատականներ, որոնց համար վստահ էր, որ իր հրահանգներուն մեքենայօրէն կ՛ենթարկուին ու բերան առ բերան անոնց կարեւորը ներշնչելով` կ՛ուղարկէր Հայաստան, ուրկէ ետ կը քաշէր հին իսլամ պաշտօնեաները, որոնք, պէտք է ըսել, առաջիններու անխղճութիւնն  ու վայրագութիւնը չունէին, գուցէ մերժէին իր սեւ հրահանգները, ինչպէս եղեր էին տեղ տեղ: Օրինակ` Կարնոյ կուսակալ Ռեշիտ փաշան ետ կանչուեցաւ, որովհետեւ պիտի չհամակերպէր, այսպէս` Տիարպեքիրի կուսակալ Համիտ պէյ, Հալէպի կուսակալ Պեքիր Սամի պէյ, Գոնիայի կուսակալ Ճելալ պէյ, Ատանայի կուսակալ Իսմայիլ Հագգը պէյ: Շուտով Վանի, Բաղէշի, Տիարպեքիրի, Մուշի, Խարբերդի, Էրզրումի, Սեբաստիայի, Տրապիզոնի, Ուրֆայի եւ Երզնկայի կառավարիչները, բոլորն ալ` իթթիհատական, ռումելիցի ու ներքին գործոց նախարարի վստահած մարդիկ նշանակուեցան եւ որոշուած պաշտօնատեղիները ղրկուեցան:

Արդեօք Կարօ Սասունի (լրագրող եւ կուսակցական գործիչ) փոփոխութիւննե՞ր կատարած  է Գեղամին վերագրուած վերոյիշեալ գրութեան մէջ, որուն ո՛չ ոճը եւ ո՛չ ալ բառապաշարը կը յիշեցնեն Գեղամին գրութիւնները: Փոխարէնը,  «Տարօնի սրտապատառ եւ անհամեմատելի աղէտը» խորագրեալ բնագիրը (գրուած` 1916-ին եւ վերանայուած 1918-ին), վաւերական է 134: Այս քանի մը էջերը, որոնց առաջին բաժինը կը խօսի Մովսէս Խորենացիի մասին, միայն ողբ են ու ժամանակագրուած տեղական ջարդերու պատմութիւններ: Աներեւակայելիին ի տես, անճրկումով, անսահման տառապանքով ու սարսափով գրուած այդ էջերը կը փաստեն, որ Գեղամ տեղեկութիւններ ունեցած ու փնտռած է յանցաւորները: Կինճի, Տիգրանակերտի եւ Մշոյ մահմետական երեսփոխանները (մեպիւս) մասնակցած էին հայ բնակչութեան տեղահանումին (Մշոյ երեսփոխան` Հոճա Իլիաս Գեղամին մօտիկ գործակիցն էր): «Ջարդարարները», սկսած` տեղական կառավարիչներէն մինչեւ կանոնաւոր բանակի հրամանատարներ ու քիւրտ ցեղապետներ, որոնց շարքին` «Մուսա Բէկի յանցախումբը», բացայայտուած եւ թուարկուած են 135:

30 հոկտեմբեր 1918-ին, երբ Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ արդէն իսկ փախած էին Գերմանիա, նորակազմ թուրք կառավարութիւնը կը ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը եւ կը ստորագրէ Մուտրոսի զինադադարը: Գեղամ անկողնին գամուած է, քայքայուած է հիւանդութենէն, կը տառապի` կոտորուած ընտանիքի ճակատագրին համար ինքզինք մեղաւոր զգալով:  Արիւնաքամ` կը մաքառի մահուան դէմ. վերջին պայքար մը ունի տանելիք:

Պէտք է վկայէ, որպէսզի աշխարհը գիտնայ եւ յիշէ: Սեբաստացի հայ երեսփոխան Տիգրան Պարսամեանի օգնութեամբ կը թելադրէ թաքրիր մը` թրքերէնով, 5 նոյեմբեր 1918 թուակիր, ստորագրուած` երկուքին կողմէ: Երբ նշեալ թաքրիրը 5 դեկտեմբեր 1918-ի  խորհրդարանական նիստին կ՛ընթերցուէր Տիգրան Պարսամեանի բերնով, Գեղամ արդէն քանի մը օրէ ի վեր մահացած էր (29 նոյեմբեր 1918): Այս բնագրին մէջ Գեղամ կը նշէ, որ լուսամիտ մարդիկ, թուրք պաշտօնեաներ եւ մտաւորականներ ցաւ յայտնած են համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հայ ժողովուրդի հանդէպ գործադրուած վայրագութիւններու կապակցութեամբ` զոհերու թիւը գնահատելով շուրջ մէկ միլիոն, մինչդեռ ուրիշներ, յարգելի մահմետականներ, կը յայտնեն, թէ զոհերու թիւը հազիւ 100.000 եղած է:

Ես կը կարծեմ, որ հիմնական հարցը զոհերու ճիշդ թիւը չէ, այլ` անմեղներու հանդէպ գործադրուած ոճիրը […]: Այո՛, կը կրկնենք, խնդիրը այդքան ալ ջարդերու տարողութիւնը չէ, որքան`  արդարութեան ոտնահարումը, օրէնքի ու բարոյականութեան խախտումը […]: Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ արեւելեան նահանգներուն մէջ, այսինքն` Էրզրումի, Սեբաստիոյ (Սվազ), Խարբերդի, Վանի, Տիարպեքիրի եւ Ուրֆայի  մէջ, ճիհատը յայտարարելէ ետք, հայ ամբողջ բնակչութիւնը տեղահանուած է, եւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ անհետացած, սպաննուած, ոչնչացուած է: Այն շրջանին մէջ, որ ես կը ներկայացնեմ, Մուշ, Պիթլիս (Բաղէշ) եւ անոնց շրջակայքը, կատարուած են պատմութեան մէջ նախընթաց չունեցող բռնարարքներ: Մշոյ մէջ խաղաղ եւ անմեղ հայեր, քաղաքի բնակիչներ, եւ կամ շրջակայ վայրերէն եկող` գնդակահարուած, այրուած, ոչնչացուած են: Մշոյ դաշտի գիւղերուն մեծ մասը յարձակման ենթարկուած, ռմբակոծուած ու աւերուած է: Այս համատարած ջարդի հետեւանքով հայերուն ամբողջ ունեցուածքը, ազգային բոլոր գոյքերը, այն բոլորը, որոնք իբրեւ սրբութիւն կը պահուէին վանքերու եւ եկեղեցիներու մէջ, կողոպտուած, քար ու քանդ եղած եւ կամ ոչնչացուած են: Հոն ապրող վանականները սպաննուած են: Այս աղէտէն վերապրած երեխաները կրօնափոխ եղած եւ ցրուած են ամէնուր 136:

Ինչպէս Սասնոյ հեքիաթներուն մէջ, ճակատագիրը հասաւ ու կալանեց Գեղամը: Ան մեծ շուքով թաղուեցաւ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մշեցիներուն յատկացուած բաժնին մէջ: Իր ժողովուրդն ու երկիրը, որ այդքան սիրած ու պաշտպանած էր, անհետացան. բայց ինք մեզի  հասցուց Տարօնի մարած աստղին նշոյլը:

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց`
ՀԵՐՄԻԿ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ

(Շար. 7 եւ վերջ)

————————————-

114.- Տե՛ս 1885-ի հողային օրէնսգիրքը:

115.- Սալաֆ (վաշխառուական վարկ), մուրապա (ստրկութեան համազօր ագարակապանութիւն), ինթիքալ (իրաւական սեփականատիրոջ անունը փոխելու ծառայող վարչական գործողութիւն),  խաֆիր (աշիրեթներու [քիւրտ ցեղապետներ] կողմէ հայ «ճորտ»-երէն  պահանջուած հարկ):

116.- Մարքսիստ ընկերվարական Ժիւլ Կետ, 1870-ական թուականներուն լոյս ընծայուող իր L՛Egalité թերթին մէջ, «այլազան դէպքերու» հրատարակումը կը համարէր ընկերային անարդարութիւնները բացայայտելու միջոց:

117.- Մահմետական, չեչեն, ինկուշ, ուբիխ եւ այլ գաղթականներ, որոնք 19-րդ դարուն Ռուսիոյ կողմէ Կովկասի գրաւումէն ետք հաստատուած են Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ: Անոնց թիւը, որ կը գերազանցէր մէկ միլիոնը, աւելի կը բազմանայ 1908-էն ետք, երբ «Եւրոպական Թուրքիոյ» կորուստին պատճառով կը հասնին նաեւ պալքանեան գաղթականներ:

118.- Ակնարկ` Ադրիանոպոլսոյ պայմանագրին (1830), որ կը նախատեսէ բնակչութեանց փոխանակում (քրիստոնեայ-մահմետական) օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններու միջեւ:

119.- Ֆ. Տունտարի (F. Dündar) կողմէ պաշտպանուած տեսութիւն մը, Modern Türkiye’nin Şifresi. İttihat Ve Terakki’nin Etnisite Mühendisliği , Պոլիս, 2008, որ որդեգրած է Գալիկեան, «Հայկական կազմակերպութիւն» (մէջբերուած` նոթ թիւ 74-ով):

120.- Եզր, որ կ՛օգտագործուի «լքուած» կնոջ համար:

121.- E. Kaynar, Ahmed Riza (1858-1930): Histoire d’un vieux Jeune Turc, thèse, EHESS, Փարիզ, 2012, էջ 791:

122.- 1911-ին օսմանեան կառավարութիւնը դէմ յանդիման կանգնած էր Եմէնի եւ Ալպանիոյ ապստամբութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Իտալիոյ հետ ծայր առած հակամարտութեան, որը եզրափակուեցաւ Լիպիոյ եւ Տոտեքանես կղզիներու կորուստով:

123.- H.-L. Kieser; Réformes ottomanes et cohabitation entre chrétiens et Kurdes (1839-1915), Etudes rurales 186, 2010, էջ. 43-62:

124.- Զաքարի մահը հետեւանք է ֆետայիի մը ձեռքով հայ «դաւաճանի» մը հրապարակաւ սպանութեան ընթացքին պատահած դէպքին: Այդ ժամանակ է, որ Գեղամ կ՛ըմբռնէ «յեղափոխական բռնութեան» վտանգաւոր բնոյթը:

125.- Հիւծախտը տարափոխիկ ու մահացու հիւանդութիւն էր այն օրերուն, որ կը սարսափեցնէր ու ամօթով կը ծածկուէր: Եւրոպայի ու Արեւելքի մէջ, հաւասարապէս, կը բնորոշուէր իբրեւ «հիւծում»:

126.- Ձերբակալուած եւ տեղահանուած` անոնք սպաննուած էին Ուրֆայի մօտակայքը (1915):

127.- Կիներ, երեխաներ, քահանաներ ողջակիզուեցան Մշոյ Դաշտի մարագներու եւ եկեղեցիներու մէջ: Տե՛ս. A. Ter Minassian, Un exemple, Mouch, 1915, dans L՛actualité du génocide des Arméniens, նախաբանը` J, Lang, Paris, 1999, էջ 231-252: Տե՛ս «Կովկաս գաղթած վերապրածներու պատմութիւններ», 1916-էն սկսեալ հաւաքագրուած Պաքուի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, «Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիայում», վերապրածներու վկայութիւններ,  Ա. Վիրապեան, Երեւան, հատոր Բ. (Պիթլիսի նահանգ), 2012:

128.- Այս փափաքն է, որ 2007-ին սպաննուած «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք արտայայտած էր Պոլսոյ մէջ, մեր ներկայութեան (2005):

129.- Վարդապետ, երաժշտագէտ, խմբավար եւ երգահան` Կոմիտաս վարդապետ (1869-1935) բացառիկ դէմք մըն է, հայ երաժշտութեան մեծագոյն վարպետը: 1914-էն առաջ, ան շրջած է հայկական գաւառները եւ հաւաքած հայ ժողովրդական երգերը: 1915-ին տարագրուած եւ ապա «ներում»-ով վերադարձած է, սակայն հոգեկան խանգարում ստանալով` մահացած է հոգեբուժական հիւանդանոցի մը մէջ, Փարիզ:

130.- Գեղամ Տէր Կարապետեան ոգեւորուած նամակ մը ուղղած էր Արմենակ Շահմուրատեանին (1878-1939), «Տարօնի սոխակը», հրատարակուած «Ազատամարտ» թ. 1356-ի մէջ, 1913: Հրաշալի ձայնով օժտուած այս թէնորը բնիկ տարօնցի էր, եւ արդարեւ, Տարօնի փառքերէն մէկը: Կոմիտաս զայն յայտնաբերած էր Էջմիածնի մէջ եւ այնուհետեւ հետեւած էր անոր քայլերուն եւ առաջ մղած` Փարիզի մէջ, ուր մեծ յաջողութիւն արձանագրած էր Փարիզի օփերային մէջ` Ֆաուսթի կատարումով: 1914-էն առաջ Ֆրանսայի մէջ հայ երաժշտացանկը ծանօթացնելու գծով աշխատակցած է Արշակ Չօպանեանին հետ: Շահմուրատեանին առնչուող բազմաթիւ յիշատակումներ կարելի է տեսնել Գ. Գասպարեանի աշխատութեան մէջ` «Կոմիտաս վարդապետ. նամականի», Երեւան, 2009:

131.- Ա. Տէր Մինասեան, Tigrane Zaven et son périodique Yerkri Tzaïne (1906-1908), ou L՛attente de la Révolution, Penser, agir, et vivre dans l՛Empire Ottoman et en Turquie: études réunies pour Francois Georgeon, par N. Clayer et E. Kaynar, Paris-Louvain-Walpole, 2013, p. 125-150:

132.- Ա. Խատիսեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», (Eclosion et développement de la République arménienne, հայերէնէ թարգմանուած, Աթէնք 1989, էջ 107-122): Բացի Ալեքսանդր Խատիսեանէն (1876-1945, Թիֆլիսի նախկին քաղաքապետ եւ ապագայ վարչապետ), պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948, բանաստեղծ եւ դաշնակցական գործիչ, Սեւրի դաշնագրի ապագայ ստորագիր), Միքայէլ Բաբաջանեան` Տումայի պատգամաւոր, հրամանատար Կորգանոֆ եւ երկու օգնականներ:

133.- Կ. Սասունի («Պատմութիւն», մէջբերուած` նոթ թիւ 103-ով, էջ 771-775), այս բնագրին հատուածները կը հրատարակէ` «Եղեռնը ծրագրուած էր: Իթթիհատի եւ կառավարութեան կանխամտածուած ծրագրերը»  խորագրեալ բաժնին մէջ: Ըստ սովորութեան, Կարօ Սասունի ոչ մէկ յստակացում կը կատարէ իր աղբիւրներուն մասին: Կը հաստատէ, որ իր տրամադրութեան տակ ունեցած է Գեղամէն ձեռագիր մը, բայց ուրիշ ոչինչ կ՛ըսէ այս փաստաթուղթի ծագումին ու ճակատագրին մասին:

134.- «Տարօնի սրտապատառ ու անհամեմատելի աղէտը», Գեղամի նոթերն են, Գեւոնեան, «Կիւլիզար»  (մէջբերուած` թիւ 109-ով), էջ 149-160: Այս էջերուն մէկ մասը վերարտադրուած է Սասունիի «Պատմութիւն»-ի մէջ (նշուած` նոթ թիւ 103-ով), էջ 776-778: Ըստ Գեղամի աղջկան անտիպ յուշերուն, այս բնագիրը ան ստացած է Աւետիս Ահարոնեանէն, 1920-ական թուականներուն, Փարիզի մէջ:

135.- «Տարօնի սրտապատառ ու անհամեմատելի աղէտ»-ը (նշուած` նոթ թիւ 136-ով), անուններու ցանկ, էջ 159-160:

136.- Մէջբերուած Վ. Տատրեանի կողմէ, «Հայկական ցեղասպանութիւնը յետպատերազմական օսմանեան խորհրդարանին մէջ»: Հայ երեսփոխաններու մեղադրական ելոյթները, Ուոթըրթաուն, 1995, էջ 55-57:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>