Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ընդհանրապէս յուշարձանները կը նուիրուին հերոսներու, մտաւորականներու, գործիչներու, քաղաքական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններու:
«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հետ խորհրդակցաբար եւ պատկան մարմիններու արտօնութեամբ, Պուրճ Համուտի կեդրոններէն մէկուն առջեւ զետեղուեցաւ «Ազդակ»-ի աւելի քան տասնեակ տարիներու ցրուիչ, մինչեւ իր մահուան նախօրեակին պարտականութեան գիտակցութեամբ գործը կատարած Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագլեան) արձանը:
Այս քայլը կրկնակի իմաստ ունի: Դաշնակցական համեստ գործիչը անմահացնելու եւ անոր ընդմէջէն դաշնակցական եւ Դաշնակցութեան համակիր հազարաւոր հայորդիներու գործը գնահատելու եւ վեր պահելու փորձ է:
Մեզի համար իւրաքանչիւր համեստ եւ ազնիւ հայու ներդրումը, աշխատանքը եւ զոհողութիւնը գնահատելի է, եւ մենք երախտագէտ ենք կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն համար:
Երկրորդ, «Ազդակ»-ի 90-ամեակը գաղութին մէջ անմահացնելն է արձանով մը, որովհետեւ «Ազդակ»-ը դաշնակցական գաղափարախօսութեան եւ մարդուժ պատրաստող դպրոց եղած է ու է տակաւին: Փաստօրէն ամէնէն կարեւոր մարմիններէն մինչեւ ամէնէն համեստ յանձնախումբերուն մէջ սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին տղաք կան, որոնք պատասխանատու պաշտօններու վրայ են, եւ բոլորն ալ «Ազդակ»-ի խմբագրատունէն անցած են: Բոլորն ալ «Ազդակ»-ի մութ ու լոյս տարիներուն իրենց կեանքը վտանգած են, սորված եւ սորվեցուցած են:
Այսօր այս արձանը այս իմաստով կրկնակի իմաստ ունի:
Վա՛րձքը կատար բոլորին: